Աստուած միշտ Յիսուսէն գերադա՞ս է
Աստուած միշտ Յիսուսէն գերադա՞ս է
ՅԻՍՈՒՍ բնաւ չդաւանեցաւ Աստուած ըլլալ։ Ինչ որ ըսաւ իր մասին, ցոյց կու տայ որ ան ինքզինք որեւէ կերպով Աստուծոյ հաւասար չէր նկատեր, ո՛չ զօրութեամբ, ո՛չ գիտութեամբ եւ ոչ ալ տարիքով։
Իր գոյութեան բոլոր տեւողութեան, ըլլայ երկնքի մէջ թէ երկրի վրայ, իր խօսքերը եւ վարմունքը կ’արտացոլացնէին որ Աստուծոյ ենթակայ էր։ Աստուած միշտ գերադաս է, իսկ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած ըլլալով՝ անկէ ստորադաս է։
Յիսուս Աստուծմէ Անջատ Է
ՅԻՍՈՒՍ կրկին անգամ ցոյց տուաւ որ ինք Աստուծմէ անջատ արարած մըն էր եւ թէ իր վրայ Աստուած մը ունէր, Աստուած մը որու կը պաշտէր, Աստուած մը որու «Հայր» կը կոչէր։ Աստուծոյ՝ այսինքն Հօրը, մատուցանած իր աղօթքին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «միակ ճշմարիտ Աստուած»։ (Յովհաննու 17։3, Երուսաղէմ) Յովհաննու 20։17–ի մէջ ան Մարիամ Մագդաղենացիին ըսաւ. «Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով»։ Բ. Կորնթացիս 1։3–ի մէջ Պօղոս առաքեալ այս յարաբերութիւնը կը հաստատէ. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը»։ Քանի որ Յիսուս Աստուած մը ունէր, որ իր Հայրն ալ էր, ինք չէր կրնար միեւնոյն ժամանակ այդ Աստուածը ըլլալ։
Պօղոս առաքեալ վերապահ չի գտնուիր Յիսուսի եւ Աստուծոյ մասին խօսելով որպէս իրարմէ անջատ էութիւններ. «Մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ . . . ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս»։ (Ա. Կորնթացիս 8։6) Առաքեալը այս զանազանութիւնը ցոյց կու տայ, երբ կը յիշէ ‘Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս ու ընտրեալ հրեշտակները’։ (Ա. Տիմոթէոս 5։21) Ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս կը խօսի Յիսուսի եւ հրեշտակներու մասին որպէս երկնքի մէջ իրարմէ անջատ անձնաւորութիւններ, նոյնն է պարագան Յիսուսի եւ Աստուծոյ։
Յովհաննու 8։17, 18–ի մէջ Յիսուսի խօսքերն ալ յատկանշական են։ Ան ըսաւ. «Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։ Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար»։ Հոս Յիսուս ցոյց կու տայ որ ինք եւ Հայրը, այսինքն Ամենակալ Աստուած, երկու անջատ էութիւններ պէտք է ըլլան, ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս երկու վկաներ պիտի ըլլային։
Յիսուս դարձեալ ցոյց տուաւ որ ինք Աստուծմէ անջատ էութիւն մըն էր, ըսելով. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած»։ (Մարկոս 10։18) Ուստի, Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ Աստուծոյ չափ բարի ոեւէ մէկը չկայ, ոչ իսկ ինք։ Աստուած այնպիսի բարութիւն մը ունի, որ զինք կը զատորոշէ Յիսուսէն։
Աստուծոյ Հնազանդ Ծառան
ՅԻՍՈՒՍ յաճախ հետեւեալ կերպով արտայայտուեցաւ. «Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ»։ (Յովհաննու 5։19) «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց»։ (Յովհաննու 6։38) «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է»։ (Յովհաննու 7։16) Ղրկողը ղրկուածէն գերադաս չէ՞։
