Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրարու դէմ պայքարող թագաւորները իրենց վախճանին կը մօտենան

Իրարու դէմ պայքարող թագաւորները իրենց վախճանին կը մօտենան

Գլուխ տասնըվեց

Իրարու դէմ պայքարող թագաւորները իրենց վախճանին կը մօտենան

1, 2. Հիւսիսի թագաւորին ինքնութիւնը ի՞նչպէս փոխուեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք։

 ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ եւ Ռուսիոյ քաղաքական կլիմային անդրադառնալով, Ֆրանսացի իմաստասէր եւ պատմաբան Ալեքսի տը Թոգվիլ՝ 1835–ին գրեց. «Մէկուն գլխաւոր գործարար միջոցը, ազատութիւնն է. միւսինը՝ ստրկութիւն։ Անոնց . . . ճամբաները իրարմէ տարբեր [են]. այսուհանդերձ, այնպէս կը թուի թէ իւրաքանչիւրը նախախնամութեան գաղտնի ծրագրումով կանչուած է, որպէսզի օրին մէկը իր ձեռքին մէջ ունենայ աշխարհի կէսին ճակատագիրը»։ Այս գուշակութիւնը ո՞րքան ճիշդ ելաւ Երկրորդ Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք։ Պատմաբան Ժ. Մ. Ռապըրթս կը գրէ. «Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, արդարեւ յայտնի եղաւ որ աշխարհի վիճակուած էր ի վերջոյ երկու մեծ եւ իրարմէ շատ տարբեր հեղինակութեան կերպերու կողմէ տիրապետուիլ. մէկը՝ այն ատենուան Ռուսաստանի կողմէ, իսկ միւսը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու»։

2 Երկու աշխարհամարտերու ընթացքին, Գերմանիան հարաւի թագաւորին՝ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժին՝ գլխաւոր թշնամին եղած էր, եւ հիւսիսի թագաւորին դիրքը գրաւած էր։ Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, սակայն, այդ պետութիւնը բաժնուեցաւ։ Արեւմտեան Գերմանիան հարաւի թագաւորին դաշնակից եղաւ եւ Արեւելեան Գերմանիան ուրիշ զօրաւոր ոյժի մը՝ Սովետական Միութեան կողմէ առաջնորդուած ազգերու Համայնավար հատուածին, միացաւ։ Այս հատուածը, կամ քաղաքական ինքնութիւնը, որպէս հիւսիսի թագաւոր կայնեցաւ, ուժգին կերպով հակառակելով Անգլօ–Ամերիկեան դաշնակցութեան։ Իսկ երկու թագաւորներուն միջեւ պայքարը Պաղ Պատերազմի վերածուեցաւ, որ տեւեց 1948–էն մինչեւ 1989։ Նախապէս, Գերմանացի հիւսիսի թագաւորը «սուրբ ուխտին դէմ» գործած էր։ (Դանիէլ 11։28, 30) Համայնավար հատուածը ուխտին հանդէպ ի՞նչպէս պիտի վարուէր։

Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կ’Իյնան՝ Բայց կը Զօրանան

3, 4. «Ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները» որո՞նք են, եւ անոնք ի՞նչ յարաբերութիւն ունեցան հիւսիսի թագաւորին հետ։

3 Հիւսիսի թագաւորը «ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ», ըսաւ Աստուծոյ հրեշտակը։ Ան աւելցուց. «Բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները [«ժողովուրդը», Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն] պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։ Ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, թէեւ ատեն մը սուրի, կրակի, գերութեան եւ յափշտակութեան պիտի հանդիպին [«ընկնեն», Արարատ]»։Դանիէլ 11։32, 33ա

4 «Ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները» միայն Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները կրնան ըլլալ, որոնք կը դաւանին Քրիստոնեայ ըլլալ, բայց իրենց արարքներով Քրիստոնէութեան անունն իսկ կը պղծեն։ Կրօնքը՝ Սովետական Միութեան Մէջ (Անգլերէն) գրքին մէջ, Ուոլթըր Գոլարզ կ’ըսէ. «[Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին] Սովետական Կառավարութիւնը ջանք թափեց որ Եկեղեցիներուն նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ապահովէ, հայրենիքի պաշտպանութեան համար»։ Պատերազմէն ետք, եկեղեցիին առաջնորդները ջանացին այդ բարեկամութիւնը պահպանել, հակառակ հիւսիսի թագաւորին դերը լեցնող հեղինակութեան վարած անաստուած քաղաքականութեան։ Այս կերպով, Քրիստոնեայ Աշխարհը որեւէ ժամանակէ աւելի այս աշխարհին մաս կազմեց. զզուելի հաւատուրացութիւն մը Եհովայի աչքին։—Յովհաննու 17։16. Յակոբու 4։4

