Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 51

Տարեդարձի մը ընթացքին՝ սպանութիւն

Տարեդարձի մը ընթացքին՝ սպանութիւն

ՄԱՏԹԷՈՍ 14։1-12 ՄԱՐԿՈՍ 6։14-29 ՂՈՒԿԱՍ 9։7-9

  • ՀԵՐՈՎԴԷՍ ԳԼԽԱՏԵԼ ԿՈՒ ՏԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏԻՉԸ

Գալիլիայի մէջ, Յիսուսին առաքեալները ազատօրէն քարոզելով զբաղած են, մինչդեռ Յովհաննէս Մկրտիչ, որ Յիսուսը ներկայացուց որպէս Աստուծոյ Գառը, արդէն մօտ երկու տարիէ ի վեր բանտին մէջ է։

Յովհաննէսը բացէ ի բաց ըսած էր որ Հերովդէս Անթիպաս թագաւոր լուրջ սխալ ըրած էր իր կնոջմէն ամուսնալուծուելով եւ Հերովդիային հետ ամուսնանալով, որ իր խորթ եղբօր՝ Փիլիպպոսին՝ կինն էր։ Հերովդէս կ’ըսէր որ Մովսիսական օրէնքին կը հետեւէր։ Բայց ըստ Մովսիսական օրէնքին, իր ըրածը շնութիւն է եւ իր ամուսնութիւնը անօրէն է։ Եւ քանի՛ որ Յովհաննէս Հերովդէսը կը յանդիմանէր, թագաւորը Յովհաննէսը բանտ նետել տուաւ,– հաւանաբար Հերովդիայէն դրդուած։

Բայց Հերովդէս կորսուած է եւ չի գիտեր ի՛նչ ընել Յովհաննէսին, քանի որ մարդիկ ‘իբրեւ մարգարէ կ’ընդունին զանիկա’ (Մատթէոս 14։5)։ Մինչդեռ Հերովդիան առիթ կը փնտռէ որ Յովհաննէսը սպաննէ, քանի որ ‘ոխ ունի անոր դէմ’ (Մարկոս 6։19)։ Վերջապէս այդ առիթը կու գայ։

Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, Հերովդէս մեծ խնճոյք կը պատրաստէ իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Անոր բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ հազարապետները, ինչպէս նաեւ Գալիլիայի երեւելի մարդիկը հաւաքոյթին կու գան։ Խնճոյքին ժամանակ, սրահ կը մտնէ աղջիկ մը՝ Սողովմէ անունով եւ կը պարէ հիւրերուն առջեւ։ Սողովմէն Հերովդիային աղջիկն է, իր նախկին ամուսինէն՝ Փիլիպպոսէն։ Ներկաները անոր պարը դիտելով՝ շատ կը տպաւորուին։

Հերովդէսը այնքա՛ն գոհ կը մնայ Սողովմէէն, որ անոր կ’ըսէ. «Խնդրէ ինձմէ ինչ որ կ’ուզես ու պիտի տամ քեզի»։ Ան նոյնիսկ երդում կ’ընէ՝ ըսելով. «Ինչ որ դուն ինձմէ խնդրես, պիտի տամ քեզի, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը»։ Թագաւորին պատասխան տալէ առաջ, Սողովմէն իր մօր քով կ’երթայ եւ անոր կը հարցնէ. «Ի՞նչ ուզեմ» (Մարկոս 6։22-24

Վերջապէս Հերովդիային սպասած առիթը կու գայ։ Ան շուտով իր աղջկան կը պատասխանէ. «Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը»։ Սողովմէն ալ շատ արագ Հերովդէսին քով կ’երթայ եւ անոր կ’ըսէ. «Կ’ուզեմ որ շուտով սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը տաս ինծի» (Մարկոս 6։24, 25

Հերովդէս շատ կը տխրի։ Ան բոլոր ներկաներուն առջեւ Սողովմէին երդում ըրած է եւ կ’ուզէ իր խօսքին տէրը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ ատիկա պատճառ դառնայ որ անմեղ մարդ մը սպաննուի։ Անոր համար, Հերովդէս դահիճ մը բանտ կը ղրկէ որ իր հրամանը գործադրէ։ Ան ալ շատ չանցած կը վերադառնայ Յովհաննէսին գլուխը «սկուտեղ»ի, կամ՝ ափսէի, վրայ դրուած։ Ան ափսէն Սողովմէին կու տայ, իսկ Սողովմէն ալ՝ իր մօր։

Երբ Յովհաննէսին աշակերտները կը լսեն եղածին մասին, կու գան եւ անոր մարմինը կ’առնեն ու կը թաղեն։ Ետքը, անոնք կ’երթան եւ Յիսուսին կը պատմեն։

Յետագային, երբ Հերովդէս կը լսէ որ Յիսուս հիւանդները կը բժշկէ եւ դեւեր կը հանէ, կը վախնայ։ Ան կը կարծէ որ Յիսուսը, որ մեծ հրաշքներ կ’ընէ, իրականութեան մէջ յարութիւն առած Յովհաննէս Մկրտիչն է (Ղուկաս 9։7, 8)։ Եւ Հերովդէս շատ կը փափաքի Յիսուսը տեսնել, ոչ թէ անոր քարոզած բարի լուրը լսելու համար, հապա պարզապէս գիտնալու համար որ իր մտավախութիւնը տեղին է կամ ոչ։