Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դանիէլ. ամբաստանուած գիրք մը

Դանիէլ. ամբաստանուած գիրք մը

Գլուխ երկու

Դանիէլ. ամբաստանուած գիրք մը

1, 2. Ի՞նչ առումով Դանիէլ գիրքը կ’ամբաստանուի, եւ ինչո՞ւ կը խորհիք որ զայն պաշտպանող ապացոյցները նկատի առնելը կարեւոր է։

 ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ որ ատեանի մը մէջ կարեւոր դատի մը կը հետեւիք։ Հոն՝ ոտքի կայնած մարդը ամբաստանուած է որպէս զեղծարար։ Դատախազը կը պնդէ որ մարդը յանցաւոր է։ Բայց ամբաստանեալը երկար ատենէ ճանչցուած է որպէս ուղղամիտ անհատ մը։ Արդեօք այս անհատը պաշտպանող ապացոյցները լսելով հետաքրքրուած պիտի չըլլա՞ք։

2 Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքը նոյն կացութեան մէջ կը գտնուի։ Զայն գրողը հռչակաւոր էր որպէս ուղղամիտ անհատ մը։ Հազարաւոր տարիներէ ի վեր իր անունը կրող գիրքը մեծապէս արժեւորուած գիրք մը եղած է։ Գիրքը վաւերական պատմութիւն մը կը ներկայացնէ, գրուած Դանիէլի կողմէ, որ Հ.Դ.Ա. եօթներորդ եւ վեցերորդ դարուն ապրած Եբրայեցի մարգարէ մըն էր։ Սուրբ գրային ճշգրիտ ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տայ որ այս գիրքը Հ.Դ.Ա. 618-536 տարիները կը ծածկէ եւ աւարտած է տուեալ վերջին թուականին։ Բայց այս գիրքը կ’ամբաստանուի։ Կարգ մը համայնագիտարաններ եւ վկայակոչելի ուրիշ աշխատասիրութիւններ լռելեայն կը հասկցնեն կամ բացայայտօրէն կը պնդեն որ անիկա զեղծարարութիւն մըն է։

3. Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը ի՞նչ կ’ըսէ Դանիէլ գրքին վաւերական ըլլալուն մասին։

3 Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն), զոր օրինակ, կ’ընդունի որ Դանիէլ գիրքը ժամանակին «ընդհանրապէս նկատուած էր որպէս իրական մարգարէութիւն պարունակող ճշգրիտ պատմութիւն մը»։ Պրիթանիքա–ն կը դաւանի սակայն, թէ իրականութեան մէջ Դանիէլը «գրուած էր աւելի ուշ, ազգային տագնապի մը ընթացքին, երբ Հրեաները խիստ հալածանքներու ենթարկուած էին [Սուրիացի Թագաւոր] Անտիոքոս Դ. Եփիփանոսի իշխանութեան ներքեւ»։ Այս համայնագիտարանը գրքին թուականը կը դնէ Հ.Դ.Ա. 167-164–ի միջեւ։ Այս նոյն աշխատասիրութիւնը կը պնդէ թէ Դանիէլ գիրքը գրողը ապագան չի մարգարէանար, այլ պարզապէս «իրեն համար անցեալի պատմութիւններ եղող դէպքերը [կը ներկայացնէ] որպէս ապագային պատահելիք մարգարէութիւններ»։

4. Դանիէլ գրքին քննադատութիւնը ե՞րբ սկսաւ, իսկ աւելի վերջերս ի՞նչ բան աւելի զարկ տուաւ այսպիսի քննադատութեան մը։

4 Այսպիսի գաղափարներ ուրկէ՞ ծագում առին։ Դանիէլ գրքին քննադատութիւնը նոր բան մը չէ։ Անիկա սկսաւ Հ.Դ. երրորդ դարուն, Պորփիրիոս անունով իմաստասէրի մը կողմէ։ Հռովմէական Կայսրութեան մէջ գտնուող շատերուն նման, ան Քրիստոնէութեան ազդեցութենէն վախցաւ։ Ան 15 գիրքեր գրեց, այս «նոր» կրօնքը քայքայելու համար։ Անոնց 12–րդը, Դանիէլ գրքին դէմ ուղղուած էր։ Պորփիրիոս այս գիրքը խարդախութիւն կոչեց, որ Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարուն գրուած էր Հրեայի մը կողմէ։ Նոյնանման յարձակումներ կատարուեցան ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն։ Բարձրագոյն քննադատներուն եւ բանապաշտներուն հայեացքով, մարգարէութիւնը՝ ապագայ դէպքեր գուշակելը՝ ա՛նկարելի բան մըն է։ Դանիէլ նախասիրուած թիրախ մը դարձաւ։ Արդարեւ, ինք եւ իր գիրքը ատեանի մէջ դատի քաշուեցան։ Քննադատներ դաւանեցան որ բազմաթիւ փաստեր ունին թէ այս գիրքը ո՛չ թէ Դանիէլ գրած էր Բաբելոնի մէջ Հրեաներուն աքսորութեան ընթացքին, այլ անիկա դարեր ետք, ուրիշի մը կողմէ գրուած էր։ * Այսպիսի յարձակումներ ա՛յնքան չափազանցուեցան որ հեղինակ մը նոյնիսկ անոր դատը պաշտպանող գիրք մը գրեց եւ զայն կոչեց Դանիէլ՝ Քննադատներուն Գուբին Մէջ (Անգլերէն)։

5. Դանիէլ գրքին վաւերական ըլլալու հարցը ինչո՞ւ կենսական է։

5 Քննադատներուն վստահ պնդումներուն ետին փաստեր գոյութիւն ունի՞ն։ Կամ՝ իրողութիւնները թիկունք կը կանգնի՞ն ամբաստանեալին։ Հոս կարեւոր հարցեր խնդրոյ առարկայ են։ Ոչ միայն այս հին գրքին համբաւը, այլ նաեւ մեր ապագան խնդրոյ առարկայ է։ Եթէ Դանիէլ գիրքը խարդախութիւն մըն է, մարդկութեան ապագային մասին անոր տուած խոստումները միմիայն օդը ծեծող խօսքեր են։ Բայց եթէ անիկա իրական մարգարէութիւններ կը պարունակէ, անկասկած բուռն փափաք պիտի ունենաք գիտնալու թէ ի՛նչ է անոնց իմաստը մեզի համար՝ այսօր։ Ասիկա ի մտի ունենալով, Դանիէլի վրայ եղած կարգ մը յարձակումները ձեռք առնենք։