5, 6. «Իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդը» որո՞նք էին, եւ հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ի՞նչ պատահեցաւ անոնց։

5 Իսկ ի՞նչ ըրին անկեղծ Քրիստոնեաները՝ «իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդը» եւ «խելացիները»։ Թէեւ տեղին ըլլալով անոնք ‘իրենց վրայ եղած իշխանութիւններուն կը հնազանդէին’, սակայն հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ապրող Քրիստոնեաները այս աշխարհին մէկ մասը չէին։ (Հռովմայեցիս 13։1. Յովհաննու 18։36) «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին» տալու հոգածու ըլլալով, անոնք նաեւ «զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ» տուին։ (Մատթէոս 22։21) Այս պատճառաւ, անոնց ուղղամտութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ։—Բ. Տիմոթէոս 3։12

6 Որպէս հետեւանք, ճշմարիտ Քրիստոնեաները թէ՛ ‘ինկան’ եւ թէ ‘զօրացան’։ Անոնք ինկան, այն առումով որ շատ մեծ հալածանքի ենթարկուեցան, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ սպաննուեցան։ Սակայն զօրացան, այն առումով որ, հսկայ մեծամասնութիւնը հաւատարիմ մնաց։ Անոնք Յիսուսի նման, աշխարհի յաղթեցին։ (Յովհաննու 16։33) Ասկէ զատ, անոնք բնաւ չկասեցուցին քարոզչութիւնը, նոյնիսկ երբ բանտարկուեցան կամ կեդրոնացման ճամբարներու դատապարտուեցան։ Այսպէս վարուելով, անոնք ‘շատերուն սորվեցուցին’։ Հակառակ հիւսիսի թագաւորին կողմէ տիրապետուած գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ եղող հալածանքներուն, Եհովայի Վկաներուն թիւը աւելցաւ։ Շնորհիւ «խելացիներ»ուն հաւատարմութեան, այդ երկիրներուն մէջ ‘մեծ բազմութեան’ յարաճուն մաս մը երեւան եկած է։—Յայտնութիւն 7։9-14

Եհովայի Ժողովուրդը կը Փորձուի

7. Օծեալ Քրիստոնեաները հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ի՞նչպէս «քիչ մը օգնութիւն» գտան։

7 «Բայց երբ [Աստուծոյ ժողովուրդը] այս բաներուն հանդիպին [«նորանք ընկնելիս», Արարատ]՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն»։ (Դանիէլ 11։33բ) Երկրորդ Աշխարհամարտին, հարաւի թագաւորին յաղթանակը քիչ մը ամոքեց մրցակից թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ապրող Քրիստոնեաները։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 12։15, 16։) Նոյն կերպով, անոնք որոնք հալածուած էին յաջորդ թագաւորին կողմէ, պարբերաբար հանգիստի պահեր կ’ունենային։ Մինչ Պաղ Պատերազմը հետզհետէ հանդարտեցաւ, շատ մը առաջնորդներ անդրադարձան որ հաւատարիմ Քրիստոնեաները սպառնալիք մը չեն ներկայացներ, ուստի օրինական ճանաչում շնորհեցին անոնց։ Օգնութեան նպաստող ուրիշ ազդակ մը եղաւ մեծ բազմութեան յարաճուն թիւը, որոնք օծեալներուն հաւատարիմ քարոզչութեան ընդառաջեցին ու անոնց օգնեցին։—Մատթէոս 25։34-40

8. Ոմանք ի՞նչպէս «շողոքորթութիւններով» միացան Աստուծոյ ժողովուրդին։

8 Պաղ Պատերազմի տարիներու ընթացքին, Աստուծոյ ծառայութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուողներուն բոլորն ալ շիտակ շարժառիթներ չունէին։ Հրեշտակը ազդարարած էր. «Շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին»։ (Դանիէլ 11։34) Բաւական մեծ թիւով անհատներ ճշմարտութիւնով հետաքրքրուեցան, բայց չկամեցան իրենք զիրենք Աստուծոյ նուիրել։ Իսկ ուրիշներ, որոնք երեւութապէս բարի լուրը ընդունեցին, իրականութեան մէջ հեղինակութիւններուն համար գործող լրտեսներ էին։ Երկրէ մը եկած տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «Այդ անպատկառ անհատներէն ոմանք Համայնավար բացայայտ համակիրներ էին, որոնք Տիրոջ կազմակերպութեան մէջ սպրդեցան, շատ մեծ նախանձախնդրութիւն ցոյց տուին եւ նոյնիսկ ծառայութեան պատասխանատու դիրքերու վրայ դրուեցան»։