Այս յարաբերութիւնը բացայայտ է Յիսուսի տուած այգիի առակին մէջ։ Ան Աստուած՝ իր Հայրը՝ նմանցուց այգիին տիրոջ, որ օտար երկիր երթալով զայն մշակներու յանձնած էր, որոնք Հրեայ կրօնական դասը կը պատկերացնէին։ Հետագային, երբ տէրը ծառայ մը ղրկեց որ այգիին հասոյթէն քիչ մը բերէ, մշակները ծեծեցին ծառան եւ դատարկ ճամբեցին։ Ապա այգիին տէրը ուրիշ ծառայ մը ղրկեց, յետոյ երրորդ մը, եւ այս երկուքին հետ ալ նոյն կերպով վարուեցան։ Այգիին տէրը վերջապէս ըսաւ. «Իմ սիրելի որդիս [Յիսուսը] ղրկեմ, թերեւս զանիկա տեսնելով ամչնան»։ Բայց չար մշակները խորհեցան. «‘Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք զանիկա սպաննենք, որպէս զի ժառանգութիւնը մեզի մնայ’։ Զանիկա այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին»։ (Ղուկաս 20։9-16) Այս կերպով Յիսուս պատկերացուց իր դիրքը, որպէս Աստուծոյ կողմէ ղրկուած՝ անոր կամքը կատարելու համար, ճիշդ ինչպէս հայր մը իր հնազանդ որդին կը ղրկէ։
Յիսուսի հետեւորդները միշտ զինք կը նկատէին որպէս Աստուծոյ հնազանդ ծառայ մը եւ ո՛չ՝ Աստուծոյ հաւասար մէկը։ Անոնք աղօթքի մէջ Աստուծոյ ըսին. «Սուրբ Որդիիդ [«ծառայիդ», Ռիվայզտ Սթենտըրտ, Կաթողիկէ հրատարակութիւն] Յիսուսին . . . որ դուն Գործք 4։23, 24, 27, 30
օծեցիր, . . . քու սուրբ Որդիիդ [«ծառայիդ», Ռիվայզտ Սթենտըրտ, Կաթողիկէ հրատարակութիւն] Յիսուսին անունովը նշաններ ու հրաշքներ կատարուին»։—Աստուած Միշտ Գերադաս Եղած Է
ՅԻՍՈՒՍԻ ծառայութեան ճիշդ սկիզբը, երբ ան մկրտութեան ջուրէն դուրս եկաւ, երկինքէն Աստուծոյ ձայնը ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ (Մատթէոս 3։16, 17) Աստուած ըսել կ’ուզէր որ ինք իր որդին էր, որ ինքզինք հաւնած էր եւ թէ ինքզինք երկի՞ր ղրկած էր։ Ո՛չ. Ստեղծիչ Աստուած կ’ըսէր թէ ինք որպէս գերադաս, իրմէ ստորադաս եղող իր Որդւոյն՝ Յիսուսի՝ դիմաց եղող գործին համար, իր հաճութիւնը կը յայտնէր։
Յիսուս իր Հօրը գերակայութեան նշեց, երբ ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու»։ (Ղուկաս 4։18) Օծութիւն կը նշանակէ, գերադաս մէկու մը կողմէ հեղինակութիւն կամ յանձնարարութիւն մը տրուիլ անհատի մը, որ տակաւին այդ հեղինակութիւնը չունի։ Հոս յստակօրէն կը տեսնուի որ Աստուած գերակայ է, քանի որ ինք Յիսուսը օծեց, անոր հեղինակութիւն մը տալով, որ նախապէս չունէր։
Յիսուս յստակօրէն ցոյց տուաւ իր Հօրը գերակայութիւնը, երբ երկու աշակերտներուն մայրը եկաւ եւ խնդրեց որ երբ իր Թագաւորութեամբ գայ, իր տղոցմէ մէկը իր աջ կողմը, իսկ միւսը ձախ կողմը նստի։ Յիսուս պատասխանեց. «Իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս», այսինքն՝ Աստուծմէ։ (Մատթէոս 20։23) Եթէ Յիսուս ինք ըլլար Ամենակալ Աստուածը, իրեն պիտի պատկանէր այդ դիրքերը տալ։ Բայց Յիսուս չէր կրնար տալ, քանի որ անիկա ընելը Աստուծոյ կը պատկանէր, եւ Յիսուս Աստուած չէր։
