Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կը սորվեցնէ՞ զայն

Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կը սորվեցնէ՞ զայն

Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կը սորվեցնէ՞ զայն

ԵԹԷ Երրորդութիւնը իրապէս ճիշդ է, անիկա յստակ ու հաստատ ներկայացուած պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, ինչպէս առաքեալները հաստատեցին, Աստուած ինքզինք կը յայտնէ Աստուածաշունչին ընդմէջէն։ Իսկ քանի որ Աստուծոյ ընդունելի պաշտամունք մատուցանելու համար պէտք է ճանչնանք զինք, հետեւաբար, Աստուածաշունչը պէտք է յստակօրէն մեզի ըսէ թէ իրապէս ո՛վ է ինք։

Առաջին դարու հաւատացեալները Սուրբ Գրութիւնները կ’ընդունէին որպէս Աստուծոյ հարազատ յայտնութիւնը։ Անիկա իրենց հաւատալիքներուն հիմը, գերագոյն հեղինակութիւնը կը ներկայացնէր։ Օրինակի համար, երբ Պօղոս առաքեալ Բերիա քաղաքի մարդոց քարոզեց, անոնք «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են»։—Գործք 17։10, 11

Այդ ժամանակ, Աստուծոյ կարկառուն ծառաները որպէս հեղինակութիւն ի՞նչ կը գործածէին։ Գործք 17։2, 3–ը (Անթիլիաս) կ’ըսէ. Պօղոս ըստ իր սովորութեան անոնց կը բանար ու կը բացատրէր Սուրբ գրքերը, անոնցմով կ’ապացուցանէր’։

Յիսուս ալ իր ուսուցումին որպէս հիմ Սուրբ Գրութիւնները գործածելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ, յաճախ ըսելով՝ «Գրուած է»։ «Կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր»։—Մատթէոս 4։4, 7. Ղուկաս 24։27

Ուրեմն, Յիսուս, Պօղոս եւ առաջին դարու հաւատացեալները Սուրբ Գրութիւնները իրենց ուսուցումին որպէս հիմ գործածեցին։ Անոնք գիտէին որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. տես նաեւ՝ Ա. Կորնթացիս 4։6. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. Բ. Պետրոս 1։20, 21։

Քանի որ Աստուածաշունչը կրնայ ‘շտկել’, անիկա Երրորդութեան նման հիմնական նկատուած նիւթի մը մասին պէտք է յստակ տեղեկութիւններ տայ։ Բայց արդեօք աստուածաբաններ եւ պատմաբաններ կ’ըսե՞ն որ անիկա Աստուածաշունչի բացայայտ մէկ ուսուցումն է։

«Երրորդութիւնը»՝ Աստուածաշունչի՞ն Մէջ

ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ հրատարակութիւն մը կը նշէ. «Երրորդութիւն բառը գոյութիւն չունի Աստուածաշունչին մէջ։ . . . Անիկա եկեղեցիին աստուածաբանութեան մէջ պաշտօնապէս տեղ մը չգտաւ մինչեւ Դ. դար»։ (Աստուածաշունչի Բացատրական Բառարան, Անգլերէն) Իսկ Կաթողիկէ հեղինակութիւն մը կ’ըսէ որ Երրորդութիւնը «Աստուծոյ խօսքին ուղղակի եւ անմիջական պատգամը . . . չէ»։—Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան (Անգլերէն)։

Կաթողիկէ Համայնագիտարանը (Անգլերէն) նաեւ կ’ըսէ. «Ցարդ Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ արտայայտութիւն գտնուած է, որ Աստուածային Երեք Անձնաւորութիւններուն միասնաբար ակնարկէ։ τρίας [թրիաս] բառը, (որու Լատիներէն թարգմանութիւնն է թրինիթաս բառը) առաջին անգամ Հ.Դ. 180–ի ատենները Անտիոքի Թէոփիլոսը գործածած է։ . . . Անկէ քիչ ետք անոր Լատիներէն ձեւը՝ թրինիթաս՝ կը տեսնուի Տերտուղիանոսի գործերուն մէջ»։