6. Դանիէլ գրքին մէջի պատմութեան դէմ երբեմն ի՞նչ ամբաստանութիւն եղած է։

6 Առէք, զոր օրինակ, Ամերիքանա Համայնագիտարան–ին (Անգլերէն) ըրած ամբաստանութիւնը. Դանիէլ գրքին մէջ, «նախկին շրջաններու [ինչպէս բաբելոնական աքսորութեան] պատմական մանրամասնութիւններէն շատերը չափազանցօրէն խեղաթիւրուած են»։ Արդեօք իրապէս ա՞յս է պարագան։ Հիմա մէկ առ մէկ երեք ենթադրեալ սխալներ նկատի առնենք։

Գոյութիւն Չունեցող Թագաւորի մը Պարագան

7. (ա) Բաղտասարի մասին Դանիէլի ըրած ակնարկութիւնները ինչո՞ւ երկար ժամանակ հաճոյք պատճառեցին Աստուածաշունչի քննադատներուն։ (բԲաղտասարի երեւակայական անձնաւորութիւն մը ըլլալու գաղափարին ի՞նչ պատահեցաւ։

7 Դանիէլ գրեց որ Բաղտասար, Նաբուգոդոնոսորի «որդին», Բաբելոնի վրայ որպէս թագաւոր կ’իշխէր, երբ քաղաքը կործանեցաւ։ (Դանիէլ 5։1, 11, 18, 22, 30) Քննադատներ երկար ժամանակ ասիկա պատրուակ բռնեցին, քանի որ Աստուածաշունչէն դուրս Բաղտասարի անունը որեւէ տեղ չէր երեւնար։ Փոխարէն, վաղեմի պատմաբաններ Նաբունիտոսի կը նշէին որպէս Նաբուգոդոնոսորի յաջորդը եւ Բաբելոնացի թագաւորներուն վերջինը։ Ուստի, 1850–ին, Ֆերտինանտ Հիցիխ ըսաւ որ Բաղտասարը՝ բացայայտօրէն գրողին երեւակայութեամբ հնարուած բան մըն էր։ Բայց Հիցիխի կարծիքը շատ յանդուգն չէ՞ք գտներ։ Ի վերջոյ, եթէ որեւէ տեղ յիշուած չէ այս թագաւորը՝ մանաւանդ այն շրջանին, երբ ընդունուած է որ պատմական արձանագրութիւնները սակաւաթիւ էին, ասիկա իրապէս կը փաստէ՞ թէ ան բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած։ Ամենայնդէպս, 1854–ին կարգ մը կաւէ գլանիկներ պեղուեցան, ներկայիս Իրաքի հարաւը գտնուող հին բաբելոնական Ուր քաղաքի աւերակներուն մէջէն։ Նաբունիտոս Թագաւորին այս սեպագիր փաստագրութիւններուն մէջ աղօթք մը կար, «Բել–սար–ուշուր, անդրանիկ որդւոյս» համար։ Նոյնիսկ քննադատներ ընդունեցին որ ասիկա Դանիէլ գրքին Բաղտասարն էր։

8. Բաղտասար իշխող թագաւոր մը ըլլալուն մասին Դանիէլի տուած նկարագրութեան շիտակ ըլլալը ի՞նչպէս փաստուեցաւ։

8 Սակայն քննադատները այսքանով ալ չբաւականացան։ «Ասիկա բան մը չի փաստեր», գրեց անոնցմէ մէկը, Հ. Ֆ. Թալպոթ անունով։ Ան պատճառաբանեց թէ գրութեան մէջ որդին կրնայ ըլլալ պարզապէս երախայ մը, մինչդեռ Դանիէլ զինք կը ներկայացնէ որպէս իշխող թագաւոր մը։ Թալպոթի դիտողութիւնները հրատարակուելէն ճիշդ տարի մը ետք սակայն, սեպագիր ուրիշ սալիկներ պեղուեցան, որոնք Բաղտասարի կ’ակնարկէին որպէս քարտուղարներ եւ տան մէջ աշխատող անձնակազմ ունեցող մէկը։ Ուրեմն երախայ մը չէր ան։ Վերջապէս ուրիշ սալիկներ վերջնականապէս լուծեցին այս հարցը, տեղեկագրելով թէ երբեմն Նաբունիտոս տարիներով Բաբելոնէն դուրս կը գտնուէր։ Այս սալիկները ցոյց տուին նաեւ, թէ այդ միջոցներուն, ան Բաբելոնի «թագաւորութիւնը կը յանձնէր» իր անդրանիկ որդւոյն (Բաղտասարի)։ Այսպիսի պարագաներու, արդարեւ Բաղտասար ինք թագաւոր կ’ըլլար, իր հօրը հետ իշխանակից ըլլալով։ *

9. (ա) Դանիէլ ի՞նչ մտքով կրնայ նշած ըլլալ որ Բաղտասար Նաբուգոդոնոսորի որդին էր։ (բՔննադատներ ինչո՞ւ կը սխալին պնդելով որ Դանիէլ ակնարկութիւն մը իսկ չէ ըրած Նաբունիտոսի մասին։

9 Տակաւին չգոհանալով, կարգ մը քննադատներ կ’առարկեն թէ Աստուածաշունչը Բաղտասարը կը կոչէ ոչ թէ Նաբունիտոսի, այլ՝ Նաբուգոդոնոսորի որդին։ Անոնցմէ ոմանք կը պնդեն որ Դանիէլ Նաբունիտոսի գոյութեան մասին ակնարկ մը իսկ չ’ըներ։ Սակայն, այս երկու առարկութիւնները ոտքի չեն կանգնիր քննութեան դիմաց։ Այնպէս կը թուի որ Նաբունիտոս ամուսնացած էր Նաբուգոդոնոսորի աղջկան հետ։ Հետեւաբար, Բաղտասար՝ Նաբուգոդոնոսորի թոռն էր։ Եբրայերէն եւ Արամերէն լեզուներուն մէջ «մեծ–հայր» կամ «թոռնիկ» բառեր չկան. «այսինչին որդին» կրնայ նշանակել «այսինչին թոռնիկը» կամ նոյնիսկ՝ «այսինչին սերունդը»։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 1։1։) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի պատմութիւնը Բաղտասարը Նաբունիտոսի որդին ըլլալուն ակնարկութիւն մը կ’ընէ։ Երբ պատին վրայի չարագուշակ ձեռագիրէն սարսափած էր, ճարահատ Բաղտասարը թագաւորութեան երրորդ տեղը հրամցուց ոեւէ անհատի որ կարենար այդ նշանագրերը կարդալ ու մեկնել։ (Դանիէլ 5։7) Ինչո՞ւ երրորդ տեղը եւ ոչ՝ երկրորդ։ Այս առաջարկը ինքնին կը թելադրէ որ առաջին ու երկրորդ տեղերը արդէն գրաւուած էին, Նաբունիտոսի եւ իր որդւոյն Բաղտասարի կողմէ։

10. Բաբելոնական միապետութեան մասին Դանիէլի պատմութիւնը ինչո՞ւ վաղեմի ուրիշ պատմաբաններէն շատ աւելի մանրամասնուած է։

