Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ահա՛ այն մարդը»

«Ահա՛ այն մարդը»

Գլուխ 123

«Ահա՛ այն մարդը»

ՅԻՍՈՒՍԻ վարմունքէն ազդուած եւ անոր անմեղութենէն վստահ, Պիղատոս այլ միջոցի մը կը դիմէ զինք ազատ արձակելու համար։ «Սովորութիւն ունիք որ մարդ մը արձակեմ ձեզի զատկին», կ’ըսէ ան։

Բարաբբա անունով երեւելի ոճրագործ մըն ալ ունին որպէս բանտարկեալ։ «Ո՞րը կ’ուզէք որ ձեզի արձակեմ. Բարաբբա՞ն, թէ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կ’ըսուի», կը հարցնէ Պիղատոս։

Զիրենք դրդող քահանայապետներու ճնշումին ներքեւ, ժողովուրդը կը խնդրէ որ Բարաբբան ազատ արձակուի, իսկ Յիսուսը՝ սպաննուի։ Տեղի չտալով, Պիղատոս դարձեալ կը հարցնէ. «Այս երկուքէն ո՞րը կ’ուզէք, որ ձեզի արձակեմ»։

«Բարաբբան», կ’աղաղակեն անոնք։

«Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի», կը հարցնէ Պիղատոս ճարահատ։

Մեծաձայն աղաղակներով անոնք կ’ըսեն. «Խա՛չը հանէ ատիկա, խաչը հանէ»։

Գիտնալով որ անոնք անմեղ մարդու մը մահը կը պահանջեն, Պիղատոս թախանձագին կը հարցնէ. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա. ես ատոր վրայ մահու արժանի յանցանք մը չգտայ. ուրեմն պատիժ մը տամ ատոր ու արձակեմ»։

Հակառակ իր ջանքերուն, կատաղած բազմութիւնը կրօնական առաջնորդներէն դրդուած, կը շարունակէ աղաղակել. «Խաչը հանէ ատիկա»։ Քահանաներուն ազդեցութեան ներքեւ կատաղած, բազմութիւնը արիւն կը պահանջէ։ Մտածեցէ՜ք որ միայն հինգ օր առաջ, երբ Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէր, անոնցմէ շատեր հաւանաբար զինք որպէս Թագաւոր ողջունողներուն մէջ էին։ Իսկ Յիսուսի աշակերտները, ամբողջ այս տեւողութեան, եթէ նոյնիսկ ներկայ են հոն, լուռ եւ աչքերէ հեռու կը մնան։

Պիղատոս, տեսնելով որ իր թախանձանքը գործի չի ծառայեր հապա ա՛լ աւելի խռովութեան պատճառ կ’ըլլայ, ջուր կ’առնէ, ձեռքերը կը լուայ ժողովուրդին առջեւ ու կ’ըսէ. «Ես այդ արդարին արիւնէն անպարտ եմ. դո՛ւք մտածեցէք»։ Այն ատեն, բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով կ’ըսէ. «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ»։

Ուստի անոնց պահանջներուն համաձայն, եւ բազմութեան փափաքը գոհացնելու՝ եւ ո՛չ թէ ընելու ինչ որ ինք գիտէ թէ ճիշդ է, Պիղատոս Բարաբբան կ’արձակէ եւ Յիսուսը անոնց ձեռքը կու տայ, որոնք զայն մերկացնելով կը սկսին ձաղկել։ Սովորական ձաղկում մը չէր ասիկա։ Տը Ճըրնըլ աֆ տը Ամէրիքըն Մետիքըլ Էսօսիէյշըն պարբերաթերթը (Անգլերէն) կը նկարագրէ Հռովմէացիներու ձաղկելու կերպը.

«Սովորաբար այս գործիքը կարճ մտրակ (խարազան կամ պախուրց) մըն էր, զանազան երկարութիւն ունեցող հիւսուած կաշիէ շերտերով, որոնց ներքեւ զանազան հեռաւորութեամբ, երկաթէ գնդիկներ կամ ոչխարի սուր ոսկորներ կը կապուէին։ . . . Մինչ Հռովմայեցի զինուորները կրկին անգամ ուժգնօրէն կը մտրակէին զոհին կռնակը, երկաթէ գնդիկները կը ճմլէին միսը, իսկ կաշիէ շերտերը եւ ոչխարի ոսկորները կը պատռէին մորթը եւ անոր ներքեւ գտնուող հիւսկէնները։ Իսկ մինչ ձաղկանքը կը շարունակուէր՝ վէրքը կը թափանցէր մինչեւ ոսկորներուն վրայ գտնուող մկանները, եւ երիզաւոր վէրքերէն արիւնի շիթեր կը հոսէին»։

Այս տանջալից ծեծէն ետք, Յիսուս կը տարուի կուսակալին պալատը ու բոլոր զինուորներուն գունդերը կը կանչուին։ Հոն զինուորները տակաւին կը նախատեն զինք, փուշէ պսակ մը հիւսելով եւ անոր գլխուն խրելով։ Անոր աջ ձեռքին մէջ եղէգ մը կը դնեն եւ արքայական ծիրանի հանդերձ մը կը հագցնեն։ Ապա ծաղրանքով կ’ըսեն. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։ Նաեւ կը թքեն անոր վրայ եւ կ’ապտակեն զինք։ Կարծր եղէգը իր ձեռքէն առնելով, կը զարնեն անոր գլխուն եւ նուաստացուցիչ փուշէ սուր «թագ»ը աւելի եւս կը մխրճեն անոր գլխուն։

Այս նախատինքին դէմ Յիսուսի ուշագրաւ վեհանձնութիւնն ու կամքի զօրութիւնը այնքան կը տպաւորեն Պիղատոսը, որ յաւելեալ փորձ մը եւս կը կատարէ զինք ազատելու։ «Ահա զանիկա դուրս կը բերեմ ձեզի, որպէս զի գիտնաք թէ ես անոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ», կ’ըսէ բազմութեան։ Հաւանաբար ան կը խորհի որ Յիսուսի վշտահար վիճակը տեսնելը իրենց սրտերը պիտի կակուղցնէ։ Մինչ Յիսուս անսիրտ ամբոխին դիմաց կը կայնի, փշեղէն պսակը եւ ծիրանի հանդերձը հագուած, եւ ցաւով ընկճուած իր արիւնլուայ դէմքը, Պիղատոս կը բացագանչէ. «Ահա՛ այն մարդը»։

Թէպէտեւ վիրաւորուած ու ծեծուած, ահաւասիկ ամբողջ պատմութեան մէջ ամենէն աչքառու տիպարը՝ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Այո, Յիսուս այնպիսի անդորր վեհանձնութիւն ու հանդարտութիւն կը ցուցաբերէ, որ նոյնիսկ Պիղատոս կը գիտակցի, քանի որ իր խօսքերը ակներեւաբար յարգանքի եւ կարեկցութեան խառն զգացում մը կ’արտայայտեն։ Յովհաննու 18։39–19։5. Մատթէոս 27։15-17, 20-30. Մարկոս 15։6-19. Ղուկաս 23։18-25

Պիղատոս ի՞նչ կերպով կը փորձէ ազատել Յիսուսը։

Պիղատոս ի՞նչպէս կը փորձէ պատասխանատուութիւնը իր վրայէն նետել։

Ձաղկանքը ի՞նչ կը պարփակէ։

Յիսուս ձաղկուելէ ետք ի՞նչպէս կը ծաղրուի։

Յիսուսը արձակելու ի՞նչ յաւելեալ փորձ մը կը կատարէ Պիղատոս։