Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա հոյակապ վարձատրութիւն մը կը խոստանայ Դանիէլի

Եհովա հոյակապ վարձատրութիւն մը կը խոստանայ Դանիէլի

Գլուխ տասնըութ

Եհովա հոյակապ վարձատրութիւն մը կը խոստանայ Դանիէլի

1, 2. (ա) Մրցավազքի մասնակցող մը ո՞ր կարեւոր յատկութեան կարիքը ունի յաջողելու համար։ (բՊօղոս առաքեալ Եհովայի ծառայութեան մէջ հաւատարիմ կեանք մը ի՞նչպէս համեմատեց վազքի հետ։

 ՄՐՑԱՎԱԶՔԻ մասնակցող մը լարուած՝ դէպի աւարտագիծ կ’ուղղուի։ Ան գրեթէ ուժասպառ է, բայց իր աչքին առջեւ ունենալով իր նպատակակէտը, ամէն ճիգ կը թափէ այս վերջին քանի մը քայլերուն համար։ Իր բոլոր մկանները պրկած, ան վերջապէս աւարտագիծը կ’անցնի։ Իր դէմքին վրայ կը կարդացուի հանգստութիւն եւ յաղթանակ։ Մինչեւ վերջ տոկալը յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

2 Դանիէլի 12–րդ գլուխի վերջաւորութեան, կը տեսնենք որ սիրելի մարգարէն իր վազքին՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ իր անցուցած կեանքի՝ աւարտագծին կը հասնի։ Եհովայի նախա–քրիստոնէական ծառաներու հաւատքի բազմաթիւ տիպարներ թուելէ ետք, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։—Եբրայեցիս 12։1, 2

3. (ա) Ի՞նչ բան մղեց որ Դանիէլ ‘համբերութիւնով վազէ’։ (բԵհովայի հրեշտակը ի՞նչ երեք տարբեր բաներ ըսաւ Դանիէլի։

3 Այդ ‘վկաներու բազմութեան’ մէջ կար նաեւ Դանիէլ։ Վստահաբար ան մէկն էր որ ‘համբերութիւնով վազեց’, եւ Աստուծոյ հանդէպ խոր սէրէ մղուած ըրաւ ասիկա։ Եհովա շատ բան յայտնած էր Դանիէլի համաշխարհային կառավարութիւններուն ապագային մասին, բայց հիմա անոր հետեւեալ անձնական յորդորը ղրկեց. «Բայց դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս [«քու վիճակիդ մէջ պիտի կայնիս», Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն]»։ (Դանիէլ 12։13) Եհովայի հրեշտակը Դանիէլի երեք տարբեր բաներ կ’ըսէր. (1) թէ Դանիէլ «մինչեւ վախճանը» պէտք էր երթար, (2) թէ պիտի ‘հանգչէր’, եւ (3) թէ ապագային պիտի ‘կայնէր’։ Ներկայիս այս խօսքերը ի՞նչպէս կրնան քաջալերութիւն մը ըլլալ Քրիստոնեաներուն, որպէսզի կեանքի վազքին մինչեւ աւարտագիծը տոկան։

«Գնա՛ Մինչեւ Վախճանը»

4. Եհովայի հրեշտակը ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Գնա՛ մինչեւ վախճանը», եւ ասիկա ինչո՞ւ դժուարութիւն մը կրնար ներկայացնել Դանիէլի։

4 Հրեշտակը ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ Դանիէլի ըսաւ՝ «Բայց դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը»։ Ի՞նչ բանին վախճանը։ Քանի որ Դանիէլ գրեթէ 100 տարեկան էր, ըստ երեւոյթին, ասիկա իր կեանքի վախճանին կ’ակնարկէր, որ հաւանաբար շատ մօտ էր։ * Հրեշտակը կը յորդորէր որ Դանիէլ մինչեւ մահ հաւատարմօրէն տոկար։ Բայց ասիկա դիւրին պիտի չըլլար։ Դանիէլ ապրած ու տեսած էր Բաբելոնի տապալումը եւ Հրեայ աքսորեալներէն մնացորդի մը Հրէաստան եւ Երուսաղէմ վերադարձը։ Ասիկա տարեց մարգարէին մեծ ուրախութիւն պատճառած ըլլալու էր։ Սակայն, չէ յիշուած որ ինք այդ գաղթողներուն միացաւ։ Այդ ժամանակ, թերեւս ան շատ տարեց եւ տկար էր։ Կամ թերեւս Եհովայի կամքն էր որ ինք Բաբելոն մնար։ Ամենայնդէպս, անհատ մը կը մղուի հարց տալու թէ արդեօք Դանիէլ կերպով մը չտխրեցա՞ւ, տեսնելով իր հայրենակիցներուն Հրէաստան վերադարձը։

