Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնց հաւատքը կրակոտ փորձութեան դիմացաւ

Անոնց հաւատքը կրակոտ փորձութեան դիմացաւ

Գլուխ հինգ

Անոնց հաւատքը կրակոտ փորձութեան դիմացաւ

1. Շատեր Աստուծոյ եւ իրենց հայրենիքին հանդէպ նուիրումը ի՞նչպէս կը նկատեն։

 ԱՍՏՈՒԾՈ՞Յ թէ ձեր ապրած երկրին նուիրուած պէտք է ըլլաք։ Շատեր պիտի ըսեն՝ ‘Ես երկուքն ալ կը մեծարեմ։ Աստուած կը պաշտեմ իմ կրօնքիս թելադրանքներուն համաձայն. միեւնոյն ատեն, հայրենիքիս հանդէպ հաւատարմութիւն կ’ուխտեմ’։

2. Բաբելոնի թագաւորը ի՞նչպէս թէ՛ կրօնական եւ թէ քաղաքական անձնաւորութիւն մըն էր։

2 Կրօնական նուիրումին եւ հայրենասիրութեան միջեւ տարբերութիւնը ներկայիս կրնայ աղօտ ըլլալ, բայց հին Բաբելոնի մէջ անիկա գրեթէ գոյութիւն չունէր։ Արդարեւ, քաղաքացիական եւ սրբազան բաները ա՛յնքան ընդելուզուած էին, որ երբեմն անոնք անզանազանելի էին։ Ուսուցչապետ Չարլզ Ֆ. Փֆայֆըր կը գրէ. «Հին Բաբելոնի մէջ, թագաւորը կը ծառայէր թէ՛ որպէս Քահանայապետ եւ թէ որպէս քաղաքային կառավարիչ։ Ան զոհեր կը մատուցանէր եւ իր հպատակներուն կրօնական կեանքը կը սահմանէր»։

3. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Նաբուգոդոնոսոր շատ կրօնասէր մարդ մըն էր։

3 Նկատի առէք Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը։ Անոր անունն իսկ կը նշանակէ՝ «Ո՛վ Նաբու, Պաշտպանէ՛ Ժառանգը»։ Նաբուն՝ իմաստութեան ու երկրագործութեան բաբելոնական չաստուածն էր։ Նաբուգոդոնոսոր շատ կրօնասէր մարդ մըն էր։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, ան Բաբելոնի բազմաթիւ չաստուածներուն ձօնուած տաճարներ շինեց ու զանոնք զարդարեց, իսկ գլխաւորաբար նուիրուած էր Մարդոկի, որու կը վերագրէր իր զինուորական յաղթանակները։ * Նաեւ, այնպէս կը տեսնուի որ Նաբուգոդոնոսոր իր պատերազմական ծրագիրները կը պատրաստէր մեծապէս յենուելով հմայութեան։—Եզեկիէլ 21։18-23

4. Բաբելոնի կրօնական ոգին նկարագրեցէք։

4 Իրապէս, ամբողջ Բաբելոնի մէջ կրօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Քաղաքը կը պարծենար իր աւելի քան 50 տաճարներով, ուր շարք մը չաստուածներ ու չաստուածուհիներ կը պաշտուէին, մէջը ըլլալով Անու (երկնքի աստուած), Էնլիլ (երկրի, օդի եւ փոթորիկի աստուած) եւ Էա (ջուրերու աստուած) եռեակը։ Ուրիշ երրորդութիւն մը կազմուած էր Սին (լուսին–աստուած), Շամաշ (արեւ–աստուած) եւ Իշտար (բեղմնաւորութեան աստուած) չաստուածներով։ Բաբելոնական պաշտամունքին մէջ լայն տեղ գրաւած էին կախարդութիւնը, հմայութիւնը եւ աստղաբաշխութիւնը։

5. Բաբելոնի կրօնական միջավայրը ի՞նչ մարտահրաւէր կը ներկայացնէր Հրեայ աքսորեալներուն համար։

