Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞

Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞

Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞

Այս սերունդը ոեւէ սերունդէ աւելի լսած է աշխարհի վերջին մասին։ Շատեր կը վախնան որ աշխարհը կորիզային հրկիզութեամբ մը վերջ պիտի գտնէ։ Ուրիշներ կը խորհին որ ապականութիւնը կրնայ կործանել աշխարհը։ Տակաւին ուրիշներ կը մտահոգուին որ տնտեսական խառնակութիւն մը մարդկային զանգուածներ իրարու դէմ պիտի հանէ։

Ներկայ աշխարհը իրապէս կրնա՞յ վերջ գտնել։ Եթէ այո, անիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ։ Նախապէս աշխարհ մը վերջ գտա՞ծ է։

Աշխարհ մը Վերջ կը Գտնէ—Ուրիշ մը կը Փոխարինէ Զայն

Այո՛, աշխարհ մը վերջ գտած է։ Նկատի առէք Նոյի օրուան աշխարհը, որ շատ չարացած էր։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ»։ Անիկա նաեւ կ’ըսէ. «Առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց [Աստուած]. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ»։—Բ. Պետրոս 2։5. 3։6

Նկատի առէք որ այդ աշխարհին վախճանը ի՛նչ նշանակեց եւ ինչ չնշանակեց։ Անիկա մարդկութեան վախճանը չնշանակեց։ Նոյ եւ իր ընտանիքը վերապրեցան համաշխարհային ջրհեղեղէն։ Նոյնպէս՝ Երկիր մոլորակը եւ աստղազարդ գեղեցիկ երկինքը։ Կործանուողը «ամբարիշտներուն աշխարհ»ը, իրերու ամբարիշտ դրութիւնն էր։

Մինչ Նոյի սերունդը բազմացաւ, ուրիշ աշխարհ մը մէջտեղ եկաւ։ Այդ երկրորդ աշխարհը, կամ իրերու դրութիւնը, մինչեւ մեր օրերը գոյատեւած է։ Անոր պատմութիւնը լեցուն է պատերազմով, ոճիրով եւ բռնութեամբ։ Ի՞նչ պիտի պատահի այս աշխարհին. պիտի վերապրի՞։

Ներկայ Աշխարհի Ապագան

Ըսելէ ետք թէ Նոյի օրուան աշխարհը կործանեցաւ, Աստուածաշունչի պատմութիւնը կը շարունակէ. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար»։ (Բ. Պետրոս 3։7) Արդարեւ, ինչպէս կ’ըսէ Աստուածաշունչի ուրիշ գրող մը՝ «Աշխարհս [հիմա գոյութիւն ունեցող] ալ կ’անցնի»։—Ա. Յովհաննու 2։17

Աստուածաշունչը ըսել չուզեր որ բառացի երկիրը կամ աստղազարդ երկինքը պիտի անցնին. անոնք մնացին Նոյի օրերուն։ (Սաղմոս 104։5) Այլ, ներկայ աշխարհը, իր «երկինք»ով՝ Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ եղող կառավարիչներով, եւ իր «երկիր»ով՝ մարդկային ընկերութիւնով, պիտի փճանայ որպէս թէ կրակով։ (Յովհաննու 14։30. Բ. Կորնթացիս 4։4) Այս աշխարհը, կամ իրերու դրութիւնը, պիտի բնաջնջուի, նախաջրհեղեղեան աշխարհին նման։ Յիսուս Քրիստոս բացատրեց որ այս աշխարհի վախճանէն առաջ, կացութիւնը «Նոյի օրեր»ուն նման պիտի ըլլար։—Մատթէոս 24։37-39

Յատկանշական է որ երբ Յիսուս խօսեցաւ Նոյի օրուան մասին, անիկա իր առաքեալներուն հետեւեալ հարցումին պատասխանելու համար էր. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Յիսուսի հետեւորդները գիտէին որ այս աշխարհը վերջ պիտի գտնէր։ Իսկ այս ակնկալութիւնը կը սարսափեցնէ՞ր զիրենք։

Ընդհակառակը, երբ Յիսուս նկարագրեց աշխարհի վախճանէն առաջ ըլլալիք դէպքերը, ան իր հետեւորդները քաջալերեց որ ուրախ ըլլան, ‘քանի որ անոնց փրկութիւնը կը մօտենար’։ (Ղուկաս 21։28) Այո, անոնք Սատանայի եւ իր ամբարիշտ իրերու դրութենէն փրկուելով, խաղաղ նոր աշխարհ մը պիտի մտնէին։—Բ. Պետրոս 3։13

Բայց ներկայ աշխարհը ե՞րբ պիտի վերջանայ։ Յիսուս ի՞նչ «նշան» տուաւ իր ‘գալուստին ու աշխարհիս վերջին’ համար։

«Նշանը»

Հոս «գալուստ» թարգմանուած Յունարէն բառն է բա·րու·սիա, որ կը նշանակէ «ներկայութիւն», այսինքն, առկայութիւն։ Ուստի, երբ «նշանը» տեսնուէր, անիկա պիտի չնշանակէր որ Յիսուս շուտով պիտի գար, այլ՝ թէ ան արդէն վերադարձած եւ ներկայ էր։ Անիկա պիտի նշանակէր որ ան սկսած էր անտեսանելիօրէն իշխել որպէս երկնային թագաւոր եւ թէ շուտով իր թշնամիները մէջտեղէն պիտի վերցնէր։—Յայտնութիւն 12։7-12. Սաղմոս 110։1, 2

