Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այգիին առակներով կը քօղազերծէ զանոնք

Այգիին առակներով կը քօղազերծէ զանոնք

Գլուխ 106

Այգիին առակներով կը քօղազերծէ զանոնք

ՅԻՍՈՒՍ տաճարին մէջ է։ Ան կրօնական առաջնորդները տակաւին նոր շփոթութեան մատնած էր, երբ հարցուցին թէ ինք ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընէր այս բաները։ Իրենց շփոթութենէն սթափելէ առաջ, Յիսուս կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի»։ Ապա առակով մը ցոյց կու տայ թէ իրենք իսկապէս ինչ տեսակ անձեր են։

Յիսուս կը պատմէ. «Մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. ‘Որդեա՛կ, գնա այսօր այգիիս մէջ գործէ’։ Անիկա պատասխանեց. ‘Չեմ ուզեր երթալ’։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։ Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. ‘Կ’երթամ, Տէ՛ր’, սակայն չգնաց։ Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց», կը հարցնէ Յիսուս։

«Առաջինը», կը պատասխանեն իր հակառակորդները։

Ուստի Յիսուս կը բացատրէ ըսելով. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Իրականութեան մէջ, սկիզբը մաքսաւորներն ու պոռնիկները մերժեցին Աստուծոյ ծառայել, սակայն հետագային, առաջին որդիին նման զղջացին եւ ծառայեցին իրեն։ Միւս կողմէ, կրօնական առաջնորդները երկրորդ որդիին նման, դաւանեցան Աստուծոյ ծառայել, սակայն ինչպէս Յիսուս դիտել կու տայ. «Յովհաննէս [Մկրտիչ] արդարութեան ճամբով եկաւ ձեզի եւ դուք անոր չհաւատացիք. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները անոր հաւատացին եւ դուք տեսաք, սակայն չուզեցիք հաւատալ»։

Ապա Յիսուս ցոյց կու տայ թէ կրօնական առաջնորդներուն թերացումը միայն Աստուծոյ ծառայութիւնը անտեսելուն պատճառաւ չէ, այլ՝ քանի որ իրենք չար եւ ամբարիշտ մարդիկ են։ Յիսուս կը պատմէ. «Տանտէր մը կար որ այգի մը տնկեց ու ցանկով պատեց զանիկա եւ անոր մէջ հնձան փորեց ու աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ Երբ պտուղի ժամանակը մօտեցաւ, իր ծառաները մշակներուն ղրկեց, որպէս զի անոր պտուղները առնեն։ Մշակները անոր ծառաները բռնեցին մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին։ Նորէն ծառաներ ղրկեց առաջիններէն շատ եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին»։

«Ծառաները» մարգարէներն են որ «Տանտէր»ը՝ Եհովա Աստուած, ղրկեց իր ‘այգիի մշակներուն’։ Այս մշակները Իսրայէլի գլխաւոր ներկայացուցիչներն են։ Այս ազգը Աստուածաշունչին մէջ կը ճանչցուի որպէս Աստուծոյ «այգին»։

Քանի որ «մշակները» գէշ կերպով կը վարուին «ծառաներ»ուն հետ եւ կը սպաննեն զանոնք, Յիսուս կը բացատրէ. «Վերջը [այգիին տէրը] իր որդին ղրկեց անոնց, ըսելով՝ ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ Բայց մշակները երբ տեսան որդին, իրարու ըսին. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու անոր ժառանգութեանը տիրանանք’։ Առին զանիկա, այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին»։

Այժմ, իր խօսքը կրօնական առաջնորդներուն ուղղելով Յիսուս կը հարցնէ. «Երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այն մշակներուն»։

«Այն չարերը չարաչար պիտի կորսնցնէ եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ժամանակին պիտի տան իրեն», կը պատասխանեն կրօնական առաջնորդները։

Այսպէս, անոնք առանց անդրադառնալու իրենք իրենց վրայ դատապարտութիւն կը բերեն, քանի որ իրենք ալ պարփակուած են Եհովայի ազգային «այգի»ին՝ Իսրայէլի «մշակներուն» մէջ։ Եհովա այսպիսի մշակներէն կ’ակնկալէ որ իր Որդւոյն՝ ճշմարիտ Մեսիային, հաւատք ընծայեն։ Քանի որ այսպիսի պտուղ չեն արտադրած, Յիսուս կ’ազդարարէ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ [Սաղմոս 118։22, 23], ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն’։ Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ։ Ով որ այս քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ պիտի փսորէ զանիկա»։

Դպիրներն ու քահանայապետները կը հասկնան թէ Յիսուս իրենց մասին կը խօսի, եւ կ’ուզեն սպաննել զինք, օրինաւոր «ժառանգորդը»։ Ուստի, որպէս ազգ, Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխաններ ըլլալու առանձնաշնորհումը իրենցմէ պիտի առնուի, եւ ‘մշակներու’ նոր ազգ մը մէջտեղ պիտի գայ. ազգ մը, որ յարմար պտուղներ պիտի արտադրէ։

Քանի որ կրօնական առաջնորդները կը վախնան ժողովուրդէն, որ Յիսուսը մարգարէ մը կը նկատէ, չեն փորձեր այս առիթով Յիսուսը սպաննել։ Մատթէոս 21։28-46. Մարկոս 12։1-12. Ղուկաս 20։9-19. Եսայեայ 5։1-7

Յիսուսի առակին երկու որդիները որո՞նք կը պատկերացնեն։

Երկրորդ առակին մէջ, «տանտէր»ը, «այգին», «մշակները», «ծառաները» եւ «ժառանգորդը» որո՞նք կը պատկերացնեն։

Ի՞նչ պիտի պատահի «մշակներուն», եւ անոնց տեղը ո՞վ պիտի առնէ։