10 Ուստի, երբ Դանիէլ կը յիշէ Բաղտասարը, անիկա «չափազանցօրէն խեղաթիւրուած» պատմութիւն մը չէր։ Ճիշդ հակառակը, Դանիէլ Բաբելոնի պատմութիւնը չգրելով հանդերձ, մեզի աւելի ընդլայնուած պատկեր մը կը ներկայացնէ բաբելոնական միապետութեան մասին, քան վաղեմի աշխարհիկ պատմաբաններ, ինչպէս Հերոդոտոսը, Քսենոփոնը եւ Բերոսոսը։ Ինչո՞ւ Դանիէլ կրցաւ գրել կարգ մը իրողութիւններ, զորս անոնք զանց ըրած են։ Քանի որ ինք Բաբելոնի մէջ էր։ Իր գիրքը ականատեսի մը գործն է եւ ոչ թէ հետագայ դարերու խաբեբայի մը։

Ո՞վ Էր Մարերու Դարեհ Թագաւորը

11. Դանիէլի համաձայն, ո՞վ էր Մարերու Դարեհ թագաւորը, բայց անոր մասին ի՞նչ ըսուած է։

11 Դանիէլ կը տեղեկագրէ որ, երբ Բաբելոնը տապալեցաւ, թագաւոր մը սկսաւ իշխել, որ կը կոչուէր «Մարերու Դարեհ» թագաւորը։ (Դանիէլ 5։30) Աշխարհիկ կամ հնախուզական աղբիւրներու մէջ Մարերու Դարեհ թագաւորին անունը տակաւին գտնուած չէ։ Անոր համար, Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը կը հաստատէ թէ այս Դարեհը «երեւակայական անձնաւորութիւն մըն» է։

12. (ա) Աստուածաշունչի քննադատներ ինչո՞ւ աւելի տեղեակ պէտք է ըլլան, վերջնականօրէն ըսելէ առաջ թէ Մարերու Դարեհը բնաւ գոյութիւն ունեցած չէ։ (բՄարերու Դարեհի ինքնութեան մասին ի՞նչ կարելիութիւն մը կայ, եւ ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ ասիկա։

12 Կարգ մը ուսումնականներ աւելի զգոյշ եղած են։ Քննադատներ Բաղտասարն ալ ատեն մը անուանած էին «երեւակայական» մէկը։ Անկասկած, Դարեհի պարագան ալ նոյնը պիտի ըլլայ։ Արդէն, սեպագիր սալիկներ երեւան հանած են որ Պարսիկ Կիւրոսը իր նուաճումէն անմիջապէս ետք «Բաբելոնի Թագաւոր» տիտղոսը չստանձնեց։ Հետազօտող մը կ’ըսէ. «‘Բաբելոնի Թագաւոր’ տիտղոսը կրողը Կիւրոսը չէր, այլ Կիւրոսի հպատակ թագաւոր մը»։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Դարեհը Բաբելոնի հոգ տանելու համար ձգուած Մարացի հզօր պաշտօնեայի մը վարչական անունը կամ տիտղոսն էր։ Ոմանք կը թելադրեն որ Դարեհ թերեւս Կուպարու անունով մարդ մը եղած է։ Կիւրոս Կուպարուն Բաբելոնի կառավարիչ դրաւ եւ աշխարհիկ արձանագրութիւններ կը հաստատեն որ ան որոշ հեղինակութեամբ տիրեց։ Սեպագիր սալիկ մը կ’ըսէ որ ան Բաբելոնի վրայ ենթակառավարիչներ նշանակեց։ Հետաքրքրականօրէն, Դանիէլ կը նշէ որ Դարեհ 120 կուսակալներ նշանակեց, որպէսզի Բաբելոնի թագաւորութիւնը կառավարեն։—Դանիէլ 6։1

13. Մարերու Դարեհ ոչ թէ աշխարհիկ արձանագրութիւններու մէջ, այլ Դանիէլ գրքին մէջ յիշուած ըլլալուն տրամաբանական մէկ պատճառը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

13 Ժամանակի ընթացքին, այս թագաւորին ճշգրիտ ինքնութեան մասին ուղղակի ապացոյցներ կրնան երեւան գալ։ Ամենայնդէպս, այս նկատմամբ հնախուզութեան երեւութական լռութիւնը որեւէ հիմ չի տար Դարեհը «երեւակայական» կոչելու, ոչ ալ Դանիէլի ամբողջ գիրքը մերժելու որպէս խարդախուած։ Շատ աւելի տրամաբանական է Դանիէլի պատմութիւնը որպէս ականատեսի մը վկայութիւնը նկատել, որ մեր ձեռքը հասած աշխարհիկ արձանագրութիւններէն շատ աւելի մանրամասնութիւններ կը պարունակէ։

Յովակիմի Իշխանութիւնը

14. Յովակիմ Թագաւորին իշխանութեան տարիներուն մասին ինչո՞ւ տարակարծութիւն մը չկայ Դանիէլի եւ Երեմիայի միջեւ։

14 Դանիէլ 1։1–ը կ’ըսէ. «Յուդայի թագաւորին Յովակիմին թագաւորութեան երրորդ տարին Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց»։ Քննադատներ այս համարին մէջ սխալ գտած են, քանի որ անիկա երեւութապէս համաձայն չէ Երեմիայի ըսածին հետ, ըստ որու Յովակիմի չորրորդ տարին՝ Նաբուգոդոնոսորի առաջին տարուան կը զուգադիպէր։ (Երեմեայ 25։1. 46։2) Արդեօք Դանիէլ կը հակասէ՞ր Երեմիայի։ Եթէ քիչ մը աւելի տեղեկութիւն ստանանք, հարցը իսկոյն կը յստականայ։ Հ.Դ.Ա. 628–ին, երբ Յովակիմ առաջին անգամ թագաւոր դրուեցաւ Նեքաւով Փարաւոնի կողմէ, ան պարզապէս Եգիպտացի այդ իշխանին խամաճիկը դարձաւ։ Ասիկա, Հ.Դ.Ա. 624–ին Նաբուգոդոնոսոր Բաբելոնի գահին վրայ իր հօրը յաջորդելէն շուրջ երեք տարի առաջ էր։ Անկէ քիչ ետք (Հ.Դ.Ա. 620–ին), Նաբուգոդոնոսոր Յուդայի վրայ յարձակեցաւ եւ Յովակիմը Բաբելոնի հպատակ թագաւոր նշանակեց։ (Դ. Թագաւորաց 23։34. 24։1) Բաբելոնի մէջ ապրող Հրեայի մը համար, Յովակիմի «երրորդ տարին», այդ թագաւորին Բաբելոնի ստրկատիրական ծառայութեան երրորդ տարին պիտի ըլլար։ Դանիէլ այդ տեսանկիւնէն դիտելով գրեց։ Սակայն Երեմիան, Երուսաղէմի մէջ ապրող Հրեայի մը տեսանկիւնէն դիտելով գրեց։ Ուստի, ան Յովակիմի թագաւորութեան սկիզբը նշեց, երբ Նեքաւով Փարաւոն զինք թագաւոր նշանակեց։