5. Ի՞նչ ապացոյց ունինք որ Դանիէլ մինչեւ վերջ համբերեց։

5 Անկասկած, հրեշտակին ազնիւ խօսքերը Դանիէլի ոյժը վերանորոգեցին. «Գնա՛ մինչեւ վախճանը»։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ շուրջ վեց դար ետք Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Անկասկած, Դանիէլ ճիշդ այս է որ ըրաւ։ Ան մինչեւ վերջ համբերեց, կեանքի վազքը մինչեւ վերջ հաւատարմօրէն վազելով։ Ասիկա պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ, որու համար ան հետագային Աստուծոյ Խօսքին մէջ բարեհաճութեամբ յիշուեցաւ։ (Եբրայեցիս 11։32, 33) Ի՞նչ բան օգնեց Դանիէլի որ մինչեւ վերջ համբերէ։ Իր կեանքի արձանագրութիւնը մեզի կու տայ պատասխանը։

Տոկալ՝ Որպէս Աստուծոյ Խօսքին Աշակերտ մը

6. Ի՞նչպէս գիտենք որ Դանիէլ Աստուծոյ Խօսքին ջանադիր աշակերտ մըն էր։

6 Դանիէլ մինչեւ վերջ համբերելու համար, հարկ էր որ շարունակաբար ուսումնասիրէր Աստուծոյ զգայացունց խոստումները ու անոնց մասին խոր կերպով մտածէր։ Գիտենք որ Դանիէլ Աստուծոյ Խօսքին ջանադիր աշակերտ մըն էր։ Ապա թէ ոչ, ի՞նչպէս պիտի գիտնար Երեմիայի տուած Եհովայի խոստումը, թէ աքսորը 70 տարի պիտի տեւէր։ Դանիէլ անձամբ գրեց. «Ես՝ . . . գրքերէն իմացայ այն տարիներուն թիւը»։ (Դանիէլ 9։2. Երեմեայ 25։11, 12) Անկասկած, Դանիէլ այն ատեն գոյութիւն ունեցող Աստուծոյ Խօսքին գրքերը կը պրպտէր։ Վստահաբար Դանիէլ շատ հաճոյալի ժամեր կ’անցընէր, Մովսէսի, Դաւիթի, Սողոմոնի, Եսայիի, Երեմիայի, եւ Եզեկիէլի գրութիւնները՝ իրեն մատչելի եղող որեւէ գրութիւն՝ կարդալով ու անոնց վրայ խոկալով։

7. Երբ մեր ժամանակը բաղդատենք Դանիէլի օրերուն հետ, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու նկատմամբ ի՞նչ առաւելութիւններ ունինք։

7 Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը ու անոր մէջ խորասուզուիլը կենսական է ներկայիս համբերութիւն մշակելու համար։ (Հռովմայեցիս 15։4-6. Ա. Տիմոթէոս 4։15) Իսկ ունինք ամբողջ Աստուածաշունչը, որու մէջ կը գտնենք արձանագրութիւններ թէ դարեր ետք Դանիէլի մարգարէութիւններէն ոմանք ի՛նչպէս կատարուեցան։ Ասկէ զատ, Դանիէլ 12։4–ի մէջ նախագուշակուած «վերջին ժամանակ»ին մէջ ապրելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Մեր օրերուն, օծեալները հոգեւոր ներատեսութեամբ օրհնուած են, այս խաւար աշխարհին մէջ փայլելով որպէս ճշմարտութեան փարոսներ։ Որպէս հետեւանք, Դանիէլ գրքին կարգ մը խորունկ մարգարէութիւնները՝ որոնցմէ շատերը շփոթութեան մատնեցին զինք՝ հիմա շատ իմաստալից են մեզի համար։ Ուստի, շարունակենք ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել, որեւէ ատեն այս բաները թեթեւի չառնելով։ Այսպէս վարուիլը մեզի պիտի օգնէ որ տոկանք։

Դանիէլ Աղօթքի Մէջ Յարատեւեց

8. Աղօթքի հարցին մէջ, Դանիէլ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

8 Աղօթքն ալ օգնեց Դանիէլի որ մինչեւ վերջ համբերէ։ Ան ամէն օր Եհովա Աստուծոյ կը դիմէր եւ հաւատքով ու վստահութեամբ լեցուն սրտով մը անոր հետ անկեղծօրէն կը խօսէր։ Ան գիտէր որ Եհովա «աղօթքի լսող» էր։ (Սաղմոս 65։2. համեմատել՝ Եբրայեցիս 11։6։) Երբ Իսրայէլի ըմբոստ ընթացքին համար Դանիէլի սիրտը վշտով ծանրաբեռնուած էր, ան իր զգացումները Եհովայի առջեւ թափեց։ (Դանիէլ 9։4-19) Նոյնիսկ երբ Դարեհ հրաման արձակեց որ 30 օր միմիայն իրեն խնդրանք մատուցանուի, Դանիէլ թոյլ չտուաւ որ ասիկա Եհովա Աստուծոյ աղօթելէն զինք ետ կեցնէ։ (Դանիէլ 6։10) Մեր սիրտը յուզումով չի՞ լեցուիր, երբ երեւակայենք այդ հաւատարիմ ծերունին որ նախընտրեց առիւծներով լեցուն գուբին վտանգը դիմագրաւել, քան թէ աղօթքի թանկագին առանձնաշնորհումէն հրաժարիլ։ Անկասկած, Դանիէլ մինչեւ իր վախճանը հաւատարմօրէն քալեց, ամէն օր Եհովայի ջերմեռանդ աղօթքներ մատուցանելով։

