Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չորս բառեր՝ որոնք աշխարհը փոխեցին

Չորս բառեր՝ որոնք աշխարհը փոխեցին

Գլուխ եօթը

Չորս բառեր՝ որոնք աշխարհը փոխեցին

1. Վաղուց, պատի մը վրայ գրուած չորս բառեր ի՞նչ խոր ազդեցութիւն ունեցան։

 ՉՈՐՍ պարզ բառեր՝ ծեփուած պատի մը վրայ գրուած։ Սակայն այս չորս բառերը սարսափեցուցին հզօր կառավարիչ մը, գրեթէ գժուելու աստիճան։ Անոնք երկու թագաւորներու գահընկէց ըլլալը, անոնցմէ մէկուն սպաննուիլը, եւ աշխարհակալ հզօր ոյժի մը վախճանը կը գուժէին։ Այս բառերը յարգուած կրօնական միաբանութեան մը նուաստացում պատճառեցին։ Ամենէն կարեւորը, անոնք Եհովայի մաքուր պաշտամունքը պանծացուցին եւ իր գերիշխանութիւնը վերահաստատեցին այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ մարդոց մեծամասնութիւնը շատ կարեւորութիւն չէր տար այս երկու բաներուն։ Այո, այդ բառերը ներկայ աշխարհի անցուդարձին վրայ ալ լոյս սփռեցին։ Չորս բառեր ի՞նչպէս կրնային այս բոլորը ընել։ Տեսնե՛նք։

2. (ա) Նաբուգոդոնոսորի մահուընէ ետք, ի՞նչ պատահեցաւ Բաբելոնի։ (բԱրդ ո՞վ անցած էր իշխանութեան գլուխը։

2 Դանիէլի 4–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած եղելութիւններէն տասնեակ տարիներ անցած էին։ Բաբելոնի մէջ Նաբուգոդոնոսոր հպարտ թագաւորի իշխանութեան 43 տարիները վերջ գտան իր մահով, որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 582–ին։ Իր ընտանիքէն շարք մը յաջորդներ եկան, բայց կանխահաս մահը կամ սպանութիւնը վերջ դրաւ անոնց իշխանութեան մէկը միւսին ետեւէն։ Վերջապէս, Նաբունիտոս կոչուող մարդ մը ապստամբութեան մը միջոցաւ գահ բարձրացաւ։ Լուսին–աստուծոյն՝ Սինի՝ քահանայապետուհիի մը որդին Նաբունիտոս, բաբելոնական արքայական ընտանիքին արիւնակից մը չէր։ Կարգ մը հեղինակութիւններ կը խորհին որ անիկա ամուսնացած էր Նաբուգոդոնոսորի աղջիկներէն մէկուն հետ, իր իշխանութիւնը վաւերացնելու համար. իրենց որդին Բաղտասարը իշխանակից ըրած էր եւ կը պատահէր որ երկար ժամանակ գահը անոր ձգէր։ Այդ պարագային, Բաղտասար Նաբուգոդոնոսորի թոռը եղած ըլլալու էր։ Ան իր մեծ–հօրը փորձառութենէն սորվա՞ծ էր որ Եհովա է Բարձրեալ Աստուած, որ կրնայ ոեւէ թագաւոր նուաստացնել։ Այնպէս կ’երեւի որ չէր սորված։—Դանիէլ 4։37

Կոչունք մը որ Սանձը կը Կորսնցնէ

3. Բաղտասարի կոչունքը նկարագրեցէք։

3 Դանիէլի 5–րդ գլուխը կը բացուի կոչունքով մը։ «Բաղտասար թագաւորը իր մեծամեծներէն հազար հոգիի մեծ կոչունք տուաւ ու հազարին առջեւ գինի խմեց»։ (Դանիէլ 5։1) Դժուար չէ երեւակայել որ այս բոլորը եւ թագաւորին երկրորդական կիներն ու հարճերը նստեցնելու համար սրահը շատ մեծ ըլլալու էր։ Ուսումնական մը կը նշէ. «Բաբելոնական կոչունքները փառաւոր էին, թէեւ անոնք գինովութեամբ վերջ կը գտնէին։ Սեղանը լեցուն կ’ըլլար ներածուած գինիներով ու ամէն տեսակ փարթամութիւններով։ Սրահը կը բուրէր անուշահոտերով. երգիչները եւ նուագածուները հաւաքուած հիւրերը կը զուարճացնէին»։ Անոր ատենապետող ու բոլորին կողմէ նկատելի դիրք գրաւած Բաղտասար գինի կը խմէր. ան խմեց ու խմեց։

4. (ա) Հ.Դ.Ա. 539 Հոկտեմբեր 5/6–ի գիշերը Բաբելոնացիներուն տօնախմբութիւն ընելը ինչո՞ւ տարօրինակ կը հնչէ։ (բԲացայայտօրէն ի՞նչ բան Բաբելոնացիներուն վստահութիւն կու տար ներխուժող բանակներուն դիմաց։

