Ամենէն հռչակաւոր քարոզը
Գլուխ 35
Ամենէն հռչակաւոր քարոզը
ՏԵՍԱՐԱՆԸ Աստուածաշունչի պատմութեան ամենէն յիշատակելի պահերէն մէկն է. Յիսուս՝ լերան լանջին նստած, իր համբաւաւոր Լերան Քարոզը կու տայ։ Վայրը՝ Գալիլիոյ Ծովուն մօտն է, հաւանաբար Կափառնայումէ ոչ հեռու։ Ամբողջ գիշերը աղօթելով անցընելէ ետք, Յիսուս տակաւին նոր ընտրած է իր 12 առաքեալները։ Ապա, անոնց հետ կու գայ լերան այս բարձունքին վրայ։
Հաւանաբար պիտի խորհիք որ Յիսուս շատ յոգնած ըլլալով, պիտի ուզէր քիչ մը քնանալ։ Բայց հսկայ բազմութիւն մը եկած է. ոմանք մինչեւ Հրէաստանէն եւ Երուսաղէմէն՝ մօտ 100 կամ 110 քմ. հեռաւորութենէ։ Ուրիշներ եկած են հիւսիսը գտնուող Տիւրոսի եւ Սիդոնի ծովափներէն։ Անոնք եկած են Յիսուսի մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բուժուելու համար։ Անոնց մէջ կան նոյնիսկ դիւահարներ, որոնք կը չարչարուին Սատանայի չար հրեշտակներուն՝ դեւերուն՝ կողմէ։
Մինչ Յիսուս լեռնէն կ’իջնէ, հիւանդները կը մօտենան որպէսզի դպչին իրեն եւ բոլորն ալ կը բժշկէ։ Անկէ ետք, հաւանաբար Յիսուս լերան աւելի բարձր մէկ մասը կը մագլցի։ Հոն կը նստի եւ կը սկսի սորվեցնել, իր բոլորտիքը գետինը նստող ամբոխին։ Վայրկեան մը մտածեցէք. այս բոլոր ունկնդիրներուն մէջ մէ՛կը չկայ որ լուրջ հիւանդութենէ մը կը տառապի։
Ժողովուրդը անհամբեր է այս բոլոր սքանչելի հրաշքները կատարող ուսուցիչին մտիկ ընելու։ Յիսուս՝ սակայն, իր քարոզը կու տայ գլխաւորաբար ի նպաստ իր աշակերտներուն, որոնք հաւանաբար շրջապատած են զինք։ Սակայն, որպէսզի մենք ալ օգտուինք անկէ, Մատթէոս եւ Ղուկաս արձանագրած են զայն։
Մատթէոսի Լերան Քարոզի տեղեկութիւնը Ղուկասի պատմութենէն չորս անգամ աւելի երկար է։ Ասկէ զատ, Մատթէոսի արձանագրած մասերէն ոմանք, Ղուկաս կը ներկայացնէ որպէս թէ Յիսուս ըսած ըլլար իր ծառայութեան մէջ ուրիշ առիթով մը, ինչ որ կարելի է նշմարել երբ բաղդատենք Մատթէոս 6։9-13–ը՝ Ղուկաս 11։1-4–ին, եւ Մատթէոս 6։25-34–ը՝ Ղուկաս 12։22-31–ին հետ։ Ասիկա զարմանալի պէտք չէ թուի։ Յիսուս հաւանաբար նոյն բաները բազմիցս սորվեցուց եւ Ղուկաս նախընտրեց այս ուսուցումներուն մէկ մասը արձանագրել տարբեր պարագաներու մէջ։
Յիսուսի քարոզը այսքան արժէքաւոր ընողը, ո՛չ միայն անոր պարունակութեան հոգեւոր խորութիւնն է, այլ՝ այս ճշմարտութիւնները պարզութեամբ եւ յստակութեամբ իր ներկայացուցած կերպը։ Ան կեանքի սովորական փորձառութեանց եւ մարդոց ընտանի եղող բաներուն կ’ակնարկէ, այս կերպով իր գաղափարները դիւրահասկնալի կը դարձնէ անոնց՝ որոնք կը ցանկան աւելի լաւ կեանք մը վայելել Աստուծոյ ճամբուն մէջ։
Որո՞նք Իրապէս Ուրախ Են
Ամէն մարդ կ’ուզէ ուրախ ըլլալ։ Գիտակցելով այս իրողութեան, Յիսուս իր Լերան Քարոզը կը սկսի բացատրելով որ որո՛նք իրապէս ուրախ են։ Ինչպէս կրնանք կռահել, ասիկա անմիջապէս իրեն ունկնդրող հոծ բազմութեան ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Այսուհանդերձ, իր բացման խօսքերը ոմանց հակասական կրնան թուիլ։
Իր խօսքերը ուղղելով իր աշակերտներուն, Յիսուս կը սկսի ըսել. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Երանի՜ ձեզի որ հիմա անօթի էք, վասն զի պիտի կշտանաք։ Երանի՜ ձեզի որ հիմա կու լաք, վասն զի պիտի խնդաք։ Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն . . .։ Ուրախ եղէք դուք այն օրը ու ցնծացէք, քանզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը»։