9. Ինչո՞ւ աղօթելու առանձնաշնորհումը թեթեւի պէտք չէ առնենք։

9 Աղօթքը պարզ արարք մըն է։ Կրնանք որեւէ ժամանակ, որեւէ տեղ աղօթել, բարձրաձայն թէ՝ լռելեայն։ Սակայն, այս թանկագին առանձնաշնորհումին արժէքը բնաւ չնսեմացնենք։ Աստուածաշունչը աղօթքը կը կապէ համբերութեան, յարատեւութեան եւ հոգեւորապէս արթուն մնալու հետ։ (Ղուկաս 18։1. Հռովմայեցիս 12։12. Եփեսացիս 6։18. Կողոսացիս 4։2) Հոյակապ բան մը չէ՞ բաց ու դիւրամատչելի հաղորդակցութեան գիծ մը ունենալ տիեզերքի բարձրագոյն անձնաւորութեան հետ։ Իսկ ան կը լսէ՛ մեզի։ Յիշեցէք այն առիթը, երբ Դանիէլ աղօթեց եւ Եհովա հրեշտակ մը ղրկեց որպէս պատասխան։ Հրեշտակը հասաւ երբ տակաւին Դանիէլ կ’աղօթէր։ (Դանիէլ 9։20, 21) Ճիշդ է որ հիմա հրեշտակներու այսպիսի այցելութիւններ ստանալու ժամանակին մէջ չենք ապրիր, բայց Եհովա փոխուած չէ։ (Մաղաքեայ 3։6) Ճիշդ ինչպէս որ ան Դանիէլի աղօթքը լսեց, մեր աղօթքներն ալ պիտի լսէ։ Իսկ մինչ կ’աղօթենք, Եհովայի աւելի պիտի մօտենանք. այնպիսի կապ մը պիտի յառաջանայ որ մեզի պիտի օգնէ մինչեւ վերջ համբերելու, Դանիէլի նման։

Տոկալ՝ Որպէս Աստուծոյ Խօսքին Ուսուցիչ մը

10. Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը ուսուցանելը ինչո՞ւ կարեւոր էր Դանիէլի համար։

10 Դանիէլ ուրիշ առումով ալ «մինչեւ վախճանը» պիտի երթար։ Ան պէտք էր տոկար, որպէս ճշմարտութեան մէկ ուսուցիչը։ Ան բնաւ չմոռցաւ որ ինք ընտրեալ ժողովուրդի մը մէկ անդամն էր, որու մասին Սուրբ Գրութիւնները ըսած էին. «‘Իմ վկաներս դուք էք’, կ’ըսէ Տէրը, նաեւ իմ ընտրած ծառաս»։ (Եսայեայ 43։10) Դանիէլ իր ձեռքէն եկածը ըրաւ այդ յանձնարարութեան համաձայն ապրելու համար։ Հաւանաբար իր գործին մաս կը կազմէր Բաբելոնի մէջ աքսորուած իր ժողովուրդին սորվեցնել։ Հայրենակիցներուն հետ իր ունեցած գործառնութեանց մասին գրեթէ ոչինչ գիտենք, «անոր [երեք] ընկերներ»ուն՝ Անանիա, Միսայէլ ու Ազարիայի հետ իր ունեցած կապակցութենէն զատ։ (Դանիէլ 1։7. 2։13, 17, 18) Անոնց սերտ բարեկամութիւնը վստահաբար մեծապէս օգնեց իւրաքանչիւրին որ համբերեն։ (Առակաց 17։17) Դանիէլ Եհովայի կողմէ մասնայատուկ ներատեսութեամբ օժտուած ըլլալով, իր ընկերներուն սորվեցնելիք շատ բան ունէր։ (Դանիէլ 1։17) Բայց ան ուսուցումի ուրիշ պաշտօն մըն ալ ունէր։

11. (ա) Դանիէլի գործը ի՞նչ կերպով մասնայատուկ էր։ (բԴանիէլ իր անսովոր նշանակումը կատարելու մէջ ո՞րքան ազդու էր։