4 Տարօրինակ կը թուի որ Բաբելոնացիները այսպիսի տօնախմբութիւն մը ընելու տրամադրութիւն ունէին, Հ.Դ.Ա. 539 Հոկտեմբեր 5/6–ի գիշերը։ Երկիրը պատերազմի մէջ էր, եւ վիճակները լաւ չէին։ Նաբունիտոս տակաւին վերջերս պարտութիւն մը կրած էր Մարա–Պարսկական ներխուժող ուժերուն կողմէ եւ Բաբելոնի հարաւ–արեւմտեան կողմը Բորսիփայի մէջ ապաստանած էր։ Իսկ հիմա Կիւրոսի բանակները Բաբելոնի դուրսը բանակած էին։ Սակայն, այնպէս կը տեսնուի որ Բաղտասար եւ իր մեծամեծները մտահոգուած չէին։ Ի վերջոյ, իրենց քաղաքը անառիկ Բաբելոնն էր։ Անոր վիթխարի պարիսպները քաղաքին մէջէն անցնող Եփրատ մեծ գետին ջուրերով լեցուած խորունկ խրամատներու վրայ բարձրացած էին։ Աւելի քան հազար տարիէ ի վեր ոեւէ թշնամի չէր կրցած Բաբելոնը ասպատակել։ Ուստի ինչո՞ւ մտահոգուէին։ Թերեւս Բաղտասար խորհեցաւ որ իրենց շուայտութեան աղմուկը դուրսը եղող թշնամիին պիտի ապացուցանէր որ իրենք ինքնավստահ էին եւ զանոնք պիտի վհատեցնէր։

5, 6. Գինիի ազդեցութեան ներքեւ Բաղտասար ի՞նչ ըրաւ, եւ ասիկա ինչո՞ւ Եհովայի դէմ լուրջ նախատինք մըն էր։

5 Շատ չանցած, զգալի եղաւ որ Բաղտասար խմիչքը չափազանցած էր։ Ինչպէս կ’ըսէ Առակաց 20։1–ը՝ «գինին ծաղրող է»։ Այս պարագային, գինին մղեց որ թագաւորը մեծ յիմարութիւն մը ընէ։ Ան հրաման տուաւ որ Եհովայի տաճարէն բերուած սրբազան անօթները կոչունքին վայրը բերեն։ Այս անօթները, զորս Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմը նուաճած ատեն որպէս աւար առած էր, միայն մաքուր պաշտամունքի համար պէտք էր գործածուէին։ Անցեալին, Երուսաղէմի տաճարին մէջ զանոնք գործածելու արտօնութիւն ունեցող Հրեայ քահանաներն անգամ ազդարարուած էին որ իրենց անձերը մաքուր պահէին։—Դանիէլ 5։2. համեմատել՝ Եսայեայ 52։11։

6 Սակայն, Բաղտասար տակաւին աւելի ամբարտաւան արարք մը ունէր իր մտքին մէջ։ «Թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը . . . գինի խմեցին ու ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ աստուածները գովեցին»։ (Դանիէլ 5։3, 4) Ուստի, Բաղտասար ուզեց իր կեղծ աստուածները Եհովայէ աւելի բարձրացնել։ Այնպէս կը թուի որ այս կեցուածքը զուտ բաբելոնական էր։ Անոնք իրենց Հրեայ գերիները կ’արհամարհէին, անոնց պաշտամունքը ծաղրելով եւ իրենց սիրելի հայրենիքը վերադառնալու որեւէ յոյս չտալով անոնց։ (Սաղմոս 137։1-3. Եսայեայ 14։16, 17) Թերեւս այս հարբած թագաւորը խորհեցաւ որ այս աքսորեալները նուաստացնելով եւ անոնց Աստուածը նախատելով իր կիներն ու պաշտօնեաները պիտի տպաւորէր, ինքզինքին զօրաւոր ըլլալու երեւոյթ տալով։ * Բայց եթէ Բաղտասար իր զօրութեան համար քիչ մը հրճուեցաւ, անիկա երկար չտեւեց։

Պատին Վրայի Ձեռագիրը

7, 8. Բաղտասարի կոչունքը ի՞նչպէս ընդհատուեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ թագաւորին վրայ։

7 Ներշնչուած արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Նոյն ժամուն մարդու ձեռքի մատներ ելան ու աշտանակին դէմ, թագաւորական պալատին պատին ծեփին վրայ գրեցին եւ թագաւորը այն գրող ձեռքին թաթը տեսաւ»։ (Դանիէլ 5։5) Ի՜նչ սարսափազդու տեսարան մը։ Անորոշ ձեռք մը կ’երեւնայ օդին մէջ, պատին լաւ լուսաւորուած մասին մօտ։ Երեւակայեցէք այն քար լռութիւնը, մինչ հիւրերը կը դառնան ու զարմանքով կը նային անոր։ Ձեռքը կը սկսի ծեփին վրայ ծածկագիր պատգամ մը գրել։ * Այս անսովոր երեւոյթը ա՛յնքան չարագուշակ ու անմոռանալի էր, որ մինչեւ օրս մարդիկ կը գործածեն՝ «պատին վրայի գրութիւնը» արտայայտութիւնը, մօտալուտ չարագուշակ բանի մը դէմ զգուշացնելու համար։

