Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 86

Անառակ որդին կը վերադառնայ

Անառակ որդին կը վերադառնայ

ՂՈՒԿԱՍ 15։11-32

  • ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻԻՆ ԱՌԱԿԸ

Յիսուս հաւանաբար դեռ Պերեայի մէջ էր՝ Յորդանան գետի արեւելքը, երբ կորսուած ոչխարին եւ կորսուած դրամին առակները տուաւ։ Այդ առակներէն կը սորվինք, որ պէտք է ուրախանանք երբ մեղաւոր մը զղջայ եւ Աստուծոյ վերադառնայ։ Փարիսեցիներն ու դպիրները Յիսուսը քննադատեցին, քանի որ այդպիսի մարդիկ կ’ընդունի։ Բայց արդեօք այս քննադատողները երկու առակներէն դաս մը կը սորվի՞ն։ Արդեօք կ’ըմբռնե՞ն թէ մեր երկնաւոր Հայրը ի՛նչ կը զգայ զղջացող մեղաւորներուն նկատմամբ։ Այժմ Յիսուս սրտի դպչող առակ մը կը պատմէ, որ նոյն կարեւոր դասը կը շեշտէ. անառակ որդիին առակը։

Առակին մէջ, հայր մը երկու որդիներ ունի, եւ կրտսեր որդին գլխաւոր դերակատարն է։ Անոր պատահած բաները կարեւոր դաս պէտք է սորվեցնեն փարիսեցիներուն, դպիրներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք Յիսուսին մտիկ կ’ընեն։ Բայց նաեւ կարելի է դասեր քաղել հօր եւ մեծ որդիին վերաբերմունքէն։ Ուրեմն այս երեք անձնաւորութիւնները ի մտի ունենալով՝ խոկանք Յիսուսին առակին վրայ։

Յիսուս կը սկսի պատմել. «Մարդ մը երկու որդի ունէր. անոնցմէ պզտիկը հօրը ըսաւ. ‘Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի իյնալու բաժինը տուր ինծի’։ Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը» (Ղուկաս 15։11, 12)։ Նկատէ որ կրտսեր որդին իր ժառանգութիւնը կը պահանջէ իր հայրը ողջ եղած ժամանակ եւ ոչ թէ անոր մահէն ետք։ Ան իր բաժինը հիմա կ’ուզէ, որպէսզի անկախ ըլլայ եւ իր ուզածը ընէ։ Լաւ իր ուզածը ի՞նչ է։

Յիսուս կը բացատրէ. «Շատ օրեր չանցած՝ պզտիկ որդին բոլոր բաները հաւաքեց, հեռու երկիր մը գնաց եւ հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց» (Ղուկաս 15։13)։ Փոխանակ մնալու իր ապահով տան մէջ, ուր իր հայրը իրենց հոգ տարաւ եւ պէտք եղած ամէն բան ապահովեց, կրտսեր որդին կ’երթայ ուրիշ երկիր։ Հոն, իր ամբողջ ունեցածը կը վատնէ՝ իր սեռային ցանկութիւնները գոհացնելու համար։ Ետքը,– ինչպէս Յիսուս կը պատմէ,– ան խիստ պարագաներէ կ’անցնի.

«Բոլոր ունեցածը հատցուցած էր, երբ երկրին մէջ սաստիկ սով մը եղաւ ու ինք չքաւոր դարձաւ։ Ուստի գնաց այն երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ։ Ան ալ իր ագարակը ղրկեց զանիկա՝ խոզեր արածելու համար։ Հոն կը փափաքէր խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց մէ՛կը չէր տար անոր» (Ղուկաս 15։14-16

Այս կրտսեր որդին այնքան նեղ կացութեան կը մատնուի, որ կը ստիպուի աշխատիլ որպէս խոզարած, հակառակ անոր որ ըստ Աստուծոյ Օրէնքին՝ խոզերը անմաքուր անասուններ են։ Ան ուտելու բան չունի եւ այնքան կ’անօթենայ, որ կը փափաքի խոզերուն սովորական կերը ուտել։ Իր յուսահատ վիճակին մէջ «ինքզինքին գալով»՝ ինքնիրեն կ’ըսէ. «Քանի՜ բանուորներ կան իմ հօրս տունը հացով լեցուած, ես հոս սովամահ կը կորսուիմ։ Ելլեմ, երթամ իմ հօրս եւ ըսեմ անոր. ‘Հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ, ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու, զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ’»։ Ու կ’ելլէ եւ իր հօր քով կ’երթայ (Ղուկաս 15։17-20

Իր հայրը ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ։ Պիտի բարկանա՞յ եւ յանդիմանէ՞ իր կրտսեր որդին, քանի որ անխոհեմաբար տունը ձգեց–քալեց։ Արդեօք ան անտարբե՞ր վերաբերմունք պիտի ունենայ իր տղուն հանդէպ։ Եթէ դուն այդ հօր տեղ ըլլայիր եւ որդին քու զաւակդ ըլլար, ինչպէ՞ս կը հակազդէիր։

