Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 74

Հիւրասիրութեան եւ աղօթքի մասին դասեր

Հիւրասիրութեան եւ աղօթքի մասին դասեր

ՂՈՒԿԱՍ 10։38–11։13

  • ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՐԹԱՅԻՆ ԵՒ ՄԱՐԻԱՄԻՆ

  • ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ ՅԱՐԱՏԵՒԵԼԸ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին, Երուսաղէմէն մօտ երեք քիլոմեթր անդին, կը գտնուի Բեթանիա գիւղը (Յովհաննէս 11։18)։ Յիսուս հոն կ’երթայ եւ երկու քոյրերու՝ Մարթայի եւ Մարիամի տունը կը մտնէ։ Անոնք եւ անոնց եղբայրը՝ Ղազարոս, Յիսուսին ընկերներն են եւ ջերմօրէն կ’ընդունին զինք։

Մեծ պատիւ է Մեսիան որպէս հիւր ունենալ։ Մարթան մեծ փափաք ունի Յիսուսին լաւ հիւրասիրութիւն ցոյց տալ, անոր համար կը սկսի տեսակաւոր ճաշերու պատրաստութիւններ տեսնել։ Անոր աշխատած ժամանակ, Մարիամը Յիսուսին ոտքերուն քով նստած՝ անոր խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Քիչ ժամանակ ետք, Մարթան Յիսուսին կ’ըսէ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ» (Ղուկաս 10։40

Մարիամը քննադատելու տեղ, Յիսուս Մարթային խրատ կու տայ, քանի որ կը տեսնէ որ ան չափէ դուրս մտահոգ է հիւրասիրութեան հարցերով։ Ան կ’ըսէ. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի» (Ղուկաս 10։41, 42)։ Յիսուս յստակ կը դարձնէ որ պայման չէ ժամերով շատ ճաշեր պատրաստել։ Մէկ պարզ ճաշ ինքնին բաւարար է։

Մարթան գէշ շարժառիթներ չունի։ Ան կ’ուզէ հիւրասէր ըլլալ։ Բայց իր չափէ դուրս կեդրոնանալը ճաշի պատրաստութիւններուն վրայ պատճառ կ’ըլլայ, որ Աստուծոյ Որդիէն արժէքաւոր դասեր սորվելու առիթը փախցնէ։ Յիսուս կ’ըսէ որ Մարիամը իմաստուն ընտրութիւն ըրաւ, ինչ որ իրեն յարատեւ օգուտներ պիտի բերէ։ Ատիկա նաեւ մեզի համար կարեւոր դաս է, որ պէտք է միշտ յիշենք։

Ուրիշ առիթով, Յիսուս նոյնքան կարեւոր բայց տարբեր դաս մը կը սորվեցնէ։ Աշակերտներէն մէկը կը խնդրէ. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց» (Ղուկաս 11։1)։ Յիսուս մօտ մէկուկէս տարի առաջ իր Լերան քարոզին մէջ արդէն սորվեցուցած էր ինչպէ՛ս աղօթել (Մատթէոս 6։9-13)։ Բայց կրնայ ըլլալ որ այս աշակերտը հոն ներկայ չէր, անոր համար Յիսուս գլխաւոր գաղափարները կը կրկնէ։ Ետքը ան առակ մը կը պատմէ, որ ցոյց տայ թէ պէտք է աղօթքի մէջ յարատեւել։

«Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու’։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. ‘Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ’։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’» (Ղուկաս 11։5-8

Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ Եհովան պատրաստ չէ մեր խնդրանքներուն պատասխանելու։ Հապա ան ըսել կ’ուզէ որ եթէ օգնել չուզող բարեկամը յարատեւ խնդրանքներուն ընդառաջեց, անկասկած մեր սիրելի երկնաւոր Հայրը իր հաւատարիմ ծառաներուն անկեղծ խնդրանքներուն պիտի ընդառաջէ։ Յիսուս կը շարունակէ. «Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’» (Ղուկաս 11։9, 10

Ետքը Յիսուս նորէն կը շեշտէ կէտը, համեմատութիւն մը ընելով. «Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկաս 11։11-13)։ Այս խօսքերը մեզ իրապէս կը վստահեցնեն, որ մեր Հայրը պատրաստ է մեզի մտիկ ընելու եւ մեր պէտքերը հոգալու։