Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 71

Փարիսեցիները կը հարցաքննեն բուժուած կոյրը

Փարիսեցիները կը հարցաքննեն բուժուած կոյրը

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 9։19-41

  • ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՆ ԲՈՒԺՈՒԱԾ ԿՈՅՐԸ

  • ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ «ԿՈՅՐ» ԵՆ

Փարիսեցիները չեն ընդունիր որ Յիսուս կոյր ծնած մարդը բժշկած է. անոր համար կը կանչեն անոր ծնողքը։ Ծնողքը գիտէ որ եթէ Յիսուսին կողմը դիրք բռնէ, հաւանաբար «ժողովարանէն դուրս ձգուի» (Յովհաննէս 9։22)։ Ասանկ բան մը կրնայ ընկերային եւ տնտեսական շատ գէշ հետեւանքներ ունենալ իրենց համար։

Փարիսեցիները երկու հարցումներ կը հարցնեն. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ Ծնողքը կը պատասխանէ. «Գիտենք թէ ասիկա է մեր որդին եւ որ ինք կոյր ծնաւ։ Բայց հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր»։ Նոյնիսկ եթէ անոնց զաւակը պատմած է պատահածը, անոնք կը նախընտրեն ուշադրութեամբ փարիսեցիներուն պատասխանել եւ կ’ըսեն. «Ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք, թող ինք խօսի իրեն համար» (Յովհաննէս 9։19-21

Այն ատեն, փարիսեցիները ետ կը կանչեն մարդը եւ կը փորձեն վախցնել՝ ըսելով որ փաստեր ունին Յիսուսին դէմ։ «Աստուծոյ փառք տուր, մենք գիտենք թէ այն մարդը մեղաւոր է», կ’ըսեն անոնք։ Բայց մարդը կը պատասխանէ. «Եթէ մեղաւոր է՝ ես չեմ գիտեր. միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ» (Յովհաննէս 9։24, 25

Անոր պատասխանով չբաւարարուելով, փարիսեցիները կը հարցնեն. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, քու աչքերդ ի՞նչպէս բացաւ»։ Մարդը քաջաբար կը պատասխանէ. «Հիմա ըսի ձեզի ու չլսեցի՞ք. ինչո՞ւ համար նորէն լսել կ’ուզէք. միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք անոր աշակերտ ըլլալ»։ Փարիսեցիները շա՛տ կը բարկանան եւ զինք կ’ամբաստանեն՝ ըսելով. «Դուն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ է» (Յովհաննէս 9։26-29

Մարդը ապշած կը պատասխանէ. «Ատիկա է զարմանալի բանը՝ որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՞ է, բայց անիկա իմ աչքերս բացաւ»։ Ետքը, ան տրամաբանական բան մը կ’ըսէ. «Գիտենք թէ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չ’ըներ, բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ ու անոր կամքը կատարէ, անոր մտիկ կ’ընէ։ Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ»։ Եւ ան կ’եզրակացնէ. «Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել» (Յովհաննէս 9։30-33

Փարիսեցիները չեն կրնար մուրացկանին տրամաբանական խօսքը ժխտել. անոր համար վիրաւորական խօսքերով կ’ըսեն. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ Եւ մարդը կը վռնտեն (Յովհաննէս 9։34

Յիսուս կը լսէ եղածին մասին։ Երբ կը հանդիպի մարդուն, անոր կը հարցնէ. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։ Ան կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»։ Ասոր վրայ, Յիսուս բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Տեսար զանիկա, քեզի հետ խօսողը՝ ա՛ն է» (Յովհաննէս 9։35-37

Մարդը կը պատասխանէ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր»։ Հաւատք եւ յարգանք ցուցաբերելով՝ ան Յիսուսին առջեւ կը խոնարհի։ Իսկ Յիսուս կ’ըսէ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան» (Յովհաննէս 9։38, 39

Փարիսեցիները, որոնք այդ պահուն հոն են, կը լսեն Յիսուսին խօսքերը։ Անոնք գիտեն որ իրենք բառացի կոյրեր չեն։ Բայց կը զգան որ Յիսուս իրենց մասին կը խօսի, ըսելով որ ժողովուրդը ճիշդ կերպով չեն առաջնորդեր։ Անոր համար, պաշտպանողական ոճով կը հարցնեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար, բայց հիմա կ’ըսէք թէ ‘Կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ» (Յովհաննէս 9։40, 41)։ Եթէ անոնք Իսրայէլի մէջ ուսուցիչներ չըլլային, թերեւս հասկնալի կ’ըլլար Մեսիան մերժելու անոնց կեցուածքը։ Բայց քանի՛ որ Օրէնքը շատ լաւ գիտեն, Յիսուսը մերժելով լուրջ մեղք կը գործեն։