Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 75

Իսկական երջանկութեան աղբիւրը

Իսկական երջանկութեան աղբիւրը

ՂՈՒԿԱՍ 11։14-36

  • «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՎԸ» ԴԵՒԵՐ ՀԱՆԵԼ

  • ԻՍԿԱԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ

Յիսուս աղօթքի վերաբերեալ իր սորվեցուցած կէտերը դեռ նոր կրկնած է։ Բայց ատիկա միակ նիւթը չէ, որուն մասին կրկին անգամ կը խօսի իր ծառայութեան ընթացքին։ Երբ Գալիլիայի մէջ էր, իրեն համար ըսուեցաւ որ դեւերու իշխանին զօրութեամբ հրաշքներ կ’ընէ։ Հիմա, Հրէաստանի մէջ, ան նոյն ամբաստանութիւնը կը լսէ։

Երբ Յիսուս համր մարդու մը մէջէն դեւ կը հանէ, ժողովուրդը կը զարմանայ։ Բայց հակառակորդները զինք կ’ամբաստանեն, ըսելով. «Ատիկա դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով դեւերը կը հանէ» (Ղուկաս 11։15)։ Ուրիշներ ալ իր ո՛վ ըլլալուն մասին աւելի փաստեր ուզելով, իրմէ կը խնդրեն որ երկինքէն նշան մը տայ իրենց։

Յիսուս կ’անդրադառնայ որ անոնք զինք կը փորձեն եւ անոնց կը պատասխանէ այնպէս՝ ինչպէս Գալիլիայի մէջ զինք քննադատողներուն պատասխանեց։ Ան կ’ըսէ որ ինքնիր դէմ բաժնուած որեւէ թագաւորութիւն կ’աւերի, եւ կը տրամաբանէ՝ ըսելով. «Եթէ Սատանան իրեն դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ»։ Ետքը ուղղակի կ’ըսէ. «Եթէ ես Աստուծոյ մատովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է» (Ղուկաս 11։18-20

«Աստուծոյ մատ»ը արտայայտութիւնը պէտք է իրեն մտիկ ընողներուն միտքը բերէ այն ինչ որ պատահեցաւ անցեալին իսրայէլի պատմութեան մէջ։ Անոնք՝ որոնք Փարաւոնին պալատին մէջ էին, երբ տեսան որ Մովսէս հրաշք մը կ’ընէ, ըսին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Նաեւ «Աստուծոյ մատն» էր որ Տասը պատուիրանները գրեց երկու քարէ տախտակներու վրայ (Ելից 8։19. 31։18)։ Նոյնպէս, «Աստուծոյ մատը», այսինքն՝ իր սուրբ հոգին կամ գործօն ուժն է, որ Յիսուսը կարող կը դարձնէ որ դեւեր հանէ եւ հիւանդներ բժշկէ։ Ուրեմն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրապէս ալ այդ հակառակորդներուն վրայ հասած է, քանի որ անոր նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս՝ անոնց առջեւ հրաշքներ կ’ընէ։

Դեւեր հանելու Յիսուսին կարողութիւնը ցոյց կու տայ իր զօրութիւնը Սատանային վրայ, ճիշդ ինչպէս որ պալատ մը պաշտպանող զինեալի մը կը յաղթէ աւելի զօրաւոր մարդ մը։ Յիսուս նաեւ կը կրկնէ իր տուած օրինակը մարդու մը մասին, որմէ անմաքուր ոգի դուրս կ’ելլէ։ Եթէ մարդը պարապութիւնը չլեցնէ լաւ բաներով, այդ ոգին կը վերադառնայ եօթը ուրիշ ոգիներով, եւ մարդուն վերջնական վիճակը առաջուընէ աւելի գէշ կը դառնայ (Մատթէոս 12։22, 25-29, 43-45)։ Իսրայէլ ազգը ճիշդ այս վիճակը ունի։

Կին մը, որ Յիսուսին մտիկ կ’ընէ, կը մղուի ըսելու. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։ Հրեայ կիները կը յուսային որ մարգարէի մը,– մանաւանդ Մեսիային,– մայրը ըլլային։ Ուրեմն, այս կինը կը կարծէ որ Մարիամ յատկապէս երջանիկ պէտք է ըլլայ, քանի որ այսպիսի ուսուցիչի մը մայրն է։ Բայց Յիսուս կինը կը սրբագրէ՝ յստակացնելով երջանկութեան իսկական աղբիւրը. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկաս 11։27, 28Յիսուս բնաւ այդ գաղափարը չէ տուած, որ իր մօր՝ Մարիամին՝ յատուկ պատիւ պէտք է տրուի։ Փոխարէն, ան կ’ըսէ որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ ըլլա՛լը երջանիկ կը դարձնէ անհատը եւ ոչ թէ ընտանեկան կապը կամ անձնական իրագործումը։

Ինչպէս որ Գալիլիայի մէջ ըրաւ, Յիսուս ժողովուրդը կը յանդիմանէ, քանի որ երկինքէն նշան մը կ’ուզեն։ Ան կ’ըսէ որ «Յովնան մարգարէին նշան»էն զատ, ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոնց։ Յովնան երկու կերպով նշան էր. երբ երեք օր ձուկին փորին մէջ մնաց, եւ երբ համարձակօրէն քարոզեց, ինչ որ նինուէցիները մղեց զղջալու։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս» (Ղուկաս 11։29-32)։ Յիսուս Սողոմոնէն ալ մեծ է, որուն իմաստութիւնը լսելու եկաւ Սաբայի թագուհին։

Յիսուս կ’աւելցնէ. «Մէկը ճրագը չի վառեր ու ծածուկ տեղ մը դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ» (Ղուկաս 11։33)։ Ան կրնայ ըլլալ որ ըսել կ’ուզէ որ այդ մարդոց սորվեցնելը եւ անոնց առջեւ հրաշքներ ընելը կը նմանի ճրագը ծածուկ տեղ դնելուն։ Որովհետեւ անոնց ‘աչքը պարզ չէ’, անոնք Յիսուսին գործերուն ետին գտնուողը նպատակը չեն ըմբռներ (Ղուկաս 11։34

Յիսուս դեռ նոր դեւ մը հանած է համր մարդու մը մէջէն եւ ան սկսած է խօսիլ։ Ասիկա պէտք է ժողովուրդը մղէ Եհովա Աստուած փառաբանելու եւ ուրիշներուն պատմելու որ Ան ինչե՜ր կ’իրագործէ։ Անոր համար Յիսուս ազդարարական խօսք ունի անոնց՝ որոնք զինք կը քննադատեն։ Ան կ’ըսէ. «Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։ Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ. ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ» (Ղուկաս 11։35, 36