Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 96

Յիսուս եւ հարուստ երիտասարդ իշխան մը

Յիսուս եւ հարուստ երիտասարդ իշխան մը

ՄԱՏԹԷՈՍ 19։16-30 ՄԱՐԿՈՍ 10։17-31 ՂՈՒԿԱՍ 18։18-30

  • ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԷ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Մինչ Յիսուս Պերեայէն անցնելով Երուսաղէմ կ’ուղղուի, հարուստ երիտասարդ մը վազելով իրեն կը մօտենայ եւ ծունկի կու գայ։ Ան «իշխան» մըն է, թերեւս ժողովարանի մը պետը կամ Սենետրիոնի մէկ անդամը։ Ան Յիսուսին կը հարցնէ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ» (Ղուկաս 8։41. 18։18. 24։20

«Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես», Յիսուս կը պատասխանէ։ «Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած» (Ղուկաս 18։19)։ Հաւանաբար, երիտասարդը «բարի» բառը կը գործածէ որպէս տիտղոս մը. ինչպէս որ ռաբբիները կը գործածէին։ Ճիշդ է որ Յիսուս բարի ուսուցիչ է, բայց ան երիտասարդին կը յստակացնէ որ «Բարի» տիտղոսը միայն Աստուծոյ կը վայելէ։

Յիսուս երիտասարդը կը խրատէ. «Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։ Երիտասարդը կը հարցնէ. «Որո՞նք»։ Յիսուս կը մէջբերէ Տասը պատուիրաններէն հինգը. «Սպանութիւն մի՛ ըներ, Շնութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ Ետքը աւելի կարեւոր պատուիրան մը կ’աւելցնէ. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ» (Մատթէոս 19։17-19

Երիտասարդը կը պատասխանէ. «Ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ. ալ ի՞նչ բան կը պակսի» (Մատթէոս 19։20)։ Ան թերեւս կը կարծէ որ պէտք է բարի եւ հերոսական բան մը ընէ, որ յաւիտենական կեանքը ստանայ։ Յիսուս զգալով որ այս երիտասարդը անկեղծ սիրտ ունի, «սիրեց զանիկա» (Մարկոս 10։21)։ Բայց անոր առջեւ արգելք մը կայ։

Երիտասարդը իր ստացուածքներուն կապուած է, անոր համար Յիսուս իրեն կ’ըսէ. «Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս. . . ու եկուր իմ ետեւէս»։ Երիտասարդը կրնայ իր դրամը աղքատներուն բաժնել եւ Յիսուսին աշակերտը դառնալ։ Բայց ցաւօք սրտի, ան ոտքի կը կենայ եւ տխուր դէմքով Յիսուսէն կը հեռանայ, քանի որ այնքա՛ն կապուած է իր «շատ ստացուածք»ին, որ չի կրնար տեսնել ճշմարիտ գանձը (Մարկոս 10։21, 22)։ Յիսուս կ’ըսէ. «Որչա՜փ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին» (Ղուկաս 18։24

Աշակերտները շատ կը զարմանան Յիսուսին այս եւ յաջորդ խօսքերը լսելով. «Աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ Անոնք կը մղուին հարցնելու. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ Անոնք կը կարծեն որ թերեւս անկարելի է որ մէկը փրկուի։ Յիսուս ուղղակի անոնց կը նայի ու կը պատասխանէ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են» (Ղուկաս 18։25-27

Պետրոս կ’ըսէ որ իրենք հարուստ երիտասարդէն տարբեր ընտրութիւն մը ըրած են. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուսն ալ կ’ըսէ որ իրենց լաւ ընտրութեան արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ. «Միւս անգամ գալուստին [«վերաստեղծման ժամանակ», ՆԱ] երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու» (Մատթէոս 19։27, 28

Յստակ է որ Յիսուս ի մտի ունի ապագայ ժամանակը, երբ երկրի վրայ դրախտային պայմաններ պիտի տիրեն, ինչպէս որ էր պարագան Եդեմի պարտէզին մէջ։ Պետրոս եւ միւս աշակերտները պիտի վարձատրուին՝ Յիսուսին հետ այդ դրախտային երկրին վրայ իշխելով. վարձատրութիւն մը՝ որուն համար կ’արժէ զոհողութիւններ ընել։

Բայց աշակերտները ոչ միայն ապագային օրհնութիւններ պիտի ստանան, անոնք արդէն կը վայելեն կարգ մը օրհնութիւններ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մարդ մը չկայ որ թողու տուն, կամ ծնողք, կամ եղբայրներ, կամ կին, կամ որդիներ Աստուծոյ թագաւորութեանը համար, եւ բազմապատիկը չառնէ այս աշխարհին մէջ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը» (Ղուկաս 18։29, 30

Այո, աշակերտները ուր որ ալ երթան, կրնան վայելել հաւատակիցներու ընկերակցութիւնը, որ աւելի ջերմ ու մտերիմ փոխյարաբերութիւն է, քան՝ ընտանիքի անդամներու հետ իրենց ունեցած փոխյարաբերութիւնները։ Ցաւօք սրտի, այնպէս կ’երեւի որ հարուստ երիտասարդը պիտի կորսնցնէ այդ օրհնութիւնը վայելելու առիթը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը մտնելու վարձատրութիւնը։

Յիսուս կ’աւելցնէ. «Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին» (Մատթէոս 19։30)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։

Հարուստ երիտասարդ իշխանը «առաջիններ»էն է, քանի որ հրեայ առաջնորդներէն է։ Եւ քանի՛ որ Աստուծոյ պատուիրանները գիտէ ու կը պահէ, իրմէ կրնայ ակնկալուիլ որ Յիսուսին հետեւորդը դառնայ եւ լաւ բաներ ընէ։ Բայց ան իր հարստութիւնն ու ստացուածքները ամէն բանէ առաջ կը դասէ։ Անոնք՝ որոնք կ’ընտրեն Յիսուսին չհետեւիլ «յետին» պիտի ըլլան։ Անոնց հակառակը, պարզ ժողովուրդը Յիսուսին սորվեցուցածները լսելով՝ կը տեսնեն որ ան կը սորվեցնէ ճշմարտութիւնը եւ կեանքի տանող ճամբան։ Անոնք «յետիններ» էին կրօնական առաջնորդներուն աչքով, բայց հիմա «առաջին» կը դառնան։ Անոնց առջեւ առիթ կայ որ Յիսուսի հետ երկինքը աթոռներու վրայ նստին եւ իշխեն դրախտային երկրին վրայ։