Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այգիին բանուորները

Այգիին բանուորները

Գլուխ 97

Այգիին բանուորները

ՅԻՍՈՒՍ տակաւին նոր աւարտած էր իր խօսքը, ըսելով. «Շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։ Այժմ այս խօսքը կը լուսաբանէ դրուագ մը պատմելով. «Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու»։

«[Տանտէրը] բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։ Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին, ըսաւ անոնց. ‘Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի’։ Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։ Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուրիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. ‘Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք’։ Ըսին իրեն. ‘Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց’։ Ըսաւ անոնց. ‘Դուք ալ այգին գացէք’», կը շարունակէ Յիսուս։

Տանտէրը, կամ այգիին տէրը, Եհովա Աստուած է, իսկ այգին՝ Իսրայէլ ազգն է։ Այգիին բանուորները Օրէնքի ուխտին մէջ բերուող անձեր են. մասնաւորաբար այն Հրեաներն են, որոնք առաքեալներուն օրերուն կ’ապրէին։ Միայն լման օր մը աշխատողներուն հետ է որ ռոճիկի համաձայնութիւն մը կ’ըլլայ. այսինքն՝ մէկ դահեկան, որպէս օրավարձք։ Քանի որ «ժամը երեք»ը առաւօտեան ժամը ինն է, անոնք որոնք յաջորդաբար ժամը երեքին, վեցին, իննին եւ տասնըմէկին կը կանչուին, համեմատաբար միայն ինը, վեց, երեք եւ մէկ ժամ կ’աշխատին։

Տասնըերկու ժամ, կամ լման օր աշխատող բանուորները կը ներկայացնեն Հրեայ առաջնորդները, որոնք անդադար կրօնական ծառայութիւններով զբաղած են։ Անոնք Յիսուսի աշակերտներուն նման չեն, որոնք իրենց կեանքի մեծամասնութիւնը ձկնորսութեամբ, կամ աշխարհային այլ գործի ասպարէզներով անցուցած են։ Միայն Հ.Դ. 29–ի աշնան էր որ «տանտէր»ը ղրկեց Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի հաւաքէր անոնք որոնք իր աշակերտները պիտի ըլլային։ Այսպէս, անոնք «վերջին» կամ տասնըմէկերորդ ժամուն կանչուող այգիի բանուորները եղան։

Վերջապէս, այլաբանական աշխատանքի օրը վերջ կը գտնէ Յիսուսի մահուամբ, եւ բանուորներուն վճարելու ժամանակը կու գայ։ Վերջիններուն առաջ վճարելու արտասովոր օրէնքը կը գործադրուի, ինչպէս կը բացատրուի. «Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. ‘Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները’։ Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյմէկ դահեկան առին։ Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյմէկ դահեկան։ Երբ առին, տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. ‘Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք’։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. ‘Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ’»։ Որպէս եզրակացութիւն, Յիսուս կը կրկնէ նախապէս յիշած կէտը, ըսելով. «Այսպէս, յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին»։

Բանուորներուն դահեկան ստանալը տեղի կ’ունենայ ոչ թէ Յիսուսի մահուան, այլ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Քրիստոս՝ «տնտես»ը, սուրբ հոգին կը թափէ իր աշակերտներուն վրայ։ Յիսուսի այս աշակերտները «վերջին» կամ ժամը տասնըմէկին գացող բանուորներուն նման են։ Դահեկանը սուրբ հոգիին պարգեւը չի ներկայացներ։ Անիկա հոս երկրի վրայ գործածուելիք բան մըն է։ Անիկա իրենց ապրուստի միջոցն է՝ իրենց յաւիտենական կեանքը։ Անիկա հոգեւոր Իսրայելացի մը ըլլալու առանձնաշնորհումն է, օծուած՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելու։

Շատ չանցած, առաջին վարձուածները, կը նկատեն թէ Յիսուսի աշակերտները իրենց վարձքը առած են եւ սկսած են այլաբանական դահեկանը գործածել։ Սակայն անոնք սուրբ հոգիէն եւ անոր ընկերակցող Թագաւորութեան առանձնաշնորհումներէն աւելին կ’ուզեն։ Անոնք իրենց տրտունջը եւ առարկութիւնը կը յայտնեն, Քրիստոսի աշակերտները՝ այգիին «վերջին» բանուորները հալածելով։

Արդեօք այս առաջին դարու կատարումը Յիսուսի առակին միակ կատարո՞ւմն է։ Ո՛չ, այս քսաներորդ դարու Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները, իրենց դիրքերուն եւ պատասխանատուութիւններուն պատճառաւ, «առաջին» վարձուողները եղած են Աստուծոյ այլաբանական այգիին մէջ աշխատելու համար։ Անոնք Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան հետ ընկերակցող նուիրուած քարոզիչները «վերջին»ները նկատած են, որոնք ոչ մէկ վաւերական նշանակում ունին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Սակայն կղերականներուն կողմէ այս մերժուածներն են որ դահեկանը՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան որպէս օծեալ դեսպանները ծառայելու պատիւը, ստացան։ Մատթէոս 19։30–20։16

Այգին ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Որո՞նք կը ներկայացնեն այգիին տէրը, տասնըերկու ժամ եւ մէկ ժամ աշխատող բանուորները։

Այլաբանական աշխատանքի օրը ե՞րբ վերջացաւ, եւ վճարումը ե՞րբ տեղի ունեցաւ։

Դահեկանին վճարումը ի՞նչ կը ներկայացնէ։