Ղուկաս այսպէս կը սկսի Յիսուսի քարոզին բացումը։ Սակայն, ըստ Մատթէոսի արձանագրութեան, Յիսուս կը յիշէ որ հեզերը, ողորմածները, սրտով մաքուրները եւ խաղաղարարներն ալ ուրախ, կամ երանելի են։ Անոնք ուրախ են, քանի որ՝ ըստ Յիսուսի՝ երկիրը պիտի ժառանգեն, ողորմութիւն պիտի գտնեն, Աստուած պիտի տեսնեն եւ Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։
Սակայն ուրախ ըլլալ արտայայտութեամբ Յիսուս պարզապէս զուարթ ըլլալու մասին չէ որ կը խօսի, ինչպէս երբ անհատ մը կը զուարճանայ։ Իրական ուրախութիւնը աւելի խոր է, եւ իր մէջ կը պարունակէ գոհունակութիւն, բաւարարութիւն, եւ կեանքի մէջ յաջողութիւն։
Ուստի, ըստ Յիսուսի, իրապէս ուրախ եղողները անոնք են, որոնք իրենց հոգեւոր պէտքերուն գիտակից են, իրենց մեղաւոր վիճակին համար տխրած են, եւ Աստուած կը ճանչնան ու անոր կը ծառայեն։ Այն ատեն, եթէ նոյնիսկ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար ատուին կամ հալածուին, ուրախ են, քանի որ գիտեն թէ Աստուած կը հաճեցնեն ու յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը պիտի ստանան։
Սակայն, Յիսուսի մտիկ ընողներէն շատեր՝ ինչպէս ներկայիս ոմանք՝ կը հաւատան որ հարուստ ըլլալով եւ կարգ մը հաճոյքներ վայելելով է որ անհատ մը ուրախ կ’ըլլայ։ Յիսուս այդպէս չի խորհիր։ Իր ունկնդիրները զարմացնող հակասական օրինակ մը տալով, ան կ’ըսէ.
«Վա՜յ ձեզի հարուստներուդ, վասն զի ձեր մխիթարութիւնը առած էք։ Վա՜յ ձեզի որ կուշտ էք, վասն զի պիտի անօթենաք. վա՜յ ձեզի որ հիմա կը ծիծաղիք, վասն զի սուգ պիտի ընէք ու լաք։ Վա՜յ ձեզի երբ մարդիկ ձեր վրայով աղէկ խօսին, վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին սուտ մարգարէներուն»։
Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Ինչո՞ւ հարստութիւն ունենալը, հաճոյքի ետեւէն վազելը, կամ մարդոց գովասանքը վայելելը վա՜յ պիտի բերէին։ Քանի որ, երբ անհատ մը այս բաները ունի եւ անոնց վրայ կը գուրգուրայ, այն ատեն Աստուծոյ մատուցած ծառայութիւնը՝ որ իրական ուրախութեան միակ աղբիւրն է՝ իր կեանքին մէջ տեղ չունենար։ Բայց միեւնոյն ատեն Յիսուս ըսել չուզեց որ պարզապէս աղքատ, անօթի եւ սգաւոր ըլլալը անհատ մը կ’ուրախացնէ։ Սակայն յաճախ, այսպիսի վիճակի մէջ եղողները կ’ընդառաջեն Յիսուսի ուսուցումներուն եւ իրական ուրախութեամբ կ’օրհնուին։
Ապա, իր աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը, Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք էք երկրի աղը»։ Անշուշտ ան ըսել չ’ուզեր որ անոնք բառացի աղ են, այլ, աղը պահպանիչ յատկութիւն մը ունի։ Մեծ քանակութեամբ աղ կը գտնուէր Եհովայի տաճարի խորանին քով եւ պաշտօն կատարող քահանաները զայն կը գործածէին զոհերը աղելու համար։
Յիսուսի աշակերտները «երկրի աղ»ն են այն իմաստով որ անոնք մարդոց վրայ պահպանիչ ազդեցութիւն մը ունին։ Արդարեւ, անոնց բերած պատգամը անոր ընդառաջողներուն կեանքերը պիտի պահպանէ։ Անիկա այսպիսի անհատներու կեանքին մէջ յատկութիւններ պիտի զարգացնէ, ինչպէս յարատեւութիւն եւ անկեղծութիւն, հոգեւոր եւ բարոյական որեւէ եղծանումի արգելք հանդիսանալով։
«Դուք էք աշխարհի լոյսը», կ’ըսէ Յիսուս իր աշակերտներուն։ Լոյսը չեն դներ կողովի մը տակ, այլ՝ աշտանակի մը վրայ, ուստի Յիսուս կ’ըսէ. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ»։ Յիսուսի աշակերտները ասիկա կ’ընեն իրենց հանրային վկայութեամբ, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ եղող վարքի շողշողուն տիպարներ ըլլալով։