8 Ինքզինք եւ իր աստուածները Եհովայէ աւելի բարձրացնել ջանացող այս հպարտ թագաւորին վրայ այս գրութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։ «Այն ատեն թագաւորին գոյնը փոխուեցաւ ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին, այնպէս որ մէջքին յօդուածները կը քակուէին ու ծունկերը իրարու կը զարնուէին»։ (Դանիէլ 5։6) Բաղտասար փափաքած էր իր հպատակներուն դիմաց մեծ եւ վեհաշուք երեւիլ։ Ճիշդ հակառակը, ան խեղճ սարսափածի մը կենդանի մէկ պատկերը եղած էր. երեսը գունատ, զիստերը երերուն, ամբողջ մարմնով ան ա՛յնքան զօրաւոր կերպով կը դողար, որ իր ծունկերը իրարու կը զարնուէին։ Արդարեւ, երգի մը մէջ Եհովայի ուղղած Դաւիթի խօսքերը որքա՜ն շիտակ էին. «Քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես»։—Բ. Թագաւորաց 22։1, 28. համեմատել՝ Առակաց 18։12։

9. (ա) Բաղտասարի վախը ինչո՞ւ աստուածային վախին նման չէր։ (բԹագաւորը ի՞նչ հրամցուց Բաբելոնի իմաստուններուն։

9 Հոս պէտք է նշել որ Բաղտասարի ունեցած վախը աստուածային վախին չէր նմաներ, որ Եհովայի հանդէպ խոր մեծարանք մը ըլլալով, իմաստութեան սկիզբն է։ (Առակաց 9։10) Ո՛չ, ասիկա չարչրկող սարսափ մըն էր, եւ դողացող թագաւորին մէջ որեւէ իմաստութիւն չյառաջացուց։ * Փոխանակ ներողութիւն խնդրելու այն Աստուծմէն, որու տակաւին նոր նախատած էր, ան բարձրաձայն կանչեց «հմայողները, Քաղդեանները ու բաղդ նայողները»։ Ան նոյնիսկ ըսաւ. «Ո՛վ որ այս գիրը կարդայ ու մեկնութիւնը ինծի իմացնէ, ծիրանի պիտի հագնի ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ պիտի դրուի եւ թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլայ»։ (Դանիէլ 5։7) Թագաւորութեան երրորդ իշխանը ըլլալը արդարեւ հզօր դիրք մըն էր, իրմէ բարձր դիրք ունեցող երկու թագաւորներէն՝ Նաբունիտոսէն եւ Բաղտասարէն ետք։ Սովորաբար այս դիրքը Բաղտասարի անդրանիկ որդւոյն պէտք էր վերապահուէր։ Բայց թագաւորը ա՛յդ աստիճան կը փափաքէր այս հրաշալի պատգամին բացատրութիւնը ստանալ։

10. Իմաստունները կրցա՞ն պատի գրութիւնը մեկնել։

10 Իմաստունները լեցուեցան մեծ սրահին մէջ։ Անոնց պակասը չկար, քանի որ Բաբելոնը սուտ կրօնքին մէջ խորասուզուած քաղաք մըն էր եւ տաճարներով կը վխտար։ Գուշակութեան նշաններ եւ թաքուն նշանագրեր կարդալ դաւանողները վստահաբար շատ էին։ Այս իմաստունները վստահաբար ուրախացան իրենց դիմաց բացուած պատեհութեան համար։ Ահաւասիկ իրենց արուեստը պատուարժան մարդոց դիմաց գործադրելու, թագաւորին հաճութիւնը շահելու եւ աւելի հեղինակաւոր դիրքի հասնելու առիթ մը։ Բայց անոնք չարաչար կը սխալէին։ Անոնք «չկրցան կարդալ ու անոր մեկնութիւնը թագաւորին իմացնել»։ * Դանիէլ 5։8

11. Բաբելոնի իմաստունները ինչո՞ւ չկարողացան գրութիւնը կարդալ։

11 Վստահօրէն չենք գիտեր թէ Բաբելոնի իմաստունները գրութիւնը՝ ուղղակի գիրերը, անընթեռնլի գտան կամ ոչ։ Եթէ ընթեռնլի գտած ըլլային, սկզբունք չունեցող այս մարդոց առջեւ պատեհութիւնը բացուած պիտի ըլլար որեւէ կեղծ բացատրութիւն հնարելու, թերեւս նոյնիսկ շողոքորթութիւն ընելով թագաւորին։ Ուրիշ կարելիութիւն մըն ալ այդ է որ գիրերը բաւական ընթեռնլի էին։ Քանի որ Արամերէն եւ Եբրայերէն լեզուները առանց ձայնաւորներու կը գրուէին, հետեւաբար իւրաքանչիւր բառ կարելի էր քանի մը հաւանական իմաստներ ունենալ։ Եթէ այդ էր պարագան, իմաստունները հաւանաբար անկարող եղան որոշելու թէ ո՛ր բառը մտադրուած էր։ Եթէ նոյնիսկ կարողանային ասիկա ալ ընել, տակաւին անկարող պիտի ըլլային բառերուն նշանակութիւնը հասկնալու եւ զանոնք մեկնելու։ Ամենայնդէպս, մէկ բան որոշ էր որ Բաբելոնի իմաստունները չա՛րաչար ձախողեցան։