Յիսուսի աղօթքները իր ստորադասութեան նշող ազդու օրինակներ են։ Երբ Յիսուս մեռնելու վրայ էր, ցոյց տուաւ որ իր մեծաւորը ո՛վ էր, ըսելով. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։ (Ղուկաս 22։42) Ան որո՞ւ կ’աղօթէր։ Իր մէկ մասի՞ն։ Ո՛չ, ան բոլորովին իրմէ անջատ եղող մէկու մը կ’աղօթէր, իր Հօրը, Աստուծոյ, որու կամքը գերիվեր էր եւ կրնար իր կամքէն տարբեր ըլլալ՝ որպէս Միակը որ կրնար ‘այս գաւաթը անցընել’։
Ապա, երբ մահուան սեմին կը գտնուէր, Յիսուս աղաղակեց. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։ (Մարկոս 15։34) Յիսուս որո՞ւ կ’աղաղակէր։ Ինքզինքի՞ն, թէ ոչ իր մէկ մասին։ Վստահաբար «Աստուա՜ծ իմ» աղաղակը բարձրացնողը ինքզինք Աստուած չէր նկատեր։ Իսկ եթէ Յիսուս ինք Աստուած էր, ո՞վ էր որ զինք թողուցած էր։ Ի՞նք։ Ասիկա անիմաստ պիտի ըլլար։ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ (Ղուկաս 23։46) Եթէ Յիսուս ինք Աստուած էր, ինչո՞ւ իր հոգին Հօրը պիտի վստահէր։
Յիսուս մեռնելէ ետք, երեք օրերու ընթացքին գերեզմանին մէջ մնաց։ Եթէ ինք Աստուած էր, այդ պարագային Ամբակումայ 1։12–ը (ՆԱ) սխալ է, երբ կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ Աստուածս, իմ Սուրբս, դուն չես մեռնիր»։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Յիսուս մեռա՛ւ եւ գերեզմանին մէջ անգիտակից էր։ Իսկ ո՞վ յարուցանեց Յիսուսը մեռելներէն։ Եթէ իրապէս մեռած էր, ան չէր կրնար ինքզինք յարուցանել։ Իսկ եթէ իրապէս մեռած չէր, իր ձեւական մահը Ադամի մեղքին որպէս փրկանք չէր ծառայեր։ Բայց իր իսկական մահով, ան այդ գինը լիովին վճարեց։ Ուստի, «Աստուած [էր որ] յարուցանեց [Յիսուսը] մահուան ցաւերը քակելով»։ (Գործք 2։24) Գերադաս եղող Ամենակալ Աստուած, ստորադաս եղող իր ծառան՝ Յիսուսը՝ յարուցանեց մեռելներէն։
Յիսուսի հրաշքներ գործելու կարողութիւնը, ի ներառեալ մարդիկ յարուցանելը, կը նշէ՞ր թէ ինք Աստուած էր։ Առաքեալները, ինչպէս նաեւ Եղիա ու Եղիսէ մարգարէներն ալ այդ զօրութիւնը ունէին, բայց ասով հանդերձ անոնք մարդոցմէ տարբեր բան մը չեղան։ Աստուած մարգարէներուն, Յիսուսի եւ առաքեալներուն հրաշքներ ընելու զօրութիւն տուաւ, ցոյց տալու համար որ Ինք անոնց թիկունք կը կանգնէր։ Բայց ասիկա անոնցմէ ոեւէ մէկը բազմադիմի Աստուածութեան մը մէկ մասը չդարձուց։
Յիսուսի Գիտութիւնը Սահմանափակ Էր
ԵՐԲ Յիսուս իրերու այս դրութեան վախճանին մասին իր մարգարէութիւնը տուաւ, ան ըսաւ. «Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը»։ (Մարկոս 13։32) Եթէ Յիսուս Աստուածութեան մը հաւասար մէկ մասը եղած ըլլար, Հօրը գիտցածը ի՛նքն ալ պիտի գիտնար։ Բայց Յիսուս չէր գիտեր, քանի որ Աստուծոյ հաւասար չէր։
Նոյն կերպով, Եբրայեցիս 5։8–ի մէջ կը կարդանք որ Յիսուս «իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ»։ Կրնա՞նք երեւակայել որ Աստուած տակաւին սորվելիք ունենար։ Ո՛չ. բայց Յիսուս սորվեցաւ, քանի որ Աստուծոյ գիտցած բոլոր բաները չէր գիտեր։ Իսկ ան բան մը սորվեցաւ որ Աստուած բնա՛ւ կարիքը չունի սորվելու, որ է՝ հնազանդութիւն։ Աստուած ոեւէ մէկու հնազանդելու պէտք չունի։