Բարձր Չափանիշ մը Իր Հետեւորդներուն Համար
Կրօնական առաջնորդները Յիսուսը կը նկատեն օրինազանց մը եւ տակաւին նոր դաւադրած են զինք սպաննել։ Ուստի, մինչ Յիսուս կը շարունակէ իր Լերան Քարոզը, ան կը բացատրէ. «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու»։
Յիսուս շատ բարձր նկատողութիւն ունի Աստուծոյ Օրէնքին հանդէպ եւ կը քաջալերէ որ ուրիշներն ալ նոյնը ընեն։ Ուստի, ան կ’ըսէ. «Ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ», այսինքն, այսպիսի անհատ մը բնաւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չմտնէ։
Փոխանակ Աստուծոյ Օրէնքը անտեսելու, Յիսուս կը դատապարտէ զայն բեկանելու նպաստող արարքները։ Նշելէ ետք թէ Օրէնքը կ’ըսէ՝ «Սպանութիւն մի՛ ըներ», Յիսուս կ’աւելցնէ. «Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ’»։
Քանի որ ընկերակիցի մը դէմ բարկացած մնալը շատ լուրջ հարց մըն է, որ թերեւս նոյնիսկ մարդասպանութեան կրնայ առաջնորդել, Յիսուս ցոյց կու տայ թէ անհատ մը ո՛ր աստիճան խաղաղութեան ետեւէ պէտք է ըլլայ։ Ան կը պատուիրէ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես»։
Տասը Պատուիրաններուն եօթներորդին հրաւիրելով մարդոց ուշադրութիւնը, Յիսուս կը շարունակէ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Շնութիւն մի ըներ’»։ Սակայն, Յիսուս շնութեան տանող կեցուածքն իսկ կը դատապարտէ, ըսելով. «Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ շարունակէ ցանկութեամբ նայիլ կնոջ մը, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’»։
Հոս Յիսուս անցողակի անբարոյ խորհուրդի մը մասին չի խօսիր, այլ՝ ‘շարունակաբար նայելու’ մասին։ Այսպիսի շարունակական նայուածք մը կրնայ անհատին կիրքը արթնցնել, որ իր կարգին, եթէ առիթը ներկայանայ, կրնայ շնութեամբ վերջանալ։ Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ասոր արգելք հանդիսանալ։ Յիսուս ցոյց կու տայ վճռական քայլեր առնելու կարիքը, ըսելով. «Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. . . . եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ»։
Ընդհանրապէս մարդիկ կը յօժարին բառացիօրէն իրենց հիւանդ մէկ անդամը զոհել, իրենց կեանքը փրկելու համար։ Բայց ըստ Յիսուսի, շատ աւելի կենսական է որեւէ բան ‘հանել կամ ձգել’՝ նոյնիսկ աչքի կամ ձեռքի չափ թանկագին՝ անբարոյ խորհուրդներէ եւ արարքներէ խուսափելու համար։ Ապա թէ ոչ, կը բացատրէ Յիսուս, այսպիսի անհատ մը Գեհենի մէջ պիտի նետուի (Երուսաղէմի մօտ՝ աղբերու կոյտերը այրելու տեղ մը), որ յաւիտենական բնաջնջում կը խորհրդանշէ։
Յիսուս նաեւ կը բացատրէ թէ նախատող եւ վիրաւորող անհատներու հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուիլ։ «Չարին հակառակ մի՛ կենար», կը խրատէ ան։ «Հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ»։ Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ անհատ մը ինքզինք կամ իր ընտանիքը պէտք չէ պաշտպանէ երբ յարձակումի ենթարկուի։ Ապտակին նպատակը ֆիզիքապէս ցաւցնել չէ, այլ՝ նախատել է։ Ուստի, Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ եթէ մէկը փորձէ կռիւ հրահրել, կամ առարկել՝ ըլլայ բառացի ապտակ մը տալով, կամ նախատական խօսքերով կճելով՝ մեր կողմէ սխալ պիտի ըլլայ փոխադարձել։