11 Ուրիշ ոեւէ մարգարէէ աւելի, Դանիէլ հեթանոս բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու վկայելու պաշտօնը ունէր։ Թէեւ յաճախ ստիպուեցաւ անոնց անժողովրդական պատգամներ հաղորդել, բայց որեւէ ժամանակ այդ կառավարիչներուն հետ չվարուեցաւ որպէս ատելի կամ իրմէ ստորադաս եղող անհատներ։ Անոնց հետ յարգանքով ու խելացութեամբ խօսեցաւ։ Կային ոմանք՝ ինչպէս նախանձոտ ու նենգ կուսակալները՝ որոնք ուզեցին կործանել Դանիէլը։ Բայց ուրիշ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ յարգեցին զինք։ Մարգարէն շատ կարկառուն մէկը դարձաւ, քանի որ Եհովա Դանիէլի կարողութիւն տուաւ որ թագաւորներն ու իմաստունները շփոթեցնող գաղտնիքներ յայտնէ։  (Դանիէլ 2։47, 48. 5։29) Ճիշդ է որ երբ ծերացաւ, ան չէր կրնար իր պատանեկութեան ժամանակին պէս գործունեայ ըլլալ։ Բայց վստահաբար իր վախճանին գնաց, միշտ հետամուտ ըլլալով թէ ի՛նչպէս կրնար հաւատարմօրէն ծառայել, որպէս իր սիրելի Աստուծոյն մէկ վկան։

12. (ա) Որպէս Քրիստոնեաներ, այժմ ուսուցումի ի՞նչ գործունէութեան մը կը մասնակցինք։ (բ«Իմաստութեամբ վարուեցէք չհաւատացողներուն հետ»՝ Պօղոսի այս խրատին ի՞նչպէս կրնանք հետեւիլ։

12 Ներկայիս, քրիստոնէական ժողովքին մէջ, կը գտնենք հաւատարիմ ընկերներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ տոկանք, ճիշդ ինչպէս որ Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները իրարու օգնեցին։ Մենք ալ իրարու կը սորվեցնենք, ‘իրար քաջալերելով’։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12, Անթիլիաս) Դանիէլի նման, անհաւատներուն վկայելու յանձնարարութիւն ունինք։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Ուստի, հարկ է որ մեր հմտութիւնները սրենք, որպէսզի երբ մարդոց Եհովայի մասին կը խօսինք, ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրենք’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Իսկ Պօղոս առաքեալի խրատին հնազանդիլը օգտակար պիտի ըլլայ. «Իմաստութեամբ վարուեցէք չհաւատացողներուն հետ»։ (Կողոսացիս 4։5, Անթիլիաս) Այսպիսի իմաստութիւն, մեր հաւատքը չբաժնողներուն հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալ կ’ընդգրկէ։ Մենք անոնց ցած աչքով չենք նայիր, մենք մեզ գերադաս նկատելով։ (Ա. Պետրոս 3։15) Այլ, կը ջանանք զանոնք հրապուրել ճշմարտութեան, Աստուծոյ Խօսքը փափկանկատութեամբ եւ հմտութեամբ գործածելով, որպէսզի անոնց սրտին հասնինք։ Երբ յաջողինք անհատի մը սրտին խօսիլ, ո՜րքան կ’ուրախանանք։ Այսպիսի ուրախութիւն վստահաբար կ’օգնէ մեզի որ մինչեւ վերջ համբերենք՝ Դանիէլի նման։

«Պիտի Հանգչիս»

13, 14. Ինչո՞ւ մեռնելու հեռանկարը կը սարսափեցնէր Բաբելոնացիները, իսկ Դանիէլի տեսակէտը ի՞նչպէս տարբեր էր։

13 Յաջորդիւ, հրեշտակը Դանիէլի հետեւեալ երաշխիքը տուաւ՝ «Պիտի հանգչիս»։ (Դանիէլ 12։13) Այդ խօսքերը ի՞նչ կը նշանակէին։ Դանիէլ գիտէր որ մահ պիտի դիմագրաւէր։ Ադամի օրուընէ մինչեւ հիմա, մարդիկ չեն կրնար մահուան ճիրաններէն խոյս տալ։ Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով մահը կը կոչէ՝ «թշնամի»։ (Ա. Կորնթացիս 15։26) Սակայն, Դանիէլի համար, մահուան հեռանկարը շատ տարբեր նշանակութիւն մը ունէր, քան իր շուրջը եղող Բաբելոնացիներուն համար։ Շուրջ 4,000 չաստուածներու բարդ պաշտամունքին մէջ խորասուզուած ըլլալով, անոնց համար մահը ամէն կերպով սարսափելի բան մըն էր։ Անոնք կը հաւատային որ, ուրախ կեանք մը չունեցողները կամ վայրագօրէն մեռնողները, մահուընէ ետք վրիժառու ոգիներ կը դառնան ու կը նեղեն ողջերը։ Բաբելոնացիները նաեւ ստորերկրեայ սարսափելի աշխարհի մը կը հաւատային, որ մարդու ու անասունի կերպարներով ահռելի հրէշներով բնակուած էր։

14 Դանիէլի համար, մահը ասոնցմէ ո՛չ մէկը կը նշանակէր։ Դանիէլէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Սողոմոն Թագաւոր աստուածային ներշնչման ներքեւ ըսաւ. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ (Ժողովողի 9։5) Իսկ մեռնողի մասին, սաղմոսերգուն երգած էր. «Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ (Սաղմոս 146։4) Ուստի, Դանիէլ գիտէր թէ ինչ որ հրեշտակը ըսաւ իրեն՝ ճշմարիտ էր։ Մահը՝ հանգիստ կը նշանակէր։ Ո՛չ խորհուրդ, ո՛չ դառն ափսոսանք, ո՛չ տանջանք. իսկ վստահաբար՝ ո՛չ իսկ հրէշներ։ Յիսուս Քրիստոս ալ Ղազարոսի մահուան ատեն նոյն կերպով արտայայտուեցաւ այս հարցին մասին։ Ան ըսաւ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է»։—Յովհաննու 11։11