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ

Յիսուս կը նկարագրէ թէ հայրը ինչպէ՛ս կը զգայ եւ կը վարուի. «Մինչդեռ ինք [որդին] շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա» (Ղուկաս 15։20)։ Նոյնիսկ եթէ հայրը լսած էր որ իր որդին անառակ կեանք կը վարէր, ան զինք ջերմօրէն կ’ընդունի։ Հրեայ առաջնորդները, որոնք կը դաւանին որ Եհովան կը ճանչնան ու կը պաշտեն, այս առակէն պիտի հասկնա՞ն, որ մեր երկնաւոր Հայրը ի՛նչ կը զգայ զղջացող մեղաւորներուն հանդէպ։ Արդեօք անոնք պիտի անդրադառնա՞ն, որ Յիսուս նոյն ջերմ վերաբերմունքը ունեցած է զղջացած մեղաւորներուն հանդէպ։

Այնպէս կ’երեւի որ հայրը կը տեսնէ, որ իր որդին ինչքա՜ն յուսահատ վիճակի մէջ է եւ սրտանց զղջացած է իր ըրածներուն համար։ Բայց ջերմ ընդունելութիւնը կ’օգնէ որդիին, որ իր մեղքերը խոստովանի։ Յիսուս կը պատմէ. «Որդին ալ ըսաւ անոր. ‘Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու’» (Ղուկաս 15։21

Հայրը իր ծառաներուն կը հրամայէ. «Հանեցէք առաջին պատմուճանը ու հագցուցէք անոր եւ մատանի դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը եւ պարարտ զուարակը բերէք, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախ ըլլանք. վասն զի այս իմ որդիս մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ»։ Ետքը, «սկսան ուրախութիւն ընել» (Ղուկաս 15։22-24

Մինչ այդ, մեծ որդին ագարակն է։ Յիսուս անոր մասին կ’ըսէ. «Երբ եկաւ ու տանը մօտեցաւ, նուագարաններու եւ պարերու ձայն լսեց։ Ծառաներէն մէկը իրեն կանչելով՝ հարցուց, թէ ‘Այս ի՞նչ է’։ Անիկա ալ ըսաւ անոր. ‘Եղբայրդ եկաւ ու հայրդ պարարտ զուարակը մորթեց, վասն զի ողջ առողջ ձեռք ձգեց զանիկա’։ Իսկ ինք բարկացաւ ու չէր ուզեր ներս մտնել, ուստի իր հայրը դուրս ելլելով կ’աղաչէր անոր։ Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ հօրը. ‘Ահա այսչափ տարի է, որ քեզի կը ծառայեմ ու բնաւ քու խօսքէդ դուրս չելայ ու ինծի երբեք ուլ մը չտուիր, որ իմ բարեկամներուս հետ ուրախութիւն ընէի։ Բայց երբ եկաւ այդ քու որդիդ, որ քու ստացուածքդ բոզերու հետ կերաւ, անոր մորթեցիր պարարտ զուարակը’» (Ղուկաս 15։25-30

Որո՞նք մեծ որդիին պէս կը քննադատեն Յիսուսին ողորմութիւնն ու հոգատարութիւնը սովորական մարդոց եւ մեղաւորներուն հանդէպ։ Դպիրներն ու փարիսեցիները։ Իրենց քննադատութեան պատճառով է որ Յիսուս այս առակը կը պատմէ։ Ուրեմն, անոնք որ քննադատական աչքով կը նային Աստուծոյ ողորմութեան, պէտք է դաս քաղեն այս առակէն։

Յիսուս իր առակը կ’եզրափակէ՝ պատմելով, թէ հայրը ի՛նչ կ’ըսէ իր մեծ որդիին. «Որդեակ, դուն միշտ ինծի հետ ես ու իմ բոլոր ունեցածս քուկդ է։ Սակայն պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն զի այս քու եղբայրդ մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ» (Ղուկաս 15։31, 32

Յիսուս չ’ըսեր որ մեծ որդին ի վերջոյ ի՛նչ կ’ընէ։ Բայց ոմանք՝ որոնք այդ օրը Յիսուսին մտիկ կ’ընէին, թերեւս հասկցան այն դասը, որ կը փորձէր սորվեցնել այս ազդու առակին միջոցաւ։ Ինչո՞ւ այսպէս կրնանք ըսել։ Քանի որ Յիսուսին մահէն եւ յարութենէն ետք, «քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին» (Գործք 6։7)։ Այո, նոյնիսկ անոնք առիթ ունէին որ իրենք իրենց գան, զղջան եւ Աստուծոյ վերադառնան։

Յիսուսին աշակերտները կարեւոր դասեր պէտք է սորվին այս առակէն։ Առաջին, իրապէս իմաստութիւն է մնալ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ՝ մեր սիրառատ եւ հոգատար Հօր ապահով թեւերուն տակ, փոխանակ հաճոյքներու ետեւէ ըլլալով՝ «հեռու երկիր» անցնելու։

Երկրորդ, եթէ պատահի որ Աստուծոյ ճամբէն շեղինք, պէտք է խոնարհաբար մեր Հօր վերադառնանք, որպէսզի նորէն իր հաճութիւնը վայելենք։

Եւ երրորդ դաս մը կարելի է քաղել, երբ հօր ջերմ եւ ներողամիտ վերաբերմունքը համեմատենք մեծ որդիին ոխակալ ու խիստ կեցուածքին հետ։ Յստակ է որ Աստուծոյ ծառաները պէտք է ներող ըլլան եւ ընդունին բոլոր այն մոլորածները, որոնք սրտանց կը զղջան եւ Եհովայի ժողովուրդին կը վերամիանան։ Թող որ ուրախանանք որ անոնք ‘մեռած էին ու ողջնցան, կորսուած էին ու գտնուեցան’։