Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթքի եւ խոնարհութեան կարիքը

Աղօթքի եւ խոնարհութեան կարիքը

Գլուխ 94

Աղօթքի եւ խոնարհութեան կարիքը

ԱՍԿԷ առաջ, երբ Հրէաստան կը գտնուէր, Յիսուս առակ մը խօսեցաւ աղօթքի մէջ յարատեւելու կարեւորութեան մասին։ Այժմ, Երուսաղէմ կատարած իր վերջին այցելութեան, անգամ մը եւս կը շեշտէ աղօթելէ չձանձրանալու կարիքը։ Հաւանաբար, Յիսուս տակաւին Սամարիոյ կամ Գալիլիոյ մէջ է, երբ իր աշակերտներուն այս առակն ալ կու տայ.

«Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։ Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւարի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։ Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, գոնէ այս որբեւարիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չի գայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’»։

Ապա Յիսուս իր առակին կիրարկումը կ’ընէ, ըսելով. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ»։

Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ Եհովա Աստուած որեւէ կերպով այդ անիրաւ դատաւորին նման է։ Այլ՝ եթէ նոյնիսկ անարդար դատաւոր մը պիտի պատասխանէ յարատեւօրէն մատուցուած աղաչանքներուն, կասկած չկայ թէ Աստուած, որ բոլորովին արդար եւ բարի է, պիտի պատասխանէ երբ իր ժողովուրդը չձանձրանայ աղօթելէ։ Ուստի Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ [Աստուած] շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ»։

Իրաւունքի հարցին մէջ, յաճախ խոնարհներն ու աղքատները անկէ զլացուած են, մինչդեռ զօրաւորներն ու հարուստները անկէ կ’օգտուին։ Սակայն, Աստուած ո՛չ թէ միայն պիտի կարգադրէ որ չարերը իրենց արդար պատիժը ստանան, այլ նաեւ՝ արդար հատուցում պիտի ընէ իր ծառաներուն, անոնց յաւիտենական կեանք տալով։ Սակայն քանի՞ հոգի հաստատօրէն կը հաւատայ թէ Աստուած շուտով արդարութիւն պիտի ընէ։

Մասնաւորաբար աղօթքի զօրութեան հետ կապ ունեցող հաւատքին ակնարկելով, Յիսուս կը հարցնէ. «Բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ Թէեւ այս հարցումը անպատասխանի կը մնայ, սակայն այս արտայայտութեամբ կը թելադրուի որ երբ Քրիստոս թագաւորական զօրութեամբ գար, այսպիսի հաւատք մը սովորական բան մը պիտի չըլլար։

Յիսուսի մտիկ ընողներէն ոմանք՝ բաւական ինքնավստահ կը զգան իրենց հաւատքին նկատմամբ։ Անոնք իրենց անձերուն վրայ վստահութիւն ունին թէ արդար են եւ ուրիշները կ’անարգեն։ Նոյնիսկ Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք անոնց մէջ պարփակուած կրնան ըլլալ։ Ուստի, այսպիսիներուն ուղղելով խօսքը, հետեւեալ առակը կը խօսի.

«Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը Փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս, հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’»։

Փարիսեցիները՝ ուրիշները տպաւորելու համար իրենց արդարութիւնը հանրապէս ցուցադրելու համբաւը կը վայելեն։ Իրենց կողմէ պարտադրուած ծոմի օրերն են ընդհանրապէս Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի, եւ խղճամիտ կերպով արտին մէջ բուսած նոյնիսկ նուազագոյն խոտեղէնին տասանորդը կը վճարեն։ Քանի մը ամիս առաջ, անոնք հասարակ մարդոց նկատմամբ իրենց անարգանքը ցոյց տուած էին Տաղաւարահարաց Տօնին, երբ ըսին. «Բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր [այսինքն, անոր տրուած փարիսեցիական մեկնաբանութիւնը], նզովուած են»։

Իր առակը շարունակելով, Յիսուս այսպիսի ‘նզովեալի’ մը մասին կ’ըսէ. «Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’»։ Քանի որ մաքսաւորը խոնարհութեամբ կ’ընդունի իր մեղքերը, Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ»։

Այս կերպով, Յիսուս դարձեալ կը շեշտէ խոնարհ ըլլալու կարիքը։ Ընկերութեան մը մէջ մեծցած ըլլալով, ուր ինքնարդար Փարիսեցիները այնքա՜ն ազդեցիկ են եւ ուր դիրքի եւ դասակարգի այնքա՜ն շեշտ կը դրուի, զարմանալի չէ որ նոյնիսկ Յիսուսի աշակերտները ազդուած ըլլան։ Սակայն, Յիսուս խոնարհութեան մասին ի՜նչ գեղեցիկ դասեր կը սորվեցնէ։ Ղուկաս 18։1-14. Յովհաննու 7։49

Անիրաւ դատաւորը ինչո՞ւ այրի կնոջ խնդրանքը կատարեց, եւ Յիսուս իր առակով ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։

Յիսուս ի՞նչպիսի հաւատք մը պիտի փնտռէ երբ գայ։

Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին մասին իր առակը Յիսուս որո՞նց կ’ուղղէ։

Փարիսեցիներուն ո՞ր վարմունքէն պէտք է խուսափինք։