Երրորդութեան վարդապետութիւնը ի՞նչպէս զարգացաւ
Երրորդութեան վարդապետութիւնը ի՞նչպէս զարգացաւ
ԱՐԴ, կրնաք հարցնել. ‘Եթէ Երրորդութիւնը սուրբ գրային ուսուցում մը չէ, անիկա ի՞նչպէս Քրիստոնեայ Աշխարհի վարդապետութիւնը դարձաւ’։ Շատեր կը խորհին որ անիկա բանաձեւուեցաւ Հ.Դ. 325–ին, Նիկիոյ Խորհրդաժողովին։
Սակայն, ասիկա ամբողջովին շիտակ չէ։ Նիկիոյ Խորհրդաժողովը դաւանեցաւ որ Քրիստոս Աստուծոյ հետ նոյն էութիւնը ունէր, ինչ որ հետագայ Երրորդութենական վարդապետութեան հիմը կազմեց։ Բայց անիկա Երրորդութիւնը չհաստատեց, քանի որ այդ խորհրդաժողովին չխօսուեցաւ եռամէկ Աստուածութեան մէջ սուրբ հոգիին երրորդ անձ մը ըլլալուն մասին։
Նիկիոյ Մէջ Կոստանդինին Դերը
ՏԱՐԻՆԵՐ շարունակ, Յիսուսի Աստուած ըլլալու գաղափարին շուրջ, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած հակաճառութիւններ եղան։ Անոնց վերջ դնելու համար, Հռովմէացի Կոստանդին Կայսրը բոլոր եպիսկոպոսները Նիկիա կանչեց։ Անոնցմէ միայն մաս մը՝ շուրջ 300 հոգի ընդառաջեցին այս կոչին։
Կոստանդին Քրիստոնեայ մը չէր։ Կը կարծուի որ հետագային դարձի եկած է, իսկ մահուընէ քիչ առաջ՝ մկրտուած։ Անոր մասին Հէնրի Չէտուիգ՝ Նախկին Եկեղեցին (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ կ’ըսէ. «Կոստանդին, իր հօրը նման, Անպարտելի Արեւը կը պաշտէր. . . . անոր դարձի գալը պէտք չէ մեկնել որպէս շնորհքի հոգեկան փորձառութիւն մը . . . Անիկա զինուորական հարց էր։ Քրիստոնէական վարդապետութեան շուրջ իր հասկացողութիւնը բնաւ յստակ չէր, բայց ինք վստահ էր որ պատերազմի մէջ յաղթանակը Քրիստոնեաներու Աստուծոյն մէկ պարգեւն էր»։
Այս չմկրտուած Կայսրը ի՞նչ դեր խաղցաւ Նիկիոյ Խորհրդաժողովին։ Պրիթանիքա Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կը բացատրէ. «Կոստանդին ինքն էր ատենապետը. ան աշխուժօրէն կ’առաջնորդէր բանավէճերը եւ անձնապէս առաջարկեց . . . այն ճակատագրական բանաձեւը որ կը յայտնէր Քրիստոսի ունեցած յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, թէ, ըստ Խորհրդաժողովի հանգանակին, Քրիստոս ‘Հօրը հետ նոյն էութիւնը ունի’։ . . . Կայսրէն ահաբեկած, եպիսկոպոսները՝ ի բացառեալ միայն երկուքէ՝ իրենց կամքէն անկախ ստորագրեցին հանգանակը»։
Ուստի, Կոստանդինին դերը ճակատագրական եղաւ։ Երկու ամսուան կրօնական բուռն բանավէճերէ ետք, այս հեթանոս քաղաքագէտը միջամտեց եւ Յիսուս Աստուած է ըսողներուն իրաւունք տուաւ։ Բայց ինչո՞ւ։ Վստահաբար սուրբ գրային համոզումներու պատճառաւ չէր։ «Հիմնականօրէն, Կոստանդին ո՛չ մէկ հասկացողութիւն ունէր հոն ծեծուած յունական աստուածաբանութեան հարցերուն մասին», կ’ըսէ Քրիստոնէական Վարդապետութեան Կարճ Պատմութիւնը (Անգլերէն) գիրքը։ Անոր հասկցած միակ բանը այդ էր որ կրօնական այդ բաժանումները իր կայսրութեան կը սպառնային, եւ ինք կ’ուզէր իր գերիշխանութիւնը զօրացնել։