9. Եհովա ինչո՞ւ թոյլատրեց որ կարգ մը հաւատարիմ Քրիստոնեաներ ներս սպրդողներու պատճառաւ ‘իյնան’։

9 Հրեշտակը շարունակեց. «Խելացիներէն ոմանք այս բաներուն պիտի հանդիպին [«պիտի ընկնեն», Արարատ], որպէս զի մինչեւ վերջին ժամանակը զանոնք փորձէ, մաքրէ ու ճերմկցնէ. քանզի անիկա տակաւին որոշ ժամանակ մը պիտի տեւէ»։ (Դանիէլ 11։35) Ներս սպրդողները պատճառ եղան որ կարգ մը հաւատարիմներ հեղինակութիւններու ձեռքը իյնան։ Եհովա թոյլ տուաւ որ այսպիսի բաներ պատահին, որպէսզի իր ժողովուրդը փորձուի ու մաքրուի։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս «իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ», նոյնպէս այս հաւատարիմները իրենց հաւատքին փորձութեամբ համբերութիւն սորվեցան։ (Եբրայեցիս 5։8. Յակոբու 1։2, 3. համեմատել՝ Մաղաքեայ 3։3։) Այս կերպով անոնք ‘փորձուեցան, մաքրուեցան ու ճերմկցան’։

10. «Մինչեւ վերջին ժամանակ» արտայայտութեան իմաստը ի՞նչ է։

10 Եհովայի ժողովուրդը «մինչեւ վերջին ժամանակը» պիտի իյնար ու պիտի փորձուէր։ Այո, մինչեւ այս ամբարիշտ իրերու դրութիւնը իր վախճանին հասնի՝ անոնք հալածանք կ’ակնկալեն։ Սակայն, հիւսիսի թագաւորին պատճառած սպրդումով Աստուծոյ ժողովուրդին մաքրուիլն ու ճերմկցուիլը «որոշ ժամանակ»ի համար էր։ Ուստի, Դանիէլ 11։35–ի մէջ «վերջին ժամանակը» պէտք է կապ ունենայ՝ հիւսիսի թագաւորին յարձակման ենթարկուելով, փորձուելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին հարկ եղած ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան հետ։ Բացայայտօրէն, իյնալը վերջ գտաւ Եհովայի կողմէ որոշուած ժամանակին։

Թագաւորը Ինքզինք կը Մեծցնէ

11. Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ հիւսիսի թագաւորին կեցուածքին մասին հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ։

11 Հիւսիսի թագաւորին մասին հրեշտակը աւելցուց. «Այն թագաւորը իր ուզածը պիտի ընէ ու զինքը բոլոր աստուածներէն վեր պիտի բարձրացնէ ու պիտի մեծցնէ եւ [մերժելով Եհովայի գերիշխանութիւնը ճանչնալ] աստուածներուն Աստուծոյն դէմ սոսկալի բաներ պիտի խօսի ու յաջողութիւն պիտի գտնէ՝ մինչեւ որ բարկութիւնը կատարուի. քանզի նախասահմանուածը պիտի գործադրուի։ Ան իր հայրերուն աստուածներուն մասին պիտի չմտածէ, ո՛չ ալ կիներու ցանկութիւններու մասին ու ոեւէ աստուած պիտի անտեսէ, քանզի ինքզինք ամենէն մեծ պիտի սեպէ»։—Դանիէլ 11։36, 37

12, 13. (ա) Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչ կերպով մերժեց «իր հայրերուն աստուածներ»ը։ (բՈրո՞նք էին այն «կիներ»ը, որոնց «ցանկութիւններ»ը նկատի չառաւ հիւսիսի թագաւորը։ (գՀիւսիսի թագաւորը ո՞ր ‘աստուածը’ պատուեց։

12 Մարգարէական այս խօսքերը կատարելով, հիւսիսի թագաւորը մերժեց «իր հայրերուն աստուածներ»ը, ինչպէս՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութեան աստուածութիւնը։ Համայնավար հատուածը բացայայտօրէն անաստուածութիւն քաջալերեց։ Այսպիսով, հիւսիսի թագաւորը ինքզինք աստուածացուց, ‘ինքզինք ամենէն մեծ սեպելով’։ Կարեւորութիւն չտալով «կիներու ցանկութիւններու»ն՝ իր վարչաձեւին որպէս սպասուհիները ծառայող Հիւսիսային Վիեթնամի նման երկիրներուն՝ թագաւորը ‘իր ուզածը ըրաւ’։