5 Բազմաթիւ չաստուածներ պաշտող մարդոց մէջ բնակիլը շատ մեծ մարտահրաւէր մըն էր Հրեայ աքսորեալներուն համար։ Դարեր առաջ, Մովսէս զգուշացուցած էր Իսրայելացիները, Գերագոյն Օրէնսդրին դէմ ապստամբելուն ծանր հետեւանքներուն շուրջ։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Տէրը պիտի տանի քեզ եւ քու վրադ դրած թագաւորդ այնպիսի ազգի մը, որ ո՛չ դուն ճանչցած ես, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ Հոն օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, ծառայութիւն պիտի ընես»։—Բ. Օրինաց 28։15, 36

6. Բաբելոնի մէջ ապրիլը ինչո՞ւ մասնաւոր դժուարութիւն մը կը յարուցանէր Դանիէլի, Անանիայի, Միսայէլի ու Ազարիայի։

6 Հրեաները հիմա ճիշդ այս կնճռոտ կացութեան մէջ կը գտնուէին։ Եհովայի հանդէպ ուղղամիտ մնալը դժուար էր, մանաւանդ Դանիէլի, Անանիայի, Միսայէլի եւ Ազարիայի համար։ Այս չորս երիտասարդ Եբրայեցիները մասնաւորաբար ընտրուած էին, որպէսզի կառավարական պաշտօններ ստանձնելու համար մարզում ստանան։ (Դանիէլ 1։3-5) Մի՛ մոռնաք որ անոնց բաբելոնական անուններ ալ տրուած էին՝ Բաղտասասար, Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով. հաւանաբար ասոր նպատակն էր իրենց նոր միջավայրին յարմարիլ տալու համար որոշ ազդեցութիւն բանեցնել անոնց վրայ։ * Եթէ այս բարձրաստիճան մարդիկը երկրին աստուածները մերժէին պաշտել, ասիկա շատ աչքի պիտի զարնէր եւ նոյնիսկ դաւաճանութիւն պիտի նկատուէր։

Ոսկիէ Արձան մը՝ Սպառնալիք մը կը Ներկայացնէ

7. (ա) Նաբուգոդոնոսորի կանգնած արձանը նկարագրեցէք։ (բԱրձանը ի՞նչ նպատակաւ կանգնուած էր։

7 Այնպէս կը թուի թէ իր կայսրութեան մէջ միութիւնը ամրապնդելու համար, Նաբուգոդոնոսոր Դուրա դաշտին մէջ ոսկիէ արձան մը կանգնեց։ Անիկա 60 կանգուն (27 մեթր) բարձրութիւն եւկանգուն (2.7 մեթր) լայնութիւն ունէր։ * Ոմանք կը խորհին որ արձանը պարզապէս սիւն մը կամ բրգաձեւ կոթող մըն էր։ Կրնայ ըլլալ որ անիկա շատ բարձր պատուանդան մը ունէր, որու վրայ մարդկային կերպարանքով հսկայ արձան մը կար, որ թերեւս Նաբուգոդոնոսորը կամ Նաբու չաստուածը կը ներկայացնէր։ Ինչ որ ալ էր պարագան, այս բարձրաբերձ յուշարձանը Բաբելոնական Կայսրութիւնը կը խորհրդանշէր, եւ որպէս այդ, անոր նպատակն էր ամէն տեղէն տեսնուիլ եւ պաշտուիլ։—Դանիէլ 3։1

8. (ա) Արձանին բացումը կատարելու համար որո՞նք հրաւիրուած էին, եւ հոն ներկայ եղող բոլորէն ի՞նչ պահանջուած էր։ (բԱրձանին առջեւ չխոնարհողներուն ի՞նչ պատիժ սահմանուած էր։