12. Իմաստուններուն թերացումը ի՞նչ կ’ապացուցանէր։

12 Այս կերպով իմաստունները մերկացուեցան որպէս շաղակրատներ, իսկ իրենց յարգուած կրօնական հաստատութիւնը՝ որպէս զեղծարարութիւն։ Անոնց կարելի չէր յուսալ։ Երբ Բաղտասար տեսաւ որ ի զուր իր վստահութիւնը դրած էր այս կրօնաւորներուն վրայ, ա՛լ աւելի խռովեցաւ, երեսը աւելի գունատեցաւ եւ նոյնիսկ իր մեծամեծները «սարսափեցան»։ * Դանիէլ 5։9

Ներատես Մարդ մը կը Կանչուի

13. (ա) Թագուհին ինչո՞ւ թելադրեց որ Դանիէլը բերուի։ (բԴանիէլ ի՞նչպիսի կեանք մը կը վարէր։

13 Ճգնաժամային այս պահուն, թագուհին՝ հաւանաբար մայր թագուհին՝ կոչունքի սրահը կը մտնէ։ Ան լսած է տօնախմբութեան մէջ եղած իրարանցումին մասին եւ ան գիտէ մէկը որ կրնայ պատին վրայի ձեռագիրը կարդալ։ Տասնեակ տարիներ առաջ, իր հայրը՝ Նաբուգոդոնոսոր, Դանիէլը իր բոլոր իմաստուններուն վրայ նշանակած էր։ Թագուհին յիշեց որ ան «գերազանց հոգի, գիտութիւն ու հանճար» ունեցող մարդ մըն է։ Քանի որ այնպէս կը թուի որ Բաղտասար ծանօթ չէր Դանիէլի, հաւանական է որ այդ մարգարէն իր կառավարական բարձր դիրքը կորսնցուցած էր Նաբուգոդոնոսորի մահուընէ ետք։ Դանիէլի համար կարկառուն դիրք մը ունենալը ոչ մէկ կարեւորութիւն ունէր։ Հաւանաբար այդ ժամանակ ան 90–ական տարիքի մէջ էր եւ տակաւին հաւատարմաբար կը ծառայէր Եհովայի։ Բաբելոնի մէջ մօտաւորապէս ութ տասնամեակներ աքսորութեան մէջ ըլլալով հանդերձ, ան տակաւին իր Եբրայերէն անունով ճանչցուած էր։ Նոյնիսկ թագուհին զինք Դանիէլ կոչեց, անցեալին իրեն տրուած բաբելոնական անունը չգործածելով։ Ուստի, ան թագաւորին հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Դանիէլը թող կանչուի ու անիկա մեկնութիւնը պիտի իմացնէ»։—Դանիէլ 1։7. 5։10-12

14. Պատին վրայի ձեռագիրը տեսնելով Դանիէլ ի՞նչ անախորժ կացութեան մատնուեցաւ։

14 Դանիէլ կանչուեցաւ ու ան Բաղտասարի առջեւ բերուեցաւ։ Շատ տհաճ բան մըն էր այս Հրեայէն օգնութիւն խնդրել. թագաւորը տակաւին նոր անպատուած էր անոր Աստուածը։ Այսու ամենայնիւ, Բաղտասար կը փորձէ փաղաքշել Դանիէլը, անոր մատուցանելով նոյն վարձատրութիւնը՝ թագաւորութեան մէջ երրորդ տեղը՝ եթէ կարենար այդ խորհրդաւոր բառերը կարդալ ու մեկնել։ (Դանիէլ 5։13-16) Դանիէլ իր աչքերը պատին վրայի գրութեան դարձուց եւ սուրբ հոգին անոր օգնեց որ անոնց իմաստը հասկնայ։ Անիկա Եհովա Աստուծմէ դատապարտութեան պատգա՛մ մըն էր։ Դանիէլ ի՞նչպէս կրնար այս սնապարծ թագաւորին երեսն ի վար ըսել այս անհաճոյ դատաստանը եւ ասիկա՝ իր կիներուն ու մեծամեծներուն դիմաց։ Երեւակայեցէ՛ք թէ Դանիէլ ինչ անախորժ կացութեան մէջ գտնուեցաւ։ Թագաւորին փաղաքշանքները, անոր մատուցած հարստութիւնը եւ աչքառու դիրքը ազդեցութիւն ունեցա՞ն իր վրայ։ Արդեօք մարգարէն Եհովայի վճիռին յայտարարութիւնը պիտի մեղմացնէ՞ր։

15, 16. Բաղտասար պատմութենէն ի՞նչ կենսական դաս մը չէր սորված եւ ներկայիս ալ ի՛նչպէս այսպիսի թերացում լայնատարած է։