15. Մահուան օրը ի՞նչպէս ծննդեան օրէն աղէկ կրնայ ըլլալ։

15 Ուրիշ պատճառ մըն ալ նկատի առէք, թէ մահուան հեռանկարը ինչո՛ւ չէր սարսափեցներ Դանիէլը։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է»։ (Ժողովողի 7։1) Մահուան օրը, որ վստահաբար ողբի օր է, ի՞նչպէս կրնայ ծննդեան ուրախ օրուընէ աղէկ ըլլալ։ Ասոր գաղտնիքը ‘անուան’ մէջ է։ «Հոտաւէտ իւղ»ը կրնար չափազանց սուղ ըլլալ։ Առիթով մը Ղազարոսի քոյրը՝ Մարիամ՝ Յիսուսի ոտքերը հոտաւէտ իւղով օծեց, որ մէ՛կ տարուան աշխատավարձքի արժողութիւն ունէր։ (Յովհաննու 12։1-7) Անուն մը ի՞նչպէս կրնար այսքան թանկարժէք ըլլալ։ Ժողովողի 7։1–ի մէջ կ’ըսէ՝ «բարի անունը». ո՛չ թէ պարզ անունը, այլ ինչ որ այդ անունը կը ներկայացնէ՝ շա՛տ արժէքաւոր է։ Երբ մէկը կը ծնի, տակաւին համբաւ մը, լաւ գործերու արձանագրութիւն մը, արժէքաւոր յիշատակներ չկան անունը կրողին անձնաւորութեան ու յատկութիւններուն մասին։ Բայց կեանքին վերջաւորութեան, անունը այս բոլորը կը ներկայացնէ։ Իսկ եթէ Աստուծոյ աչքին բարի անուն մըն է, անիկա նիւթական որեւէ ստացուածքէ շատ աւելի թանկարժէք է։

16. (ա) Դանիէլ Աստուծոյ քով բարի անուն մը ունենալու համար ի՞նչ ջանք թափեց։ (բԴանիէլ ինչո՞ւ կրնար հանգչիլ, քաջ գիտնալով թէ Եհովայի քով բարի անուն մը շահած էր։

16 Դանիէլ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, իր ձեռքէն եկածը ըրաւ Աստուծոյ քով բարի անուն մը ունենալու համար եւ Եհովա ասիկա չանտեսեց։ Ան դիտեց Դանիէլը ու անոր սիրտը քննեց։ Աստուած նոյնը ըրած էր Դաւիթ Թագաւորին ալ, որ երգեց. «Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։ Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս, իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս»։ (Սաղմոս 139։1, 2) Ճիշդ է որ Դանիէլ կատարեալ չէր։ Ան մեղաւոր Ադամէ սերած էր եւ մեղաւոր ազգի մը մէկ անդամն էր։ (Հռովմայեցիս 3։23) Բայց Դանիէլ իր մեղաւոր վիճակին համար զղջում յայտնեց եւ ջանաց իր Աստուծոյն հետ ուղիղ կերպով քալել։ Ուստի, հաւատարիմ մարգարէն կրնար վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի ներէր իր մեղքերը եւ անոնց համար հաշիւ պիտի չպահանջէր։ (Սաղմոս 103։10-14. Եսայեայ 1։18) Եհովա կը նախընտրէ իր հաւատարիմ ծառաներուն բարի գործերը յիշել։ (Եբրայեցիս 6։10) Անոր համար, Եհովայի հրեշտակը երկու անգամ Դանիէլը կոչեց «սիրելի մարդ»։ (Դանիէլ 10։11, 19) Ասիկա կը նշանակէր որ Դանիէլ Աստուծոյ սիրելին էր։ Դանիէլ կրնար գոհունակութեամբ հանգչիլ, գիտնալով որ Եհովայի քով բարի անուն մը շահած էր։

17. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ հի՛մա Եհովայի քով բարի անուն մը շահինք։

17 Լաւ է որ իւրաքանչիւրս հարցնենք. ‘Ես ալ Եհովայի քով բարի անուն մը շահա՞ծ եմ’։ Դժուար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Ո՛չ թէ յոռետեսութիւն, այլ՝ իրապաշտութիւն է գիտակցիլ թէ մահը որեւէ ժամանակ, ոեւէ մէկս կրնայ խլել։ (Ժողովողի 9։11) Ուստի, որքա՜ն կենսական է որ իւրաքանչիւրս վճռենք բարի անուն մը շահիլ Աստուծոյ քով հի՛մա, անյապաղ։ Եթէ այսպէս ընենք, մահուընէ վախնալու պատճառ չենք ունենար։ Անիկա պարզապէս հանգիստ մըն է՝ քունի նման։ Իսկ քունի նման, անոր կը յաջորդէ վերազարթնում։