8 Ուստի, Նաբուգոդոնոսոր որոշեց անոր հանդիսաւոր բացումը ընել։ Անիկա իր կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները հաւաքեց։ Մունետիկ մը բարձրաձայն կանչեց ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ազգեր ու լեզուներ, ձեզի կ’ըսուի. ‘Երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններու ձայնը լսէք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին առջեւ պիտի իյնաք ու երկրպագութիւն ընէք’։ Ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, նոյն ժամուն բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուի»։—Դանիէլ 3։2-6

9. Երեւութապէս, Նաբուգոդոնոսորի կանգնած արձանին առջեւ երկրպագութիւն ընելուն իմաստը ի՞նչ էր։

9 Ոմանք կը խորհին որ Նաբուգոդոնոսոր այս արարողութիւնը պատրաստեց, Հրեաները ստիպելու որ Եհովայի պաշտամունքին մէջ զիջումներ ընեն։ Ասիկա շատ հաւանական չէ, քանի որ այս առթիւ միայն կառավարական պաշտօնեաները կանչուած էին։ Ուստի, կառավարական որոշ պաշտօն ունեցող միայն քանի մը Հրեաներ ներկայ պիտի ըլլային։ Այնպէս կը թուի թէ արձանին առջեւ խոնարհելուն նպատակն էր՝ վարչական դասակարգին միասնութիւնը զօրացնել։ Ուսումնական Ճոն Ֆ. Ուալվորտ կը նշէ. «Պաշտօնեաներու այսպիսի հանդիսութիւն մը, մէկ կողմէ Նաբուգոդոնոսորի կայսրութեան զօրութեան գոհացուցիչ մէկ ցուցադրութիւնն էր, իսկ միւս կողմէ, իրենց կարծիքով, անիկա իրենց յաղթանակներուն համար չաստուածները պատասխանատու նկատելու գիտակցութեան անդրադարձ մըն էր»։

Եհովայի Ծառաները կը Մերժեն Զիջումներ Ընել

10. Հրեայ չեղողներուն համար Նաբուգոդոնոսորի հրամանին ենթարկուիլը ինչո՞ւ հարց մը չէր։

10 Հակառակ անոր որ Նաբուգոդոնոսորի արձանին առջեւ հաւաքուածներէն շատեր տարբեր պաշտպան չաստուածներ կը պաշտէին, բայց անոնք այս արձանը պաշտելու մէջ որեւէ խղճահարութիւն չէին զգար։ «Անոնց բոլորն ալ սովոր էին կուռքեր պաշտելու, իսկ աստուած մը պաշտելը արգելք մը չէր որ ուրիշ մըն ալ մեծարէին», կ’ըսէ Աստուածաշունչի ուսումնական մը։ Ան կը շարունակէ. «Անիկա ներդաշնակ էր կռապաշտներուն մէջ տիրող տեսակէտին հետ, թէ շատ աստուածներ կան . . . եւ թէ ոեւէ ուրիշ ժողովուրդի կամ երկրի մը աստուածները մեծարելը անպատշաճ չէր»։

11. Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով ինչո՞ւ մերժեցին երկրպագութիւն ընել արձանին առջեւ։

11 Սակայն, Հրեաներուն համար հարցը տարբեր էր։ Իրենց Աստուածը՝ Եհովան՝ իրենց պատուիրած էր. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ [«բացարձակ պաշտամունք պահանջող», ՆԱ] Աստուած եմ»։ (Ելից 20։4, 5) Արդ, երբ երաժշտութիւնը սկսաւ եւ հոն հաւաքուած անհատները երկրպագութիւն ըրին արձանին առջեւ, երեք Եբրայեցի երիտասարդները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, կանգնած մնացին։—Դանիէլ 3։7

