Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած պաշտենք ինչպէս ի՛նք կ’ուզէ

Աստուած պաշտենք ինչպէս ի՛նք կ’ուզէ

Աստուած պաշտենք ինչպէս ի՛նք կ’ուզէ

ՅԻՍՈՒՍ Աստուծոյ մատուցանած իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Ի՞նչպիսի գիտութիւն մը։ ‘Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութեան գան’։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4, ՆԱ) Տը Էմփլիֆայտ Պայպըլ–ը (Անգլերէն) այս վերջին նախադասութիւնը հետեւեալ կերպով կը թարգմանէ. «Մանրակրկիտ եւ ճշգրիտ կերպով գիտնան [աստուածային] Ճշմարտութիւնը»։

Ուստի, Աստուած կ’ուզէ որ զինք եւ իր նպատակները ճշգրտօրէն գիտնանք, աստուածային ճշմարտութեան համաձայն։ Իսկ Աստուծոյ Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը, այդ ճշմարտութեան աղբիւրն է։ (Յովհաննու 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Երբ մարդիկ ճշգրտօրէն գիտնան ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ Աստուծոյ մասին, այն ատեն պիտի չնմանին Հռովմայեցիս 10։2, 3–ի (Անթիլիաս) մէջ նկարագրուած մարդոց, որոնք «Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ»։ Ո՛չ ալ Սամարացիներուն՝ որոնց Յիսուս ըսաւ. «Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար»։—Յովհաննու 4։22

Հետեւաբար, եթէ Աստուծոյ հաճութիւնը կ’ուզենք, պէտք է մենք մեզի հարցնենք. Աստուած ի՞նչ կ’ըսէ ինքն իր մասին։ Ինք ի՞նչպէս կ’ուզէ պաշտուիլ։ Ի՞նչ են իր նպատակները եւ մենք ի՛նչպէս կրնանք անոնց յարմարիլ։ Ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն մը այս հարցումներուն ուղիղ պատասխաններ կը հայթայթէ։ Այդ պարագային կրնանք Աստուած պաշտել ինչպէս ի՛նք կ’ուզէ։

Աստուած Անպատուել

ԱՍՏՈՒԱԾ կ’ըսէ. «Զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ»։ (Ա. Թագաւորաց 2։30) Աստուած փառաւորած կ’ըլլա՞նք, ոեւէ մէկը իր հաւասարը կոչելով։ Աստուած փառաւորած կ’ըլլա՞նք Մարիամը «Աստուածամայր» եւ «Ստեղծիչին եւ Իր արարածներուն միջեւ . . . Միջնորդուհի» կոչելով, ինչպէս կ’ընէ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն)։ Ո՛չ. այսպիսի գաղափարներ Աստուած կ’անպատուեն։ Ոեւէ մէկը իրեն հաւասար չէ. ոչ ալ Ան մարմնաւոր մայր մը ունի, քանի որ Յիսուս Աստուած չէր։ Իսկ «Միջնորդուհի» ալ գոյութիւն չունի, քանի որ Աստուած նշանակած է միայն «մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս»ը։—Ա. Տիմոթէոս 2։5. Ա. Յովհաննու 2։1, 2

Անկասկած, Երրորդութեան վարդապետութիւնը մարդոց մէջ շփոթութիւն ստեղծած եւ անոնց հասկացողութիւնը աղօտած է Աստուծոյ իսկական դիրքին նկատմամբ։ Անիկա մարդոց արգելք կը հանդիսանայ, որ Տիեզերքի Գերիշխանը՝ Եհովա Աստուած՝ ճշգրիտ կերպով ճանչնան եւ Իր ուզած կերպով զինք պաշտեն։ Ինչպէս աստուածաբան Հէնզ Գիւնկ կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ Աստուծոյ մէկութեան կամ անզուգականութեան վրայ ուզել բան մը աւելցնել, որ միմիայն այդ մէկութիւնը կամ անզուգականութիւնը կը լուծէ կամ կը ջնջէ»։ Բայց Երրորդութեան հաւատալը ճիշդ ասիկա ըրած է։

Երրորդութեան հաւատացողները ‘Աստուած ճշգրիտ գիտութեան մէջ չեն պահեր’։ (Հռովմայեցիս 1։28, ՆԱ) Այդ համարը կ’ըսէ նաեւ. «Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու»։ 29-31–րդ համարները կը թուեն այն «անվայել» բաները, ինչպէս՝ ‘մարդասպանութիւն, հակառակութիւն, ուխտ չպահել, անգթութիւն, անողորմութիւն’։ Երրորդութիւնը ընդունող կրօնքները այս բոլոր բաները կ’ընեն։

