ԴԱՍ 72
Յիսուս 70 աշակերտներ քարոզելու կը ղրկէ
ՅԻՍՈՒՍ 70 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ Կ’ԸՆՏՐԷ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ԿԸ ՂՐԿԷ
Ք.Ե. 32–ը վերջ գտնելու վրայ է։ Մօտ երեք տարի անցած է Յիսուսի մկրտութեան վրայ։ Ինք եւ իր աշակերտները վերջերս Երուսաղէմ էին, Տաղաւարահարաց տօնին համար։ Հաւանաբար անոնք տակաւին Երուսաղէմի մօտերն են (Ղուկաս 10։38. Յովհաննէս 11։1)։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր ծառայութեան վերջին վեց ամիսները կ’անցընէ Հրէաստանի մէջ եւ Յորդանան գետին անդի կողմը՝ Պերեայի մէջ։ Այդ շրջաններուն մէջ ալ պէտք է քարոզել։
Ժամանակ մը առաջ, Ք.Ե. 30–ի Պասեքէն ետք, Յիսուս քանի մը ամիս անցուց քարոզելով Հրէաստանի մէջ եւ Սամարիայի ճամբով ուղղուեցաւ Գալիլիա։ Ետքը, Ք.Ե. 31–ի Պասեքին ատենները, Երուսաղէմի մէջ հրեաները փորձեցին զինք սպաննել։ Իսկ յաջորդ մէկուկէս տարուան ընթացքին, Յիսուս գլխաւորաբար կը քարոզէր հիւսիսը՝ Գալիլիայի մէջ։ Այդ ժամանակ, շատեր իր հետեւորդները դարձան։ Գալիլիայի մէջ, Յիսուս իր առաքեալները մարզեց եւ քարոզելու ղրկեց՝ ըսելով. «Քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’» (Մատթէոս 10։5-7)։ Իսկ հիմա ան քարոզարշաւ մը կը կազմակերպէ Հրէաստանի մէջ։
Արշաւին թափ տալու համար, ան կ’ընտրէ «եօթանասուն աշակերտներ» (ԱԾ) եւ երկու–երկու կը ղրկէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելու Հրէաստանի մէջ, ուր «հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ» (Ղուկաս 10։2)։ Անոնք պիտի երթան շրջաններ, ուր ետքը Յիսուս թերեւս երթայ։ Ինչպէս նաեւ պիտի բժշկեն հիւանդները եւ քարոզեն այն ինչ որ Յիսուս կը քարոզէ։
Աշակերտները ժողովարաններուն մէջ սորվեցնելու տեղ, պիտի երթան մարդոց տուները։ Անոնց տուած Յիսուսին ցուցմունքները կը նմանին այն ցուցմունքներուն, որոնք 12 առաքեալներուն տուաւ մօտ տարի մը առաջ։ Ան կ’ըսէ. «Ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ այս տանը’։ Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ»։ Անոնք ի՞նչ պիտի քարոզեն։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ըսէք անոնց. ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’» (Ղուկաս 10։5-9)։
Ան նաեւ կ’ըսէ որ ոմանք պիտի չընդունին իրենց պատգամը։ Բայց անոնց թափած ջանքերը շատերու սիրտը պիտի պատրաստեն մտիկ ընելու Յիսուսին, երբ քիչ ետք գայ։ Անոնք անհամբեր պիտի սպասեն Տէրոջ, որ իրմէ սորվին։
Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելէ ետք, 70 աշակերտները Յիսուսին քով կու գան եւ ուրախութեամբ կը պատմեն. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ Ասիկա այնքա՛ն կ’ուրախացնէ Յիսուսը, որ կ’ըսէ. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։ Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու. . . վրայ կոխկռտելու» (Ղուկաս 10։17-19)։
Այս խօսքերով Յիսուս իր հետեւորդները կը վստահեցնէ, որ կարող պիտի ըլլան փոխաբերական իմաստով կոխկռտել օձերու ու կարիճներու վրայ, այսինքն՝ վնասակար բաները։ Ասկէ զատ, անոնք կրնան վստահ ըլլալ որ ապագային Սատանան երկինքէն վար պիտի իյնայ։ Յիսուս նաեւ 70 աշակերտներուն կ’օգնէ տեսնելու, որ ինչ բան իրապէս կարեւոր է, երբ կ’ըսէ. «Դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են» (Ղուկաս 10։20)։
Յիսուս շատ ուրախ է եւ հանրապէս իր Հայրը կը փառաբանէ, քանի որ իր այս խոնարհ ծառաներուն միջոցաւ հզօր գործեր կ’ընէ։ Ետքը, իր աշակերտներուն դառնալով՝ կ’ըսէ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն. քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին» (Ղուկաս 10։23, 24)։