«Պիտի Կայնիս»

18, 19. (ա) Հրեշտակը ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ Դանիէլի ըսաւ որ ապագային ‘պիտի կայնէր’։ (բԴանիէլ ինչո՞ւ ծանօթ ըլլալու էր յարութեան յոյսին։

18 Դանիէլ գիրքը կ’աւարտի, Աստուծոյ կողմէ մարդու մը տրուած ամենագեղեցիկ խոստումով մը։ Եհովայի հրեշտակը կ’ըսէ Դանիէլի. «Օրերուն վերջը քու վիճակիդ մէջ պիտի կայնիս»։ Հրեշտակը ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Քանի որ տակաւին նոր ակնարկած ‘հանգիստը’՝ մահն էր, հետեւաբար, Դանիէլի տրուած հետագային ‘կայնելու’ խոստումը կրնար միայն մէկ բան նշանակել՝ յարութիւն։ * Արդարեւ, կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն որ Դանիէլի 12–րդ գլուխը, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ գտնուած յարութեան մասին առաջին բացայայտ ակնարկութիւնը կը պարունակէ։ (Դանիէլ 12։2) Սակայն, անոնք կը սխալին։ Դանիէլի շատ ծանօթ էր յարութեան յոյսը։

19 Դանիէլ անկասկած գիտէր, զոր օրինակ, երկու դար առաջ Եսայիի արձանագրած հետեւեալ խօսքերը. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. քանզի . . . երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ»։ (Եսայեայ 26։19) Անկէ շա՜տ առաջ, Եղիա ու Եղիսէ Եհովայի կողմէ զօրութիւն ստացան մեռելներ յարուցանելու համար։ (Գ. Թագաւորաց 17։17-24. Դ. Թագաւորաց 4։32-37) Տակաւին անոնցմէ առաջ, Սամուէլ մարգարէին մայրը՝ Աննա, խոստովանած էր որ Եհովա կարող է մարդիկը Շէօլէն՝ գերեզմանէն, հանել։ (Ա. Թագաւորաց 2։6) Իսկ անկէ առաջ, հաւատարիմ Յոբ իր ունեցած յոյսը յայտնած էր հետեւեալ բառերով. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։ Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս»։—Յոբայ 14։14, 15

20, 21. (ա) Վստահաբար Դանիէլ ո՞ր յարութեան մասնակից պիտի ըլլայ։ (բԴրախտին մէջ յարութիւնը հաւանաբար ի՞նչ կերպով տեղի պիտի ունենայ։

20 Յոբի նման, Դանիէլ պատճառ ունէր վստահ ըլլալու որ իրապէս Եհովայի ցանկութիւնն էր որ զինք ետ կեանքի բերէր օր մը՝ ապագային։ Արդարեւ, խորապէս մխիթարական էր լսել որ հոգեղէն հզօր արարած մը կը վաւերացնէ այդ յոյսը։ Այո, Դանիէլ պիտի կայնի ‘արդարներուն յարութեան’ ժամանակ, որ տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։ (Ղուկաս 14։14) Դանիէլի համար անիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ։ Աստուծոյ Խօսքը շատ բան կ’ըսէ այդ մասին։

21 Եհովա «խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան»։ (Ա. Կորնթացիս 14։33) Ուստի, բացայայտ է որ Դրախտին մէջ յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ կարգապահութեամբ։ Թերեւս Արմագեդոնէն ետք որոշ ժամանակ մը անցնի։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Իրերու հին դրութեան բոլոր հետքերը մաքրուած ու մեռելներուն վերադարձին համար անկասկած պատրաստութիւններ տեսնուած պիտի ըլլան։ Իսկ մեռելներու վերադարձին շարքաւորման համար, Աստուածաշունչը հետեւեալ նախօրինակը կու տայ. «Ամէն մէկը իր կարգովը»։ (Ա. Կորնթացիս 15։23) Հաւանական կը թուի որ երբ կարգը գայ ‘արդարներուն եւ մեղաւորներուն’ յարութեան, նախ արդարները պիտի յարուցանուին։ (Գործք 24։15) Այդ կերպով, վաղեմի հաւատարիմները, ինչպէս Դանիէլ, կարող պիտի ըլլան երկրային գործերուն վարչութեան մէջ օգտակար ըլլալ, ի միջի այլոց, յարուցուած միլիառաւոր «մեղաւորներ»ը դաստիարակելը։—Սաղմոս 45։16

22. Ի՞նչ են կարգ մը հարցումներ, որոնց պատասխանները անկասկած յափշտակութեամբ պիտի ուզէ լսել Դանիէլ։