Դրացին սիրելու Աստուծոյ օրէնքին հրաւիրելէ ետք ուշադրութիւնը, Յիսուս կ’ըսէ. «Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները’»։ Այսպէս ընելու բուն պատճառը տալով, ան կ’աւելցնէ. «Որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ»։
Յիսուս իր քարոզին այս մասը կ’եզրափակէ պատուիրելով. «Ուրեմն դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։ Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ մարդիկ բացարձակապէս կատարեալ կրնան ըլլալ։ Այլ, Աստուած ընդօրինակելով, կրնան սէր ցոյց տալ նոյնիսկ իրենց թշնամիներուն հանդէպ։ Ղուկասի զուգահեռ պատմութիւնը կ’արձանագրէ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. «Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։
Աղօթել եւ Աստուծոյ Վստահիլ
Յիսուս իր քարոզը շարունակելով, կը դատապարտէ իրենց ենթադրեալ աստուածպաշտութիւնը ցուցադրողներուն կեղծաւորութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները» կ’ընեն։
Յիսուս կը շարունակէ. «Երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան»։ Այլ, ան կը պատուիրէ. «Երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ, ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի»։ Յիսուս ի՛նք ալ հանրային աղօթքներ մատուցանեց, ուստի ինք անոնց հակառակ չէր։ Ան կը դատապարտէր այն աղօթքները, որոնց նպատակն է ունկնդիրները տպաւորել, եւ անոնց փաղաքշական գովասանքները ստանալ։
Յիսուս կը շարունակէ խրատել. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք [«նոյն բաները մի՛ կրկնէք», ՆԱ]»։ Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ կրկնումը սխալ է։ Առիթով մը ինքն ալ աղօթած ատեն «նոյն բառերը» գործածեց։ Բայց իրեն համար հաճելի չէ, երբ մարդիկ ‘կրկնեն’ իրենց գոց սորված նախադասութիւններ, ինչպէս վարդարան քաշողները կ’ընեն։
Իր ունկնդիրներուն աղօթել սորվեցնելու համար, Յիսուս տիպար աղօթք մը տուաւ, որուն մէջ եօթը խնդրանքներ կան։ Առաջին երեքը Աստուծոյ գերիշխանութեան եւ իր նպատակներուն հետ կապ ունին։ Այդ խնդրանքներն են՝ Աստուծոյ անուան սրբացումը, Թագաւորութեան գալը եւ իր կամքին կատարուիլը։ Մնացեալ չորսը՝ անձնական խնդրանքներ են, այսինքն առօրեայ ուտելիք, մեղքերու թողութիւն, մեր կարողութենէն աւելին չփորձուիլ եւ չարէն ազատում։
Յիսուս շարունակելով, կը խօսի նիւթական ստացուածքներու վրայ անտեղի շեշտ դնելու որոգայթին մասին։ Ան կը յորդորէ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան»։ Այսպիսի գանձեր ոչ միայն կը փճանան, այլ նաեւ անոնցմով Աստուծոյ հաճութիւնը չենք կրնար շահիլ։
Հետեւաբար, Յիսուս կ’ըսէ. «Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը»։ Ասիկա կը կատարուի Աստուծոյ ծառայութիւնը ձեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով։ Ո՛չ մէկը կրնայ այս կերպով շահուած Աստուծոյ հաճութիւնը կամ անոր հոյակապ վարձատրութիւնը խլել անհատէն։ Ապա Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
Նիւթապաշտութեան թակարդին մասին յաւելեալ բացատրութիւն տալով, Յիսուս հետեւեալ օրինակը կու տայ. «Մարմնին ճրագը աչքն է, ուրեմն եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ։ Բայց եթէ քու աչքդ վատ է, բոլոր մարմինդ մութ կ’ըլլայ»։ Լաւ կերպով գործող աչք մը մարմնին համար մութ տեղը վարուած ճրագի մը պէս է։ Բայց շիտակ տեսնելու համար, աչքը պէտք է պարզ ըլլայ, այսինքն, մէկ բանի վրայ պէտք է սեւեռած մնայ։ Լաւ կեդրոնացում չունեցող աչք մը, իրերը պէտք եղած կերպով չի կրնար արժեւորել, նիւթական բաները Աստուծոյ ծառայութենէն առաջ կը դասէ եւ որպէս հետեւանք, «բոլոր մարմին»ը խաւարի մէջ կ’ըլլայ։