13 Մարգարէութիւնը շարունակելով, հրեշտակը ըսաւ. «Ան բերդերուն աստուածը իր եղած տեղը պիտի պատուէ ու իր հայրերուն չճանչցած աստուածը ոսկիով, արծաթով, պատուական քարերով ու ցանկալի բաներով պիտի պատուէ»։ (Դանիէլ 11։38) Արդարեւ, հիւսիսի թագաւորը իր վստահութիւնը դրաւ արդի գիտական ռազմամոլութեան՝ ‘բերդերու աստուծոյն’ վրայ։ Ան իր փրկութիւնը այս ‘աստուծոյն’ մէջ փնտռեց, անոր խորանին վրայ հսկայական հարստութիւն զոհելով։

14. Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչպէս ‘ազդու կերպով գործեց’։

14 «Օտար աստուծոյ հետ զօրաւոր բերդերու մէջ [«ազդու կերպով», ՆԱ] պիտի գործէ ու զանիկա ճանչցողներուն փառքը պիտի շատցնէ եւ շատերուն վրայ տիրել պիտի տայ անոնց ու երկիրը իբրեւ վարձք պիտի բաժնէ»։ (Դանիէլ 11։39) Իր ռազմական «օտար աստուծոյ»ն վստահելով, հիւսիսի թագաւորը ‘ազդու կերպով գործեց’, ապացուցանելով որ ահաւոր զինուորական ոյժ մը եղած է «վերջին օրեր»ուն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Իր գաղափարախօսութեան նեցուկ կանգնողները վարձատրուեցան, քաղաքական, նիւթական եւ երբեմն զինուորական օժանդակութիւն ստանալով։

Վերջին Ժամանակին Մէջ՝ ‘Նեղի կը Դրուի’

15. Հարաւի թագաւորը ի՞նչպէս հիւսիսի թագաւորին ‘նեղի դրաւ’։

15 «Վերջին ժամանակը հարաւի թագաւորը անոր վրայ պիտի յարձակի [«նեղի պիտի դնէ», ՆԱ]», ըսաւ հրեշտակը Դանիէլի։ (Դանիէլ 11։40ա) Արդեօք հարաւի թագաւորը «վերջին ժամանակ»ին մէջ, հիւսիսի թագաւորին նեղի դրա՞ւ։ (Դանիէլ 12։4, 9) Այո՛, արդարեւ։ Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, ռազմատուգանքի խաղաղութեան դաշինքը, վստահաբար այն ժամանակուան հիւսիսի թագաւորին՝ Գերմանիոյ՝ ‘նեղի դրաւ’, զինք փոխհատուցման գրգռելով։ Երկրորդ Աշխարհամարտին յաղթանակ տանելէ ետք, հարաւի թագաւորը կորիզային ահաւոր զէնքեր լարեց իր մրցակիցին դէմ, եւ անոր դէմ զինուորական զօրաւոր զինակցութիւն մը կազմակերպեց՝ Հիւսիսային–Ատլանտեան Համաձայնագրի Կազմակերպութիւնը (ՕԹԱՆ)։ ՕԹԱՆ–ի գործունէութեան նկատմամբ, Բրիտանացի պատմաբան մը կ’ըսէ. «Անիկա հիմնական գործիքն էր ՍՍՀՄ–ը ‘սահմանափակելու’, որ այլեւս Եւրոպայի խաղաղութեան գլխաւոր սպառնալիքը նկատուած էր։ Անոր առաքելութիւնը տեւեց 40 տարի եւ անվիճելի յաջողութեամբ կատարուեցաւ»։ Պաղ Պատերազմի տարիներու ընթացքին, հարաւի թագաւորին ‘նեղի դնելը’ ներփակեց բարձրորակ լրտեսութիւն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ու զինուորական ճնշումներ։

16. Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչպէս հակազդեց հարաւի թագաւորին նեղի դնելուն։

16 Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչպէս հակազդեց։ «Հիւսիսի թագաւորը կառքերով, ձիաւորներով ու շատ նաւերով մրրիկի պէս հարաւի թագաւորին դէմ պիտի երթայ ու անոր երկիրը պիտի մտնէ ու կոխելով պիտի անցնի»։ (Դանիէլ 11։40բ) Վերջին օրերուն պատմութիւնը յատկորոշուած է հիւսիսի թագաւորին ծաւալապաշտութեամբ։ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Նացի «թագաւորը» իր փէշերը տարածեց սահմանակից երկիրներուն վրայ։ Այդ պատերազմի աւարտին, յաջորդ «թագաւորը» հզօր կայսրութիւն մը հիմնեց։ Պաղ Պատերազմի ընթացքին, հիւսիսի թագաւորը իր մրցակիցին հետ կռուեցաւ ուրիշ երկիրներու պատերազմներուն թիկունք կանգնելով եւ Ափրիկէի, Ասիոյ ու Լատին Ամերիկայի մէջ յարուցուած ապստամբութիւններով։ Ան հալածեց անկեղծ Քրիստոնեաները, անոնց գործունէութեան արգելք ըլլալով, բայց որեւէ կերպով չկարենալով զայն կասեցնել։ Իսկ իր զինուորական եւ քաղաքական յարձակումները բազմաթիւ երկիրներ իր տիրապետութեան ներքեւ բերին։ Ճիշդ ինչպէս որ հրեշտակը մարգարէացած էր. «Փառաւոր երկիրը [Եհովայի ժողովուրդին հոգեւոր վիճակը] պիտի մտնէ ու շատ երկիրներ տակնուվրայ պիտի ընէ»։—Դանիէլ 11։41ա