22 Դանիէլ այսպիսի պատասխանատուութիւններ ստանձնելու պատրաստ ըլլալէ առաջ, վստահաբար կարգ մը հարցումներ պիտի ունենայ։ Չէ՞ որ իրեն վստահուած կարգ մը խոր մարգարէութիւններուն մասին ըսաւ՝ «Ես լսեցի, բայց չհասկցայ»։ (Դանիէլ 12։8) Ան աստուածային այս խորհուրդները ի վերջոյ հասկնալով որքա՜ն պիտի ցնծայ։ Անկասկած, ան պիտի ուզէ Մեսիայի մասին ամէն բան լսել։ Դանիէլ հմայքով պիտի տեղեկանայ իր օրերէն մինչեւ մեր օրերը աշխարհակալ ուժերու յառաջխաղացքին, հակառակ «վերջին ժամանակ»ին մէջ եղած հալածանքին՝ յարատեւած «Բարձրեալին [հաւատարիմ] սուրբերուն» ինքնութեան եւ, Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան կողմէ մարդկային բոլոր թագաւորութիւններուն վերջնական կործանման մասին։—Դանիէլ 2։44. 7։22. 12։4

Դրախտին Մէջ Դանիէլի՝ եւ Ձեզի՝ Վիճակուած Տեղը

23, 24. (ա) Դանիէլի յարութիւն առած աշխարհը ի՞նչպէս իր գիտցած աշխարհէն տարբեր պիտի ըլլայ։ (բԴանիէլ տեղ մը պիտի ունենա՞յ Դրախտին մէջ, եւ ի՛նչպէս գիտենք։

23 Դանիէլ պիտի ուզէ տեղեկանալ այն աշխարհին մասին, որու մէջ պիտի գտնուի այդ ժամանակ. իր օրերէն բոլորովին տարբեր աշխարհ մը։ Պատերազմի ու հարստահարութեան ամէն հետք անցած պիտի ըլլայ, որոնք ապականած էին իր գիտցած աշխարհը։ Ո՛չ ցաւ, ո՛չ հիւանդութիւն եւ ոչ մահ պիտի ըլլայ։ (Եսայեայ 25։8. 33։24) Սակայն, առատ ուտելիք, բազմաթիւ բնակարաններ եւ բոլորին համար գոհացուցիչ գործ պիտի ըլլան։ (Սաղմոս 72։16. Եսայեայ 65։21, 22) Մարդկութիւնը միացած եւ ուրախ ընտանիք մը պիտի ըլլայ։

24 Դանիէլ վստահաբար տեղ մը պիտի ունենայ այդ աշխարհին մէջ։ Հրեշտակը իրեն ըսաւ. «Քու վիճակիդ մէջ պիտի կայնիս»։ Հոս «վիճակ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը, նոյն բառն է որ կը գործածուի բառացի հողաշերտերու համար։ * Դանիէլի ծանօթ ըլլալու էր Իսրայէլի վերահաստատուած երկրին բաժանումին մասին Եզեկիէլի մարգարէութիւնը։ (Եզեկիէլ 47։13–48։35) Դրախտին մէջ անոր կատարման նկատմամբ, Եզեկիէլի մարգարէութիւնը ի՞նչ կը թելադրէ։ Անիկա կը թելադրէ որ Աստուծոյ բոլոր ծառաները Դրախտին մէջ տեղ մը պիտի ունենան, եւ թէ երկիրն անգամ կարգապահ եւ արդար կերպով պիտի բաժնուի։ Անշուշտ, Դրախտին մէջ Դանիէլի բաժինը պարզ հողամասէ մը աւելին պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի պարունակէ հոն՝ Աստուծոյ նպատակին մէջ իր ունենալիք դերը։ Դանիէլի խոստացուած վարձատրութիւնը երաշխաւորուած է։

25. (ա) Դրախտին մէջ կեանքի կարգ մը հեռանկարները ի՞նչ են որոնք կը խօսին ձեր սրտին։ (բԻնչո՞ւ կրնանք ըսել որ մարդիկ Դրախտին կը պատկանին։

25 Արդ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեզի վիճակուածին մասին։ Նոյն խոստումները կրնան կիրարկուիլ նաեւ ձեզի։ Եհովա կ’ուզէ որ հնազանդ մարդիկ ‘կայնին’ իրենց բաժինը առնելու, Դրախտին մէջ տեղ մը ունենալու համար։ Պահ մը խորհեցէք։ Որքա՜ն ցնծալի պիտի ըլլայ անձնապէս տեսնել Դանիէլը, Աստուածաշունչի ժամանակներու հաւատարիմ ուրիշ այրերու ու կիներու հետ։ Ապա, կեանքի վերադարձած անհամար ուրիշներ պիտի ըլլան, որոնք պէտք պիտի ունենան դաստիարակուելու, որպէսզի Եհովա Աստուած ճանչնան ու սիրեն։ Երեւակայեցէք որ դուք անձամբ մեր բնակարան երկրին հոգ կը տանիք ու զայն անհուն այլազանութեամբ եւ անմեռ գեղեցկութեամբ դրախտի մը վերածելու կը նպաստէք։ Խորհեցէք որ Եհովա կը սորվեցնէ ձեզի թէ ինչպէս կրնաք ապրիլ ա՛յն ձեւով որ ինք ծրագրած էր որ մարդիկ ապրէին։ (Եսայեայ 11։9. Յովհաննու 6։45) Այո, Դրախտին մէջ ձեզի համար ալ տեղ կայ։ Թէեւ ներկայիս ոմանց համար Դրախտի գաղափարը կրնայ տարօրինակ հնչել, բայց յիշեցէք որ սկիզբէն Եհովա նախագծած էր որ մարդիկ այդպիսի վայրի մը մէջ ապրէին։ (Ծննդոց 2։7-9) Այդ առումով, Դրախտը երկրի միլիառաւոր բնակչութեան բնականն է։ Անոնք հոն կը պատկանին։ Անոր հասնիլը, տուն երթալու պէս պիտի ըլլայ մարդկութեան համար։