Յիսուս այս հարցը իր գագաթնակէտին կը հասցնէ ազդեցիկ օրինակ մը տալով. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։
Այս խրատը տալէն ետք, Յիսուս իր ունկնդիրներուն կը վստահեցնէ, որ նիւթական բաներուն համար մտահոգուելու պէտք չունին, եթէ Աստուծոյ ծառայութիւնը առաջին տեղը դնեն իրենց կեանքին մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք»։ Ապա ան կը հարցնէ. «Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք»։
Ապա Յիսուս դաշտի շուշաններուն կը մատնանշէ եւ կ’ըսէ. «Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ Ուստի», կը շարունակէ ան, «եթէ դաշտի խոտը . . . Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ»։ Ուստի Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։ . . . Վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։
Կեանքի Ճամբան
Յիսուսի ուսուցումներով ապրիլը կեանքի ճամբայ մըն է։ Բայց ասիկա ընելը դիւրին չէ։ Զոր օրինակ, Փարիսեցիները բրտութեամբ կը դատէին ուրիշները եւ շատեր անոնց օրինակին կը հետեւէին։ Ուստի, մինչ Յիսուս կը շարունակէ իր Լերան Քարոզը, հետեւեալ խրատը կու տայ. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք»։
Վտանգաւոր է ծայր աստիճան քննադատող Փարիսեցիներուն օրինակին հետեւիլ։ Ըստ Ղուկասի պատմութեան, Յիսուս ցոյց կու տայ այս վտանգը, ըսելով. «Միթէ կոյրը կոյրին կրնա՞յ առաջնորդութիւն ընել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։
Ուրիշները ծանրօրէն քննադատելը, անոնց յանցանքները մեծցնելը եւ անոնց վրայ յանցանք փնտռելը լուրջ սխալներ են։ Ուստի Յիսուս կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու»։
Ասիկա չի նշանակեր որ Յիսուսի աշակերտները մարդոց մէջ տարբերութիւն պիտի չդնէին, քանի որ ան կ’ըսէ. «Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք եւ ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ ձգէք»։ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները սուրբ են։ Անոնք այլաբանական մարգարիտներու պէս են։ Սակայն եթէ կարգ մը անհատներ, շուներու կամ խոզերու նման այս թանկագին ճշմարտութիւններուն հանդէպ ո՛չ մէկ գնահատանք ունին, Յիսուսի աշակերտները պէտք էր ձգէին այդ անհատները եւ աւելի ընդունակ ականջներ փնտռէին։
Թէեւ Յիսուս իր քարոզին մէջ նախապէս խօսած է աղօթքի մասին, հիմա ան կը շեշտէ անոր մէջ յարատեւելու կարիքը։ «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի», կը յորդորէ ան։ Աղօթքներուն պատասխանելու Աստուծոյ պատրաստակամութիւնը բացատրելու համար, Յիսուս կը հարցնէ. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ՝ որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ, ինք քար տայ անոր։ . . . Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։
Ապա Յիսուս կու տայ վարքի հռչակաւոր օրէնքը, որ կոչուած է՝ Ոսկեղէն Կանոն։ Ան կ’ըսէ. «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ Այս օրէնքին համաձայն ապրիլը իր մէջ կը բովանդակէ բարիք ընել ուրիշներուն, անոնց հետ վարուելով ինչպէս որ կ’ուզենք որ ուրիշներ մեզի հետ վարուին։