15. Դանիէլ 1։1–ի թուարկութեան վրայ յարձակում գործելը ինչո՞ւ տկար պատճառաբանութիւն մըն է։

15 Ուստի, այս ենթադրեալ տարակարծութիւնը միայն յաւելեալ ապացոյց մըն է թէ Դանիէլ իր գիրքը գրեց Բաբելոնի մէջ, երբ Հրեայ աքսորեալներուն մէջ կը գտնուէր։ Բայց Դանիէլ գրքին դէմ եղած այս առարկութիւնը տակաւին ուրիշ բացայայտ թերութիւն մը ունի։ Յիշեցէք որ Դանիէլ գիրքը գրողը Երեմեայ գիրքը ունէր իր ձեռքին տակ եւ նոյնիսկ անոր ակնարկեց։ (Դանիէլ 9։2) Եթէ Դանիէլ գիրքը գրողը ճարտար խաբեբայ մըն էր՝ ինչպէս կը դաւանին քննադատները, Երեմիայի նման մեծարուած աղբիւրի մը հակառակ բան մը պիտի ըսէ՞ր, եւ ասիկա իր գրքին առաջի՛ն համարին մէջ իսկ։ Անշո՛ւշտ ոչ։

Նշանակալից Մանրամասնութիւններ

16, 17. Հնագիտական ապացոյցներ ի՞նչպէս նեցուկ կանգնած են Դանիէլի տուած տեղեկութիւններուն, թէ՝ (աՆաբուգոդոնոսոր կրօնական հսկայ արձան մը կանգնեց, որպէսզի իր բոլոր ժողովուրդը պաշտէ զայն։ (բԲաբելոնի մէջ իր շինարարական ծրագիրներուն նկատմամբ Նաբուգոդոնոսոր պարծենկոտ կեցուածք մը ունեցաւ։

16 Հիմա մեր ուշադրութիւնը բացասականէն դրականին դարձնենք։ Դանիէլ գրքէն կարգ մը մանրամասնութիւններ նկատի առնենք, որոնք ցոյց կու տան թէ գրողը իր գրած ժամանակին մասին անմիջական տեղեկութիւն ունէր։

17 Վաղեմի Բաբելոնի մասին երկրորդական մանրամասնութիւններէն Դանիէլի տեղեակ ըլլալը իր պատմութեան հարազատ ըլլալուն ջախջախիչ ապացոյց մըն է։ Օրինակ, Դանիէլ 3։1-6–ը կը տեղեկագրէ որ Նաբուգոդոնոսոր հսկայ արձան մը կանգնեց, որպէսզի ամբողջ ժողովուրդը զայն պաշտէ։ Այս միապետը իր ժողովուրդը ազգայնական եւ կրօնական սովորութիւններու աւելի միջամուխ ընելու ջանք թափելուն մասին հնագէտներ ուրիշ ապացոյցներ գտած են։ Նոյն գծով, Դանիէլ կը տեղեկագրէ իր բազմաթիւ շինարարական ծրագիրներուն նկատմամբ Նաբուգոդոնոսորի պարծենկոտ կեցուածքին մասին։ (Դանիէլ 4։30) Միայն վերջերս հնագէտներ հաստատած են որ Բաբելոնի մէջ կատարուած շինարարութեան մեծամասնութեան ետին կը գտնուէր Նաբուգոդոնոսոր։ Իսկ ինչ կը վերաբերի պարծենկոտութեան, Նաբուգոդոնոսոր ուղղակի աղիւսներուն վրայ իր անո՛ւնը դրոշմել տուած է։ Դանիէլի քննադատները չեն կրնար բացատրել թէ իրենց այդպէս կոչած խաբեբան ի՛նչպէս կրնար այսպիսի շինարարական ծրագիրներէն տեղեակ ըլլալ, եթէ Մակաբայեցւոց ժամանակներուն ապրած ըլլար (Հ.Դ.Ա. 167-163). այդ ծրագիրներուն ի գործ դրուելէն շուրջ չորս դար ետք եւ հնագէտներ զանոնք երեւան հանելէն շա՜տ առաջ։

18. Բաբելոնական ու պարսկական իշխանութեան ներքեւ տարբեր պատժամիջոցներու մասին Դանիէլի պատմութիւնը ի՞նչպէս ճշգրտութիւն կը ցոլացնէ։

18 Դանիէլ գիրքը հիմնական տարբերակներ ալ կը յայտնէ բաբելոնական եւ Մարա–Պարսկական օրէնքներուն միջեւ։ Օրինակ, բաբելոնական օրէնքին ներքեւ, Դանիէլի երեք ընկերները կրակի հնոցին մէջ նետուեցան, քանի որ մերժեցին թագաւորին հրամանին հնազանդիլ։ Տասնեակ տարիներ ետք, Դանիէլ առիւծներու գուբի մը մէջ նետուեցաւ, իր խղճին հակառակ եղող պարսկական օրէնքի մը չհնազանդելուն համար։ (Դանիէլ 3։6. 6։7-9) Ոմանք փորձած են կրակի հնոցին պատմութիւնը զանց ընել որպէս առասպել, բայց հնագէտներ վաղեմի Բաբելոնէն նամակ մը գտած են, որ մասնայատուկ կերպով կը յիշէ այս պատժաձեւը։ Սակայն, Մարերն ու Պարսիկները կրակը սուրբ կը նկատէին։ Ուստի, անոնք պատիժի տարբեր վայրագ կերպեր որդեգրեցին։ Ուստի, առիւծներու գուբը չի զարմացներ։

19. Դանիէլ գիրքը ի՞նչ հակադրութիւն մը կը ներկայացնէ բաբելոնական ու Մարա–Պարսկական իրաւական դրութեան մէջ։

19 Ուրիշ հակադրութիւն մը ի յայտ կու գայ։ Դանիէլ ցոյց կու տայ որ Նաբուգոդոնոսոր կրնար օրէնքներ դնել ու զանոնք փոխել իր քմահաճոյքին համաձայն։ Դարեհ բնաւ չէր կրնար ‘Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքները’ փոխել. նոյնիսկ՝ իր դրած օրէնքները։ (Դանիէլ 2։5, 6, 24, 46-49. 3։10, 11, 29. 6։12-16) Պատմաբան Ճոն Գ. Ուիթգոմ կը գրէ. «Վաղեմի պատմութիւնը այս տարբերութիւնը կը հաստատէ Բաբելոնի՝ ուր օրէնքը թագաւորին ենթակայ էր, եւ Մարա–Պարսկաստանի միջեւ, ուր թագաւորը ի՛նք օրէնքին ենթակայ էր»։