Սակայն ասիկա չ’ապացուցաներ որ Տերտուղիանոս Երրորդութիւնը ուսուցանեց։ Կաթողիկէ աշխատասիրութիւն մը, Թրինիթաս—Սուրբ Երրորդութեան Աստուածաբանական Համայնագիտարան մը (Անգլերէն), զոր օրինակ, կը նշէ որ Տերտուղիանոսի խօսքերէն ոմանք հետագային ուրիշներ գործածեցին Երրորդութիւնը բնութագրելու համար։ Անիկա ապա կը զգուշացնէ. «Բայց այս գործածութենէն հապճեպով չենք կրնար եզրակացութեան մը յանգիլ, քանի որ ան այս բառերը Երրորդութենական աստուածաբանութեան չի կիրարկեր»։

Եբրայերէն Գրութիւններու Վկայութիւնը

ԹԷԵՒ «Երրորդութիւն» բառը չկայ Աստուածաշունչին մէջ, բայց արդեօք Երրորդութեան գաղափարը, առնուազն, յստակօրէն ուսուցուա՞ծ է անոր մէջ։ Օրինակ, Եբրայերէն Գրութիւնները («Հին Կտակարան»ը) ի՞նչ կը յայտնեն այս մասին։

Կրօնքի Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կ’ընդունի. «Ներկայիս աստուածաբանները միաձայնութեամբ կ’ընդունին որ Եբրայերէն Աստուածաշունչը Երրորդութեան վարդապետութիւնը չի պարունակեր»։ Իսկ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Սուրբ Երրորդութեան վարդապետութիւնը չէ ուսուցուած Հ[ին] Կ[տակարանին] մէջ»։

Նոյն գծով, Ժէզուիթ Էտմունտ Ֆորթման՝ Եռամէկ Աստուածը (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ կ’ընդունի. «Հին Կտակարանը . . . մեզի յստակ կամ լռելեայն բան մը չ’ըսեր Հայր, Որդի ու Սուրբ Հոգի Եռամէկ Աստուծոյ մասին։ . . . Ո՛չ մէկ ապացոյց կայ թէ սրբազան գրագիրներէն ոեւէ մէկը նոյնիսկ երեւակայած ըլլայ թէ Աստուածութեան մէջ [Երրորդութիւն] մը գոյութիւն ունի։ . . . [«Հին Կտակարան»ին] մէջ Երրեակ անձերու մասին թելադրութիւններ, նախաշուքեր կամ ‘քօղարկուած նշաններ’ տեսնելն անգամ սրբազան գրագիրներու բառերէն կամ միտումներէն անդին անցնիլ պիտի նշանակէր»։—Շեղագիրը մեզմէ։

Եբրայերէն Գրութիւններու քննութիւն մը պիտի հաստատէ այս խօսքերը։ Հետեւաբար, ներշնչեալ Եբրայերէն Գրութիւններու ճշգրիտ ցանկը կազմող Աստուածաշունչի առաջին 39 գրքերուն մէջ Երրորդութեան բացայայտ ուսուցում մը չկայ։

Յունարէն Գրութիւններու Վկայութիւնը

ԼԱՒ, արդեօք Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները («Նոր Կտակարան»ը) Երրորդութեան մասին բացայայտօրէն կը խօսի՞ն։

Կրօնքի Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Աստուածաբաններ միաձայնութեամբ կ’ընդունին որ Նոր Կտակարանն ալ բացայայտ կերպով չի պարունակեր Երրորդութեան վարդապետութիւնը»։

Ժէզուիթ Ֆորթման կը նշէ. «Նոր Կտակարանը գրողները . . . Երրորդութեան պաշտօնական կամ բանաձեւուած վարդապետութիւնը չեն տար մեզի. բացայայտ ուսուցում մը չկայ թէ մէկ Աստուծոյ մէջ կան աստուածային երեք համահաւասար անձեր . . . Որեւէ տեղ երեք տարբեր ենթականերու երրորդութենական գաղափարը չենք գտներ, որոնք նոյն Աստուածութեան մէջ միացած ըլլան աստուածային կեանքին եւ գործունէութեան»։

Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն) դիտել կու տայ. «Նոր Կտակարանին մէջ ո՛չ Երրորդութիւն բառը եւ ոչ ալ այդ վարդապետութիւնը բացայայտ կերպով ի յայտ կու գայ»։

Քրիստոնէական Վարդապետութեան Կարճ Պատմութիւնը (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ, Պէրնար Լոշ կ’ըսէ. «Նոր Կտակարանին մէջ, ոեւէ մէկը Երրորդութեան իրական վարդապետութիւն մը չի կրնար գտնել»։

Նոր Կտակարանի Աստուածաբանութեան Միջազգային Նոր Բառարան–ն ալ (Անգլերէն) կը նշէ. «Ն[որ] Կ[տակարանը] Երրորդութեան մշակուած վարդապետութիւնը չի պարունակեր։ ‘Աստուածաշունչին մէջ բացայայտ յայտարարութիւն չկայ թէ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին նոյն էութիւնը ունին’ [կ’ըսէ Բողոքական աստուածաբան Գարլ Պարթ]»։

Եալ Համալսարանի ուսուցիչ Ի. Ուաշպըրն Հոբգինզ հաստատեց. «Յիսուսի ու Պօղոսի համար, երրորդութեան վարդապետութիւնը ըստ երեւոյթին անծանօթ էր. . . . երկուքն ալ բան մը չեն ըսեր այդ մասին»։—Կրօնքին Ծագումը եւ Աստիճանական Զարգացումը (Անգլերէն)։

Պատմաբան Արթիւր Ուէկալ կը նշէ. «Յիսուս Քրիստոս այսպիսի բներեւոյթ մը բնաւ չէ յիշած եւ Նոր Կտակարանին մէջ ո՛չ մէկ տեղ ‘Երրորդութիւն’ բառը կը տեսնուի։ Այս գաղափարը մեր Տէրոջ մահուընէ երեք հարիւր տարիներ ետքն է որ Եկեղեցիին կողմէ որդեգրուեցաւ»։—Հեթանոսութիւնը՝ Մեր Քրիստոնէութեան Մէջ (Անգլերէն)։

Հետեւաբար, ո՛չ Եբրայերէն Գրութիւնները կազմող 39 գրքերը, ո՛չ ալ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու օրինագրքին մաս կազմող 27 ներշնչեալ գրքերը, Երրորդութեան մասին որեւէ յստակ ուսուցում կը հայթայթեն։

Նախկին Քրիստոնեաները Սորվեցուցի՞ն Զայն

ՆԱԽԿԻՆ Քրիստոնեաները Երրորդութիւնը սորվեցուցի՞ն։ Պատմաբաններու ու աստուածաբաններու հետեւեալ մեկնութիւնները նկատի առէք.

«Նախնական Քրիստոնէութիւնը չունէր հանգանակներուն մէջ հետագային մեծ խնամքով տեղ գրաւած Երրորդութեան բացայայտ վարդապետութիւնը»։—Նոր Կտակարանի Աստուածաբանութեան Միջազգային Նոր Բառարան (Անգլերէն)։

«Նախկին Քրիստոնեաները, սակայն, նախ չխորհեցան [Երրորդութեան] գաղափարը կիրառել իրենց հաւատքին մէջ։ Անոնք իրենց նուիրումը ցոյց տուին Հօր Աստուծոյ, եւ Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդիին՝ եւ ընդունեցին . . . Սուրբ Հոգին. բայց այս երեքը Երրորդութիւն մը, Մէկի մէջ համահաւասար եւ միացած ըլլալու գաղափարը չկար»։—Հեթանոսութիւնը՝ Մեր Քրիստոնէութեան Մէջ (Անգլերէն)։

«Սկիզբը քրիստոնէական հաւատքը Երրորդութենական չէր . . . Անիկա առաքելական եւ յետ–առաքելական ժամանակաշրջանին այդպէս չէր, ինչպէս կը յայտնաբերուի Ն[որ] Կ[տակարանին] եւ քրիստոնէական սկիզբի գրութիւններուն մէջ»։—Կրօնքի եւ Բարոյագիտութեան Համայնագիտարան (Անգլերէն)։

«‘Մէկ Աստուած երեք Անձերու մէջ’ բանաձեւը Դ. դարէն առաջ զօրաւոր կերպով հաստատուած չէր, ոչ ալ քրիստոնէական կեանքին եւ անոր հաւատքի դաւանանքին մէջ լիովին իւրացուած էր։ . . . Առաքելական Հայրերուն մէջ, ոչինչ կար որ նոյնիսկ հեռուէն մօտենար այսպիսի մտայնութեան կամ տեսակէտի»։—Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան (Անգլերէն)։

Նախա–Նիկեան Հայրերը Ի՛նչ Սորվեցուցին

ՆԱԽԱ–ՆԻԿԵԱՆ Հայրերը ընդունուած էին որպէս կրօնական կարկառուն ուսուցիչներ, Քրիստոսի ծնունդին յաջորդող դարերու ընթացքին։ Անոնց սորվեցուցած բաները հետաքրքրութեան արժանի են։

