Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 95

Յիսուս կը սորվեցնէ ամուսնալուծումի եւ երեխաները սիրելու մասին

Յիսուս կը սորվեցնէ ամուսնալուծումի եւ երեխաները սիրելու մասին

ՄԱՏԹԷՈՍ 19։1-15 ՄԱՐԿՈՍ 10։1-16 ՂՈՒԿԱՍ 18։15-17

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ

  • ԱՄՈՒՐԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԸ

  • ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՊԷՍ ԸԼԼԱԼՈՒ ՊԷՏՔԸ

Յիսուս եւ իր աշակերտները կը հեռանան Գալիլիայէն։ Անոնք Յորդանան գետը կտրելով՝ կ’երթան հարաւ եւ կ’անցնին Պերեայէն։ Վերջին անգամ երբ Յիսուս Պերեա էր, փարիսեցիներուն ըսած էր Աստուծոյ տեսակէտը ամուսնալուծման վերաբերեալ (Ղուկաս 16։18)։ Հիմա անոնք նորէն նոյն նիւթը կը բանան, որ Յիսուսը փորձեն։

Մովսէս գրեց որ տղամարդ մը կրնայ ամուսնալուծուիլ իր կնոջմէն, եթէ ‘անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնէ’ (Բ. Օրինաց 24։1)։ Բայց տարբեր կարծիքներ կան, թէ ինչ բաներ կրնան ամուսնալուծումի վաւերական պատճառներ ըլլալ։ Ոմանք կ’ըսեն որ կարելի է ամուսնալուծուիլ նոյնիսկ պզտիկ բաներու պատճառով։ Անոր համար, փարիսեցիները կը հարցնեն. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար» (Մատթէոս 19։3

Փոխանակ մարդկային տեսակէտներու վրայ հիմնուելով պատասխան տալու, Յիսուս կը խօսի ընտանեկան կառոյցի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին, ըսելով. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն՝ որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ. ‘Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին’։ Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է» (Մատթէոս 19։4-6, ԱԾ)։ Երբ Աստուած Ադամն ու Եւան միացնելով՝ ամուսնական կարգադրութիւնը դրաւ, բնաւ ամուսնալուծումի կարգադրութիւն չըրաւ։

Բայց փարիսեցիները կ’առարկեն, ըսելով. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց արձակման թուղթ տալ եւ արձակել» (Մատթէոս 19։7)։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Մովսէս ձեր սրտերուն կարծրութեանը համար ձեզի հրաման տուաւ կիներնիդ արձակել, բայց սկիզբէն այնպէս չէր» (Մատթէոս 19։8)։ «Սկիզբ» բառը չ’ակնարկեր Մովսէսի օրերուն, հապա այն ժամանակուան՝ երբ Աստուած Եդեմի մէջ ամուսնութիւնը հաստատեց։

Ետքը Յիսուս կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը նշէ. «Ով որ առանց պոռնկութեան [յունարէն՝ բոռնէա] պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատթէոս 19։9)։ Ուրեմն, սեռային անբարոյութիւնը միակ աստուածաշնչական հիմն է, որպէսզի զոյգեր ամուսնալուծուին։

Այս բոլորը լսելով՝ աշակերտները կ’ըսեն. «Եթէ այդպիսի բան կայ էրկան ու կնոջ մէջտեղ, չամուսնանալը աւելի աղէկ է» (Մատթէոս 19։10)։ Յստակ է որ ան որ ամուսնանալու մասին կը մտածէ, պէտք է հաշուի առնէ որ ատիկա մնայուն է։

Ամուրիութեան մասին խօսելով՝ Յիսուս կը բացատրէ որ ոմանք ներքինի կը ծնին, այսինքն՝ ի ծնէ չեն կրնար սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Ուրիշներ մարդոց կողմանէ ներքինի կը դառնան, որպէսզի չկարենան սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Իսկ ուրիշներ ալ իրենց սեռային ցանկութիւնները կը զսպեն, որպէսզի կարենան աւելի կեդրոնանալ Թագաւորութեան գործին վրայ։ Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կ’ըսէ. «Ո՛վ որ կրնայ [ամուրիութիւնը] ընդունիլ՝ թող ընդունի» (Մատթէոս 19։12, ԱԾ

Ասիկա ըսելէ ետք, մարդիկ կը սկսին իրենց երեխաները Յիսուսին քով բերել։ Բայց աշակերտները կը յանդիմանեն ժողովուրդը, թերեւս քանի որ չեն ուզեր որ մարդիկ Յիսուսը խանգարեն։ Ասիկա տեսնելով՝ Յիսուս կը նեղանայ եւ անոնց կ’ըսէ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ» (Մարկոս 10։14, 15. Ղուկաս 18։15

Յիսուս ի՜նչ աղուոր դաս կը սորվեցնէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ընդունելու համար, պէտք է երեխաներու պէս խոնարհ ըլլանք եւ պատրաստ ըլլանք սորվելու։ Յիսուս երեխաները գրկելով՝ զանոնք կ’օրհնէ եւ սէր կը ցուցաբերէ։ Ան այսպիսի ջերմ սէր ունի բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս կ’ընդունին’ (Ղուկաս 18։17