Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 89

Պերեայի մէջ կը սորվեցնէ, մինչ դէպի Հրէաստան կ’ուղղուի

Պերեայի մէջ կը սորվեցնէ, մինչ դէպի Հրէաստան կ’ուղղուի

ՂՈՒԿԱՍ 17։1-10 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11։1-16

  • ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՆԵԼԸ ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՑ Է

  • ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՆԵՐԵԼ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ ՑՈՅՑ ՏԱԼ

Յիսուս արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր «Յորդանանի անդիի կողմն» է՝ Պերեա կոչուող շրջանին մէջ (Յովհաննէս 10։40)։ Ան դէպի հարաւ ուղղուելով՝ ի վերջոյ Երուսաղէմ պիտի երթայ։

Յիսուս առանձին չէ։ Իրեն հետ են իր աշակերտները եւ «շատ ժողովուրդ», մէջը ըլլալով՝ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ (Ղուկաս 14։25. 15։1)։ Հոն կան նաեւ փարիսեցիներ եւ դպիրներ, որոնք Յիսուսին ըսածներն ու ըրածները կը քննադատեն։ Անոնք մտածելիք շատ բան ունին, կորսուած ոչխարին, անառակ որդիին եւ աղքատ Ղազարոսին մասին Յիսուսի առակները լսելէ ետք (Ղուկաս 15։2. 16։14

Հաւանաբար ի մտի ունենալով իր հակառակորդներուն քննադատական ու ծաղրական խօսքերը, Յիսուս իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ իր աշակերտներուն եւ կը խօսի կարգ մը նիւթերու շուրջ, որոնք նախապէս սորվեցուց Գալիլիայի մէջ։

Օրինակ, Յիսուս կ’ըսէ. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան. . . Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։ Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր» (Ղուկաս 17։1-4)։ Յիսուսին ըսած վերջին կէտը թերեւս Պետրոսին կը յիշեցնէ եօթը անգամ ներելու մասին իր հարցուցած հարցումը (Մատթէոս 18։21

Աշակերտները պիտի կարենա՞ն Յիսուսին խօսքերուն համաձայն գործել։ Երբ Յիսուսին կ’ըսեն. «Մեր հաւատքը աւելցուր», Յիսուս զիրենք կը վստահեցնէ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել. ‘Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ’, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի» (Ղուկաս 17։5, 6)։ Այո, նոյնիսկ քիչ հաւատքը մեծ բաներ կրնայ ընել։

Յիսուս կը սորվեցնէ թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մէկը խոնարհ ըլլայ եւ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենայ իր անձին մասին։ Ան առաքեալներուն կ’ըսէ. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ ունենայ երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն տուն մտնէ, շուտով ըսէ անոր թէ՝ ‘Անցիր սեղան նստէ’։ Հապա չը՞սեր անոր թէ՝ ‘Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ’։ Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’» (Ղուկաս 17։7-10

Աստուծոյ ծառան պէտք է հասկնայ թէ որքա՜ն կարեւոր է հոգեւոր շահերը առաջին տեղը դնել իր կեանքին մէջ։ Ասկէ զատ, ան պէտք է յիշէ որ Աստուած պաշտելը որպէս իր ընտանիքին մէկ անդամը առանձնաշնորհում է։

Այնպէս կ’երեւի որ այս խօսքերը ըսելէ ետք, Մարիամին եւ Մարթային կողմէ պատգամաբեր մը կը հասնի Յիսուսին քով։ Մարիամն ու Մարթան Ղազարոսին քոյրերն են, որոնք կ’ապրին Հրէաստանի Բեթանիա գիւղին մէջ։ Պատգամաբերը կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է» (Յովհաննէս 11։1-3

Այս լուրը Յիսուսը չի մտահոգեր. ան կ’ըսէ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։ Ան երկու օր կը մնայ այդ վայրին մէջ, ետքը իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։ Անոնք կ’առարկեն. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս» (Յովհաննէս 11։4, 7, 8

Յիսուս կը պատասխանէ. «Չէ՞ որ օրը տասներկու ժամ է։ Եթէ մէկը ցորեկը քալէ՝ չի սահիր, վասն զի այս աշխարհին լոյսը կը տեսնէ. բայց եթէ մէկը գիշերը քալէ՝ կը սահի, վասն զի իրեն հետ լոյս չկայ» (Յովհաննէս 11։9, 10)։ Այնպէս կ’երեւի որ ան ըսել կ’ուզէ թէ իր ծառայութեան համար Աստուծոյ սահմանած ժամանակը դեռ չէ վերջացած։ Ուրեմն մինչեւ իր ծառայութեան աւարտը Յիսուս պէտք է մնացած կարճ ժամանակը լիուլի օգտագործէ։

Ան կ’աւելցնէ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ Աշակերտները թերեւս կը կարծեն որ Ղազարոս պարզապէս կը հանգստանայ եւ շուտով պիտի ապաքինի, անոր համար կ’ըսեն. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի առողջանայ»։ Այն ատեն Յիսուս բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Ղազարոս մեռաւ. . . բայց եկէ՛ք երթանք անոր» (Յովհաննէս 11։11-15

Թովմաս գիտէ որ Յիսուս թերեւս սպաննուի Հրէաստանի մէջ, բայց եւ այնպէս կ’ուզէ անոր թիկունք կանգնիլ։ Անոր համար, միւս աշակերտները կը քաջալերէ. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք» (Յովհաննէս 11։16