26. Եհովա ի՞նչպէս կը գիտակցի որ այս դրութեան վախճանը սպասելը հեշտ չէ մեզի համար։

26 Երբ այս բոլոր բաներուն մասին մտածենք, մեր սիրտը գնահատութեամբ կը տոգորուի, այդպէս չէ՞։ Դուք ալ չէ՞ք տենչար հոն ըլլալ։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Եհովայի Վկաները անձկագին կ’ուզեն գիտնալ թէ իրերու այս դրութեան վախճանը ե՛րբ պիտի գայ։ Սպասելը դիւրին չէ։ Եհովա գիտէ թէ պարագան այս է, քանի որ մեզ կը յորդորէ որ շարունակենք ‘սպասել’ վախճանը, նոյնիսկ «եթէ ուշանայ»։ Ան ըսել կ’ուզէ որ մե՛ր աչքին անիկա կրնայ ուշացած թուիլ, քանի որ նոյն համարը մեզ կը վստահեցնէ՝ «ետ պիտի չմնայ [«պիտի չուշանայ», ՆԱ]»։ (Ամբակումայ 2։3. համեմատել՝ Առակաց 13։12։) Այո, վախճանը ճիշդ ժամանակին պիտի գայ։

27. Ամբողջ յաւիտենականութեան մէջ Աստուծոյ առջեւ կայնելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

27 Մինչ վախճանը կը մօտենայ, ի՞նչ պէտք է ընէք։ Եհովայի սիրելի Դանիէլ մարգարէին նման՝ հաւատարմօրէն համբերեցէք։ Ջանադրութեամբ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրեցէք։ Ջերմեռանդօրէն աղօթեցէք։ Հաճոյքով ընկերակցեցէք ձեր հաւատակիցներուն հետ։ Նախանձախնդրաբար ճշմարտութիւնը սորվեցուցէք ուրիշներուն։ Իրերու այս չար դրութեան վախճանը ամէն օր աւելի մօտենալով, վճռեցէք Բարձրեալ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան եւ իր Խօսքին անյողդողդ ջատագովը մնալ։ Ամէն գնով, ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան։ Թող որ Գերիշխան Տէր Եհովա, յաւիտեանս յաւիտենից, ուրախութեամբ իրեն առջեւ կայնելու առանձնաշնորհումը շնորհէ ձեզի։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Դանիէլ Բաբելոն աքսորուած էր Հ.Դ.Ա. 617–ին, երբ հաւանաբար պատանի մըն էր։ Ան այս տեսիլքը ստացաւ Կիւրոսի երրորդ տարին, կամ՝ Հ.Դ.Ա. 536–ին։—Դանիէլ 10։1

^ պարբ. 18 Բառագրքի մը (The Brown-Driver-Briggs Hebrew and English Lexicon) համաձայն, հոս ‘կայնիլ’ բառին համար գործածուած Եբրայերէն բառը՝ «մահուընէ ետք վերապրելու» կ’ակնարկէ։

^ պարբ. 24 Եբրայերէն բառը կապ ունի «խիճ»ի համար գործածուած բառին հետ, քանի որ վիճակ ձգելու համար պզտիկ քարեր կը նետէին։ Երբեմն հողերը այս կերպով կը բաժնէին։ (Թուոց 26։55, 56) Դանիէլ Գրքին Մասին Տեղեկագիրք–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ թէ հոս այս բառը կը նշանակէ՝ «այն ինչ որ (Աստուծոյ կողմէ) մէկ կողմ դրուած է անհատի մը համար»։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Ի՞նչ բան օգնեց Դանիէլի որ մինչեւ վերջ համբերէ։

Մեռնելու հեռանկարը ինչո՞ւ չէր սարսափեցներ Դանիէլը։

‘Իր վիճակին մէջ կայնելու’ Դանիէլի տուած հրեշտակին խոստումը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։

Դանիէլի մարգարէութեան ուշադրութիւն ընծայելով, անհատապէս ի՞նչպէս օգտուեցաք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 307]

[Նկար՝ էջ 318]

Դանիէլի նման, Աստուծոյ մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞ք