ԴԱՍ 90
«Յարութիւնն ու կեանքը»
ՅԻՍՈՒՍ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՄԱՀԷՆ ԵՏՔ ԿԸ ՀԱՍՆԻ
«ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԸ»
Պերեայէն գալով՝ Յիսուս կը հասնի Բեթանիա գիւղին ծայրը, որ Երուսաղէմէն մօտ երեք քիլոմեթր հեռու է։ Ղազարոսին քոյրերը՝ Մարիամն ու Մարթան սուգի մէջ են։ Շատեր եկած են երկու քոյրերը մխիթարելու։
Ետքը, մէկը Մարթային կ’ըսէ որ Յիսուսը հասնելու վրայ է։ Եւ ան արագօրէն կ’երթայ Յիսուսը դիմաւորելու։ Երբ կը հանդիպին, Մարթան կ’ըսէ բան մը, որ թերեւս իր եւ իր քրոջ միտքին մէջ չորս օրէ ի վեր կը դառնայ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Բայց ան յոյս ունի՛, քանի որ կ’ըսէ. «Գիտեմ թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի» (Յովհաննէս 11։21, 22)։ Ան կը հաւատայ որ Յիսուս կրնայ իր եղբօր յարութիւն տալ։
Յիսուս կ’ըսէ. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Մարթան կ’եզրակացնէ որ Յիսուս կը խօսի ապագայ երկրային յարութեան մասին, որուն հանդէպ հաւատք ունէին նաեւ Աբրահամ եւ ուրիշներ։ Ան ցոյց կու տայ, թէ կը հաւատայ որ այդ յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ, երբ կ’ըսէ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհաննէս 11։23, 24)։
Բայց արդեօք Յիսուս կրնա՞յ այս պահուն ընել բան մը, որ անոնց ցաւը կը թեթեւցնէ։ Ան Մարթային կը յիշեցնէ որ աստուածատուր զօրութիւն ունի մահուան վրայ, երբ կ’ըսէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յովհաննէս 11։25, 26)։
Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ իր աշակերտները, որոնք այդ ժամանակ ողջ են, բնաւ պիտի չմեռնին։ Նոյնիսկ ինք պէտք է մեռնի, ինչպէս որ իր առաքեալներուն ըսած է (Մատթէոս 16։21. 17։21, 22)։ Յիսուս կը շեշտէ որ իրեն հաւատալը կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ Շատեր յաւիտենական կեանք պիտի ստանան՝ յարութիւն առնելով։ Բայց այն հաւատարիմները, որոնք այս չար աշխարհի վերջին ողջ են, թերեւս բնաւ չմահանան։ Երկու պարագաներուն ալ, անոնք՝ որոնք Յիսուսին կը հաւատան, կրնան վստահ ըլլալ որ իրենց յաւիտենական մահ չի սպասեր։
Բայց կրնա՞յ Յիսուս, որ ըսաւ «ես եմ յարութիւնն ու կեանքը», յարութիւն տալ Ղազարոսին, որ չորս օրէ մահացած է։ Յիսուս Մարթային կը հարցնէ. «Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։ Ան կը պատասխանէ. «Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ որ աշխարհ գալու էիր»։ Մարթան կը հաւատայ որ Յիսուս կրնայ նոյնիսկ այդ օր բան մը ընել, անոր համար շատ արագ տուն կ’երթայ եւ Մարիամին առանձին կ’ըսէ. «Վարդապետը եկեր է ու քեզ կը կանչէ» (Յովհաննէս 11։25-28)։ Մարիամ տունէն դուրս կ’ելլէ եւ շատեր իրեն կը հետեւին, կարծելով որ Ղազարոսին գերեզմանը կ’երթայ։
Բայց Մարիամ Յիսուսին քով կ’երթայ, անոր ոտքերուն կ’իյնայ եւ լալով կ’ըսէ այն ինչ որ իր քոյրը արդէն արտայայտած էր. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Տեսնելով որ Մարիամը եւ ուրիշներ կու լան, Յիսուս կը հառաչէ ու կը խռովի, եւ նոյնիսկ արցունք կը թափէ։ Դիտորդները կ’ազդուին։ Բայց ոմանք հարց կու տան. «Ատիկա որ կոյրին աչքերը բացաւ, չէ՞ր կրնար ընել որ աս ալ չմեռնէր» (Յովհաննէս 11։32, 37)։