15 Դանիէլ խիզախօրէն խօսեցաւ, ըսելով. «Քու պարգեւներդ քեզի ըլլան ու նուէրներդ ուրիշին տուր. բայց ես այն գրուածը թագաւորին պիտի կարդամ ու մեկնեմ զայն»։ (Դանիէլ 5։17) Ապա, Դանիէլ անդրադարձաւ Նաբուգոդոնոսորի մեծութեան, որ այնքան հզօր թագաւոր մըն էր որ կարող էր իր ուզած անհատը սպաննել, զարնել, բարձրացնել ու ցածցնել։ Սակայն, Դանիէլ Բաղտասարին յիշեցուց որ «Բարձրեալն Աստուած» Եհովա էր որ Նաբուգոդոնոսորը մեծցուցած էր։ Դարձեալ Եհովան էր որ այդ հզօր թագաւորը նուաստացուցած էր, երբ ան հպարտացած էր։ Այո, Նաբուգոդոնոսոր ստիպուած եղած էր ընդունելու որ «մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալն Աստուած կը տիրէ ու իր ուզած մարդը անոր վրայ կը դնէ»։—Դանիէլ 5։18-21

16 Բաղտասար ‘այս բոլորը գիտէր’։ Բայց ան պատմութենէն դաս չէր սորված։ Իրականութեան մէջ, ան Նաբուգոդոնոսորի սխալ հպարտութեան մեղքէն աւելի անդին գացած եւ Եհովայի դէմ չափազանց ամբարտաւան արարք մը ըրած էր։ Դանիէլ թագաւորին մեղքը մերկացուց։ Աւելին ըլլալով, ան հոն հաւաքուած հեթանոսներուն դիմաց խիզախօրէն Բաղտասարին ըսաւ որ կեղծ աստուածները «ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ բան մը գիտեն»։ Աստուծոյ քաջարի մարգարէն աւելցուց որ այդ անպէտ աստուածներուն հակառակը, Եհովա այն Աստուածն է՝ «որուն ձեռքն է շունչդ»։ Մինչեւ այսօր, մարդիկ անկենդան բաները կ’աստուածացնեն, դրամը, գործի ասպարէզը, համբաւը եւ նոյնիսկ հաճոյքը կուռքի վերածելով։ Բայց ասոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ կեանք տալ։ Եհովա միա՛կն է որու բոլորս կը պարտինք մեր գոյութիւնը, եւ մեր քաշած ամէն մէկ շունչը իրմէ կախեալ է։—Դանիէլ 5։22, 23. Գործք 17։24, 25

Հանելուկ մը կը Լուծուի

17, 18. Պատին վրայ գրուած չորս բառերը ի՞նչ էին, եւ անոնց բառացի իմաստը ի՞նչ է։

17 Արդ, տարեց մարգարէն սկսաւ ընել այն ինչ որ Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն համար անկարելի թուած էր։ Ան պատին վրայի ձեռագիրը կարդաց ու մեկնեց։ Հոն գրուած բառերն էին՝ «ՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ, ԹԵԿԷՂ ՈՒ ՓԱՐՍԻՆ»։ (Դանիէլ 5։24, 25) Ի՞նչ էր ասոնց իմաստը։

18 Բառացիօրէն, անիկա կը նշանակէր՝ «մնաս մը, մնաս մը, սիկղ մը եւ կէս սիկղ»։ Իւրաքանչիւր բառ դրամական ծանրութեան չափ մըն էր, եւ հետզհետէ նուազող արժէքին համաձայն դրուած էր։ Ի՜նչ շփոթեցուցիչ էր։ Եթէ նոյնիսկ Բաբելոնացի իմաստունները կարողանային տառերը բնորոշել, զարմանալի չէ որ չէին կրնար անոնց իմաստը մեկնել։

19. «ՄԱՆԷ» բառին բացատրութիւնը ի՞նչ էր։

19 Աստուծոյ սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, Դանիէլ բացատրեց. «Այս խօսքին մեկնութիւնն այս է. ‘Մանէ, Աստուած քու թագաւորութիւնդ համրեց ու զանիկա վերջացուց’»։ (Դանիէլ 5։26) Առաջին բառին բաղաձայներով կարելի էր կարդալ «մնաս» եւ Արամերէն ուրիշ բառի մը մէկ ձեւը, որ կը նշանակէ «հաշուըուած» կամ «համրուած», ինչ որ կախեալ է ընթերցողին գործածած ձայնաւորներէն։ Դանիէլ լաւ գիտէր թէ Հրեաներուն աքսորութիւնը իր աւարտին հասնելու վրայ էր։ Անոր համար նախագուշակուած 70 տարիներուն 68–ն արդէն անցած էին։ (Երեմեայ 29։10) Մեծագոյն Ժամանակապահը՝ Եհովան, որպէս աշխարհակալ ոյժ Բաբելոնի իշխանութեան օրերը համրած էր եւ անոր վախճանը Բաղտասարի կոչունքին ներկայ եղողներուն կարծածէն շատ աւելի մօտ էր։ Իրականութեան մէջ, ժամանակը վերջացած էր, ոչ միայն Բաղտասարի համար, այլ նաեւ, իր հօրը՝ Նաբունիտոսի համար։ Թերեւս անոր համար «ՄԱՆԷ» բառը երկու անգամ գրուած էր. այս երկու թագաւորութիւններուն վերջը ծանուցանելու համար։

20. «ԹԵԿԷՂ» բառին բացատրութիւնը ի՞նչ է, եւ անիկա ի՞նչպէս կը կիրարկուէր Բաղտասարի։