Յիսուսի տուած «նշանը» միայն մէկ դէպքէ չէր բաղկանար։ Ան համաշխարհային շատ մը դէպքեր եւ վիճակներ կը նկարագրէր։ Այս բոլոր դէպքերը տեղի պիտի ունենային ա՛յն ժամանակ, զոր Աստուածաշունչը գրողները «վերջին օրեր» կոչեցին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Բ. Պետրոս 3։3, 4) Նկատի առէք կարգ մը բաներ որոնք ըստ Յիսուսի, «վերջին օրերը» պիտի նշէին։

«Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ (Մատթէոս 24։7) Ներկայիս պատերազմը որեւէ ժամանակէ աւելի ծաւալուն եղած է։ Պատմաբան մը նշեց. «Առաջին Աշխարհամարտը [որ 1914–ին սկսաւ] առաջին պատերազմն էր, որ ‘ամբողջական’ էր»։ Սակայն, երկրորդ աշխարհամարտը շատ աւելի կործանարար եղաւ։ Պատերազմը կը շարունակէ երկիրը աւերել։ Այո, Յիսուսի խօսքերը ակնբախ կերպով կատարուած են։

«Սովեր . . . պիտի ըլլան»։ (Մատթէոս 24։7) Առաջին Աշխարհամարտին յաջորդեց թերեւս ամբողջ պատմութեան մեծագոյն սովը։ Երկրորդ Աշխարհամարտին ալ յաջորդեց ահաւոր սով մը։ Երկրի բնակչութեան մէկ հինգերորդը թերի սննդառութենէ կը տառապի, որու ամէն տարի զոհ կ’երթան մօտ 14 միլիոն երախաներ։ Արդարեւ, «սովեր» եղած են։

«Մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ (Ղուկաս 21։11) 1914–էն ի վեր, ամէն տարի միջին հաշուով տասը անգամ աւելի մարդ մահացած է երկրաշարժներէն, քան անկէ առաջուան դարերուն։ Միայն քանի մը մեծ երկրաշարժներ նկատի առնենք. 1920–ին Չինաստանի մէջ 200,000 անհատներ սպաննուեցան. 1923–ին Ճափոնի մէջ՝ 99,300. 1939–ին Թուրքիոյ մէջ՝ 32,700. 1970–ին Բերուի մէջ՝ 66,800. իսկ 1976–ին Չինաստանի մէջ՝ 240,000 (կամ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ 800,000)։ Ասոնք վստահաբար «մեծ երկրաշարժներ» էին։

«Տեղ տեղ . . . մահտարաժամներ»։ (Ղուկաս 21։11) Առաջին Աշխարհամարտէն քիչ ետք, 21 միլիոն անհատներ մահացան սպանական հարբուխէն։ Սայէնս Տայճէսթ–ը տեղեկագրեց. «Ամբողջ պատմութեան մէջ, մահը ա՛յսքան դաժան եւ այսքան արագ հարուածած չէր»։ Անկէ ի վեր, սրտի հիւանդութիւնները, խլիրդը, ԱԴԱ–ն [ԷՅՏԾ] եւ շատ մը ուրիշ հիւանդութիւններ հարիւր միլիոնաւոր կեանքեր խլած են։

«Անօրէնութեան շատնալ»ը։ (Մատթէոս 24։12) 1914–էն ի վեր, մեր աշխարհը ոճիրի եւ բռնարարքներու վայր մը եղած է։ Կարգ մը վայրերու մէջ, նոյնիսկ ցերեկ ատեն մարդիկ փողոցի մէջ իրենք զիրենք ապահով չեն զգար։ Գիշերը դուրս ելլելու վախնալով, անոնք իրենց տուները կը մնան կղպուած եւ ամրափակուած դռներու ետին։

Վերջին օրերուն տեղի ունենալիք շատ բաներու մասին նախագուշակուած էր եւ բոլորն ալ կատարուած են։ Ասիկա կը նշանակէ որ աշխարհի վախճանը մօտ է։ Բայց բարեբախտաբար վերապրողներ պիտի ըլլան։ «Աշխարհս ալ կ’անցնի» ըսելէ ետք, Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17

Հետեւաբար, պէտք է Աստուծոյ կամքը գիտնանք եւ զայն կատարենք։ Այդ պարագային է որ այս աշխարհին վախճանէն կրնանք վերապրիլ եւ յաւիտեան վայելել Աստուծոյ նոր աշխարհի օրհնութիւնները։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ այդ ժամանակ «Աստուած անոնց [մարդոց] աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։—Յայտնութիւն 21։3, 4

Աստուածաշունչի գործածուած թարգմանութիւնը Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութիւն–ն է։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 6]

Photo Credits: Airplane: USAF photo. Child: WHO photo by W. Cutting. Earthquake: Y. Ishiyama, Hokkaido University, Japan.