Սակայն, Նիկիոյ եպիսկոպոսներէն ո՛չ մէկը Երրորդութիւնը ջատագովեց։ Անոնք միայն Յիսուսի բնոյթը որոշեցին, բայց ո՛չ՝ սուրբ հոգիին դերը։ Եթէ Երրորդութիւնը սուրբ գրային բացայայտ ճշմարտութիւն մը եղած ըլլար, այդ ժամանակ պիտի չառաջարկէի՞ն զայն։
Հետագայ Զարգացումը
ՆԻԿԻԱՅԷՆ ետք, այս նիւթին շուրջ բանավէճերը տասնեակ տարիներ շարունակուեցան։ Նոյնիսկ Յիսուս Աստուծոյ հաւասար չնկատողները ժամանակ մը դարձեալ լաւ աչքով դիտուեցան։ Բայց հետագային Թէոտոսիոս Կայսրը անոնց դէմ ելաւ։ Ան Նիկիոյ Խորհրդաժողովի հանգանակը հաստատեց որպէս իր իշխանութեան չափանիշը եւ Հ.Դ. 381–ին Կոստանդնուպոլսոյ Խորհրդաժողովը գումարեց, այս բանաձեւը յստակացնելու համար։
Այդ խորհրդաժողովին էր որ սուրբ հոգին՝ Աստուծոյ եւ Յիսուսի համարժէք նկատուեցաւ։ Առաջին անգամ ըլլալով, Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը սկսաւ ուշադրութիւն գրաւել։
Սակայն, Կոստանդնուպոլսոյ Խորհրդաժողովէն ետքն իսկ Երրորդութիւնը լայնօրէն ընդունուած հանգանակ մը չեղաւ։ Շատեր անոր հակառակեցան եւ իրենց վրայ բուռն հալածանքներ բերին։ Միմիայն հետագայ դարերուն էր որ Երրորդութիւնը որոշ հանգանակներու մէջ բանաձեւուեցաւ։ Ամերիքանա Համայնագիտարանը (Անգլերէն)
կը նշէ. «Երրորդութեան գաղափարը լման կերպով զարգացաւ Արեւմուտքի մէջ, Միջին Դարու Դպրականութեան մէջ, երբ անոր փիլիսոփայական եւ հոգեբանական բացատրութիւն մը տրուեցաւ»։Աթանասեան Հանգանակը
ԱԹԱՆԱՍԵԱՆ Հանգանակին մէջ Երրորդութիւնը շատ աւելի ընդարձակ կերպով սահմանուեցաւ։ Աթանաս, որ կղերական մըն էր, Նիկիոյ մէջ Կոստանդինի նեցուկ կանգնեցաւ։ Իր անունը կրող հանգանակը կ’ըսէ. «Մենք կը պաշտենք մէկ Աստուած Երրորդութեան մէջ . . . Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է. եւ սակայն անոնք երեք աստուածներ չեն, հապա՝ մէկ Աստուած»։
Քաջածանօթ ուսումնականներ գիտեն սակայն, որ Աթանաս ինք չգրեց այս հանգանակը։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կը բացատրէ. «Հանգանակը անծանօթ էր Արեւելեան Եկեղեցիին՝ մինչեւ ԺԲ. դար։ ԺԷ. դարէն ի վեր, ուսումնականները ընդհանուր առմամբ կ’ընդունին որ Աթանասեան Հանգանակը Աթանասի (մահացած՝ 373–ին) կողմէ գրուած չէր, այլ, հաւանաբար Ե. դարուն, Ֆրանսայի հարաւը շարադրուած էր։ . . . Այնպէս կը թուի որ հանգանակը նախ իր ազդեցութիւնը բանեցուց գլխաւորաբար Ֆրանսայի հարաւը եւ Սպանիոյ մէջ, Զ. եւ Է. դարերուն։ Անիկա Գերմանիոյ եկեղեցական արարողութեան մէջ գործածուեցաւ Թ. դարուն եւ տակաւին անկէ ետք՝ Հռովմի մէջ»։
Ուստի, Քրիստոսէն ետք դարեր տեւեց մինչեւ որ Երրորդութիւնը մեծապէս ընդունուի Քրիստոնեայ Աշխարհին կողմէ։ Իսկ այս բոլորին մէջ, ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած որոշումներու յանգեցան. Աստուծոյ Խօ՞սքը նկատի ունենալով թէ՝ կղերական ու քաղաքական տարրերը։ Կրօնքին Ծագումը եւ Աստիճանական Զարգացումը (Անգլերէն) գրքին մէջ, Ի. Ու. Հոբգինզ կը պատասխանէ. «Երրորդութեան վերջնական ուղղափառ բացատրութիւնը մեծ մասամբ եկեղեցիին վարած քաղաքականութեան հարց էր»։