17. Հիւսիսի թագաւորին ծաւալապաշտութեան ի՞նչ սահմանափակումներ եղան։

17 Այսուհանդերձ, հիւսիսի թագաւորը համաշխարհային յաղթանակ մը չիրագործեց։ Հրեշտակը նախագուշակեց. «Անոր ձեռքէն պիտի ազատին Եդովմը, Մովաբն ու Ամմոնի որդիներուն գլխաւոր քաղաքը»։ (Դանիէլ 11։41բ) Անցեալին, Եդովմը, Մովաբը եւ Ամմոնը, Եգիպտացի հարաւի թագաւորին եւ Սուրիացի հիւսիսի թագաւորին միջեւ եղող հողամասերուն մէջ կը գտնուէին։ Արդի ժամանակներուն, անոնք կը ներկայացնեն ազգեր ու կազմակերպութիւններ, զորս հիւսիսի թագաւորը իր թիրախը դարձուցած էր բայց չէր կրցած զանոնք իր ազդեցութեան ներքեւ բերել։

‘Եգիպտոսը Չ’ազատիր’

18, 19. Հարաւի թագաւորը ի՞նչ կերպերով իր մրցակիցին ազդեցութիւնը զգաց։

18 Եհովայի հրեշտակը կը շարունակէ ըսել. «[Հիւսիսի թագաւորը] իր ձեռքը երկիրներու վրայ պիտի երկնցնէ ու Եգիպտոսը պիտի չկարենայ ազատիլ։ Ոսկիի ու արծաթի գանձերուն ու Եգիպտոսի բոլոր պատուական բաներուն պիտի տիրէ եւ Լիբէացիներն ու Եթովպիացիները անոր պիտի հետեւին»։ (Դանիէլ 11։42, 43) Նոյնիսկ հարաւի թագաւորը՝ «Եգիպտոսը»՝ չազատեցաւ հիւսիսի թագաւորին ծաւալապաշտական քաղաքականութենէն։ Օրինակ, հարաւի թագաւորը Վիեթնամի մէջ աչքառու պարտութիւն մը կրեց։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել ‘Լիբէացիներուն ու Եթովպիացիներուն’ մասին։ Վաղեմի Եգիպտոսի այս դրացիները շատ լաւ կերպով կրնան նախաշուքը ըլլալ այն ազգերուն, որոնք աշխարհագրական առումով արդի «Եգիպտոս»ին (հարաւի թագաւորին) դրացիներն են։ Կարգ մը ժամանակներուն, անոնք հիւսիսի թագաւորին քայլերուն հետեւած են։

19 Արդեօք հիւսիսի թագաւորը ‘Եգիպտոսի գանձերուն’ տիրե՞ց։ Ան արդարեւ զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունեցած է հարաւի թագաւորին նիւթական աղբիւրներու գործածութեան կերպին վրայ։ Իր մրցակիցէն վախնալով, հարաւի թագաւորը հսկայական գումարներ յատկացուցած է ահաւոր բանակ մը, նաւատորմ եւ օդուժ մը պահելու համար։ Այս առումով, հիւսիսի թագաւորը ‘տիրած’ է հարաւի թագաւորին գանձերուն, կամ զանոնք ղեկավարած է։

Վերջին Արշաւը

20. Հրեշտակը ի՞նչպէս նկարագրեց հիւսիսի թագաւորին վերջին արշաւը։

20 Հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին միջեւ մրցակցութիւնը՝ ըլլայ զինուորական, տնտեսական թէ այլ՝ իր աւարտին կը մօտենայ։ Տակաւին մեր դիմաց եղող պայքարին մասին մանրամասնութիւններ տալով, Եհովայի հրեշտակը ըսաւ. «Բայց արեւելքէն ու հիւսիսէն լուրեր պիտի գան, որոնք զինք [հիւսիսի թագաւորը] պիտի խռովեցնեն, ուստի մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ, որպէս զի շատերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ։ Պալատներու պէս վրանները ծովուն [«մեծ ծովուն», ՆԱ] մէջտեղ փառաւոր ու սուրբ լերան վրայ պիտի կանգնեցնէ [«ծովերուն ու փառաւոր սուրբ լերանը մէջտեղ», Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն, ստորանիշ]. բայց անիկա իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ»։—Դանիէլ 11։44, 45

