Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ազգ մը կորսուած՝ բայց ոչ ամբողջութեամբ

Ազգ մը կորսուած՝ բայց ոչ ամբողջութեամբ

Գլուխ 79

Ազգ մը կորսուած՝ բայց ոչ ամբողջութեամբ

ՅԻՍՈՒՍ՝ Փարիսեցիի մը տան դուրսը հաւաքուած մարդոց հետ խօսակցութիւնը աւարտելէ ետք, ոմանք անոր կը պատմեն «Գալիլիացիներուն մասին որոնց արիւնը Պիղատոս [Պոնտացի՝ Հռովմէացի կառավարիչ] իրենց զոհերուն հետ խառնեց»։ Թերեւս այս Գալիլիացիները անոնք են, որոնք սպաննուեցան, երբ հազարաւոր Հրեաներ բողոքեցին Պիղատոսի դէմ, քանի որ ան տաճարի գանձանակին դրամը կը գործածէր, Երուսաղէմ ջուր հասցնող ջրուղի մը կառուցանելու համար։ Անոնք որոնք ասիկա կը պատմէին Յիսուսի, թերեւս կը մտածէին որ Գալիլիացիները այդ աղէտէն տառապեցան իրենց չար գործերուն համար։

Սակայն Յիսուս զիրենք կը սրբագրէ, հարցնելով. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’»։ Ապա այս դէպքը օգտագործելով կ’ազդարարէ Հրեաները, ըսելով. «Հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։

Իր խօսքը շարունակելով, Յիսուս ուրիշ տեղական աղէտ մըն ալ կը մտաբերէ, որ թերեւս դարձեալ ջրուղիին հետ կապ ունէր։ Ան կը հարցնէ. «Կամ թէ այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին»։ Ո՛չ, իրենց չարութեան պատճառաւ չէր որ անոնք մեռան, կ’ըսէ Յիսուս, այլ՝ «ժամանակ ու դիպուած» պատասխանատու են այսպիսի ողբերգութիւններու։ Սակայն Յիսուս դարձեալ առիթը կ’օգտագործէ ազդարարելու, ըսելով. «Հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։

Ապա Յիսուս տեղին առակ մը կու տայ, ըսելով. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։ Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։ Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’»։

Յիսուս աւելի քան երեք տարիէ կը ջանար հաւատք մշակել Հրեայ ազգին մէջ։ Սակայն իր աշխատանքին որպէս պտուղ, միայն քանի մը հարիւր աշակերտներ ունեցաւ։ Այժմ, ծառայութեան չորրորդ տարուան ընթացքին, ան իր ջանքերը կը կրկնապատկէ՝ այլաբանօրէն կը փորէ ու թրիք կը դնէ հրէական թզենիին բոլորտիքը՝ խանդավառութեամբ քարոզելով ու սորվեցնելով Հրէաստանի եւ Բերիայի մէջ։ Սակայն անօգուտ է։ Ազգը կը մերժէ զղջալ, ուստի կործանումի ճամբան կը բռնէ։ Այդ ազգէն միայն պզտիկ մնացորդ մը կ’ընդառաջէ։

Անկէ քիչ ետք, Շաբաթ օրով Յիսուս ժողովարանի մը մէջ կը սորվեցնէ։ Հոն կին մը կը տեսնէ, որ դիւային ազդեցութեան պատճառաւ 18 տարիէ ի վեր երկուքի ծալլուած է։ Յիսուս կարեկցաբար կ’ըսէ անոր. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես», ու ձեռքը անոր վրայ կը դնէ։ Իսկոյն անիկա կը շտկուի եւ կը սկսի Աստուած փառաբանել։

Սակայն, ժողովարանին իշխանը կը բարկանայ. ան կը բողոքէ ըսելով. «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել. ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ շաբաթ օրը»։ Այս ըսելով, ժողովարանին իշխանը կ’ընդունէր Յիսուսի բուժելու կարողութիւնը, սակայն կը դատապարտէր ժողովուրդը, որ բուժուելու համար Շաբաթ օրը կու գար։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Կե՛ղծաւոր, ձեզմէ ամէն մէկը շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակեր, որպէս զի տանի ջուր տայ։ Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի»։

Այո, զայս լսելով, Յիսուսի հակառակորդները ամօթով կը մնան։ Սակայն ժողովուրդը կ’ուրախանայ տեսնելով Յիսուսի կատարած մեծափառ գործերը։ Առ ի պատասխան, Յիսուս տարի մը առաջ Գալիլիոյ Ծովուն վրայ նաւէ մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին տուած երկու մարգարէական առակները դարձեալ կը կրկնէ անոնց։ Ղուկաս 13։1-21. Ժողովողի 9։11. Մատթէոս 13։31-33

Ի՞նչ ողբերգութիւններ կը յիշուին հոս, եւ Յիսուս ի՞նչ դասեր կը սորվեցնէ անոնցմով։

Ի՞նչ է անպտուղ թզենիին, ինչպէս նաեւ զայն պտղաբեր ընելու ջանքերուն կիրարկումը։

Ժողովարանին իշխանը Յիսուսի բուժելու կարողութիւնը ի՞նչ կերպով կ’ընդունի, սակայն Յիսուս անոր կեղծաւորութիւնը ի՞նչպէս կը քօղազերծէ։