Հաւատուրացութիւնը Կանխագուշակուած
ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ այս տխրահռչակ պատմութիւնը կը յարմարէր ինչ որ Յիսուս եւ իր առաքեալները կանխագուշակած էին։ Անոնք ըսած էին որ իրենցմէ ետք հաւատուրացութիւն մը, շեղում մը, ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացում մը տեղի պիտի ունենար մինչեւ Քրիստոսի վերադարձը, եւ թէ իրերու այս դրութիւնը կործանելու համար Աստուծոյ օրը չեկած, ճշմարիտ պաշտամունքը պիտի վերահաստատուէր։
Այդ «օր»ուան մասին Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 7) Աւելի ետք, ան ըսաւ. «Քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ (Գործք 20։29, 30) Յիսուսի ուրիշ աշակերտներն ալ գրեցին այս հաւատուրացութեան ու ‘անօրէն’ կղեր դասակարգին մասին։—Տես՝ օրինակի համար, Բ. Պետրոս 2։1. Ա. Յովհաննու 4։1-3. Յուդա 3, 4։
Պօղոս ալ գրեց. «Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4
Յիսուս բացատրեց թէ ի՛նչ պատճառով ճշմարիտ պաշտամունքէն պիտի հեռանային։ Ան ըսաւ որ ինք բարի սերմ ցանած էր, բայց թշնամին, Սատանան, դաշտին մէջ որոմներ պիտի ցանէր։ Ուստի, ցորենի առաջին ծիլերուն հետ, որոմներն ալ երեւան պիտի գային։ Հետեւաբար, մինչեւ որ Քրիստոս հարցերը լուծէր՝ հունձքի ժամանակ՝ մաքուր Քրիստոնէութենէն շեղում մը պիտի ըլլար։ (Մատթէոս 13։24-43) Ամերիքանա Համայնագիտարանը (Անգլերէն) հետեւեալ մեկնութիւնը կու տայ. «Չորրորդ դարու Երրորդութենականութիւնը Աստուծոյ բնոյթին շուրջ նախկին քրիստոնէական ուսուցումը ճշգրտօրէն չարտացոլացուց. ընդհակառակը, անիկա այդ ուսուցումէն շեղում մըն էր»։ Արդ, այս շեղումը ո՞ւր սկսաւ։—Ա. Տիմոթէոս 1։6
Ի՛նչ Բան Ազդեց Անոր
ԵՐԲ պատմութեան մէջ դէպի ետ երթանք մինչեւ Բաբելոն, կը տեսնենք որ անցեալին սովորական էր երեքական խմբակներու, կամ երրեակ հեթանոս չաստուածներու պաշտամունքը։ Այդ ազդեցութիւնը առկայ էր նաեւ Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Հռովմի մէջ Քրիստոսէ առաջ, անոր օրերուն եւ անկէ ետք։ Իսկ առաքեալներուն մահուընէ ետք, այսպիսի հեթանոսական հաւատալիքներ ներխուժեցին Քրիստոնէութեան մէջ։
Պատմաբան Ուիլ Տիւրան դիտել կու տայ. «Քրիստոնէութիւնը չփճացուց հեթանոսութիւնը, այլ զայն որդեգրեց։ . . . Եգիպտոսէն եկան աստուածային երրորդութեան գաղափարները»։ Իսկ՝ Եգիպտական Կրօնքը (Անգլերէն) գրքին մէջ, Սիկֆրիտ Մորէնս կը նշէ. «Եգիպտացի աստուածաբաններուն գլխաւոր մտահոգութիւնն էր երրորդութիւնը . . . Երեք աստուածներ միացուած եւ որպէս մէկ էութիւն ներկայացուած են, հետեւաբար անոնց մասին եզակի դէմքով կը խօսուի։ Այս կերպով, եգիպտական կրօնքին ունեցած հոգեւոր ազդեցութիւնը ուղղակիօրէն կը զգացուի քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ»։
