Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 98

Առաքեալները նորէն բարձր դիրքի կը ձգտին

Առաքեալները նորէն բարձր դիրքի կը ձգտին

ՄԱՏԹԷՈՍ 20։17-28 ՄԱՐԿՈՍ 10։32-45 ՂՈՒԿԱՍ 18։31-34

  • ՅԻՍՈՒՍ ՆՈՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

  • ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԲԱՐՁՐ ԴԻՐՔԵՐ ՉՓՆՏՌԵՆ

Յիսուս եւ իր աշակերտները կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Երուսաղէմ։ Անոնք Պերեայէն դուրս կու գան, Յորդանան գետը կտրելով՝ Երիքովի մօտ։ Անոնց հետ կը ճամբորդեն նաեւ ուրիշ մարդիկ, որոնք Երուսաղէմ կ’երթան՝ Ք.Ե. 33–ի Պասեքը տօնելու։

Յիսուս իր աշակերտներուն առջեւէն կը քալէ, վճռած՝ որ ճիշդ ժամանակին հասնի Պասեքին համար։ Բայց աշակերտները վախ ունին։ Յիշենք որ երբ Ղազարոս մահացաւ եւ Յիսուս Պերեայէն Հրէաստան պիտի ուղղուէր, Թովմաս իրենց ըսած էր. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք» (Յովհաննէս 11։16, 47-53)։ Ուրեմն, Երուսաղէմ երթալը վտանգաւոր է, եւ աշակերտներուն վախը հասկնալի է։

Յիսուս իր առաքեալները մէկ կողմ կը տանի, որ զանոնք պատրաստէ գալիք դէպքերուն համար, եւ անոնց կ’ըսէ. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու. բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Մատթէոս 20։18, 19

Ասիկա երրորդ անգամն է որ Յիսուս իր աշակերտներուն կը խօսի իր մահուան եւ յարութեան մասին (Մատթէոս 16։21. 17։22, 23)։ Բայց այս անգամ անոնց կ’ըսէ որ պիտի գամուի ցիցի մը վրայ։ Անոնք իրեն մտիկ կ’ընեն, բայց առանց հասկնալու։ Թերեւս անոնք կ’ակնկալեն որ իսրայէլի թագաւորութիւնը երկրի վրայ վերահաստատուի եւ կը ցանկան Քրիստոսի հետ այդ թագաւորութեան մէջ փառք ու պատիւ վայելել։

Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն մայրը, որ այնպէս կ’երեւի որ Սողովմէն է, ճամբորդողներուն մէջն է։ Յիսուս այս երկու առաքեալներուն տուած է անուն մը, որ կը նշանակէ՝ «Որոտումի որդիներ», անկասկած քանի որ տաքարիւն են (Մարկոս 3։17, ԱԾ. Ղուկաս 9։54)։ Արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր, այս երկուքը կ’ուզեն բարձր դիրք ունենալ Քրիստոսի Թագաւորութեան մէջ։ Անոնց մայրը ասկէ տեղեակ ըլլալով՝ կը մօտենայ Յիսուսին, անոր առջեւ կը խոնարհի եւ կը հարցնէ եթէ խնդրանք մը կրնայ ընել։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Սողովմէն կ’ըսէ. «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ» (Մատթէոս 20։20, 21

Շատ յստակ է որ Սողովմէն կ’արտայայտէ իր որդիներուն՝ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի փափաքը։ Յիսուս դեռ նոր ըսած ըլլալով որ պիտի նախատուի, երկուքին կ’ըսէ. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Կրնանք» (Մատթէոս 20։22)։ Բայց անոնք հաւանաբար չեն հասկնար որ ատիկա ճիշդ ի՛նչ պիտի նշանակէ իրենց համար։

Բայց եւ այնպէս, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Իմ գաւաթս պիտի խմէք. . . բայց իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս» (Մատթէոս 20։23

Երբ միւս տասը առաքեալները կը գիտնան Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին ըրած խնդրանքին մասին, շատ կը բարկանան։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը իրենց այս փափաքը արտայայտած էին անոնց, երբ բոլորը կը վիճաբանէին թէ իրենց մէջ ո՛վ է մեծը (Ղուկաս 9։46-48)։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, անոնց խնդրանքը ցոյց կու տայ, որ տասներկու առաքեալները չեն գործադրած խոնարհ ըլլալու նկատմամբ Յիսուսին տուած խրատը։ Բարձր դիրքի ձգտելու անոնց փափաքը դեռ զօրաւոր է։

Յիսուս կ’որոշէ վերջ դնել այս վնասակար վիճաբանութեան։ Ան տասներկուքը իր քովը կը կանչէ եւ սիրալիր կերպով խրատ կու տայ՝ ըսելով. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխան սեպուածները կը տիրեն անոնց եւ անոնց մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ամենուն ծառայ պէտք է ըլլայ» (Մարկոս 10։42-44

Յիսուս անոնց կը բացատրէ, թէ որո՛ւն օրինակին պէտք է հետեւին՝ ըսելով. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատթէոս 20։28)։ Արդէն մօտ երեք տարիէ ի վեր Յիսուս ուրիշներուն կը ծառայէ, եւ հիմա կը պատրաստուի իր կեանքը մարդկութեան համար տալու։ Աշակերտները պէտք է նոյն մտածելակերպը ունենան եւ փափաքին ծառայել ուրիշներուն, եւ ոչ թէ ակնկալեն որ ուրիշներ իրենց ծառայեն։ Անոնք պէտք է խոնարհ ըլլան եւ բարձր դիրքի չձգտին։