12. Կարգ մը Քաղդէացիներ ի՞նչ բանով ամբաստանեցին երեք Եբրայեցիները եւ ինչո՛ւ։

12 Կարգ մը Քաղդէացիներ զայրացան, երբ տեսան որ երեք Եբրայեցի պաշտօնեաները կը մերժեն պաշտել արձանը։ Անոնք անմիջապէս թագաւորին քով գացին եւ «Հրեաներուն վրայով ամբաստանութիւն ըրին»։ * Անոնք որեւէ բացատրութեամբ հետաքրքրուած չէին։ Փափաքելով որ Եբրայեցիները պատժուին իրենց անհաւատարմութեան եւ դաւաճանութեան համար, ամբաստանողները ըսին. «Քանի մը Հրեայ մարդիկ կան, որոնք դուն Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ դրիր, այսինքն Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը, այս մարդիկը քեզ բանի տեղ չեն դներ, ո՛վ թագաւոր. քու աստուածներդ չեն պաշտեր եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն չեն ըներ»։—Դանիէլ 3։8-12

13, 14. Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովի կեցուածքին հանդէպ Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ ընդառաջում ունեցաւ։

13 Նաբուգոդոնոսոր որչա՜փ նեղացած ըլլալու էր, որ երեք Եբրայեցիները իր հրամանին անհնազանդ գտնուած էին։ Յստակ եղաւ որ ինք չէր կրցած Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովը Բաբելոնական Կայսրութեան հաւատարիմ ջատագովները դարձնել։ Բայց ինք Քաղդէացւոց իմաստութեամբ չէ՞ր կրթած զանոնք։ Նոյնիսկ անոնց անո՛ւնները փոխած էր։ Բայց եթէ Նաբուգոդոնոսոր կը խորհէր որ փարթամ ուսում մը պաշտամունքի նոր կերպ մը պիտի սորվեցնէր անոնց, կամ անոնց անունները փոխելով, անոնց անհատականութիւնը պիտի կարենար փոխել, ան չարաչար կը սխալէր։ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով Եհովայի հաւատարիմ ծառաները մնացին։

14 Նաբուգոդոնոսոր Թագաւոր զայրացած էր։ Ան շուտով իր քով կանչել տուաւ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագովը եւ անոնց հարցուց. «Ո՛վ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, խորհրդո՞վ է որ իմ աստուածներս չէք պաշտեր եւ իմ ոսկի արձանիս երկրպագութիւն չէք ըներ»։ Անկասկած, Նաբուգոդոնոսոր այս խօսքերը ըսաւ չհաւատալով իր ականջներուն։ Ան մտածած ըլլալու էր, ‘Այս ողջամիտ երեք տղամարդիկը ի՞նչպէս կրնային անտեսել ա՛յսքան յստակ հրաման մը, մանաւանդ որ անոր չհնազանդողները խստօրէն պիտի պատժուէին’։—Դանիէլ 3։13, 14

15, 16. Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ պատեհութիւն տուաւ երեք Եբրայեցիներուն։

15 Նաբուգոդոնոսոր այս երեք Եբրայեցիներուն երկրորդ առիթ մը տալու յօժար էր։ Ան ըսաւ. «Հիմա եթէ պատրաստ էք փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսած ատեննիդ իյնալ ու իմ շինած արձանիս երկրպագութիւն ընել, աղէկ. բայց եթէ երկրպագութիւն չընէք, նոյն ժամուն՝ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուիք եւ ո՜վ է այն Աստուածը, որ ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ»։—Դանիէլ 3։15

16 Այնպէս կ’երեւայ որ (Դանիէլի երկրորդ գլուխին մէջ արձանագրուած) երազին արձանը մնայուն ազդեցութիւն մը չէր ունեցած Նաբուգոդոնոսորի մտքին ու սրտին վրայ։ Թերեւս արդէն մոռցած էր այն խօսքերը զորս ինք անձամբ ըսած էր Դանիէլի. «Ձեր Աստուածը ինքն է աստուածներուն Աստուածը եւ թագաւորներուն՝ Տէրը»։ (Դանիէլ 2։47) Արդ, ակներեւաբար Նաբուգոդոնոսոր ասպարէզ կը կարդար Եհովայի, ըսելով որ նոյնիսկ Ինք չէր կրնար Եբրայեցիները ազատել իրենց սպասող պատիժէն։

17. Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով ի՞նչ պատասխանեցին թագաւորին առաջարկին։

17 Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով այս հարցին մասին մտածելու կարիքը չտեսան։ Անոնք անմիջապէս պատասխանեցին. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր, այս բանին վրայով քեզի պատասխան տալու հարկաւորութիւն չունինք։ Ահա մեր պաշտած Աստուածը մեզ բորբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։ Բայց քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք»։—Դանիէլ 3։16-18

Բորբոքած Հնոցին Մէջ

18, 19. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ երեք Եբրայեցիները բորբոքած հնոցին մէջ նետուեցան։

18 Զայրացած, Նաբուգոդոնոսոր պատուէր տուաւ որ իր ծառաները սովորականէն եօթնապատիկ աւելի տաքցնեն հնոցը։ Ապա հրամայեց որ ‘զօրաւոր մարդիկ’ կապեն Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովը եւ զանոնք նետեն «բորբոքած կրակի հնոցին մէջ»։ Անոնք թագաւորին հրամանին հետեւեցան, երեք Եբրայեցիները կրակին մէջ նետեցին կապուած եւ իրենց հանդերձներով. թերեւս, աւելի շուտ այրուելու համար։ Սակայն, Նաբուգոդոնոսորին սպասաւորներն են որ մեռան կրակի բոցերէն։—Դանիէլ 3։19-22

19 Սակայն, արտակարգ բան մը տեղի կ’ունենար։ Թէեւ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով կրակի հնոցին մէջտեղն էին, բայց բոցերը զանոնք չէին սպառեր։ Երեւակայեցէ՛ք Նաբուգոդոնոսորի զարմանքը։ Անոնք բորբոքած կրակին մէջ նետուած էին լաւ մը կապուած՝ բայց տակաւին ողջ էին եւ նո՛յնիսկ ազատօրէն կը քալէին։ Բայց Նաբուգոդոնոսոր ուրիշ բան մըն ալ նշմարեց։ «Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք», հարցուց ան իր արքունի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն։ «Այո՛, ո՛վ թագաւոր», պատասխանեցին անոնք։ Նաբուգոդոնոսոր պոռալով ըսաւ. «Ահա ես կրակին մէջ չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ, որ կը քալեն։ Անոնք ամենեւին վնաս մը չեն քաշեր։ Չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը կը նմանի»։—Դանիէլ 3։23-25

20, 21. (ա) Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ նշմարեց Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովի վրայ, երբ անոնք հնոցէն դուրս ելան։ (բՆաբուգոդոնոսոր ստիպուեցաւ ի՞նչ ընդունիլ։

20 Նաբուգոդոնոսոր կրակի հնոցին դրան կը մօտենայ, ու կը կանչէ. «Ո՜վ Բարձրեալ Աստուծոյն ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դո՛ւրս ելէք ու հոս եկէ՛ք»։ Երեք Եբրայեցիները կրակին մէջէն դուրս կու գան։ Անկասկած այս հրաշքին ականատես եղողներուն բոլորը, մէջը ըլլալով կուսակալները, նախարարները, կառավարիչներն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաները, շշմեցան։ Կարծէք այս երեք երիտասարդները բնա՛ւ կրակին մէջ չէին նետուած։ Անոնց վրայէն կրակի հոտ անգամ չէր գար եւ անոնց գլխուն մազերէն թել մը իսկ խանձած չէր։—Դանիէլ 3։26, 27