20 «ԹԵԿԷՂ»ը սակայն միայն մէկ անգամ գրուած էր եւ՝ եզակի։ Ասիկա կրնայ նշել որ գլխաւորաբար Բաղտասարի ուղղուած էր։ Իսկ ասիկա շատ յարմար էր, քանի որ ինք անձամբ լուրջ անպատկառութիւն ցոյց տուած էր Եհովայի հանդէպ։ Բառը ինքնին կը նշանակէ «սիկղ», բայց անոր բաղաձայները կրնան նաեւ հասկցուիլ «կշռուած»։ Ուստի, Դանիէլ ըսաւ Բաղտասարի. «Թեկէղ, կշիռքով կշռուեցար եւ պակաս գտնուեցար»։ (Դանիէլ 5։27) Եհովայի աչքին, բոլոր ազգերը կշիռքին մէջի մանր փոշիին նման աննշան են։ (Եսայեայ 40։15) Անոնք իր նպատակները խափանելու կարողութիւն չունին։ Ուստի, գոռոզ թագաւոր մը ի՞նչ արժէք կրնար ունենալ։ Բաղտասար փորձած էր ինքզինք տիեզերքի Գերիշխանէն աւելի բարձրացնել։ Այս պարզ մարդ արարածը յանդգնած էր Եհովան նախատել ու մաքուր պաշտամունքը ծաղրուծանակ ընել, բայց հիմա ‘պակաս գտնուած’ էր։ Այո, Բաղտասար իրապէ՛ս արժանի էր արագօրէն իր վրայ հասնող դատավճիռին։

21. «ՓԱՐՍԻՆ» բառը ի՞նչպէս եռապատիկ բառախաղ մըն էր, եւ որպէս աշխարհակալ, Բաբելոնի ապագային մասին այս բառը ի՞նչ կը նշէր։

21 Պատին վրայի վերջին բառն էր՝ «ՓԱՐՍԻՆ»։ Դանիէլ զայն եզակի ձեւով կարդաց՝ «ՓԱՐԷՍ», հաւանաբար քանի որ մէկ թագաւորի կ’ուղղէր իր խօսքը, քանի որ միւսը բացակայ էր։ Այս բառը՝ եռապատիկ բառախաղով, Եհովայի մեծ հանելուկը իր գագաթնակէտին կը հասցնէր։ Բառացիօրէն «փարսին» կը նշանակէ «կէս սիկղ»։ Բայց այս գիրերուն երկու ուրիշ իմաստներ ալ կարելի է տալ. «բաժանումներ» եւ «Պարսիկներ»։ Ուստի, Դանիէլ նախագուշակեց. «Փարսին [«Փարէս», Արարատ], քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ եւ Մարերու ու Պարսիկներու տրուեցաւ»։—Դանիէլ 5։28

22. Հանելուկին լուծումէն ետք Բաղտասար ի՞նչպէս հակազդեց, եւ անիկա թերեւս ի՞նչ յուսաց։

22 Այս կերպով հանելուկը լուծուեցաւ։ Հզօր Բաբելոնը շուտով Մարա–Պարսկական ուժերուն ձեռքը պիտի իյնար։ Թէեւ դատավճիռի այս ծանուցումին դիմաց ընկճուած, Բաղտասար իր խօսքին տէրը եղաւ։ Իր պատուէրին վրայ անոր ծառաները Դանիէլին ծիրանի հագցուցին, ու պարանոցը ոսկի մանեակ դրին եւ թագաւորութեան երրորդ իշխանը ըլլալը ծանուցանեցին։ (Դանիէլ 5։29) Դանիէլ չմերժեց իրեն տրուած այս պատիւը, գիտակցելով որ անիկա Եհովայի տրուելիք պատիւը կ’արտացոլացնէր։ Անշուշտ, Բաղտասար թերեւս կը յուսար Եհովայի դատավճիռը մեղմացնել, Անոր մարգարէն պատուելով։ Եթէ այս էր իր միտքը, անիկա քիչ մը ուշ էր։

Բաբելոնի Անկումը

23. Մինչ Բաղտասարի կոչունքը կը շարունակուէր, ի՞նչ հին մարգարէութիւն մը կատարուելու վրայ էր։

23 Նոյնիսկ երբ Բաղտասար եւ իր պալատականները իրենց աստուածներուն կենացը կը խմէին եւ Եհովան կը ծաղրէին, պալատին դուրսը, մթութեան մէջ մեծ անցուդարձեր տեղի կ’ունենային։ Շուրջ երկու դարեր առաջ Եսայիին միջոցով տրուած մարգարէութիւնը կը կատարուէր։ Բաբելոնի մասին Եհովա նախագուշակած էր. «Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադրեցուցի»։ Այո, Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին վրայ այդ ամբարիշտ քաղաքին բերած ամբողջ հարստահարութիւնը վերջ պիտի գտնէր։ Ի՞նչ կերպով։ Նոյն մարգարէութիւնը կ’ըսէր. «Ո՛վ Եղամացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք»։ Եսայի մարգարէին օրերէն ետք, Եղամը Պարսկաստանի մէկ մասը եղաւ։ Բաղտասարի կոչունքին ատեն՝ որ Եսայիի տուած նոյն մարգարէութեան մէջ դարձեալ յիշուած էր՝ Պարսկաստանն ու Մարաստանը արդարեւ իրենց ուժերը միացուցած էին, որպէսզի ‘վեր ելլեն’ ու ‘պաշարեն’ Բաբելոնը։—Եսայեայ 21։1, 2, 5, 6