20. Բաղտասարի կոչունքին մասին ի՞նչ մանրամասնութիւններ ցոյց կու տան որ Դանիէլ բաբելոնական սովորութիւններուն քաջածանօթ էր։

20 Դանիէլի հինգերորդ գլուխին մէջ արձանագրուած Բաղտասարի կոչունքին զգայացունց պատմութիւնը մանրամասնութիւններով լեցուն է։ Երեւութապէս, անոնք ուրախ զուարթ կերան ու անհաշիւ խմեցին, քանի որ քանիցս գինիի մասին ակնարկութիւն եղած է։ (Դանիէլ 5։1, 2, 4) Արդարեւ, այսպիսի կոչունքներու ցայտաքանդակներ ցոյց կու տան որ միայն գինի կը խմուէր։ Ուստի, բացայայտ է որ այսպիսի տօնախմբութիւններու ընթացքին գինին շատ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէր։ Դանիէլ կը յիշէ նաեւ որ կիներ ալ ներկայ էին այս կոչունքին. թագաւորին երկրորդական կիներն ու հարճերը։ (Դանիէլ 5։3, 23) Հնագիտութիւնը թիկունք կը կանգնի բաբելոնական սովորութեան մասին եղած այս մանրամասնութեան։ Հրեաներուն ու Յոյներուն համար տօնախմբութեան մը մէջ կիներուն տղամարդոց հետ ըլլալը առարկելի էր Մակաբայեցւոց շրջանին։ Թերեւս ասոր համար է որ Յունարէն Եօթանասնից հին թարգմանութիւններուն մէջ Դանիէլ գրքէն հանուած է կիներուն մասին այս ակնարկութիւնը։ * Սակայն, Դանիէլ գրքին ենթադրեալ խաբեբան այդ նոյն հելլենական (յունական) մշակոյթին, եւ թերեւս նոյնիսկ Եօթանասնից–ի պատրաստութեան ժամանակաշրջանին մէջ ապրած պիտի ըլլար։

21. Բաբելոնական աքսորութեան ժամանակին եւ սովորութիւններուն մասին Դանիէլի ունեցած լաւ տեղեկութեան ամենէն տրամաբանական բացատրութիւնը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

21 Այս բոլոր մանրամասնութեանց ի տես, գրեթէ անհաւատալի կը թուի որ Պրիթանիքա–ն Դանիէլ գրքին հեղինակը բնութագրէ որպէս աքսորութեան ժամանակներուն մասին միայն «կցկտուր եւ անճշգրիտ» գիտութիւն ունեցող մէկը։ Աւելի ուշ դարերուն ապրած խաբեբայ մը ի՞նչպէս այսքան ծանօթ կրնար ըլլալ բաբելոնական ու պարսկական հին սովորութիւններուն։ Յիշեցէք նաեւ որ երկու կայսրութիւններն ալ անկում կրեցին Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարէն շատ առաջ։ Բացայայտօրէն, այն ատեն հնագէտներ չկային, ոչ ալ այդ ժամանակուան Հրեաները օտար մշակոյթներու եւ պատմութեան մասին իրենց ունեցած գիտութեամբ կը պարծենային։ Միայն իր նկարագրած ժամանակներուն ու դէպքերուն ականատես եղած Դանիէլ մարգարէն կրնար իր անունը կրող Աստուածաշունչի այս գիրքը գրած ըլլալ։

Դուրսի Ազդակները կը Փաստե՞ն որ Դանիէլ Գիրքը Խարդախուած Է

22. Քննադատներ ի՞նչ կը պնդեն Եբրայերէն Գրութիւններու կանոնագրքին մէջ Դանիէլի գրաւած տեղին մասին։

22 Դանիէլ գրքին դէմ եղած ամենէն սովորական առարկութիւններէն մէկն է, Եբրայերէն Գրութիւններու կանոնագրքին մէջ անոր գրաւած տեղը։ Վաղեմի ռաբբիները Եբրայերէն Գրութիւններուն գիրքերը երեք խումբի բաժնած էին. Օրէնքը, Մարգարէները եւ Գիրքերը։ Անոնք Դանիէլ գիրքը ոչ թէ Մարգարէներուն մէջ դրած էին, այլ՝ Գիրքերուն։ Ըստ քննադատներու, ասիկա կը նշանակէ որ այս գիրքը անծանօթ ըլլալու էր այն ժամանակ, երբ միւս մարգարէներուն գործերը կը մէկտեղուէին։ Անիկա Գիրքերուն մէջ զետեղուած է, իբրեւ թէ անոնք վերջը համախմբուած ըլլալնուն համար։

23. Վաղեմի Հրեաները ի՞նչպէս կը նկատէին Դանիէլ գիրքը, եւ ի՞նչպէս գիտենք ասիկա։

23 Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը հետազօտողներուն բոլորն ալ համաձայն չեն որ վաղեմի ռաբբիները կանոնագիրքը բաժնած էին այսպիսի անթեք կերպով, եւ կամ, Դանիէլ գիրքը Մարգարէներէն դուրս ձգած էին։ Բայց եթէ նոյնիսկ ռաբբիները Դանիէլ գիրքը դասած ըլլային Գիրքերուն շարքին, ատիկա կը փաստէ՞ որ այս գիրքը աւելի ուշ գրուած էր։ Ո՛չ. համբաւաւոր ուսումնականներ բազմաթիւ պատճառներ տուած են թէ ինչո՛ւ ռաբբիներ հաւանաբար Դանիէլ գիրքը Մարգարէներէն դուրս ձգած են։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք գիրքը վիրաւորական կը գտնէին իրենց համար, կամ, Դանիէլ օտար երկրի մը մէջ աշխարհիկ պաշտօն մը ունեցած ըլլալով, զինք միւս մարգարէներէն տարբեր կը նկատէին։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, իրական կարեւորութիւն ունեցող հարցը հետեւեալն է. Վաղեմի Հրեաները խոր յարգանք ունէին Դանիէլ գրքին հանդէպ եւ զայն կանոնագրքին մէկ մասը կը նկատէին։ Ասկէ զատ, իրողութիւններու հիման վրայ կրնայ ըսուիլ որ Եբրայերէն Գրութիւններու կանոնագիրքը ամբողջացած էր Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարէն շատ առաջ։ Անկէ ետք չթոյլատրուեցաւ անոր վրայ բան մը աւելցնել, մէջը ըլլալով Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարուն գրուած կարգ մը գիրքեր։

24. Սիրաք պարականոն գիրքը ի՞նչպէս գործածուած է Դանիէլ գրքին դէմ առարկելու համար, իսկ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ այս պատճառաբանութեան տկար ըլլալը։