21 Ուստի, Նաբուգոդոնոսոր Թագաւոր ստիպուեցաւ ընդունիլ որ Եհովա Բարձրեալ Աստուած է։ Ան յայտարարեց. «Օրհնեալ ըլլայ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուածը, որ իր հրեշտակը ղրկեց ու իր ծառաները ազատեց. վասն զի անոր ապաւինելով՝ թագաւորին խօսքը անարգեցին ու իրենց մարմինները կրակի տուին, որպէս զի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ Աստուծոյ մը ծառայութիւն ու երկրպագութիւն չընեն»։ Ապա թագաւորը այս խիստ ազդարարութիւնը տուաւ. «Արդ՝ ես կը հրամայեմ որ ոեւէ ժողովուրդ, ազգ ու լեզու, որ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուծոյն դէմ սխալ բան մը ըսէ, կտոր կտոր ըլլայ ու անոր տունը աղբանոց ըլլայ. վասն զի ուրիշ Աստուած չկայ, որ կարող ըլլար այսպէս ազատել»։ Ասոր վրայ, երեք Եբրայեցիները դարձեալ արքունի բարեհաճութեան արժանացան եւ ‘աւելի մեծցան Բաբելոնի գաւառին մէջ’։—Դանիէլ 3։28-30

Հաւատքը եւ Կրակոտ Փորձութիւնը՝ Ներկայիս 

22. Եհովայի արդի ծառաները ի՞նչպէս Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովի նման պարագաներ կը դիմագրաւեն։

22 Ներկայիս ալ Եհովան պաշտողները Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովի նման պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ ծառաները թերեւս բառացիօրէն աքսորեալներ չեն։ Բայց Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները ‘աշխարհէն պիտի չըլլային’։ (Յովհաննու 17։14) Անոնք «օտարականներ» են, այն առումով որ անոնք իրենց շուրջը գտնուողներուն հակա–սուրբ գրային սովորութիւնները, կեցուածքները եւ վարժութիւնները չեն որդեգրեր։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ գրեց, Քրիստոնեաները ‘չեն կերպարանիր այս աշխարհին կերպարանքովը’։—Հռովմայեցիս 12։2

23. Երեք Եբրայեցիները ի՞նչպէս անխախտ մնացին, եւ ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան անոնց օրինակին հետեւիլ։

23 Երեք Եբրայեցիները մերժեցին բաբելոնական դրութեան կողմէ կերպարանաւորուիլ։ Նոյնիսկ քաղդէական իմաստութեամբ լրիւ դաստիարակուիլը զանոնք չխախտեց։ Պաշտամունքի հարցին մէջ անոնց դիրքը սակարկելի չէր եւ անոնք միայն Եհովայի նուիրուած էին։ Այսօր ալ Քրիստոնեաները նոյնքան անսասան պէտք է ըլլան։ Անոնք պէտք չէ ամչնան որ աշխարհի միւս մարդոցմէ տարբեր են։ Այո, «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Ուստի, այս մահացող իրերու դրութեան համակերպիլը յիմարութիւն ու անիմաստ պիտի ըլլար։

24. Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն կեցուածքը ի՞նչպէս կը համեմատի երեք Եբրայեցիներու կեցուածքին հետ։

24 Քրիստոնեաները ամէն տեսակ կռապաշտութենէ պէտք է զգուշանան, նոյնիսկ անոր թաքուն կերպերէն։ * (Ա. Յովհաննու 5։21) Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով հլու ու յարգալից կերպով կայնեցան ոսկի արձանին առջեւ, բայց գիտակցեցան որ անոր առջեւ խոնարհիլը պարզ յարգանքէ մը աւելին կը պարփակէր։ Անիկա պաշտամունքի արարք մըն էր եւ անոր մասնակից ըլլալը Եհովայի բարկութեան պիտի արժանացնէր։ (Բ. Օրինաց 5։8-10) Ճոն Ֆ. Ուալվորտ կը գրէ. «Իրականութեան մէջ անիկա դրօշակի բարեւել էր, թէեւ, կրօնական եւ ազգային հաւատարմութիւնները ընդելուզուած ըլլալուն համար, անիկա կրնար նաեւ կրօնական իմաստ մըն ալ ունենալ»։ Այսօր ալ ճշմարիտ Քրիստոնեաները նման հաստատ կեցուածք մը կ’առնեն կռապաշտութեան դէմ։

25. Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովի կեանքի պատմութենէն ի՞նչ դաս սորվեցաք։

25 Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովի սուրբ գրային պատմութիւնը զուտ գործնական դաս մըն է բոլոր անոնց, որոնք վճռած են Եհովայի բոլորանուէր պաշտամունք մատուցանել։ Վստահաբար Պօղոս առաքեալ ի մտի ունէր այս երեք Եբրայեցիները, երբ խօսեցաւ հաւատք ցուցաբերած շատ անհատներու՝ ի միջի այլոց, ասոնց մասին, որոնք «կրակի զօրութիւն մարեցին»։ (Եբրայեցիս 11։33, 34) Եհովա պիտի վարձատրէ այն բոլոր անհատները, որոնք այսպիսի հաւատք մը կ’ընդօրինակեն։ Երեք Եբրայեցիները բորբոքած հնոցէն ազատուեցան, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ ան պիտի յարուցանէ ու յաւիտենական կեանքով օրհնէ այն բոլորը, որոնք իրենց ուղղամտութեան պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Հետեւաբար, երկու պարագային ալ, Եհովա «իր սուրբերուն [«հաւատարիմներուն», ՆԱ] անձերը կը պահէ, ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք»։—Սաղմոս 97։10

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Ոմանք կը խորհին որ Մարդոկ, որ Բաբելոնական Կայսրութեան հիմնադիրը նկատուած էր, կը ներկայացնէր աստուածացուած Նեբրովթը։ Բայց ասիկա որոշ չէ։

^ պարբ. 6 «Բաղտասասար» կը նշանակէ՝ «Թագաւորին Կեանքը Պաշտպանէ»։ «Սեդրաք» հաւանաբար կը նշանակէ՝ «Ագուի Պատուէրը», Ագուն սումերական լուսին–աստուածը ըլլալով։ «Միսաք» հաւանաբար սումերական չաստուածութեան մը կ’ակնարկէ, իսկ «Աբեդնագով» կը նշանակէ՝ Նաբուի կամ «Նակուի Ծառան»։

^ պարբ. 7 Արձանին հսկայութեան ի տես, Աստուածաշունչի կարգ մը ուսումնականներ կը խորհին որ անիկա փայտէ շինուած, ապա ոսկիով պատուած էր։

^ պարբ. 12 «Ամբաստանութիւն ըրին» թարգմանուած Արամերէն արտայայտութիւնը կը նշանակէ զրպարտութիւններով անհատի մը ‘միսը ուտել’։

^ պարբ. 24 Օրինակ, Աստուածաշունչը որկրամոլութիւնը եւ ագահութիւնը կռապաշտութեան հետ կ’առնչէ։—Փիլիպպեցիս 3։18, 19. Կողոսացիս 3։5

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով ինչո՞ւ մերժեցին Նաբուգոդոնոսորի կանգնած արձանին առջեւ երկրպագութիւն ընել։

Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչպէս ընդառաջեց երեք Եբրայեցիներուն բռնած դիրքին դիմաց։

Եհովա ի՞նչպէս վարձատրեց երեք Եբրայեցիներուն հաւատքը։

Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագովի իրական կեանքի պատմութեան ուշադրութիւն ընծայելով ի՞նչ սորվեցաք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 68]

[Նկարներ՝ էջ 70]

1. Բաբելոնի մէջ տաճարի աշտարակ մը (զիկուրաթ)

2. Մարդոկի տաճարը

3. Անագապղինձէ թիթեղ մը, ուր Մարդոկ (ձախին) եւ Նաբու (աջին) չաստուածները վիշապներով պատկերացուած են

4. Իր շինարարական ծրագիրներուն համար հռչակաւոր եղող Նաբուգոդոնոսորի քարաքանդակը

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 76]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 78]