Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 84

Աշակերտ դառնալը լուրջ որոշում է

Աշակերտ դառնալը լուրջ որոշում է

ՂՈՒԿԱՍ 14։25-35

  • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏԵՒԻԼԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Յիսուս արժէքաւոր դասեր սորվեցուց, մինչ կը ճաշէր փարիսեցիներու գլխաւորներէն մէկուն տան մէջ։ Հիմա ան կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնը դէպի Երուսաղէմ եւ մեծ թիւով մարդիկ իրեն կ’ընկերակցին։ Ինչո՞ւ։ Անոնք իրապէ՞ս հետաքրքրուած են որ ամէն գնով իր հետեւորդները ըլլան։

Ճամբան, Յիսուս կ’ըսէ բան մը, որ թերեւս կը զարմացնէ ոմանք. «Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղուկաս 14։26)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։

Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ բոլոր անոնք՝ որոնք իր հետեւորդները կ’ըլլան, պէտք է բառացիօրէն ատեն իրենց ազգականները։ Հապա ըսել կ’ուզէ, որ պէտք է զինք աւելի՛ սիրեն քան՝ զանոնք։ Անոնք պէտք չէ նմանին իր պատմած մեծ խնճոյքին առակին մէջի մարդուն, որ կարեւոր հրաւէր մը մերժեց պարզապէս քանի որ նոր ամուսնացած էր (Ղուկաս 14։20)։ Հրեաներուն նախահօր՝ Յակոբին մասին կ’ըսուի, որ ան Լիան ‘ատեց’ եւ Ռաքէլը սիրեց, այսինքն՝ ան Ռաքէլը աւելի սիրեց, քան՝ Լիան (Ծննդոց 29։31

Նկատէ որ Յիսուս կ’ըսէ, թէ իր աշակերտը պէտք է «իր կեանքն ալ» ատէ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ճշմարիտ աշակերտը պէտք է Յիսուսը աւելի՛ սիրէ քան՝ իր կեանքը, եւ նոյնիսկ պատրաստ ըլլայ իր կեանքը կորսնցնելու, եթէ հարկ ըլլայ։ Յստակ է որ Քրիստոսին աշակերտը ըլլալը լուրջ պատասխանատուութիւն է։ Անհատ մը պէտք է խորապէս մտածէ առաջ որ այդ որոշումը առնէ։

Երբ անհատ մը որոշէ Յիսուսին աշակերտը ըլլալ, թերեւս դժուարութիւններ դիմագրաւէ եւ հալածանքի ենթարկուի, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղուկաս 14։27)։ Այո, Յիսուսին ճշմարիտ աշակերտները պէտք է իրեն պէս պատրաստ ըլլան նախատուելու եւ նոյնիսկ թշնամիներուն ձեռքով մեռնելու։

Ուրեմն, Յիսուսին ընկերակցող մարդիկը պէտք է լրջօրէն մտածեն որ ի՛նչ կը նշանակէ անոր աշակերտը ըլլալ։ Յիսուս այս կէտը կը շեշտէ՝ օրինակ մը տալով. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ. . . չկրնայ լմնցնել» (Ղուկաս 14։28, 29)։ Ուրեմն, Յիսուսի աշակերտը դառնալէ առաջ, ճամբան իրեն ընկերակցողները պէտք է հաստատ որոշում առած ըլլան, որ աշակերտ ըլլալու պատասխանատուութիւնը լիովին պիտի կատարեն։ Ան այս կէտը կը շեշտէ ուրիշ օրինակ մը տալով.

«Ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։ Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ»։ Իր կէտը շեշտելու համար, Յիսուս կ’ըսէ. «Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղուկաս 14։31-33

Անշուշտ, Յիսուս այս բոլորը չ’ըսեր միայն իրեն ընկերակցող մարդոց։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Քրիստոսը կը ճանչնան, պէտք է պատրաստակամօրէն ընեն այն ինչ որ կ’ըսէ։ Ասիկա կը նշանակէ որ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան զոհելու ամէն բան,– իրենց ստացուածքը, նոյնիսկ իրենց կեանքը,– եթէ իրապէս կ’ուզեն իր աշակերտը դառնալ։ Անոր համար ասոր մասին պէտք է լրջօրէն մտածել եւ աղօթել։

Ետքը Յիսուս կը բանայ նիւթ մը, որուն մասին խօսած էր իր Լերան քարոզին մէջ։ Ան ըսած էր որ իր աշակերտները «երկրի աղն» են (Մատթէոս 5։13)։ Ան հաւանաբար ըսել ուզած էր, որ ինչպէս որ բառացի աղը պահպանիչ ազդեցութիւն ունի, նոյնպէս ալ իր աշակերտները պահպանիչ ազդեցութիւն ունին մարդոց վրայ, զանոնք պաշտպանելով հոգեւոր եւ բարոյական ապականութենէ։ Հիմա որ իր ծառայութիւնը իր աւարտին հասնելու վրայ է, ան կ’ըսէ. «Աղը աղէկ բան է. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ» (Ղուկաս 14։34)։ Մտիկ ընողները գիտեն որ մատչելի է աղի տեսակ մը, որ մաքրուած չէ ու հողային նիւթերով խառնուած է, եւ հետեւաբար քիչ օգուտ ունի։

Ուրեմն, Յիսուս ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք արդէն երկար ժամանակէ ի վեր իր աշակերտներն են, պէտք է ուշադիր ըլլան որ իրենց վճռականութիւնը չտկարանայ։ Այլապէս, անօգուտ պիտի դառնան, ինչպէս որ աղը անօգուտ կը դառնայ երբ իր ազդեցութիւնը կորսնցնէ։ Եւ այն ատեն մարդիկ թերեւս իրենց ցած աչքով նային։ Ասկէ զատ, անոնք Աստուծոյ հաճութիւնը կը կորսնցնեն եւ նոյնիսկ իր անուան նախատինք կը բերեն։ Յիսուս կը շեշտէ որ պէտք է զգոյշ ըլլան, որ այս վիճակին չհասնին, երբ կ’ըսէ. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ» (Ղուկաս 14։35