Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ եւ Յիսուսի մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ եւ Յիսուսի մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ եւ Յիսուսի մասին

ԵԹԷ մարդիկ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդային, Երրորդութեան շուրջ առանց կանխայղացուած գաղափարի, անհատապէս այսպիսի եզրակացութեան մը պիտի յանգէի՞ն։ Անշուշտ ո՛չ։

Անկողմնակալ ընթերցող մը յստակօրէն պիտի հասկնար որ միմիայն Աստուած Ամենակալ է, Ստեղծիչ է եւ ուրիշ ոեւէ մէկէ անջատ ու տարբեր է, եւ թէ Յիսուս ալ, նոյնիսկ երկիր գալէն առաջ, անջատ ու տարբեր է, ստեղծուած մըն է եւ Աստուծմէ ստորադաս է։

Աստուած Երեք Չէ, Այլ՝ Մէկ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ուսուցումը թէ Աստուած մէկ է՝ կը կոչուի միաստուածութիւն։ Իսկ եկեղեցական պատմութեան ուսուցչապետ Լ. Լ. Փէյն կը նշէ որ միաստուածութիւնը իր ամենահարազատ վիճակին մէջ, չի թոյլատրեր Երրորդութիւնը։ «Հին Կտակարանը զուտ միաստուածութիւն է։ Աստուած մէկ էակ է։ Հոն երրորդութիւն գտնելու գաղափարը . . . բոլորովին անհիմն է»։

Յիսուս երկիր գալէն ետք, միաստուածութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն մտցուեցա՞ւ։ Փէյն կը պատասխանէ. «Այս կէտին շուրջ Հին Կտակարանին եւ Նորին միջեւ խզում չկայ։ Միաստուածութեան աւանդութիւնը շարունակուած է։ Յիսուս Հրեայ մըն էր, Հրեայ ծնողքի մը կողմէ դաստիարակուած՝ Հին Կտակարանի հիման վրայ։ Իր ուսուցումը հիմնականօրէն հրէական էր. նոր աւետարան մը, բայց ո՛չ՝ նոր աստուածաբանութիւն մը։ . . . Անոր հաւատքը հիմնուած էր հրէական միաստուածութեան հանրածանօթ համարին վրայ. ‘Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’»։

Այս խօսքերը կը գտնուին Բ. Օրինաց 6։4–ի մէջ։ Արեւելահայերէն Արարատ թարգմանութեան մէջ կը կարդանք. «Լսիր, ով Իսրայէլ, մեր Եհովայ Աստուածը՝ Եհովան մէկ է»։ Այդ համարին մէջ, «մէկ» բառը քերականականօրէն որեւէ կերպով յոգնակիի գաղափարը չի տար, այլ պարզապէս մէկ հոգիի կ’ակնարկէ։

Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ ալ Աստուծոյ բնութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չնշեց, նոյնիսկ Յիսուսի երկիր գալէն ետք։ Ան գրեց. «Աստուած մէկ է»։—Գաղատացիս 3։20. տես նաեւ՝ Ա. Կորնթացիս 8։4-6։

Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ հազարաւոր անգամներ Աստուծոյ ակնարկուած է որպէս մէկ էութիւն։ Երբ ան կը խօսի, որպէս անբաժան մէկ անձնաւորութիւն կը խօսի։ Աստուածաշունչը ասկէ աւելի յստակ չի կրնար ըլլալ այս մասին։ Ինչպէս Աստուած կը նշէ. «Ես Եհովա եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն»։ (Եսայեայ 42։8) «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, . . . ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս»։ (Շեղագիրը մեզմէ։)Ելից 20։2, 3

Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած Աստուածաշունչը գրողներուն բոլորն ալ ինչո՞ւ Աստուծոյ մասին պիտի խօսէին որպէս մէկ անձնաւորութիւն, եթէ իրականութեան մէջ ինք երեք անձ ըլլար։ Անիկա միայն մարդիկը մոլորեցնելու պիտի չծառայէ՞ր։ Արդարեւ, եթէ Աստուած երեք անձերէ բաղկացած ըլլար, ան Աստուածաշունչը գրողները պիտի մղէր որ բացայայտ եւ ընդարձակ տեղեկութիւն մը տային, որպէսզի այդ մասին կասկած չմնար։ Գոնէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրողները ասիկա պիտի ընէին, որոնք Աստուծոյ Որդւոյն հետ ուղղակի շփում ունեցան։ Բայց ասիկա չըրին։

Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը գրողները լայն կերպով տեղեկացուցին որ Աստուած մէկ Անձնաւորութիւն է. անզուգական, անբաժան Էութիւն մը, որու նմանը չկայ. «Ես եմ Տէրը [«Եհովան», ՆԱ] եւ ուրիշ մը չկայ, ինծմէ զատ Աստուած չկայ»։ (Եսայեայ 45։5) «Դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։—Սաղմոս 83։18

Բազմադիմի Աստուած մը Չէ

ՅԻՍՈՒՍ՝ Աստուած կոչեց «միակ ճշմարիտ Աստուած»։ (Յովհաննու 17։3, Երուսաղէմ) Ան բնաւ Աստուծոյ չակնարկեց որպէս քանի մը անձերէ բաղկացած աստուածութիւն մը։ Անոր համար Աստուածաշունչին մէջ միայն Եհովան կոչուած է Ամենակալ։ Ապա թէ ոչ «ամենակալ» բառը անիմաստ պիտի ըլլար։ Ո՛չ Յիսուսի եւ ոչ սուրբ հոգիին տրուած է այդ տիտղոսը, քանի որ միայն Եհովան գերակայ է։ Ծննդոց 17։1–ի մէջ, ան կ’ըսէ. «Ես եմ ամենակարող Աստուածը»։ Իսկ Ելից 18։11–ը կ’ըսէ. «Եհովա բոլոր աստուածներէն մեծ է»։

Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, էլոհա (աստուած) բառը երկու յոգնակի ունի, այսինքն, էլո·հիմ (աստուածներ) եւ էլո·հէ (այսինչ բանի աստուածներ)։ Այս յոգնակի ձեւերը ընդհանրապէս կ’ակնարկեն Եհովայի, եւ այս պարագային անոնք թարգմանուած են եզակի՝ որպէս «Աստուած»։ Այս յոգնակի ձեւերը Երրորդութի՞ւն կը նշեն։ Ո՛չ։ Ուիլիըմ Սմիթ՝  Աստուածաշունչի Բառարան–ին (Անգլերէն) մէջ կ’ըսէ. «Այլեւս ուսումնականները թիկունք չեն կանգնիր այն երեւակայական գաղափարին թէ [էլո·հիմ] կ’ակնարկէ Աստուածութեան մէջ երեք անձերու։ Անիկա կա՛մ վեհափառութեան համար գործածուած յոգնակի մըն է, ըստ քերականագէտներու, կա՛մ աստուածային զօրութեան լիութիւնը կը նշէ. ուրիշ խօսքով՝ Աստուծոյ կողմէ ցուցաբերուած զօրութեանց ամբողջութիւնը»։

Սեմական Լեզուներու եւ Գրականութեանց Ամերիկեան Պարբերաթերթը (Անգլերէն)՝ էլո·հիմ–ի մասին կ’ըսէ. «Անիկա գրեթէ միշտ կազմուած է եզակի ստորոգելիով մը եւ եզակի ածականներ կ’առնէ»։ Բացատրենք. էլո·հիմ տիտղոսը 35 անգամ ի յայտ կու գայ ստեղծագործութեան արձանագրութեան մէջ, եւ ամէն անգամ Աստուծոյ ըսած եւ ըրած բաները նկարագրելու համար գործածուած բայը՝ եզակի է։ (Ծննդոց 1։1–2։4) Ուստի, այդ հրատարակութիւնը կ’եզրափակէ. «[Էլո·հիմ]–ը պէտք է բացատրուի որպէս մեծութիւն ու վեհափառութիւն նշող գերադրական յոգնակի մը»։

Էլո·հիմ ո՛չ թէ «անձեր» կը նշանակէ, այլ՝ «աստուածներ»։ Ուստի, անոնք որոնք կ’առարկեն որ այս բառը Երրորդութեան գաղափարը կու տայ, իրենք զիրենք բազմաստուածներ՝ մէկէ աւելի Աստուած պաշտողներ կը դարձնեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա պիտի նշանակէր որ Երրորդութեան մէջ երեք աստուածներ կան։ Բայց Երրորդութիւն ջատագովողներուն գրեթէ բոլորը կը մերժեն այն տեսակէտը թէ Երրորդութիւնը կազմուած է երեք տարբեր աստուածներէ։

Աստուածաշունչը էլո·հիմ եւ էլո·հէ բառերը կը գործածէ նաեւ երբ մի քանի չաստուածներու կամ կուռքերու կ’ակնարկէ։ (Ելից 12։12. 20։23) Բայց ուրիշ առիթներով անիկա միայն մէկ չաստուածի կրնայ ակնարկել, զոր օրինակ երբ Փղշտացիները «իրենց աստուծոյն [էլո·հէ] Դագոնին» ակնարկեցին։ (Դատաւորաց 16։23, 24) Բահաղը կոչուած է «աստուած [էլո·հիմ]»։ (Գ. Թագաւորաց 18։27) Ասկէ զատ, այս արտայայտութիւնը գործածուած է նաեւ մարդոց։ (Սաղմոս 82։1, 6) Մովսէսի ըսուեցաւ որ ինք Ահարոնի եւ Փարաւոնի համար որպէս «աստուած [էլո·հիմ]» պիտի ծառայէր։—Ելից 4։16. 7։1

Արդ, չաստուածներու եւ նոյնիսկ մարդոց համար էլո·հիմ եւ էլո·հէ տիտղոսները գործածելը այն գաղափարը չի տար թէ իւրաքանչիւրը բազմադիմի աստուած մըն է. ո՛չ ալ Եհովայի համար էլո·հիմ եւ էլո·հէ բառերուն կիրարկումը կը նշանակէ թէ ան մէկէ աւելի անձերէ բաղկացած է, մանաւանդ երբ այս նիւթին շուրջ Աստուածաշունչին մնացեալ մասին վկայութիւնը նկատի ունենանք։

Յիսուս՝ Անջատ Արարած մը

ԵՐԲ երկրի վրայ էր, Յիսուս մարդ էր՝ թէեւ կատարեալ, քանի որ Աստուած Յիսուսի կեանքի ոյժը Մարիամի արգանդին մէջ փոխադրեց։ (Մատթէոս 1։18-25) Բայց անոր կեանքը այդպէս չսկսաւ։ Ինք անձամբ ըսաւ որ ‘երկնքէն իջած’ էր։ (Յովհաննու 3։13) Ուստի, բնական էր որ ան հետագային իր հետեւորդներուն ըսէր. «Ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ [Յիսուս] ելլելը, ուր առաջ էր»։—Յովհաննու 6։63

Ուստի, երկիր գալէն առաջ, Յիսուս երկնքի մէջ գոյութիւն ունեցած էր։ Բայց որպէս ամենակալ, յաւիտենական երրեակ Աստուածութեան մը անձերէն մէ՞կը։ Ո՛չ, քանի որ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նշէ որ որպէս մարդ երկիր գալէ առաջ, Յիսուս ալ, հրեշտակներուն նման, հոգեղէն արարած մըն էր, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած։ Ո՛չ Յիսուս եւ ոչ հրեշտակները իրենց ստեղծուելէն առաջ գոյութիւն ունէին։

Իր նախամարդկային գոյութեան մէջ, Յիսուս «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն էր։ (Կողոսացիս 1։15) Ան «Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբ»ն էր։ (Յայտնութիւն 3։14) «Սկիզբ» [Յունարէն՝ ար·խի] բառը կարելի չէ մեկնել որպէս թէ Յիսուս Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը ‘սկսողն’ ըլլար։ Յովհաննէս, Աստուածաշունչի իր արձանագրութիւններուն մէջ, 20 անգամէ աւելի Յունարէն ար·խի բառին տարբեր երեսակները կը գործածէ եւ անոնք միշտ «սկիզբ» բառին սովորական իմաստը ունին։ Այո, Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցաւ, որպէս Աստուծոյ անտեսանելի ստեղծագործութիւններուն սկիզբը։

Նկատի առէք որ Յիսուսի ծագումին մասին այս ակնարկումները ինչպէս սերտօրէն կապակցութիւն ունին Աստուածաշունչի Առակաց գրքին մէջ այլաբանական ‘Իմաստութեան’ համար գործածուած արտայայտութիւններուն հետ. «Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն, երկիրը ստեղծելէ առաջ, իր գործին սկիզբը, լեռները չտեղաւորուած, բլուրներէն առաջ ես ծնած էի։ Տակաւին երկիրն ու դաշտերը եւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած»։ (Առակաց 8։12, 22, 25, 26) Թէեւ «Իմաստութիւն» արտայայտութիւնը գործածուած է անձնաւորելու համար Աստուծոյ արարածներէն մէկը, ուսումնականներէն շատեր կը համաձայնին որ անիկա իրապէս մարդ ըլլալէ առաջ որպէս հոգեղէն արարած Յիսուսի ակնարկող փոխաբերական արտայայտութիւն մըն է։

Իր նախամարդկային գոյութեան մէջ որպէս «Իմաստութիւն» մարմնաւորուած, Յիսուս կը շարունակէ ըսել որ ինք «անոր [Աստուծոյ] քով ճարտարապետ էր»։ (Առակաց 8։30) Որպէս ճարտարապետ իր դերին հետ համընթաց ըլլալով, Կողոսացիս 1։16–ը կ’ըսէ Յիսուսի մասին որ «անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ»։

Ուստի, այս ճարտարապետին, իր կրտսեր գործակիցին հետ էր որ Ամենակալ Աստուած մնացեալ բոլոր բաները ստեղծեց։ Աստուածաշունչը հետեւեալ կերպով կը համառօտէ հարցը. «Մեզի համար մէկ Աստուած կայ, Հայրը, որմէ սկիզբ առած է ամէն բան, . . . եւ կայ մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն բան»։ (Շեղագիրը մեզմէ։)Ա. Կորնթացիս 8։6, Անթիլիաս։

Անկասկած այս ճարտարապետին էր որ Աստուած ըսաւ. ‘Մեր պատկերին պէս մարդ ընենք’։ (Ծննդոց 1։26) Ոմանք կը դաւանին որ այս համարին մէջ «մեր» արտայայտութիւնը Երրորդութիւն կը նշէ։ Բայց եթէ ըսելու ըլլայիք՝ ‘մեզի համար բան մը շինենք’, բնականաբար որեւէ մէկը պիտի չհասկնար որ ձեր մէջ մի քանի անհատներ հաւաքուած են որպէս մէկ։ Պարզապէս ըսել պիտի ուզէիք որ երկու կամ աւելի անհատներ միասնաբար պիտի աշխատին բան մը ընելու համար։ Ուստի, երբ Աստուած գործածեց «մեր» դերանունը, ան պարզապէս ուրիշ անհատի մը, իր առաջին հոգեղէն արարածին, ճարտարապետին, նախամարդկային Յիսուսին հետ կը խօսէր։

Աստուած Կրնա՞յ Փորձուիլ

ՄԱՏԹԷՈՍ 4։1–ի մէջ, կ’ըսուի որ Յիսուս ‘Սատանայէն փորձուեցաւ’։ «Աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը» ցոյց տալէ ետք Յիսուսի, Սատանան ըսաւ անոր. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես»։ (Մատթէոս 4։8, 9) Սատանան կը փորձէր Աստուծոյ հանդէպ Յիսուսի հաւատարմութիւնը բեկանել։

Բայց եթէ Յիսուս ինք Աստուածն էր, անիկա որո՞ւ հանդէպ հաւատարմութեան փորձ պիտի ըլլար։ Աստուած ինքն իր դէմ կրնա՞ր ըմբոստանալ։ Ո՛չ, բայց հրեշտակներն ու մարդիկ կրնային ըմբոստանալ Աստուծոյ դէմ, ինչ որ ըրին ալ։ Յիսուսի փորձութիւնը իմաստ մը կ’ունենար միմիայն եթէ ինք ո՛չ թէ Աստուած, հապա ազատ կամքի տէր անջատ անհատ մը եղած ըլլար, որ եթէ ուզէր՝ կրնար անհաւատարիմ գտնուիլ, հրեշտակի մը կամ մարդ արարածի մը նման։

Միւս կողմէ, երեւակայութենէ վեր բան մըն է խորհիլ որ Աստուած կրնար մեղանչել եւ ինքն իր անձին դէմ անհաւատարիմ գտնուիլ։ «Աստուծոյ գործը կատարեալ է . . . Աստուած հաւատարիմ է . . . արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Ուստի, եթէ Յիսուս Աստուած ըլլար, չէր կրնար փորձուիլ։—Յակոբու 1։13

Յիսուս Աստուած չըլլալով, կրնար անհաւատարիմ գտնուիլ։ Բայց ան հաւատարիմ մնաց, ըսելով. «[Ետիս] գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։—Մատթէոս 4։10

Ի՞նչ Էր Փրկանքին Արժէքը

ՅԻՍՈՒՍԻ երկիր գալուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ ուղղակի կ’ազդէ Երրորդութեան գաղափարին։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Մէ՛կ Աստուած կայ ու մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, որ իր անձը ամենուն տեղ [«համապատասխան», ՆԱ] փրկանք տուաւ»։—Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6

Յիսուս կատարեալ մարդէ մը ո՛չ աւելի եւ ոչ նուազ ըլլալով, կրցաւ փրկանք ըլլալ, հատուցանելով ինչ որ Ադամ կորսնցուցած էր՝ երկրի վրայ մարդկային կատարեալ կեանքի իրաւունքը։ Հետեւաբար, Պօղոս առաքեալ տեղին ըլլալով կրնար Յիսուսը կոչել «վերջին Ադամը», որ միեւնոյն բովանդակութեան մէջ ըսաւ. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան»։ (Ա. Կորնթացիս 15։22, 45) Յիսուսի մարդկային կատարեալ կեանքը աստուածային արդարութեան կողմէ պահանջուած «համապատասխան փրկանք»ը եղաւ, ո՛չ աւելի եւ ոչ պակաս։ Մարդկային արդարադատութեան մէջ անգամ, գործուած յանցանքին համապատասխան գին կը վճարուի։

Սակայն, եթէ Յիսուս Աստուածութեան մաս կը կազմէր, այդ պարագային փրկանքը Աստուծոյ Օրէնքին կողմէ պահանջուածէն շա՜տ աւելի բարձր պիտի ըլլար։ (Ելից 21։23-25. Ղեւտացւոց 24։19-21) Եդեմի պարտէզին մէջ միայն կատարեալ մարդ մը՝ Ադամ՝ մեղանչեց եւ ո՛չ թէ Աստուած։ Ուստի, եթէ փրկանքը իրապէս Աստուծոյ արդարութեան համաձայն պիտի ըլլար, պէտք էր ճիշդ համապատասխան ըլլար. կատարեալ մարդ մը, «վերջին Ադամը»։ Հետեւաբար, երբ Աստուած Յիսուսը երկիր ղրկեց որպէս փրկանք ծառայելու, արդարութիւնը ի՛նչ որ կը պահանջէր, անոր վերածեց զինք. ո՛չ մարդկային մարմին հագած մէկը եւ ոչ ալ աստուած–մարդ մը, այլ՝ «հրեշտակներէն քիչ մը վար» եղող կատարեալ մարդ մը։ (Եբրայեցիս 2։9. բաղդատել՝ Սաղմոս 8։5, 6։) Ամենակալ Աստուածութեան որեւէ մասը՝ Հայրը, Որդին կամ սուրբ հոգին՝ ի՞նչպէս կրնար հրեշտակներէն վար ըլլալ։

Ի՞նչ Առումով «Միածին Որդի» Է

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Յիսուսը կը կոչէ Աստուծոյ «միածին Որդին»։ (Յովհաննու 1։14. 3։16, 18. Ա. Յովհաննու 4։9) Երրորդութիւնը ջատագովողները կ’ըսեն թէ քանի որ Աստուած յաւիտենական է, ուրեմն Աստուծոյ Որդին ալ յաւիտենական է։ Բայց անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ որդի ըլլալ եւ միեւնոյն ատեն հօրը տարիքը ունենալ։

Երրորդութենականները կը դաւանին որ Յիսուսի պարագային «միածին» բառը նոյն իմաստը չունի ինչ որ բառարանը «ծնանիլ»ը կը սահմանէ, որպէս «հօր պէս ծնունդ տալ»։ (Ուէպսթըրի Իններորդ Քոլէճական Նոր Բառարան) Անոնք կ’ըսեն որ Յիսուսի պարագային անիկա «անսկիզբ յարաբերութեան իմաստը» կը կրէ, տեսակ մը մէկ հատիկ որդիի յարաբերութիւն մը՝ առանց ծնունդի։ (Հին եւ Նոր Կտակարաններու Բառերուն Վայնի Բացատրական Բառարան, Անգլերէն) Ասիկա տրամաբանական կը հնչէ՞։ Հայր մը կրնա՞յ որդի մը ունենալ առանց անոր ծնունդ տալու։

Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը ինչո՞ւ Յունարէն նոյն «միածին» բառը կը գործածէ (զոր Վայն առանց բացատրութեան կ’ընդունի) Իսահակի եւ Աբրահամի ունեցած յարաբերութիւնը նկարագրելու համար։ Եբրայեցիս 11։17–ն (Արարատ) Իսահակի մասին կը խօսի որպէս Աբրահամի ‘միածինը’։ Իսահակի պարագային, անոր միածին ըլլալը առանց այլեւայլի կ’ընդունուի բնական իմաստով, առանց որ ան ժամանակով ու դիրքով իր հօրը հաւասար ըլլայ։

Յիսուսի եւ Իսահակի համար գործածուած «մէկ հատիկ» կամ «միածին» բառը Յունարէն մո·նո·կէ·նէս բառն է. մոնոս, որ կը նշանակէ «միակ», եւ կինո·մէ արմատ բառ մը, որ կը նշանակէ «արտադրել», «ըլլալ (գոյանալ)», ըստ Սթրոնկի Ընդարձակ Համաբարբառ–ին (Անգլերէն)։ Հետեւաբար, մո·նո·կէ·նէս–ը կը սահմանուի որպէս՝ «Միակ ծնունդ, միածին, զոր օրինակ, միակ զաւակը»։—Նոր Կտակարանի Յունարէն եւ Անգլերէն Բառագիրք (Անգլերէն), Է. Ռոպինսընի կողմէ։

Կէրհարտ Գիթըլի կողմէ խմբագրուած՝ Նոր Կտակարանի Աստուածաբանական Բառարան–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «[Մո·նո·կէ·նէս] կը նշանակէ ‘մենածին’, զոր օրինակ, առանց եղբայրներու ու քոյրերու»։ Այս գիրքը նաեւ կը նշէ որ Յովհաննու 1։18. 3։16, 18 եւ Ա. Յովհաննու 4։9–ի մէջ «Յիսուսի յարաբերութիւնը, միակ զաւկի մը իր հօր հետ ունեցած յարաբերութեան հետ եղած բաղդատութիւն մը չէ։ Անիկա Հօրը հետ միածնի յարաբերութիւնն է»։

Ուստի, Յիսուս՝ միածին Որդին՝ սկիզբ մը ունեցաւ։ Ամենակալ Աստուած իրաւացիօրէն կարելի է կոչել զինք Ծնանողը կամ իր Հայրը, այն առումով որ երկրաւոր հայր մը, ինչպէս Աբրահամ, որդի մը ծնաւ։ (Եբրայեցիս 11։17) Ուստի, երբ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կը խօսի որպէս Յիսուսի «Հայրը», յստակօրէն ըսել կ’ուզէ որ անոնք երկու անջատ էութիւններ են։ Ժամանակով, դիրքով, զօրութեամբ եւ գիտութեամբ Աստուած երէցն է, Յիսուս՝ կրտսերը։

Երբ նկատի առնենք թէ երկնքի մէջ Յիսուս Աստուծոյ ստեղծած միակ հոգեղէն որդին չէ, այն ատեն կը հասկնանք թէ «միածին Որդի» արտայայտութիւնը ինչո՛ւ գործածուած է իր պարագային։ Հոգեղէն անհամար արարածներ ալ՝ հրեշտակներ՝ «Աստուծոյ որդիներ» կոչուած են, ինչպէս Ադամ, քանի որ իրենց կեանքի ոյժը ստացած են Եհովա Աստուծմէ, կեանքի Ակունքէն կամ Աղբիւրէն։ (Յոբայ 38։7. Սաղմոս 36։9. Ղուկաս 3։38) Բայց այս բոլորը ստեղծուած էին, ‘միածին Որդւոյն’ միջոցաւ, որ ուղղակիօրէն Աստուծոյ կողմէ ծնած միակ անձն էր։—Կողոսացիս 1։15-17

Յիսուս՝ Աստուա՞ծ Նկատուած Էր

ՄԻՆՉ Յիսուս յաճախ Աստուծոյ Որդի կոչուած է Աստուածաշունչին մէջ, սակայն առաջին դարուն ոեւէ մէկը չխորհեցաւ որ Որդին՝ Աստուած էր։ Դեւերն անգամ, որ կը հաւատան թէ «Աստուած մէկ է», հոգեղէն ոլորտին մէջ իրենց ունեցած փորձառութեամբ, գիտէին որ Յիսուս՝ Աստուած չէր։ Անոր համար, ճշգրտօրէն անոր կ’ակնարկէին որպէս անջատ մէկը՝ «Որդի Աստուծոյ»։ (Յակոբու 2։19. Մատթէոս 8։29) Նոյնիսկ Յիսուսի մահուան ատեն, իր կողքին կայնող Հռովմէացի զինուորները բաւարար տեղեկութիւն ունէին ըսելու, որ անոր հետեւորդներուն կողմէ իրենց լսածը ճիշդ էր, թէ Յիսուս ո՛չ թէ Աստուած, այլ՝ «արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։—Մատթէոս 27։54

Ուստի, ‘Աստուծոյ Որդի’ արտայայտութիւնը Յիսուսի կ’ակնարկէ որպէս ջոկ արարած մը եւ ոչ թէ Երրորդութեան մը մէկ մասը։ Աստուծոյ Որդին ըլլալով, ինք չէր կրնար Աստուածը ըլլալ, քանի որ Յովհաննու 1։18–ը կ’ըսէ. «Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ»։

Աշակերտներուն համար Յիսուս ո՛չ թէ Աստուած էր, այլ՝ «մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։5) Քանի որ ստուգաբանութեան համաձայն, միջնորդը տարբեր է միջնորդութեան կարիքը ունեցողներէն, Յիսուսի պարագային հակասական պիտի ըլլար իր հաշտեցնել ջանացած երկու կողմերէն մէկը ինք ըլլալ։ Ուրիշ խօսքով, պիտի ձեւացնէր ըլլալ մէկը որ՝ չէր։

Աստուածաշունչը պարզ ու հաստատ է Աստուծոյ եւ Յիսուսի յարաբերութեան մասին։ Միմիայն Եհովա Աստուած Ամենակալ է։ Ան ուղղակիօրէն ստեղծեց նախամարդկային Յիսուսը։ Հետեւաբար, Յիսուս սկիզբ մը ունեցած է, եւ բնաւ զօրութեամբ կամ յաւիտենականութեամբ Աստուծոյ չէր կրնար հաւասարիլ։

[Մէջբերում՝ էջ 14]

Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած ըլլալով, Յիսուս ժամանակով, զօրութեամբ եւ գիտութեամբ երկրորդական տեղ մը կը գրաւէ

[Նկար՝ էջ 15]

Յիսուս ըսաւ որ ինք նախամարդկային գոյութիւն մը ունեցած էր, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուելով, որպէս Աստուծոյ անտեսանելի ստեղծագործութիւններուն սկիզբը