24. Եսայիի մարգարէութիւնը Բաբելոնի անկումին մասին ի՞նչ մանրամասնութիւններ գուշակած էր։

24 Իրականութեան մէջ, այս ուժերուն առաջնորդին ուղղակի անունը, ինչպէս նաեւ անոր գործածելիք ռազմավարութեան գլխաւոր երեսակները նախագուշակուած էին։ Շուրջ 200 տարիներ առաջուընէ, Եսային մարգարէացած էր որ Եհովա Կիւրոս անունով մէկը պիտի օծէր, որպէսզի Բաբելոնի դէմ ելլէ։ Իր յարձակման ընթացքին, իր առջեւ գտնուող բոլոր խոչընդոտները պիտի վերցուէին։ Բաբելոնի ջուրերը ‘պիտի ցամքէին’ եւ անոր հսկայ դռները բաց պիտի ձգուէին։ (Եսայեայ 44։27–45։3) Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ Կիւրոսի բանակները Եփրատ Գետին ջուրերը դարձուցին, ջուրի մակարդակը իջեցուցին, այնպէս որ հունէն քալելով անցան։ Բաբելոնի պարսպին դռները բաց ձգուած էին անզգոյշ պահապաններու կողմէ։ Ինչպէս աշխարհիկ պատմաբաններ կը համաձայնին, անոնք քաղաքին վրայ խուժեցին, մինչ անոր բնակիչները խրախճանքի մէջ էին։ Բաբելոնը գրեթէ առանց ընդդիմութեան գրաւուեցաւ։ (Երեմեայ 51։30) Առնուազն կարկառուն անհատ մը սպաննուեցաւ։ Դանիէլ տեղեկագրեց. «Նոյն գիշերը Քաղդէացիներու Բաղտասար թագաւորը սպաննուեցաւ։ Մարերու Դարեհ թագաւորը առաւ թագաւորութիւնը, երբ հազիւ վաթսունըերկու տարեկան էր»։—Դանիէլ 5։30

Պատին Վրայի Ձեռագրէն Դաս Առնենք

25. (ա) Ինչո՞ւ վաղեմի Բաբելոնը լաւ կերպով կը խորհրդանշէ ներկայ սուտ կրօնքի համերկրային դրութիւնը։ (բԻ՞նչ առումով Աստուծոյ արդի ծառաները Բաբելոնի մէջ գերիներ էին։

25 Դանիէլի 5–րդ գլուխի ներշնչեալ պատմութիւնը մեզի համար շատ իմաստալից է։ Կրօնական կեղծ սովորութիւններու որպէս կեդրոն, վաղեմի Բաբելոնը շատ լաւ կերպով կը խորհրդանշէ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը։ Յայտնութիւն գրքին մէջ որպէս արիւնախանձ պոռնիկ մը պատկերացուած ըլլալով, համերկրային այս խաբեբայ համախմբութիւնը կը կոչուի «Մեծ Բաբելոն»։ (Յայտնութիւն 17։5) Աստուած անպատուող իր սուտ վարդապետութիւններուն ու սովորութիւններուն դէմ իրեն տրուած բոլոր ազդարարութիւններուն ականջ չկախելով, ան հալածած է Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը քարոզողները։ Վաղեմի Երուսաղէմի ու Յուդայի բնակիչներուն նման, օծեալ Քրիստոնեաներու հաւատարիմ մնացորդը արդարեւ «Մեծ Բաբելոն»ի մէջ գերի էր, երբ կղերներուն կողմէ դրդուած հալածանքով Թագաւորութեան քարոզչութիւնը գրեթէ կասեցուեցաւ 1918–ին։

26. (ա) «Մեծ Բաբելոն»ը ի՞նչպէս ինկաւ 1919–ին։ (բԱնձնապէս ո՞ր ազդարարութեան ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք եւ զայն ուրիշներու հետ բաժնենք։

26 Սակայն, «Մեծ Բաբելոն»ը յանկարծ ինկաւ։ Ճիշդ է որ անիկա անձայն անկում մըն էր, ճիշդ ինչպէս որ վաղեմի Բաբելոնը գրեթէ անձայն ինկաւ՝ Հ.Դ.Ա. 539–ին։ Այնու ամենայնիւ, այս այլաբանական անկումը ջախջախիչ էր։ Անիկա տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 1919–ին, երբ Եհովայի ժողովուրդը բաբելոնական գերութենէն ազատագրուեցաւ եւ աստուածային հաճութեան արժանացաւ։ Ասով վերջ գտաւ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ «Մեծ Բաբելոն»ին հեղինակութիւնը, եւ ասով նշուեցաւ, որպէս անվստահելի խաբեբայ, զայն հանրապէս խայտառակելու սկիզբը։ Այդ անկումը անշրջելի եղաւ, եւ անոր վերջնական կործանումը մօտ է։ Եհովայի ծառաները այս պատճառաւ կ’արձագանգեն հետեւեալ ազդարարութիւնը. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք»։ (Յայտնութիւն 18։4) Այդ ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայա՞ծ էք։ Զայն ուրիշներու հետ կը բաժնէ՞ք։ *