Աստուծոյ գիտցած եւ Յիսուսի գիտցած բաներուն մէջ տարբերութիւն մը կար նոյնիսկ Աստուծոյ հետ ըլլալու համար Յիսուս երկինք յարուցուելէն ետք։ Աստուածաշունչի վերջին գրքին առաջին խօսքերը նկատի առէք. «Ասիկա այն յայտնութիւնն է, որ Յիսուս Քրիստոս կատարեց։ Աստուած այս յայտնութիւնը տուաւ Քրիստոսի»։ (Յայտնութիւն 1։1, Անթիլիաս) Եթէ Յիսուս ինք Աստուածութեան մէկ մասն էր, Աստուածութեան ուրիշ մէկ մասէ մը՝ Աստուծմէ՝ յայտնութիւն մը ստանալու կարիքը պիտի ունենա՞ր։ Վստահաբար, արդէն այդ մասին գիտցած պիտի ըլլար, քանի որ Աստուած գիտէր։ Բայց Յիսուս չէր գիտեր, քանի որ Աստուած չէր։
Յիսուս կը Շարունակէ Ստորադաս Մնալ
ԻՐ ՆԱԽԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ գոյութեան մէջ, ինչպէս նաեւ երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Աստուծմէ ստորադաս էր։ Իր յարութենէն ետք, ան կը շարունակէ ստորադաս ըլլալ, երկրորդական դիրք մը գրաւելով։
Յիսուսի յարութեան մասին խօսելով, Պետրոս եւ իրեն հետ եղողները Հրեայ Սենետրիոնին ըսին. «Աստուած իր աջ ձեռքով զանիկա [Յիսուսը] . . . բարձրացուց»։ (Գործք 5։31) Պօղոս ըսաւ. «Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 2։9) Եթէ Յիսուս Աստուած եղած ըլլար, ինչպէ՞ս պիտի բարձրանար, այսինքն, նախկինէն բարձր դիրքի մը պիտի տիրանար։ Ան արդէն Երրորդութեան բարձրացեալ մէկ մասը եղած պիտի ըլլար։ Եթէ իր բարձրացուելէն առաջ, Յիսուս Աստուծոյ հաւասար եղած ըլլար, անկէ աւելի բարձրացնելը զինք Աստուծմէ գերադաս պիտի դարձնէր։
Պօղոս ըսաւ նաեւ որ Քրիստոս մտաւ «բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ»։ (Եբրայեցիս 9։24) Եթէ դուք ուրիշի մը առջեւ ներկայանաք, ի՞նչպէս կրնաք այդ անհատը ըլլալ։ Անկարելի է։ Պէտք է անկէ տարբեր եւ անջատ ըլլաք։
Նմանապէս, քարկոծուելով մահանալէ ճիշդ առաջ, Ստեփանոս նահատակը «երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը նստեր էր»։ (Գործք 7։55) Պարզ է որ անիկա երկու անջատ անհատներ տեսաւ. բայց ո՛չ սուրբ հոգին տեսաւ եւ ոչ ալ՝ Երրորդութեան Աստուածութիւն մը։
Յայտնութիւն 4։8–5։7–ի մէջ, ցոյց կը տրուի Աստուած իր երկնային գահին վրայ նստած, բայց Յիսուս հոն չէ։ Յիսուս Աստուծոյ պէտք է մօտենայ, որպէսզի անոր աջ ձեռքէն մագաղաթ մը առնէ։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ երկնքի մէջ Յիսուս Աստուած չէ, այլ անկէ անջատ է։
Ասոր հետ համաձայն գտնուելով, Անգլիոյ Մէնչէստըրի Ճոն Ռայլէնցի Գրատան Տեղեկագիրը (Անգլերէն) կը նշէ. «Իր յետ–յարութեան երկնային կեանքին մէջ, Յիսուս կը ներկայացուի որպէս ամէն կողմանէ նոյնքան անհատական եւ Աստուծմէ անջատ մէկը, որքան էր երկրի վրայ եղած ժամանակ։ Աստուծոյ կողքին եւ Աստուծոյ հետ համեմատած, արդարեւ ան Աստուծոյ երկնային ատեանին մէջ կ’երեւնայ որպէս ուրիշ երկնային էակ մը՝ ինչպէս հրեշտակները, թէեւ որպէս Աստուծոյ Որդի, ան տարբեր դասի կը պատկանի եւ դիրքով անոնցմէ շատ բարձր է»։—Բաղդատել՝ Փիլիպպեցիս 2։11։
Տեղեկագիրը նաեւ կ’ըսէ. «Սակայն, որպէս երկնային Քրիստոս իր կեանքին եւ պաշտօններուն մասին ինչ որ ըսուած է, որեւէ կերպով ենթադրել չի տար որ իր աստուածային վիճակին մէջ ան Աստուծոյ հետ հաւասար է կամ թէ ինք լիովին Աստուած է։ Ճիշդ հակառակը, իր երկնային անձնաւորութեան եւ ծառայութեան մասին Նոր Կտակարանի տուած պատկերին մէջ կը տեսնենք՝ Աստուծմէ անջատ եւ անկէ ստորադաս անձնաւորութիւն մը»։
Երկնքի մէջ Յիսուս յաւիտեան պիտի շարունակէ անջատ եւ Աստուծոյ հնազանդ ծառայ մը ըլլալ։ Ա. Կորնթացիս 15։24, 28
Աստուածաշունչը հետեւեալ կերպով կ’արտայայտէ ասիկա. «Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ [երկնքի մէջ Յիսուս] թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, . . . այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ»։—Յիսուս Բնաւ Չըսաւ Որ Ինք Աստուած Էր
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ դիրքը յստակ է։ Եհովա Ամենակալ Աստուած ոչ միայն Յիսուսէն տարբեր անձնաւորութիւն մըն է, այլ նաեւ՝ միշտ անկէ գերադաս է։ Յիսուս միշտ ներկայացուած է որպէս անջատ եւ աւելի նուազ, Աստուծոյ խոնար ծառայ մը։ Անոր համար է որ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ որ «Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» է, ինչպէս որ «ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է»։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Նաեւ ասոր համար էր որ Յիսուս ըսաւ. «իմ Հայրս ինծմէ մեծ է»։—Յովհաննու 14։28
Իրողութիւնը այն է որ Յիսուս Աստուած չէ եւ բնաւ չդաւանեցաւ Աստուած ըլլալ։ Հետզհետէ աւելի շատ ուսումնականներ ասոր կը գիտակցին։ Ինչպէս Ռայլէնցի Տեղեկագիրը կը նշէ. «Պէտք է դիմագրաւենք այն իրողութիւնը, որ վերջին երեսուն կամ քառասուն տարիներու ընթացքին, Նոր Կտակարանի հետազօտութիւնը հետզհետէ աւելի մեծ թիւով Նոր Կտակարանի բարեհամբաւ ուսումնականներու առաջնորդած է այն եզրակացութեան, թէ Յիսուս . . . վստահաբար բնաւ ինքզինք Աստուած չնկատեց»։
Տեղեկագիրը նաեւ առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մասին կ’ըսէ. «Ուստի, երբ անոնք [Յիսուսի] պատուարժան տիտղոսներ կու տային, ինչպէս Քրիստոս, Որդի մարդոյ, Աստուծոյ Որդի եւ Տէր, անոնք ըսել չէին ուզեր որ ան Աստուած էր, այլ, թէ ան Աստուծոյ գործը կատարող մըն էր»։
Ուստի, նոյնիսկ կարգ մը կրօնական ուսումնականներ կ’ընդունին որ Յիսուսի Աստուած ըլլալու գաղափարը Աստուածաշունչի ընդհանուր վկայութեան հակառակ է։ Աստուածաշունչին մէջ Աստուած մի՛շտ գերադաս է եւ Յիսուս ստորադաս ծառայ մըն է։
[Մէջբերում՝ էջ 19]
‘Նոր Կտակարանի հետազօտութիւնը հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ուսումնականներուն առաջնորդած է այն եզրակացութեան, թէ Յիսուս վստահաբար բնաւ ինքզինք Աստուած չնկատեց’։—Ճոն Ռայլէնցի Գրատան Տեղեկագիրը
[Նկար՝ էջ 17]
Յիսուս ըսաւ Հրեաներուն. «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց»։—Յովհաննու 6։38
[Նկար՝ էջ 18]
Երբ Յիսուս աղաղակեց. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր», վստահաբար չէր հաւատար որ ի՛նք Աստուածն էր