Կեանքի ճամբուն դիւրին չըլլալը յայտնի կ’ըլլայ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերէն. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։
Մոլորելու վտանգը մեծ ըլլալով, Յիսուս կը զգուշացնէ, ըսելով. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են»։ Ինչպէս որ լաւ կամ գէշ ծառերը իրենց պտուղներէն կը ճանչցուին, նմանապէս, սուտ մարգարէները կարելի է ճանչնալ իրենց վարքէն եւ ուսուցումներէն, կ’ըսէ Յիսուս։
Շարունակելով, Յիսուս կը բացատրէ թէ անհատի մը արարքը, եւ ոչ թէ դաւանանքը, կը փաստէ թէ ինք Իր աշակերտն է։ Ոմանք կ’ընդունին որ Յիսուս իրենց Տէրն է, բայց եթէ անոնք իր Հօրը կամքը չեն կատարեր՝ «Անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք», կ’ըսէ Յիսուս։
Վերջապէս Յիսուս իր քարոզը կ’եզրափակէ յիշատակելի խօսքերով։ Ան կ’ըսէ. «Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։ Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր»։
Միւս կողմէն, Յիսուս կը յայտարարէ ըսելով. «Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։ Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին եւ զարկին այն տանը ու փլաւ։ Մեծ էր անոր կործանումը»։
Երբ Յիսուս կ’ամբողջացնէ իր քարոզը, ամբոխը կ’ապշի իր ուսուցումի կերպին վրայ, քանի որ իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր եւ ոչ թէ կրօնական առաջնորդներուն պէս։ Ղուկաս 6։12-23. Մատթէոս 5։1-12. Ղուկաս 6։24-26. Մատթէոս 5։13-48. 6։1-34. 26։36-45. 7։1-29. Ղուկաս 6։27-49
▪ Յիսուսի ամենէն յիշատակելի քարոզը ո՞ւր տրուած է, որո՞նք ներկայ էին, եւ զայն ներկայացնելէն քիչ առաջ ի՞նչ տեղի ունեցաւ։
▪ Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ Ղուկաս այս քարոզին կարգ մը ուսուցումները այնպէս մը արձանագրած է, որպէս թէ տարբեր առիթով մը ըսուած ըլլային։
▪ Յիսուսի քարոզը այսքան արժէքաւոր դարձնողը ի՞նչ է։
▪ Որո՞նք իրապէս ուրախ են եւ ինչո՛ւ։
▪ Որո՞նք «վա՜յ» կը ստանան եւ ինչո՛ւ։
▪ Ի՞նչ իմաստով Յիսուսի աշակերտները «երկրի աղը» եւ «աշխարհի լոյս»ն են։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս բարձր նկատողութիւն կը ցուցնէ Աստուծոյ Օրէնքին հանդէպ։
▪ Յիսուս ի՞նչ հրահանգներ կու տայ սպանութեան եւ շնութեան պատճառները արմատախիլ ընելու համար։
▪ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կը խօսի միւս երեսը դարձնելու մասին։
▪ Ի՞նչպէս կրնանք կատարեալ ըլլալ ինչպէս որ Աստուած կատարեալ է։
▪ Յիսուս աղօթքի մասին ի՞նչ ցուցմունքներ կու տայ։
▪ Երկնային գանձերը ի՞նչպէս գերադաս են, եւ ի՞նչպէս կարելի է ձեռք ձգել զանոնք։
▪ Նիւթապաշտութենէ խուսափելու համար ի՞նչ օրինակներ տրուած են։
▪ Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ որ մտահոգուելու պէտք չունինք։
▪ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ ուրիշները դատելու մասին. սակայն ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ իր աշակերտները պէտք է ներատես ըլլան մարդոց նկատմամբ։
▪ Յիսուս ուրիշ ի՞նչ կ’ըսէ աղօթքի մասին, եւ ան վարքի մասին ի՞նչ օրէնք կու տայ։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ կեանքի ճամբան դիւրին պիտի չըլլայ, եւ մոլորելու վտանգը ներկայ է։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս կ’եզրափակէ իր քարոզը, եւ ան ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ։