Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնամ լաւ ընկերներ ունենալ

Ինչպէ՞ս կրնամ լաւ ընկերներ ունենալ

ԳԼՈՒԽ 8

Ինչպէ՞ս կրնամ լաւ ընկերներ ունենալ

«Եթէ ջղայնացած եմ, պէտք ունիմ մէկու մը ըսելու, թէ ի՛նչ կը զգամ։ Եթէ տխուր եմ, կ’ուզեմ որ մէկը զիս մխիթարէ։ Եթէ ուրախ եմ, կ’ուզեմ մէկու մը հետ բաժնել ուրախութիւնս։ Ինծի համար, ընկերներ ունենալը շատ կարեւոր բան մըն է» (Պրիթընի)։

ՈՄԱՆՔ կ’ըսեն, թէ պզտիկները խաղընկերներու պէտք ունին, մինչդեռ պատանիները ընկերներու պէտք ունին։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը։

Խաղընկերը մէկն է, որ քեզի կ’ընկերակցի։

Ընկերը մէկն է, որ նաեւ քու ունեցած արժանիքներդ ունի։

Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած» (Առակաց 17։17, ՆԱ)։ Այս տեսակ ընկեր տարբեր է այն ընկերէն, որուն հետ կը խաղայիր, երբ պզտիկ էիր։

Իրողութիւն. Մինչ կը մեծնաս, պէտք ունիս ընկերներու, որոնք

1. Լաւ յատկութիւններ ունին

2. Գովելի չափանիշներու համաձայն կ’ապրին

3. Վրադ լաւ ազդեցութիւն ունին

Հարցում. Ինչպէ՞ս կրնաս գտնել ընկերներ, որոնք այդպէս են։ Նկատի առնենք այս երեք բաները։

1 Լաւ յատկութիւններ

Ի՞նչ պէտք է գիտնաս։ Ո՛չ ամէն անհատ, որ քեզի կ’ըսէ քու ընկերդ է, իսկական ընկեր է։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ կ’ըսէ, թէ «բարեկամներ կան, որոնք պատրաստ են իրար ճզմելու» (Առակաց 18։24, ՆԱ)։ Ասիկա թերեւս չափազանցութիւն թուի։ Բայց մտածէ՛. Երբեք ունեցա՞ծ ես «ընկեր» մը, որ քեզ շահագործած է։ Կամ, ունեցա՞ծ ես «ընկեր» մը, որ ետեւէդ խօսած է կամ քու մասիդ սուտեր տարածած է։ Այսպիսի փորձառութիւն մը կը ձգէ, որ անոր հանդէպ վստահութիւնդ կորսնցնես *։ Միշտ յիշէ, որ աւելի կարեւոր է լա՛ւ ընկերներ ունենալ, քան՝ շատ ընկերներ։

Ի՞նչ կրնաս ընել։ Զատէ լաւ յատկութիւններ ունեցող ընկերներ, որոնք կ’ուզես ընդօրինակել։

«Ամէն անհատ ընկերուհիս Ֆիոնան կը գովէ։ Ես ալ կ’ուզեմ, որ ուրիշներ իմ մասիս լաւ բաներ ըսեն։ Կ’ուզեմ իրեն պէս լաւ անուն ունենալ։ Ես իրմով կը հիանամ, եւ կ’ուզեմ իրեն պէս ըլլալ» (Իվեթ, 17 տարեկան)։

Փորձէ հետեւեալները ընել։

1. Կարդա՛ Գաղատացիս 5։22, 23։

2. Դուն քեզի հարցուր. ‘Ընկերներս ունի՞ն այն յատկութիւնները, որ հոս յիշուած են’։

3. Մտերիմ ընկերներուդ անունները գրէ։ Իւրաքանչիւր անունին քով գրէ անհատին ցուցաբերած գլխաւոր յատկութիւնը՝ ըլլայ գէ՛շ կամ լաւ։

Անուն

․․․․․

Յատկութիւն

․․․․․

Թելադրութիւն. Եթէ միտքդ միայն գէշ յատկութիւններ կու գան, ուրեմն ժամանակն է որ փնտռես աւելի լաւ ընկերներ։

2 Գովելի չափանիշներ

Ի՞նչ պէտք է գիտնաս։ Ո՛րքան աւելի զգաս թէ ընկերի մը պէտք ունիս, ա՛յնքան աւելի հաւանական է որ սխալ տեսակի ընկեր ընդունիս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անմիտներուն ընկերացողը չարիքի կը հանդիպի» (Առակաց 13։20, ստորանիշ)։ Հոս «անմիտներ» բառը չ’ակնարկեր անոնց, որոնք դպրոցին մէջ ցած նիշեր կը բերեն կամ ուշիմ չեն, հապա կը նկարագրէ անոնք՝ որոնք լաւ խրատին ականջ չեն տար եւ կ’ընտրեն գէշ բաներ ընել։ Անշուշտ, դուն այդպիսի ընկերներու պէտք չունիս։

Ի՞նչ կրնաս ընել։ Ընկերներդ ուշադրութեամբ զատէ, փոխանակ մէկը ընդունելու որպէս ընկերդ՝ առանց նկատի առնելու թէ ինչպիսի՛ անձ մըն է (Սաղմոս 26։4)։ Պէտք է կարենաս տեսնել «արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը» (Մաղաքիա 3։18

«Շնորհակալ եմ, որ ծնողներս ինծի օգնեցին գտնելու ընկերներ, որոնք իմ տարիքէս են եւ հոգեւորապէս լաւ են» (Քրիստոֆըր, 13 տարեկան)։

Պատասխանէ այս հարցումներուն.

Երբ ընկերներուս հետ եմ, կը վախնա՞մ որ զիս ճնշեն, որ ընեմ բան մը, որ գիտեմ թէ սխալ է։

□ Այո

□ Ոչ

Կը քաշուի՞մ ընկերներս ծանօթացնելու ծնողներուս, քանի որ կը վախնամ որ ծնողներս զիրենք պիտի չսիրեն։

□ Այո

□ Ոչ

Թելադրութիւն. Եթէ վերի հարցումներուն «Այո» պատասխանեցիր, փնտռէ՛ ընկերներ, որոնք կը ջանան Աստուած հաճեցնել։

3 Լաւ ազդեցութիւն

Ի՞նչ պէտք է գիտնաս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կորնթացիս 15։33)։ Լորըն անունով պատանուհի մը կ’ըսէ. «Դասընկերներս զիս ընդունեցին, այնքա՛ն ատեն որ կ’ընէի ինչ որ ինծի կ’ըսէին որ ընեմ։ Որովհետեւ կը զգայի թէ առանձին եմ, որոշեցի անոնց պէս վարուիլ, որպէսզի զիս ընդունին իրենց մէջ»։ Լորըն նկատեց, որ եթէ կ’ընես ի՛նչ որ ընկերներդ քեզի կ’ըսեն որ ընես, կը նմանիս ճատրակի տախտակին վրայ եղող զինուորին, որ կը շարժեն իրենց ուզածին պէս։ Դուն արժանի ես իրենցմէ աւելի լաւ ընկերներ ունենալու։

Ի՞նչ կրնաս ընել։ Ամէն կապ կտրէ անոնց հետ, որոնք կը պնդեն որ իրենց ապրելակերպին համակերպիս։ Ճիշդ է որ այդպէս ընելով աւելի քիչ ընկերներ պիտի ունենաս, բայց պիտի կարենաս ընտրել ընկերներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ աւելի լաւ անձ մը դառնաս (Հռովմայեցիս 12։2

«Մտերիմ ընկերս Քլինթը լաւ որոշումներ կ’առնէ եւ ուրիշներուն զգացումները կը հասկնայ, անոր համար ինծի մեծ քաջալերութեան աղբիւր եղած է» (Ճէյսըն, 21 տարեկան)։

Դուն քեզի հարցուր.

Հագուելակերպս, խօսելակերպս կամ վարուելակերպս դէպի գէշ կը փոխե՞մ պարզապէս ընկերներս հաճեցնելու համար։

□ Այո

□ Ոչ

Ընկերներս հաճեցնելու համար, կ’երթա՞մ տեղեր, ուր պէտք չէ երթամ։

□ Այո

□ Ոչ

Թելադրութիւն. Եթէ վերի հարցումներուն «Այո» պատասխանեցիր, խրատ փնտռէ ծնողքէդ կամ ուրիշ հասուն չափահասէ մը։ Եթէ Եհովայի վկայ ես, կրնաս նաեւ օգնութիւն խնդրել երէցէ մը։