24 Ծիծաղելին այն է որ հետագային գրուած ու մերժուած այս գիրքերէն մէկն է որ գործածուած է Դանիէլ գրքին դէմ առարկութիւն ներկայացնելու համար։ Սիրաք պարականոն գիրքը, գրուած՝ Յիսուս Պէն Սիրաքի կողմէ, բացայայտօրէն շուրջ Հ.Դ.Ա. 180 թուականին կազմուած էր։ Քննադատներ կը սիրեն նշել որ Դանիէլի անունը այդ գրքին մէջ յիշուած արդար մարդոց երկար ցանկէն դուրս ձգուած է։ Անոնք կը պատճառաբանեն որ Դանիէլ այդ ժամանակ ճանչցուած ըլլալու չէր։ Այս պատճառաբանութիւնը լայնօրէն ընդունուած է ուսումնականներուն կողմէ։ Բայց հետեւեալը նկատի առէք. Այս նոյն ցանկին մէջ չկան Եզրասի եւ Մուրթքէի (երկուքն ալ յետ–աքսորեան Հրեաներուն աչքին մեծ հերոսներ էին), Յովսափատ բարի Թագաւորին, եւ արդար մարդուն՝ Յոբին՝ անունները. բոլոր դատաւորներուն մէջէն անիկա միայն Սամուէլը կը յիշէ։ * Քանի որ այսպիսի մարդիկ պարականոն գրքի մը մէջ դրուած ցանկէ մը զանցուած են, որ չի դաւանիր համապարփակ ըլլալ, ուրեմն այս բոլոր մարդիկը որպէս երեւակայական անհատներ պիտի անտեսե՞նք։ Այս գաղափարն իսկ անտրամաբանական է։

Դանիէլի Ի Նպաստ Վկայութիւն՝ Դուրսէն

25. (ա) Դանիէլի գրութեան հարազատ ըլլալուն մասին Յովսեպոս ի՞նչպէս կը վկայէ։ (բՄեծն Աղեքսանդրի եւ Դանիէլ գրքին մասին Յովսեպոսի պատմութիւնը ի՞նչպէս կը յարմարի ընդունուած պատմութեան հետ։ (Տես երկրորդ ստորանիշը։) (գԼեզուական իրողութիւններ ի՞նչպէս թիկունք կը կանգնին Դանիէլ գրքին։ (Տես էջ 26։)

25 Հիմա անգամ մը եւս դրական կողմէն դիտենք հարցը։ Նշուած է որ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ որեւէ գիրք Դանիէլի չափ վկայակոչուած չէ։ Օրինակ մը տանք. Համբաւաւոր Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս անոր վաւերական ըլլալուն կը վկայէ։ Ան կ’ըսէ որ Հ.Դ.Ա. չորրորդ դարուն, Մեծն Աղեքսանդր Պարսկաստանի դէմ պատերազմելու ընթացքին Երուսաղէմ եկաւ, ուր քահանաները անոր ցոյց տուին Դանիէլ գրքին մէկ օրինակը։ Աղեքսանդր եզրակացուց որ Դանիէլի մարգարէութեան խօսքերը, որոնք իրեն կը մատնանշէին, Պարսկաստանի դէմ իր զինուորական արշաւներուն կ’ակնարկէին։ * Ասիկա քննադատներուն առաջարկած «խարդախութենէն» շուրջ մէկուկէս դար առաջ եղած ըլլալու էր։ Անշուշտ, քննադատներ այս հատուածին համար Յովսեպոսի վրայ յարձակում գործած են։ Անոնք նաեւ անոր վրայ յարձակում գործած են, քանի որ նշած է որ Դանիէլ գրքէն կարգ մը մարգարէութիւններ կատարուած էին։ Սակայն, ինչպէս Ճոզէֆ Տ. Ուիլսըն պատմաբանը նշեց, «հաւանական է որ [Յովսեպոս] այս հարցին մասին շատ աւելի բան գիտէր, քան՝ աշխարհի բոլոր քննադատները»։

26. Մեռեալ Ծովու Մագաղաթները ի՞նչպէս սատար կանգնեցան Դանիէլ գրքի վաւերականութեան։

26 Իսրայէլի մէջ, Գումրանի քարայրներուն մէջ գտնուած Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներն ալ սատար կանգնեցան Դանիէլ գրքին վաւերականութեան։ Զարմանալիօրէն, 1952–ին յայտնաբերումներուն մէջ Դանիէլ գրքէն բազմաթիւ գալարներ եւ բեկորներ կային։ Անոնցմէ ամենահինը՝ Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարու վերջաւորութենէն էր։ Ուրեմն, այդ թուականին արդէն, Դանիէլ գիրքը հանրածանօթ եւ մեծապէս յարգուած էր։ Զոնտըրվանի՝ Աստուածաշունչի Պատկերազարդ Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կը նշէ. «Դանիէլ գիրքը Մակաբայեցւոց թուարկութենէն ըլլալու գաղափարը հիմա ա՛լ մէկդի պէտք է ձգենք, եթէ միայն առնենք այն պատճառը թէ Դանիէլ գրքի կազմութեան եւ Մակաբայեցւոց կրօնական աղանդին գրադարանին մէջ անոր պատճենները երեւնալուն միջեւ բաւարար միջոց չկար»։

27. Դանիէլ իրական անհատ մը ըլլալուն եւ բաբելոնական աքսորութեան ընթացքին հանրածանօթ եղած ըլլալուն մասին ամենահին ապացոյցը ո՞րն է։

27 Սակայն, շատ աւելի հին ու վստահելի վկայութիւն մը կը հաստատէ Դանիէլ գրքին վաւերականութիւնը։ Դանիէլի ժամանակակիցներէն մէկն էր Եզեկիէլ մարգարէն։ Ինքն ալ բաբելոնական աքսորութեան շրջանին որպէս մարգարէ ծառայեց։ Եզեկիէլ գիրքը կրկին անգամ կը յիշէ Դանիէլի անունը։ (Եզեկիէլ 14։14, 20. 28։3) Այս ակնարկութիւնները ցոյց կու տան որ նոյնիսկ իր ապրած շրջանին, Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, Դանիէլ արդէն հանրածանօթ էր որպէս արդար ու իմաստուն մարդ մը, Նոյի ու Յոբի նման աստուածավախ մարդոց շարքին յիշուելու արժանի մէկը։

Մեծագոյն Վկան

28, 29. (ա) Դանիէլ գրքին վաւերական ըլլալուն մասին ամենահամոզիչ փաստը ի՞նչ է։ (բՅիսուսի վկայութիւնը ինչո՞ւ պէտք է ընդունինք։