21. Տակաւին ի՞նչ պիտի սորվինք հիւսիսի թագաւորին մասին։

21 Դեկտեմբեր 1991–ին Սովետական Միութեան կազմալուծումով, հիւսիսի թագաւորին յառաջխաղացքը լրջօրէն կասեցուեցաւ։ Դանիէլ 11։44, 45–ի կատարման ժամանակ ո՞վ պիտի ըլլայ այս թագաւորը։ Արդեօք անիկա նախկին Սովետական Միութեան մաս կազմող երկիրներէն մէ՞կը պիտի ըլլայ։ Թէ ոչ անոր ինքնութիւնը բոլորովին պիտի փոխուի, ինչպէս բազմիցս եղած է անցեալին։ Արդեօք շատ մը ազգերու կորիզային զէնքերով զինուիլը, նոր մրցակցութեան դո՞ւռ մը պիտի բանայ, այդ թագաւորին ինքնութեան ազդելով։ Միայն ժամանակը պիտի հայթայթէ այս հարցումներուն պատասխանները։ Իմաստութիւն չէ ենթադրութիւններ ընել։ Երբ հիւսիսի թագաւորը իր վերջնական արշաւին ձեռնարկէ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ներատեսութիւն ունեցող բոլոր անհատները յստակօրէն պիտի տեսնեն մարգարէութեան կատարումը։—Տես՝ «Դանիէլի 11–րդ Գլուխին Թագաւորները», էջ 284–ի վրայ։

22. Հիւսիսի թագաւորին վերջնական յարձակման մասին ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։

22 Սակայն, գիտենք թէ հիւսիսի թագաւորը շուտով ի՛նչ քայլ պիտի առնէ։ «Արեւելքէն ու հիւսիսէն» եկած լուրերէն մղուած, ան արշաւի մը պիտի ձեռնարկէ, որպէսզի «շատերը կորսնցնէ»։ Այս արշաւը որո՞նց դէմ ուղղուած պիտի ըլլայ։ Իսկ ի՞նչ «լուրեր» շարժման մէջ պիտի դնեն այսպիսի յարձակում մը։

Խռովեցուցիչ Լուրերով Ահաբեկուած

23. (ա) Արմագեդոնէն առաջ, ի՞նչ աչքառու դէպք մը տեղի պէտք է ունենայ։ (բՈրո՞նք են «արեւելքի թագաւորներ»ը։

23 Նկատի առէք թէ Յայտնութիւն գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ վախճանին մասին։ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»էն՝ Արմագեդոնէն առաջ, ճշմարիտ պաշտամունքի այս մեծ թշնամին «կրակով պիտի այրի»։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. 18։2-8) Անոր կործանումը նախապատկերացուած է այլաբանական Եփրատ Գետին վրայ Աստուծոյ բարկութեան վեցերորդ սկաւառակին թափուելով։ Գետը կը ցամքի, «որպէս զի արեւելքի թագաւորներուն ճամբան պատրաստուի»։ (Յայտնութիւն 16։12) Որո՞նք են այս թագաւորները։ Անոնք Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոսն են։—Համեմատել՝ Եսայեայ 41։2. 46։10, 11։

24. Եհովայի ո՞ր արարքը կրնայ խռովեցնել հիւսիսի թագաւորը։

24 Մեծն Բաբելոնի կործանումը վառ կերպով նկարագրուած է Յայտնութիւն գրքին մէջ, ուր կ’ըսէ. «Տասը եղջիւրները [վերջին ժամանակին մէջ տիրող թագաւորները], որոնք գազանին [Միացեալ Ազգեր] վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ (Յայտնութիւն 17։16) Կառավարիչները ինչո՞ւ պիտի կործանեն Մեծն Բաբելոնը։ Քանի որ «Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն»։ (Յայտնութիւն 17։17) Այս կառավարիչներուն մէջ պիտի ըլլայ նաեւ հիւսիսի թագաւորը։ «Արեւելքէն» անոր լսածը շատ հաւանաբար Եհովայի այս արարքին կ’ակնարկէ, երբ Ան մարդկային առաջնորդներուն սրտին մէջ դնէ կրօնական մեծ պոռնիկը բնաջնջելու գաղափարը։

25. (ա) Հիւսիսի թագաւորը մասնայատուկ ի՞նչ թիրախ ունի։ (բՀիւսիսի թագաւորը «պալատներու պէս վրանները» ո՞ւր կը կանգնեցնէ։

