Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 59

«Որդին մարդոյ» ո՞վ է

«Որդին մարդոյ» ո՞վ է

ՄԱՏԹԷՈՍ 16։13-27 ՄԱՐԿՈՍ 8։22-38 ՂՈՒԿԱՍ 9։18-26

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐ ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

  • ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԽՕՍԻ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յիսուս եւ իր աշակերտները Բեթսայիդա կը հասնին։ Հոն, մարդիկ Յիսուսին քով կը բերեն կոյր մարդ մը եւ կ’աղաչեն որ մարդուն դպնայ ու բժշկէ։

Յիսուս մարդուն ձեռքէն կը բռնէ եւ գիւղէն դուրս կը հանէ։ Անոր աչքերուն թքնելէ ետք, Յիսուս կը հարցնէ որ արդեօք «բան մը կը տեսնէ՞»։ Մարդը կը պատասխանէ. «Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին» (Մարկոս 8։23, 24)։ Յիսուս իր ձեռքերը մարդուն աչքերուն վրայ կը դնէ եւ ան կը սկսի յստակ կերպով տեսնել։ Ետքը մարդը տուն կը ղրկէ, իրմէ խնդրելով որ գիւղ չմտնէ։

Յիսուս եւ իր աշակերտները կ’ուղղուին հիւսիս՝ դէպի Փիլիպպոսի Կեսարիա։ Անոնք պէտք է զառիվեր ճամբով մօտ 40 քմ. կտրեն, որ ըստ երեւոյթին 2-3 օրուան ճամբայ է։ Իրենց գացած գիւղը կը գտնուի ծովու մակերեսէն 350 մեթր բարձրութեան վրայ։ Իսկ անոր հիւսիս–արեւելքը կը տեսնուի ձիւնածածկ Հերմոն լեռը։

Ճամբան, Յիսուս առանձին տեղ մը կ’երթայ աղօթելու։ Ան մօտ 9 կամ 10 ամիս ետք պիտի մեռնի, եւ հիմա մտահոգուած է իր աշակերտներուն մասին։ Շատեր վերջերս դադրեցան իրեն հետեւելէ, իսկ այնպէս կ’երեւի որ ուրիշներ շուարած կամ յուսախաբ են։ Անոնք թերեւս հարց կու տան, որ ինչո՛ւ մերժեց, որ մարդիկ զինք թագաւոր ընեն, կամ ինչո՛ւ նշան մը չտուաւ՝ համոզիչ կերպով ցոյց տալու համար իր ո՛վ ըլլալը։

Երբ աշակերտները քովը կու գան, Յիսուս կը հարցնէ. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ոմանք կ’ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»։ Այո, մարդիկ կը կարծեն որ Յիսուս այդ տղամարդոցմէ մէկն է, որ յարութիւն առած է։ Աշակերտներուն կարծիքը գիտնալու համար, Յիսուս կը հարցնէ. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Պետրոս անմիջապէս կը պատասխանէ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթէոս 16։13-16

Յիսուս Պետրոսին կ’ըսէ որ երանելի է, քանի որ Աստուած իրեն ասիկա յայտնեց։ Ետքը կ’աւելցնէ. «Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին [«Գերեզմանին», ՆԱ] դռները անոր պիտի չյաղթեն»։ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ ինք անձամբ ժողովք մը պիտի հիմնէ եւ թէ նոյնիսկ Գերեզմանը պիտի չկարենայ իր ճիրաններուն մէջ պահել այդ ժողովքի անդամները, եթէ անոնք հաւատարիմ մնան մինչեւ վերջ։ Ան Պետրոսին կը խոստանայ. «Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ» (Մատթէոս 16։18, 19

Յիսուս Պետրոսը միւս առաքեալներէն վեր չի դասեր, ոչ ալ ըսել կ’ուզէ որ ան ժողովքին հիմը պիտի դառնայ։ Յիսուս ինքն է այն Վէմը, որուն վրայ իր ժողովքը պիտի կառուցուի (Ա. Կորնթացիս 3։11. Եփեսացիս 2։20)։ Բայց Պետրոս 3 բանալիներ պիտի ստանայ։ Ան առանձնաշնորհումը պիտի ունենայ 3 տարբեր խումբերու առջեւ դուռը բանալու, որ երկնքի Թագաւորութիւնը մտնեն։

Յետագային, Պետրոս առաջին բանալին կը գործածէ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ զղջացող հրեաներուն եւ նորահաւատներուն կը բացատրէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն փրկուելու համար։ Ան երկրորդ բանալին կը գործածէ՝ հաւատացեալ սամարացիներուն առջեւ առիթը բանալով, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնեն։ Իսկ Ք.Ե. 36–ին, Պետրոս նոյն նպատակով երրորդ բանալին կը գործածէ հրեայ չեղողներուն համար, ինչպէս՝ Կոռնելիոս եւ ուրիշներ (Գործք 2։37, 38. 8։14-17. 10։44-48

Յիսուսին եւ առաքեալներուն միջեւ եղած զրոյցին ընթացքին, առաքեալները տակնուվրայ կ’ըլլան, երբ ան կ’ըսէ թէ մօտ օրէն Երուսաղէմի մէջ պիտի չարչարուի եւ մահանայ։ Պետրոս Յիսուսը մէկ կողմ կ’առնէ եւ կը յանդիմանէ, ըսելով. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Բայց Յիսուս իր կռնակը դարձնելով՝ կ’ըսէ. «Ետի՛ս գնա, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մատթէոս 16։22, 23)։ Այնպէս կ’երեւի որ Պետրոս չի հասկնար որ Յիսուս յարութիւն պիտի առնէ եւ երկինք վերադառնայ։

Ետքը, Յիսուս իր առաքեալները եւ ուրիշներ կը կանչէ եւ կը բացատրէ, որ դիւրին բան չէ իր հետեւորդը ըլլալ։ Ան կ’ըսէ. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա» (Մարկոս 8։34, 35

Ուրեմն, Յիսուսին հաճութեան արժանանալու համար, իր հետեւորդները պէտք է քաջ եւ անձնազոհ ըլլան։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ» (Մարկոս 8։38)։ Այո, երբ Յիսուս գայ, «ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ» (Մատթէոս 16։27