28 Վերջապէս, հոս նկատի առնենք Դանիէլ գրքին վաւերականութեան վկայող մեծագոյն վկան, որ ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ Յիսուս Քրիստոս։ Երբ վերջին օրերու մասին կը խօսէր, Յիսուս ակնարկութիւն կ’ընէ «Դանիէլ մարգարէին» եւ անոր մէկ մարգարէութեան։—Մատթէոս 24։15. Դանիէլ 11։31. 12։11

29 Արդ, եթէ Մակաբայեցւոց շրջանէն ըլլալու քննադատներուն տեսութիւնը ճիշդ ըլլար, երկուքէն մէկը շիտակ եղած պիտի ըլլար. Կա՛մ Յիսուս ինք ալ խաբուած էր այս խարդախութեամբ եւ կամ՝ ան բնաւ չէ ըսած ինչ որ Մատթէոս հոս արձանագրած է։ Այս երկուքէն ոչ մէկը վաւերական է։ Եթէ Մատթէոս Աւետարանին պատմութեան չենք կրնար վստահիլ, ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի միւս մասերուն վստահիլ։ Եթէ այս նախադասութիւնները վերցնենք, Սուրբ Գիրքի էջերէն փրցուելիք յաջորդ խօսքերը ի՞նչ պիտի ըլլան։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, . . . շտկելու» համար։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Ուստի, եթէ Դանիէլ խարդախ մըն է, ուրեմն Պօղոս առաքեալ ալ ուրիշ խարդախ մըն է։ Յիսուս կրնա՞ր խաբուած ըլլալ։ Ա՛նկարելի է։ Ան երկինքի մէջ կ’ապրէր, երբ Դանիէլ գիրքը գրուեցաւ։ Յիսուս նոյնիսկ ըսաւ. «Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։ (Յովհաննու 8։58) Ցարդ ապրած բոլոր մարդոց մէջէն, Յիսուս լաւագոյնն է որու կրնանք տեղեկութիւն հարցնել Դանիէլի վաւերական ըլլալուն մասին։ Բայց հարցնելու պէտք չունինք։ Ինչպէս տեսանք, իր վկայութիւնը շա՛տ յստակ է։

30. Յիսուս տակաւին ի՞նչ կերպով վաւերացուց Դանիէլ գիրքը։

30 Յիսուս իր մկրտութեան ժամանակ իսկ Դանիէլ գիրքը անգամ մը եւս վաւերացուց։ Այն ատեն ան Մեսիան եղաւ, 69 տարիներու եօթնեակներու մասին Դանիէլի մէկ մարգարէութիւնը կատարելով։ (Դանիէլ 9։25, 26. տես այս գրքին ԺԱ. Գլուխը։) Նոյնիսկ երբ հետագայ թուականի մը գրուած ըլլալու տեսութիւնը ճիշդ եղած ըլլար, տակաւին Դանիէլ գիրքը գրողը շուրջ 200 տարի առաջուընէ ապագան գիտցած էր։ Անշուշտ, Աստուած խարդախ մէկը պիտի չներշնչէր, որ կեղծ անունի մը տակ իրական մարգարէութիւններ գրէր։ Աստուծոյ հաւատարիմ անհատներ սրտանց կ’ընդունին Յիսուսի վկայութիւնը։ Եթէ աշխարհի բոլոր մասնագէտները, բոլոր քննադատները Դանիէլի դէմ խօսին, անոնց սխալ ըլլալը պիտի փաստուի Յիսուսի վկայութիւնով, քանի որ ան «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» է։—Յայտնութիւն 3։14

31. Աստուածաշունչի շատ մը քննադատներ Դանիէլ գրքին վաւերական ըլլալուն տակաւին ինչո՞ւ չեն համոզուած։

31 Աստուածաշունչի քննադատներ այս վկայութեամբ ալ չեն բաւարարուիր։ Այս նիւթը ամէն կողմէ նկատի առնելէ ետք, անհատ մը հարց կու տայ թէ արդեօք որեւէ ապացոյց բաւարար պիտի ըլլա՞ր զանոնք համոզելու համար։ Օքսֆորտ Համալսարանի ուսուցչապետներէն մէկը գրեց. «Առարկութիւններուն պատասխանելէն բան մը չենք շահիր, այնքան ատեն որ՝ ‘գերբնական մարգարէութիւն մը չի կրնար ըլլալ’՝ բուն կանխադատողութիւնը կը մնայ»։ Ուստի, անոնց կանխադատողութիւնը զիրենք կը կուրցնէ։ Բայց ասիկա ի վնաս իրենց եղած ընտրութիւն մըն է։

32. Դանիէլ գրքին ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ բաներ վերապահած է մեզի։

32 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Եթէ կրցաք տեսնել որ Դանիէլ գրքին վաւերական ըլլալուն վրայ կասկածելու իրական պատճառ մը չունիք, ուրեմն յայտնաբերումներ ընելու ոգեցունց ճամբորդութեան մը համար պատրաստ էք։ Դանիէլ գրքին պատմողական մասերը զգայացունց, իսկ մարգարէութիւնները հմայիչ պիտի գտնէք։ Աւելի կարեւորը, պիտի զգաք որ ամէն մէկ գլուխ ձեր հաւատքը աւելի պիտի զօրացնէ։ Բնա՛ւ պիտի չզղջաք որ Դանիէլի մարգարէութիւնը մօտէն քննեցիք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Կարգ մը քննադատներ կը փորձեն խարդախութեան ամբաստանութիւնը մեղմացնել, ըսելով որ գրողը Դանիէլ ծածկանունը գործածած է, ճիշդ ինչպէս որ վաղեմի պարականոն գիրքերէն ոմանք կեղծ անուններու ներքեւ գրուած էին։ Սակայն, Աստուածաշունչի քննադատ Ֆերտինանտ Հիցիխ իր կարծիքը յայտնեց. «Դանիէլ գրքի պարագային, ուրիշ [գրողի] մը վերագրելու գաղափարը կիրարկելի չէ։ Հետեւաբար, անիկա խարդախուած գրութիւն մը կ’ըլլայ, որու նպատակն է իր անմիջական ընթերցողները խաբել՝ թէեւ իրենց օգտին համար»։

^ պարբ. 8 Նաբունիտոս քաղաքէն դուրս կը գտնուէր, երբ Բաբելոն ինկաւ։ Հետեւաբար, տեղին ըլլալով, ըստ նկարագրութեան, այդ ատեն Բաղտասարն էր թագաւորը։ Քննադատներ այս անգամ բառերու հետ կը խաղան, ըսելով որ աշխարհիկ արձանագրութիւններ Բաղտասարի թագաւոր պաշտօնական տիտղոսը չեն տար։ Այսուհանդերձ, հին ապացոյցներ կը թելադրեն որ այդ օրերուն մարդիկ նոյնիսկ կառավարիչի մը կ’ակնարկէին որպէս թագաւոր։