Այսպիսով, երրորդ դարու վերջաւորութեան ու չորրորդ դարու սկիզբը, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին եկեղեցականները՝ ինչպէս Աթանաս՝ այս ազդեցութեան տակ եկան, այնպիսի գաղափարներ բանաձեւելով, որոնք հետագային Երրորդութեան առաջնորդեցին։ Անոնց ազդեցութիւնը տարածուեցաւ, այնպէս որ Մորէնս «աղեքսանդրիական աստուածաբանութիւնը եգիպտական կրօնական ժառանգութեան եւ Քրիստոնէութեան միջեւ միջնորդ» կը նկատէ։
Էտուարտ Կիպպոնի Քրիստոնէութեան Պատմութիւնը (Անգլերէն) գրքին նախաբանին մէջ կը կարդանք. «Եթէ Հեթանոսութիւնը պարտութեան մատնուեցաւ Քրիստոնէութեան կողմէ, նոյնքան ճշմարիտ է որ Քրիստոնէութիւնը ապականեցաւ Հեթանոսութեան կողմէ։ Առաջին Քրիստոնեաներուն մաքուր Աստուածութիւնը . . . Հռովմի Եկեղեցիին կողմէ փոխարինուեցաւ երրորդութեան անհասկնալի վարդապետութեամբ։ Եգիպտացիներու կողմէ հնարուած եւ Պղատոնի կողմէ իտէալականացուած Հեթանոսական շատ մը հաւատամքներ որդեգրուեցան, որպէս հաւատալու արժանի բաներ»։
Կրօնական Գիտութեան Բառարան–ին (Անգլերէն) համաձայն, շատեր կ’ըսեն որ Երրորդութիւնը «հեթանոս կրօնքներէն փոխ առնուած եւ քրիստոնէական հաւատքին վրայ պատուաստուած աղաւաղում մըն է»։ Իսկ Հեթանոսութիւնը՝ Մեր Քրիստոնէութեան Մէջ (Անգլերէն) գիրքը կ’ըսէ. «[Երրորդութեան] ծագումը ամբողջովին հեթանոսական է»։
Անոր համար Ճէյմս Հէյսթինկզ՝ Կրօնքի եւ Բարոյագիտութեան Համայնագիտարան–ին (Անգլերէն) մէջ գրեց. «Հնդկական կրօնքին մէջ, զոր օրինակ, կը գտնենք Պրահմա, Վիշնու եւ Սէվա երրեակը. եգիպտական կրօնքին մէջ՝ Օզիրիս, Իզիս եւ Հորուս երրեակը . . . Միայն պատմական կրօնքներուն մէջ չէ որ Աստուած Երրորդութիւն մը նկատուած է։ Յիշենք Գերագոյն կամ Վերջնագոյն Իրողութեան Նոր–Պղատոնական տեսութիւնը», որ «երեքականութեամբ ներկայացուած» է։ Յոյն իմաստասէր Պղատոնը ի՞նչ կապակցութիւն ունի Երրորդութեան հետ։
Պղատոնականութիւնը
ԿԸ ԿԱՐԾՈՒԻ որ Պղատոն Քրիստոսէ առաջ 428-347–ին ապրած է։ Թէեւ ինք Երրորդութիւնը իր ներկայ ձեւով չուսուցանեց, բայց իր փիլիսոփայութիւնները անոր ճամբան հարթեցին։ Հետագային, երրեակներու հաւատալիքներ պարունակող փիլիսոփայական շարժումներ երեւան եկան, որոնք Աստուծոյ եւ անոր բնոյթին շուրջ Պղատոնի գաղափարներէն ազդուած էին։
Տիեզերական Նոր Բառարանը (Ֆրանսերէն) Պղատոնի ձգած ազդեցութեան մասին կ’ըսէ. «Պղատոնական երրորդութիւնը՝ որ ինքնին աւելի նախկին ժողովուրդներէն մնացած հին երրորդութիւններու վերակառուցում մըն էր՝ երեւութապէս փիլիսոփայական, բանապաշտական երրորդութիւն մըն է, որու յատկանիշները ծնունդ տուին Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն կողմէ ուսուցուած երեք էութիւններու կամ աստուածային անձնաւորութիւններու։ . . . Յոյն փիլիսոփային աստուածային երրորդութեան այս յղացումը . . . վաղեմի [հեթանոսական] բոլոր կրօնքներուն մէջ կը գտնուի»։
Շաֆ–Հէրզոկի Կրօնական Գիտելիքներու Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն) ցոյց կու տայ այս Յոյն փիլիսոփայութեան ձգած ազդեցութիւնը. «Լոկոսին եւ Երրորդութեան վարդապետութիւնները կերպար առին Յոյն Հայրերէն, որոնք . . . ուղղակի կամ անուղղակիօրէն, մեծապէս ազդուած էին Պղատոնի փիլիսոփայութենէն . . . Անժխտելիօրէն, այս աղբիւրէն Եկեղեցիին մէջ սխալներ եւ եղծանումներ սպրդեցան»։
Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին (Անգլերէն) գիրքը կ’ըսէ. «Երրորդութեան վարդապետութիւնը աստիճանաբար ու բաղդատաբար հետագային կազմուեցաւ. . . . անիկա հրէական եւ քրիստոնէական Սուրբ Գրութիւններէն բոլորովին տարբեր աղբիւրէ մը ծագում առած է. . . . անիկա մշակուեցաւ եւ պատուաստուեցաւ Քրիստոնէութեան վրայ, պղատոնական Հայրերու ձեռքով»։
Հ.Դ. երրորդ դարու վերջաւորութեան, «Քրիստոնէութիւնը» եւ նոր–պղատոնական փիլիսոփայութիւնները անքակտելի կերպով միաձուլուած էին։ Ինչպէս Ատոլֆ Հարնագ Վարդապետութեան Պատմութեան Ուրուագծերը (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ կ’ըսէ, եկեղեցական վարդապետութիւնը «զօրաւոր կերպով արմատ կապեց Հելլենականութեան [հեթանոս Յոյն խորհուրդին] հողին մէջ։ Այսպիսով Քրիստոնեաներու հսկայ մեծամասնութեան համար անիկա խորհուրդ մը դարձաւ»։
Եկեղեցին դաւանեցաւ որ իր նոր վարդապետութիւնները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած էին։ Բայց Հարնագ կ’ըսէ. «Իրականութեան մէջ, անիկա օրինականացուց հելլենական տեսութիւնը, հեթանոս խորհրդաւոր պաշտամունքի նախապաշարումներն ու սովորութիւնները»։
Պատճառներու Յայտարարութիւն (Անգլերէն) գրքին
մէջ, Անտրիւզ Նորթըն Երրորդութեան մասին կ’ըսէ. «Կրնանք այս վարդապետութեան պատմութեան հետքերուն հետեւիլ եւ անոր աղբիւրը գտնել, ո՛չ թէ քրիստոնէական յայտնութեան մէջ, այլ պղատոնական փիլիսոփայութեան մէջ . . . Երրորդութիւնը Քրիստոսի եւ իր Առաքեալներուն վարդապետութիւնը չէ, այլ, հետագայ Պղատոնականներու դպրոցին երեւակայութիւնն է»։Հետեւաբար, Հ.Դ. չորրորդ դարուն, Յիսուսի եւ առաքեալներուն կանխագուշակած հաւատուրացութիւնը ծաղկեցաւ։ Երրորդութեան զարգացումը ասոր միայն մէկ ապացոյցն էր։ Հաւատուրաց եկեղեցիներ հեթանոսական ուրիշ գաղափարներ ալ որդեգրեցին, ինչպէս դժոխային կրակը, հոգիի անմահութիւնը եւ կռապաշտութիւն։ Հոգեւոր առումով, Քրիստոնեայ Աշխարհը կանխատեսուած իր խաւար դարաշրջանը մտաւ, երթալով ընդարձակուող «անօրէնութեան մարդ»ուն՝ կղեր դասակարգին՝ կողմէ տիրապետուելով։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 7
Ինչո՞ւ Աստուծոյ Մարգարէները Չսորվեցուցին Զայն
ԻՆՉՈ՞Ւ հազարամեակներու ընթացքին Աստուծոյ մարգարէները իր ժողովուրդին չսորվեցուցին Երրորդութիւնը։ Առնուազն, Յիսուս որպէս Մեծ Ուսուցիչ չէ՞ր կրնար իր կարողութիւնը գործածել, իր հետեւորդներուն յստակացնելու համար Երրորդութիւնը։ Եթէ Երրորդութիւնը հաւատքի «հիմնական վարդապետութիւն»ն էր, արդեօք Աստուած ներշնչել տուած իր Սուրբ Գրութիւններու հարիւրաւոր էջերուն մէջ, որեւէ տեղ պիտի չտա՞ր այս վարդապետութիւնը սորվեցնելու համար։
Քրիստոնեաները կրնա՞ն հաւատալ որ Քրիստոսէ եւ Աստուածաշունչը ներշնչել տալէ դարեր ետք, Աստուած թիկունք կանգնէր վարդապետութեան մը բանաձեւին, որ անծանօթ էր իր ծառաներուն հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Վարդապետութիւն մը որ «անքննելի խորհուրդ» մը, «մարդկային տրամաբանութենէն վեր եղող ըմբռնում» մըն է, բան մը որ բացայայտօրէն հեթանոսական ծագում ունի եւ «մեծ մասամբ եկեղեցիին վարած քաղաքականութեան հարց էր»։
Պատմութեան վկայութիւնը յստակ է. Երրորդութեան ուսուցումը ճշմարտութենէն շեղում մը, հաւատուրացութիւն մըն է։
[Մէջբերում՝ էջ 8]
‘Չորրորդ դարու Երրորդութենականութիւնը նախկին քրիստոնէական ուսուցումէն շեղում մըն էր’։—Ամերիքանա Համայնագիտարանը
[Շրջանակ՝ էջ 9]
«Մեծ Աստուածներու Երրեակը»
Քրիստոսի ժամանակէն շատ դարեր առաջ, վաղեմի Բաբելոնի եւ Ասորեստանի մէջ աստուածներու երրեակներ կամ երրորդութիւններ կային։ Ֆրանսերէն «Առասպելներու Լարուս Համայնագիտարանը» Միջագետքի շրջանին մէջ այսպիսի երրեակի մը մասին կ’ըսէ. «Տիեզերքը բաժնուած էր երեք մասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը չաստուծոյ մը կալուածն էր։ Անուին բաժինը երկինքն էր։ Երկիրը տրուած էր Էնլիլին։ Էան ջուրերուն իշխանն էր։ Միասնաբար անոնք կը կազմէին Մեծ Աստուածներու երրեակը»։
[Շրջանակ՝ էջ 12]
Պրահմանական Երրորդութիւնը
«Պրահմանական Աստուածներու եւ Ծէսերու Խորհրդանշումը» (Անգլերէն) գիրքը, Քրիստոսէ դարեր առաջ գոյութիւն ունեցած պրահմանական երրորդութեան մը մասին կ’ըսէ. «Սէվան Երրորդութեան աստուածներէն մէկն է։ Կ’ըսուի որ ան կործանումի աստուածն է։ Միւս երկու աստուածներն են. Պրահման՝ ստեղծագործութեան աստուածը եւ Վիշնուն՝ պահպանումի աստուածը։ . . . Ցոյց տալու համար որ այս երեք տարրերը մէկ եւ նոյնն են, երեք աստուածները մէկի մէջ միացուած են»։—Հրատարակուած՝ Պոմպէյի մէջ, Ա. Փարթասարաթիի կողմէ։
[Նկար՝ էջ 8]
«Հիմնականօրէն, Կոստանդին ո՛չ մէկ հասկացողութիւն ունէր հոն ծեծուած յունական աստուածաբանութեան հարցերուն մասին»։—Քրիստոնէական Վարդապետութեան Կարճ Պատմութիւնը
[Նկարներ՝ էջ 10]
1. Եգիպտոս՝ Հորուս, Օզիրիս, Իզիս երրեակը, Հ.Դ.Ա. երկրորդ հազարամեակ
2. Բաբելոն՝ Իշթար, Սին, Շամաշ երրեակը, Հ.Դ.Ա. երկրորդ հազարամեակ
3. Թադմօր՝ լուսին աստուծոյ, Երկնքի Տիրոջ, արեւ աստուծոյ երրեակը, Հ.Դ. շուրջ առաջին դար
4. Հնդկաստան՝ Պրահմանական երրեակ աստուածութիւն մը, Հ.Դ. շուրջ եօթներորդ դար
5. Գամպոտիա՝ Պուտտայական երրեակ աստուածութիւն մը, Հ.Դ. շուրջ տասներկրորդ դար
6. Նորվեկիա՝ Երրորդութիւն (Հայր, Որդի, սուրբ հոգի), Հ.Դ. շուրջ տասնըերրորդ դար
7. Ֆրանսա՝ Երրորդութիւն, Հ.Դ. շուրջ տասնըչորրորդ դար
8. Իտալիա՝ Երրորդութիւն, Հ.Դ. շուրջ տասնըհինգերորդ դար
9. Գերմանիա՝ Երրորդութիւն, Հ.Դ. շուրջ տասնըիներորդ դար
10. Գերմանիա՝ Երրորդութիւն, Հ.Դ. քսաներորդ դար