25 Սակայն հիւսիսի թագաւորին բարկութեան մասնայատուկ թիրախ մը կայ։ Ան ‘պալատներու պէս վրանները մեծ ծովուն ու փառաւոր սուրբ լերանը մէջտեղ’ պիտի կանգնեցնէ, կ’ըսէ հրեշտակը։ Դանիէլի ժամանակ, մեծ ծովը Միջերկրականն էր եւ սուրբ լեռը՝ Սիօնը, ուր ժամանակին կը գտնուէր Աստուծոյ տաճարը։ Հետեւաբար, մարգարէութեան կատարման մէջ, հիւսիսի բարկացած թագաւորը Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ արշաւ մը կը մղէ։ Հոգեւոր առումով, ‘մեծ ծովուն ու փառաւոր սուրբ լերանը մէջտեղ’ը եղող վայրը կը ներկայացնէ Եհովայի օծեալ ծառաներուն հոգեւոր վիճակը։ Անոնք Աստուծմէ օտարացած մարդկութեան ‘ծովէն’ դուրս եկած են, եւ Յիսուս Քրիստոսի հետ երկնային Սիօն Լերան վրայ իշխելու յոյսը ունին։—Եսայեայ 57։20. Եբրայեցիս 12։22. Յայտնութիւն 14։1

26. Ինչպէս նշուած է Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ, «հիւսիսէն» եկած լուրերուն ծագումը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

26 Դանիէլի ժամանակակից եղող Եզեկիէլն ալ մարգարէացաւ «վերջին օրերը» Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կատարուելիք յարձակումին մասին։ Ան ըսաւ որ թշնամանքը պիտի սկսի Մագոգի Գոգին, այսինքն, Բանսարկու Սատանայի կողմէ։ (Եզեկիէլ 38։14, 16) Այլաբանօրէն, Գոգը ո՞ր կողմէն կու գայ։ Եզեկիէլի միջոցաւ Եհովա կ’ըսէ՝ «հիւսիսի ծայրերէն»։ (Եզեկիէլ 38։15) Այս յարձակումը որքան ալ կատաղի ըլլայ, անիկա պիտի չկործանէ Եհովայի ժողովուրդը։ Այս շշմեցուցիչ բախումը Գոգի ուժերը բնաջնջելու համար Եհովայի առած ռազմավարական քայլին հետեւանքը պիտի ըլլայ։ Ուստի, Եհովա կ’ըսէ Սատանայի. «Քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ ու քեզ . . . պիտի հանեմ»։ «Հիւսիսի ծայրերէն քեզ պիտի հանեմ ու քեզ Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի բերեմ»։ (Եզեկիէլ 38։4. 39։2) Ուստի, հիւսիսի թագաւորը բարկացնող «հիւսիսէն» եկող լուրերը, Եհովայէ ծագում պէտք է առնեն։ Բայց, «արեւելքէն ու հիւսիսէն» եկած լուրերը վերջապէս ի՛նչ պիտի պարունակեն, միայն Եհովան պիտի որոշէ եւ ժամանակը պիտի գիտցնէ։

27. (ա) Գոգ ինչո՞ւ ազգերը, մէջը ըլլալով հիւսիսի թագաւորը, պիտի դրդէ որպէսզի Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակին։ (բԳոգի յարձակումին հետեւանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

27 Ինչ կը վերաբերի Գոգի, ան իր վճռական յարձակումը կը կազմակերպէ «Աստուծոյ Իսրայէլին» բարգաւաճութեան պատճառաւ, որ «ուրիշ ոչխարներ»ու ‘մեծ բազմութեան’ հետ այլեւս իր աշխարհին մաս չի կազմեր։ (Գաղատացիս 6։16. Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16. 17։15, 16. Ա. Յովհաննու 5։19) Գոգ դժգոհանքով կը նայի «ազգերէն հաւաքուած եւ [հոգեւոր] խաշինք ու ապրանք ստացած . . . ժողովուրդին»։ (Եզեկիէլ 38։12) Քրիստոնեաներուն ունեցած հոգեւոր վիճակը, «անպարիսպ գիւղերուն» նման դիւրութեամբ գրաւելիք բան մը նկատելով, Գոգ գերագոյն ճիգ մը կ’ընէ համայն մարդկութիւնը իր տիրապետութեան տակ առնելու մէջ իրեն արգելք եղող այս տարրը բնաջնջելու։ Բայց ան կը ձախողի։ (Եզեկիէլ 38։11, 18. 39։4) Երբ երկրի թագաւորները՝ մէջը ըլլալով հիւսիսի թագաւորը, Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակում գործեն, անոնք ‘իրենց վախճանին պիտի հասնին’։

‘Թագաւորը Իր Վախճանին Պիտի Հասնի’

28. Ի՞նչ գիտենք հիւսիսի թագաւորին ու հարաւի թագաւորին ապագային մասին։

28 Հիւսիսի թագաւորին վերջին արշաւը՝ հարաւի թագաւորին դէմ ուղղուած չէ։ Հետեւաբար, հիւսիսի թագաւորը իր մեծ մրցակիցին ձեռքով չէ որ իր վախճանին կը հասնի։ Նմանապէս, հարաւի թագաւորը՝ հիւսիսի թագաւորին կողմէ չի կործանիր։ Հարաւի թագաւորը «առանց [մարդկային] ձեռքի պիտի կոտրի», Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ։ * (Դանիէլ 8։25) Իրականութեան մէջ, Արմագեդոնի պատերազմին, երկրի բոլոր թագաւորները մէջտեղէն պիտի վերցուին Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ, եւ ըստ տուեալներուն, նոյնը պիտի պատահի հիւսիսի թագաւորին։ (Դանիէլ 2։44) Դանիէլ 11։44, 45–ը այդ վերջին պատերազմին առաջնորդող դէպքերը կը նկարագրէ։ Զարմանալի չէ որ երբ հիւսիսի թագաւորը իր վախճանին հասնի, «անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ»։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 28 Տես այս գրքին 10–րդ Գլուխը։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, հիւսիսի թագաւորին ինքնութիւնը ի՞նչպէս փոխուեցաւ։

Վերջապէս ի՞նչ պիտի պատահի հիւսիսի թագաւորին ու հարաւի թագաւորին։

Երկու թագաւորներու միջեւ մրցակցութեան մասին Դանիէլի մարգարէութեան ուշադրութիւն ընծայելով ի՞նչ օգուտ քաղեցիք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ/Նկար՝ էջ 284]

ԴԱՆԻԷԼԻ 11–ՐԴ ԳԼՈՒԽԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

Հիւսիսի Հարաւի

Թագաւորը Թագաւորը

Դանիէլ 11։5 Սելեւկոս Ա. Նիկատոր Պտղոմէոս Ա.

Դանիէլ 11։6 Անտիոքոս Բ. Պտղոմէոս Բ.

(կինը՝ Լաւոդիկ) (դուստրը՝ Պերենիս)

Դանիէլ 11։7-9 Սելեւկոս Բ. Պտղոմէոս Գ.

Դանիէլ 11։10-12 Անտիոքոս Գ. Պտղոմէոս Դ.

Դանիէլ 11։13-19 Անտիոքոս Գ. Պտղոմէոս Ե.

(դուստրը՝ Կղէոպատրա Ա.) Յաջորդը՝ Պտղոմէոս Զ.

Յաջորդները՝

Սելեւկոս Դ. եւ

Անտիոքոս Դ.

Դանիէլ 11։20 Օգոստոս

Դանիէլ 11։21-24 Տիբերիոս

Դանիէլ 11։25, 26 Աւրեղիանոս Զենոբիա Թագուհի

Հռովմէական Կայսրութիւնը

կը քայքայուի

Դանիէլ 11։27-30ա Գերմանական Կայսրութիւն Բրիտանիա, որուն կը յաջորդէ

(Ա. Աշխարհամարտ) Անգլօ–Ամերիկեան

Աշխարհակալ Ոյժը

Դանիէլ 11։30բ, 31 Հիթլէրի Երրորդ Ռայխը Անգլօ–Ամերիկեան

(Բ. Աշխարհամարտ) Աշխարհակալ Ոյժը

Դանիէլ 11։32-43 Համայնավար հատուած Անգլօ–Ամերիկեան

(Պաղ Պատերազմ) Աշխարհակալ Ոյժը

Դանիէլ 11։44, 45 Տակաւին պիտի ելլէ * Անգլօ–Ամերիկեան

Աշխարհակալ Ոյժը

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 83 Դանիէլի 11–րդ գլուխին մարգարէութիւնը, տարբեր ժամանակներու հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին դերերը լեցնող քաղաքական ինքնութիւններուն անունները չի տար։ Անոնց ինքնութիւնը յայտնի կ’ըլլայ, միայն երբ դէպքերը կը սկսին տեղի ունենալ։ Ասկէ զատ, քանի որ պայքարները պարբերաբար տեղի կ’ունենան, երբեմն միջանկեալ ժամանակներ կան, երբ պայքար չկայ. թագաւորներէն մէկը իշխանութեան գլուխ կ’ըլլայ, մինչ միւսը՝ անգործունեայ կը մնայ։

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 271]

[Նկարներ՝ էջ 279]

Հարաւի թագաւորին ‘նեղի դնելը’՝ բարձրորակ լրտեսութիւն, ինչպէս նաեւ զինուորական յարձակումներու սպառնալիք ներփակած է