27, 28. (ա) Դանիէլ ո՞ր կենսական ճշմարտութիւնը բնաւ չմոռցաւ։ (բԻ՞նչ ապացոյց ունինք որ Եհովա շուտով ներկայ ամբարիշտ աշխարհին դէմ քայլեր պիտի առնէ։

27 Ուստի, այս ձեռագիրը հիմա պատին վրայ է, բայց անիկա միայն «Մեծ Բաբելոն»ի համար չէ։ Մտաբերեցէք Դանիէլ գրքին կորիզը կազմող կենսական ճշմարտութիւն մը. Եհովա է Տիեզերքի Գերիշխանը։ Ինք, միայն ինքն է որ մարդկութեան վրայ կառավարիչ մը դնելու իրաւասութիւնը ունի։ (Դանիէլ 4։17, 25. 5։21) Եհովայի նպատակներուն ընդդիմացող որեւէ բան մէջտեղէն պիտի վերցուի։ Եհովայի գործի լծուիլը միայն ժամանակի հարց է։ (Ամբակումայ 2։3) Դանիէլի համար, իր կեանքին տասներորդ տասնամեակին մէջ այս ժամանակը վերջապէս եկաւ։ Ան իր աչքերով տեսաւ, երբ Եհովա աշխարհակալ ոյժ մը մէջտեղէն վերցուց. անիկա որ Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարած էր Դանիէլի պատանեկութենէն ի վեր։

28 Անժխտելիօրէն կարելի է ապացուցանել թէ Եհովա Աստուած երկնային գահին վրայ մարդկութեան համար Կառավարիչ մը հաստատած է։ Քանի որ աշխարհ անտեսած է այս Թագաւորը եւ անոր իշխանութեան հակառակած է, հետեւաբար փաստացիօրէն Եհովա շուտով պիտի բնաջնջէ Թագաւորութեան իշխանութեան բոլոր հակառակորդները։ (Սաղմոս 2։1-11. Բ. Պետրոս 3։3-7) Դուք ալ այս ժամանակներուն հրատապ ըլլալուն ի տես գործի լծուա՞ծ էք եւ ձեր վստահութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ դրա՞ծ էք։ Եթէ այո, ուրեմն իրապէս պատին վրայի ձեռագիրէն դաս մը սորված էք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Հին արձանագրութեան մը մէջ, Կիւրոս Թագաւոր Բաղտասարի մասին կ’ըսէ. «Թուլամորթ [կառավարիչ] մը հաստատուած է այս երկրին մէջ»։

^ պարբ. 7 Դանիէլի պատմութեան այս գեղեցիկ մանրամասնութեան անգամ ճշգրիտ ըլլալը փաստուած է։ Հնագէտներ գտած են որ հին Բաբելոնի պալատին պատերը ծեփուած աղիւսներով շինուած էին։

^ պարբ. 9 Բաբելոնական նախապաշարումները այս հրաշքը ա՛լ աւելի սարսափազդու դարձուցած էին։ Բաբելոնի Կեանքը եւ Պատմութիւնը (Անգլերէն) խորագրով գիրքը կը նշէ. «Բաբելոնացիներուն պաշտած բազմաթիւ չաստուածներէն զատ, կը տեսնենք որ անոնք ոգիներու հաւատալիքներուն մոլին էին, եւ ասիկա այնքան ընդարձակ տարողութեամբ որ իրենց կրօնական գրականութեան մէջ շատ մեծ տեղ գրաւած են անոնց դէմ եղած աղօթքներն ու դիւթերգութիւնները»։

^ պարբ. 10 Սուրբ Գրային Հնագիտութեան Պարբերաթերթ–ը (Անգլերէն) կը նշէ. «Բաբելոնացի մասնագէտներ հազարաւոր չարագուշակ նշաններ ցուցակագրած էին։ . . . Երբ Բաղտասար ուզեց գիտնալ թէ պատին վրայի գրութեան իմաստը ի՛նչ էր, Բաբելոնի իմաստունները անկասկած այս չարագուշակ նշաններու համայնագիտարաններուն դիմեցին։ Բայց անոնց անարժէք ըլլալը փաստուեցաւ»։

^ պարբ. 12 Բառարանագիրներ կը նշեն որ հոս գործածուած «սարսափեցան» բառը մեծ իրարանցումի գաղափարը կը հաղորդէ, որպէս թէ ամբողջ հաւաքոյթը շփոթութեան մատնուած ըլլար։

^ պարբ. 26 Տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին էջ 205-271–ը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Հ.Դ.Ա. 539 Հոկտեմբեր 5/6–ին Բաղտասարի կոչունքը ի՞նչպէս ընդմիջուեցաւ։

Պատին վրայի ձեռագրին բացատրութիւնը ի՞նչ էր։

Բաբելոնի անկումին մասին ի՞նչ մարգարէութիւն կատարուելու վրայ էր, մինչ Բաղտասարի կոչունքը կը շարունակուէր։

Պատին վրայի ձեռագրին պատմութիւնը ի՞նչ իմաստ կը կրէ մեզի համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 98]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 103]