^ պարբ. 20 Եբրայերէնի մասնագէտ Գ. Ֆ. Գիլ, Դանիէլ 5։3–ի մասին կը գրէ. «Եօթանասնից–ը հոս, ինչպէս նաեւ 23–րդ համարին մէջ կիները չէ յիշած, Մակեդոնացիներուն, Յոյներուն եւ Հռովմէացիներուն սովորութեան համաձայն»։

^ պարբ. 24 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալի ներշնչման ներքեւ գրած հաւատարիմ այրերու ու կիներու ցանկին մէջ սակայն, Դանիէլի մէջ արձանագրուած դէպքերու ակնարկութիւն եղած է։ (Դանիէլ 6։16-24. Եբրայեցիս 11։32, 33) Սակայն, առաքեալին ցանկն ալ համապարփակ չէ։ Այդ ցանկին մէջ շատեր չկան, ինչպէս Եսային, Երեմիան եւ Եզեկիէլը, բայց ասիկա բնաւ չի փաստեր որ անոնք գոյութիւն չեն ունեցած։

^ պարբ. 25 Կարգ մը պատմաբաններ նշած են որ թերեւս այս պատճառաւ Աղեքսանդր շատ ազնիւ վարուած էր Հրեաներուն հետ, որոնք Պարսիկներուն վաղեմի բարեկամներն էին։ Այդ ժամանակ, Աղեքսանդր Պարսկաստանի բոլոր բարեկամները կործանելու արշաւի մը ձեռնարկած էր։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Դանիէլ գիրքը որպէս ի՞նչ ամբաստանուած է։

Դանիէլ գրքին վրայ քննադատներուն յարձակումները ինչո՞ւ անհիմն են։

Ի՞նչ իրողութիւններ Դանիէլի պատմութեան վաւերական ըլլալուն սատար կը կանգնին։

Դանիէլ գրքին վաւերական ըլլալուն ամենահամոզիչ փաստը ո՞րն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 26]

Լեզուական Հարցը

ԴԱՆԻԷԼ գրքին գրութիւնը աւարտեցաւ շուրջ Հ.Դ.Ա. 536–ին։ Անիկա գրուած էր Եբրայերէնով եւ Արամերէնով, որու մէջ կային նաեւ Յունարէն եւ Պարսկերէն քանի մը բառեր։ Լեզուներու այսպիսի խառնուրդ մը սովորական եղող բան մը չէր, բայց անիկա Սուրբ Գրութիւններուն մէջ միակը չէ։ Աստուածաշունչի Եզրասայ գիրքն ալ Եբրայերէնով եւ Արամերէնով գրուած էր։ Բայց կարգ մը քննադատներ կը պնդեն որ Դանիէլ գիրքը գրողը այս լեզուները այնպիսի կերպով մը գործածած է, որ անիկա ապացոյց մըն է թէ Հ.Դ.Ա. 536–էն ետք գրած է։ Լայնօրէն մէջբերուած քննադատ մը կ’ըսէ թէ Դանիէլ գրքին մէջ Յունարէն բառերու գործածութիւնը կը պահանջէ որ անիկա հետագային գրուած ըլլայ։ Ան կը պնդէ որ Եբրայերէնը այսպիսի հետագայ թուականի մը թիկունք կը կանգնի, իսկ Արամերէնը առնուազն անոր իրաւունք կու տայ, նոյնիսկ հասցնելով մինչեւ Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարը։

Սակայն բոլոր լեզուագէտները համակարծիք չեն։ Կարգ մը հեղինակութիւններ ըսած են որ Դանիէլի Եբրայերէնը նման է Եզեկիէլի ու Եզրասի լեզուին, բնաւ նման չըլլալով աւելի ուշ գրուած Սիրաքի նման պարականոն գրքերու լեզուին։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Դանիէլի Արամերէնի գործածութեան, նկատի առէք Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներուն մէջ գտնուած երկու վաւերագրեր։ Անոնք ալ Արամերէնով գրուած են եւ Հ.Դ.Ա. առաջին ու երկրորդ դարէն են. Դանիէլ գրքին ենթադրեալ խարդախութենէն ոչ շատ վերջ։ Բայց ուսում,նականներ խոր տարբերութիւն մը նշմարած են այս վաւերագրերուն ու Դանիէլի մէջ գործածուած Արամերէնին միջեւ։ Ուստի, ոմանք կ’ընդունին որ Դանիէլ գիրքը անոր քննադատներուն հաստատած թուականէն դարեր առաջ գրուած ըլլալու է։

Իսկ Դանիէլ գրքին մէջ գործածուած «վիճելի» Յունարէն բառերուն մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Երեւան եկած են որ անոնցմէ ոմանք ո՛չ թէ Յունարէն, հապա Պարսկերէն են։ Ցարդ Յունարէն ըլլալ կարծուած միակ բառերը, երաժշտական երեք գործիքներու անուններն են։ Այս երեք բառերուն ներկայութիւնը իրապէս կը պահանջէ՞ որ Դանիէլ գիրքը աւելի ուշ թուականի մը դրուի։ Ո՛չ. հնագէտներ երեւան հանած են որ յունական մշակոյթը՝ Յունաստան աշխարհակալ ոյժ մը ըլլալէն դարեր առաջուընէ զգալի ազդեցութիւն ունեցած է։ Ասկէ զատ, եթէ Դանիէլ գիրքը Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարուն կազմուած ըլլար, երբ յունական մշակոյթը եւ լեզուն համատարած էր, անիկա Յունարէն միայն երե՞ք բառ պիտի պարունակէր։ Անհաւանական է։ Շա՛տ աւելին պիտի պարունակէր։ Ուստի, լեզուական վկայութիւնն ալ իրապէս թիկունք կը կանգնի Դանիէլ գրքին վաւերական ըլլալուն։

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 12]

[Նկարներ՝ էջ 20]

(Վերեւ) Այս գրութիւնը կը պարունակէ իր շինարարական ծրագիրներուն համար Նաբուգոդոնոսորի պարծենալը

(Ստորեւ) Բաբելոնական տաճարի գլան մը, որ կը յիշէ Նաբունիտոսի եւ իր որդւոյն՝ Բաղտասարի՝ անունները

[Նկար՝ էջ 21]

Ըստ Նաբունիտոսի Ժամանակագրութեան, Կիւրոսի բանակը Բաբելոն մտաւ առանց կռուելու

[Նկարներ՝ էջ 22]

(Աջին) «Նաբունիտոսի Չափածոյ Գրութիւնը» կը տեղեկագրէ որ Նաբունիտոս իր անդրանիկ որդւոյն վստահած էր իշխանութիւնը

(Ձախին) Յուդայի վրայ Նաբուգոդոնոսորի յարձակման մասին բաբելոնական արձանագրութիւն