ԱՅՍ ՆԻՒԹԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԴԱ՛ ՀԱՏՈՐ Բ.–ԻՆ ՄԷՋ, ԳԼՈՒԽ 9

ՅԱՋՈՐԴ ԳԼՈՒԽԻՆ ՄԷՋ

Ընկերդ կամ թերեւս սիրտդ քեզ կը ճնշէ՞, որ սխալ բան մը ընես։ Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս դէմ դնել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Անշուշտ, ամէն մարդ սխալներ կ’ընէ (Հռովմայեցիս 3։23)։ Անոր համար, երբ ընկեր մը քեզ վիրաւորէ, բայց ետքը լրջօրէն զղջայ իր ըրածին համար, յիշէ որ «սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետրոս 4։8

ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՄԱՐ

«Եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ» (Առակաց 18։24

ԱՌԱՋԱՐԿ

Եթէ կը ջանաս ճիշդը ընել, այն ատեն քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ գտնել ընկերներ, որոնք կը ջանան նոյնը ընել։ Անոնք լաւագոյն ընկերները պիտի ըլլան։

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Աստուած ամէն մէկուս տարբեր աչքով չի նայիր, բայց ուշադրութեամբ կ’ընտրէ անոնք՝ որոնք կ’ուզէ որ ‘կենան իր վրանին մէջ’, այսինքն՝ իր հիւրերը ըլլան (Սաղմոս 15։1-5

ԾՐԱԳԻՐՍ

Լաւ ընկերներ գտնելու համար, ես պիտի ․․․․․

Ինձմէ մեծ եղող անհատներ, որոնց կ’ուզեմ աւելի ծանօթանալ ․․․․․

Այս նիւթին շուրջ կ’ուզեմ ծնողքիս հարցնել ․․․․․

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ

● Ի՞նչ յատկութիւններ կ’ուզես որ ընկերդ ունենայ, եւ ինչո՞ւ։

● Ի՞նչ պէտք է ընես, որ աւելի լաւ ընկեր մը ըլլաս։

[Մէջբերում]

«Երբ ծնողներս ինծի ըսին, որ որոշ ընկերներէ հեռու կենամ, իրենց ըսածը չհաւնեցայ, քանի որ կ’ուզէի որ անո՛նք ընկերներս ըլլային։ Սակայն, ծնողքիս խրատը լաւ էր, քանի որ երբ անոր մասին մտածեցի, անդրադարձայ որ կրնայի գտնել աւելի լաւ ընկերներ» (Քոլ)։

[Շրջանակ]

Փորձէ այս առաջարկները

Ծնողներուդ խօսէ բարեկամութեան մասին։ Անոնց հարցուր, թէ ինչպիսի՛ ընկերներ ունէին, երբ քու տարիքդ էին։ Կը զղջա՞ն որ որոշ ընկերներ ընտրեցին։ Եթէ այո, ինչո՞ւ։ Անոնց հարցուր, թէ ինչպէ՛ս կրնաս իրենց ըրած նոյն սխալները չընել։

Ընկերներդ ծանօթացուր ծնողքիդ։ Եթէ կը քաշուիս այս մէկը ընելու, դուն քեզի հարցուր. ‘Ինչո՞ւ’։ Ընկերներուդ նկատմամբ կա՞ն բաներ, որոնք ծնողներդ պիտի չհաւնին։ Եթէ այո, պէտք է աւելի ուշադրութեամբ ընտրես ընկերներդ։

Լաւ մտիկ ընող եղիր։ Հետաքրքրուէ ընկերներուդ բարօրութեամբ եւ մտահոգութիւններով (Փիլիպպեցիս 2։4

Ներող եղիր։ Կատարելութիւն մի՛ ակնկալեր։ «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակոբոս 3։2

Յարգէ ընկերոջդ ազատ պահերը։ Պէտք չկայ որ ամէն ատեն ընկերոջդ հետ ըլլաս։ Իսկական ընկերները օգնութեանդ պիտի հասնին, երբ իրենց պէտք ունենաս (Ժողովող 4։9, 10

[Նկար]

Երբ կ’ընես ի՛նչ որ ընկերներդ քեզի կ’ըսեն որ ընես, կը նմանիս ճատրակի տախտակին վրայ եղող զինուորին, որ կը շարժեն իրենց ուզածին պէս