Երրորդութեան ջատագովները, զոր օրինակ, յաճախ հալածած եւ նոյնիսկ սպաննած են Երրորդութեան վարդապետութիւնը մերժողները։ Անոնք աւելի յառաջ ալ գացած են, պատերազմի մէջ սպաննելով նոյնիսկ Երրորդութեան հաւատակիցներ։ Երրորդութեան նոյն Աստուծոյն անունով Կաթողիկէները սպաննած են ուրիշ Կաթողիկէներ, Ուղղափառներ սպաննած են ուրիշ Ուղղափառներ, Բողոքականներ՝ ուրիշ Բողոքականներ. ասկէ աւելի «անվայել» բան գոյութիւն ունի՞։

Մինչդեռ Յիսուս պարզօրէն ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Աստուծոյ Խօսքը յաւելեալ բացատրութիւն տալով կ’ըսէ. «Ահա այսպէ՛ս կը զանազանուին Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները. Ով որ արդարութիւն չի գործեր՝ Աստուծոյ որդի չէ. ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ նոյնպէս Աստուծոյ որդի չէ»։ Անիկա իրենց հոգեւոր եղբայրները սպաննողները կը նմանցնէ Կայէնին, «որ Չարին [Սատանային] օրինակին հետեւելով՝ իր եղբայրը սպաննեց»։—Ա. Յովհաննու 3։10-12, Անթիլիաս։

Ուստի, Աստուծոյ մասին շփոթեցուցիչ վարդապետութիւններու ուսուցումը, Աստուծոյ օրէնքները խափանող արարքներու առաջնորդած է։ Արդարեւ, Դանիացի աստուածաբան Սէօրէն Գիէրկէկարտ կը նկարագրէ թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ. «Քրիստոնեայ Աշխարհը՝ Քրիստոնէութեան վերջ դրած է առանց իրապէս անդրադառնալու»։

Քրիստոնեայ Աշխարհի հոգեւոր վիճակը կը յարմարի Պօղոս առաքեալի նկարագրութեան. «Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալով եւ ամէն բարի գործի՝ անպիտան»։—Տիտոս 1։16

Շուտով, երբ Աստուած իրերու այս ներկայ չար դրութիւնը իր վախճանին հասցնէ, Երրորդութեան հաւատացող Քրիստոնեայ Աշխարհէն հաշիւ պիտի պահանջուի։ Ան իր Աստուած անպատուող արարքներուն եւ վարդապետութիւններուն համար պիտի դատապարտուի։—Մատթէոս 24։14, 34. 25։31-34, 41, 46. Յայտնութիւն 17։1-6, 16. 18։1-8, 20, 24. 19։17-21

Երրորդութիւնը Մերժեցէք

ԿԱՐԵԼԻ չէ Աստուծոյ ճշմարտութիւններուն առնչութեամբ զիջումներ ընել։ Հետեւաբար, իր ուզած կերպով Աստուած պաշտելու համար պէտք է մերժել Երրորդութիւնը։ Անիկա կը հակասէ մարգարէներուն, Յիսուսի, առաքեալներուն եւ նախկին Քրիստոնեաներուն հաւատացած եւ սորվեցուցած բաներուն։ Անիկա հակառակ է իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ ինքն իր մասին Աստուծոյ ըսածներուն։ Ուստի, ան հետեւեալ խրատը կու տայ. ‘Յիշեցէ՛ք որ ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ’։—Եսայեայ 46։9

Երբ Աստուած շփոթեցուցիչ եւ խորհրդաւոր դարձնենք, իր շահերուն ծառայած չենք ըլլար։ Ընդհակառակը, մարդիկ ո՛րքան շփոթութեան մէջ ըլլան Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին, այդքան Աստուծոյ Հակառակորդին, Բանսարկու Սատանային, ‘այս աշխարհի աստուծոյն’ գործին կու գայ։ Ի՛նքն է որ այսպիսի սխալ վարդապետութիւններ կը տարածէ, որպէսզի ‘անհաւատներուն մտքերը կուրցնէ’։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Երրորդութեան վարդապետութիւնը կղերականներուն ալ գործին կու գայ, որոնք կ’ուզեն շարունակել մարդոց վրայ տիրապետել, ձեւացնելով որ միայն աստուածաբանները կրնան հասկնալ զայն։—Տես՝ Յովհաննու 8։44։

Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութիւնը մեծապէս կը հանգստացնէ։ Անիկա մեզ կ’ազատագրէ Աստուծոյ Խօսքին հակասող վարդապետութիւններէն եւ հաւատուրաց կազմակերպութիւններէն։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։—Յովհաննու 8։32

Աստուած պատուելով որպէս գերագոյն, եւ իր ուզած կերպով պաշտելով զինք, կրնանք խուսափիլ այն դատապարտութենէն որ շուտով պիտի բերէ հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհին վրայ։ Անոր փոխարէն, կրնանք ակնկալել Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ այս դրութեան վախճանին. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17

[Նկար՝ էջ 31]

Ֆրանսայի մէջ գտնուող դարերու հնութիւն ունեցող այս քանդակը, Երրորդութեան կողմէ «կոյս» Մարիամի թագադրութիւնը կը ներկայացնէ։ Երրորդութեան հաւատալիքը առաջնորդեց Մարիամը մեծարելու, որպէս «Աստուածամայր»