Յուստինոս Նահատակ, որ մահացաւ Հ.Դ. 165–ի ատենները, նախամարդ Յիսուսը կոչեց ստեղծուած հրեշտակ, որ «բոլոր բաներու Արարիչէն տարբեր է»։ Ան ըսաւ որ Յիսուս Աստուծմէ ստորադաս էր եւ «ըրաւ միմիայն ինչ որ Արարիչը . . . կը կամենար որ ան ընէր եւ ըսէր»։

Իրենիոս, որ մահացաւ Հ.Դ. 200–ի ատենները, ըսաւ որ նախամարդ Յիսուս Աստուծմէ անջատ էութիւն մըն էր եւ անկէ ստորադաս էր։ Ան ցոյց տուաւ որ Յիսուս հաւասար չէր «միակ ճշմարիտ Աստուծոյ», որ «բոլորէն գերակայ է եւ անկէ ուրիշ մը չկայ»։

Աղեքսանդրացի Կղեմէս, որ Հ.Դ. 215–ի ատենները մահացաւ, Աստուած կոչեց «անստեղծ եւ անկորնչելի եւ միակ ճշմարիտ Աստուածը»։ Ան ըսաւ որ Որդին «միակ ամենազօր Հօրը յաջորդ»ն է, բայց ո՛չ՝ անոր հաւասար։

Տերտուղիանոս, որ մահացաւ Հ.Դ. 230–ի ատենները, ինքն ալ Աստուծոյ գերակայութիւնը սորվեցուց։ Ան ըսաւ. «Հայրը տարբեր է Որդիէն (ուրիշ է), այն իմաստով որ ան աւելի մեծ է. այն իմաստով որ ծնողը տարբեր է ծնածէն. ղրկողը տարբեր է ղրկուածէն»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ժամանակ մը կար, երբ Որդին չկար . . . Ամէն բաներէ առաջ, Աստուած առանձին էր»։

Հիպպողիտոս, որ մահացաւ Հ.Դ. 235–ի ատենները, ըսաւ որ Աստուած «մէկ Աստուած է, առաջինը եւ միակը, ամէն բանի Արարիչը եւ Տէրը», որ «իրեն տարեկից մը չունի . . . Այլ՝ Մէկ է, ինքնագոյ, որ իր յօժար կամքով նախապէս գոյութիւն չունեցող բաներու գոյութիւն տուաւ», ինչպէս ստեղծուած նախամարդկային Յիսուսին։

Որոգինէս, որ մահացաւ Հ.Դ. 250–ի ատենները, ըսաւ որ «Հայրը եւ Որդին երկու գոյութիւններ են . . . երկու էութիւններ են» եւ թէ «Հօրը հետ բաղդատած, [Որդին] շատ պզտիկ լոյս մըն է»։

Պատմական իրողութիւնները համառօտելով, Ալվան Լէմսըն՝ Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ կ’ըսէ. «Երրորդութեան արդի ու ժողովրդական վարդապետութիւնը . . . Յուստինոս [Նահատակին] լեզուաբանութեան մէջ տեղ չի գտներ. եւ այս նկատողութիւնը կիրառելի է նախա–Նիկեան բոլոր Հայրերուն. ուրիշ խօսքով, Քրիստոսի ծնունդին յաջորդող երեք դարերու Քրիստոնեայ գրողներուն։ Ճիշդ է որ անոնք խօսեցան Հօր, Որդւոյն եւ . . . սուրբ Հոգիին մասին, բայց ո՛չ որպէս համահաւասար, ո՛չ որպէս համրանքով մէկ էութիւն, ո՛չ որպէս Երեք՝ Մէկի մէջ, այն առումով որ ներկայ Երրորդութենականները կ’ընդունին։ Հապա՝ ճի՛շդ հակառակը»։

Հետեւաբար, Աստուածաշունչի եւ պատմութեան վկայութիւնը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ որ Երրորդութիւնը անծանօթ էր Աստուածաշունչի ժամանակներուն եւ անկէ նոյնիսկ դարեր ետք։

[Մէջբերում՝ էջ 7]

«Ո՛չ մէկ ապացոյց կայ թէ սրբազան գրագիրներէն ոեւէ մէկը նոյնիսկ երեւակայած ըլլայ թէ Աստուածութեան մէջ [Երրորդութիւն] մը գոյութիւն ունի»։—Եռամէկ Աստուածը