Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 70

Յիսուս կոյր ծնած մարդ մը կը բժշկէ

Յիսուս կոյր ծնած մարդ մը կը բժշկէ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 9։1-18

  • ԿՈՅՐ ԾՆԱԾ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿՈՒԻ

Շաբաթ օր է եւ Յիսուս դեռ Երուսաղէմի մէջ է։ Մինչ ինք եւ իր աշակերտները կը քալեն քաղաքին մէջ, կը տեսնեն կոյր ծնած մուրացկան մը։ Աշակերտները Յիսուսին կը հարցնեն. «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ» (Յովհաննէս 9։2

Աշակերտները թերեւս հարց կու տան, որ արդեօք մէկը կրնա՞յ մեղք գործել իր մօր արգանդին մէջ։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան» (Յովհաննէս 9։3)։ Ուրեմն, ո՛չ այս մարդը, ոչ ալ անոր ծնողքը որոշ սխալ մը կամ մեղք մը գործած են, որուն պատճառաւ ան կոյր ծնած է։ Ամէն մարդ, Ադամին մեղանչելուն պատճառով, անկատար կը ծնի եւ ենթակայ է թերութիւններու, ինչպէս՝ կուրութիւն։ Բայց մարդուն կուրութիւնը Յիսուսին առիթ կու տայ, որ Աստուծոյ գործերը յայտնի դարձնէ, ինչպէս որ ըրած է ուրիշ առիթներով, երբ հիւանդներ բժշկած է։

Յիսուս կը շեշտէ որ այդ գործերը ընելը հրատապ է։ Ան կ’ըսէ. «Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել։ Քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ» (Յովհաննէս 9։4, 5)։ Այո, մօտ օրէն մահը Յիսուսը պիտի ընկղմէ գերեզմանին մթութեան մէջ, ուր բան մը չի կրնար ընել։ Մինչ այդ, ան որպէս լոյսի աղբիւր կը լուսաւորէ աշխարհը։

Բայց Յիսուս մարդը պիտի բժշկէ՞, եւ եթէ այո, ինչպէ՞ս։ Յիսուս գետինը կը թքէ եւ իր թուքով կաւ կը շինէ ու մաս մը կը դնէ կոյրին աչքերուն վրայ եւ կ’ըսէ. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ» (Յովհաննէս 9։7)։ Մարդը կը հնազանդի եւ կը սկսի տեսնել։ Երեւակայէ անոր ուրախութիւնը, երբ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէ։

Մարդուն դրացիները եւ անոնք՝ որոնք նախապէս տեսած էին որ կոյր է, կը զարմանան։ Անոնք կը հարցնեն. «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար»։ Ոմանք կը պատասխանեն. «Անիկա է»։ Բայց ուրիշներ չեն հաւատար եւ կ’ըսեն. «Անոր նման մէկն է», իսկ ինք կ’ըսէ. «Ես եմ» (Յովհաննէս 9։8, 9

Ասոր վրայ, անոնք կը հարցնեն. «Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ»։ Ան կը պատասխանէ. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛’. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։ Ետքը իրեն կը հարցնեն. «Ո՞ւր է անիկա»։ Մուրացկանը կը պատասխանէ. «Չեմ գիտեր» (Յովհաննէս 9։10-12

Ժողովուրդը մարդը կը տանին փարիսեցիներուն, որոնք նոյնպէս կ’ուզեն գիտնալ որ ինչպէ՛ս սկսաւ տեսնել։ Ան կ’ըսէ. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»։ Փարիսեցիները ուրախանալու տեղ որ կոյր մուրացկանը բժշկուած է, Յիսուսը կը քննադատեն՝ ըսելով. «Այն մարդը Աստուծմէ չէ, վասն զի շաբաթ օրը չի պահեր»։ Իսկ ուրիշներ կ’ըսեն. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել» (Յովհաննէս 9։15, 16)։ Անոնց մէջ բաժանում տեղի կ’ունենայ։

Անոր համար անոնք մարդուն դառնալով կը հարցնեն։ «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։ Առանց որեւէ կասկածի, ան կը պատասխանէ. «Մարգարէ մըն է» (Յովհաննէս 9։17

Փարիսեցիները կը մերժեն հաւատալ։ Անոնք թերեւս կը կարծեն որ Յիսուսը եւ այս մարդը գաղտնաբար ծրագրած են ժողովուրդը խաբել։ Անոնք կ’եզրակացնեն որ ամէնէն լաւ բանն է կոյրին ծնողքին հարցնել, որ ան իրապէս կո՛յր էր կամ ոչ։