Անհաւանական աշակերտ մը
Գլուխ 45
Անհաւանական աշակերտ մը
ԵՐԲ Յիսուս ծովափ կը հասնի, ահաւո՜ր տեսարան մը կը դիմագրաւէ։ Երկու արտառոց վայրագ մարդիկ դուրս կ’ելլեն մօտակայ գերեզմանէն եւ դէպի իրեն կը վազեն։ Անոնք դիւահարներ են։ Քանի որ անոնցմէ մէկը որ հաւանաբար միւսէն աւելի վայրագ եւ աւելի երկար ժամանակ դիւային ազդեցութեան տակ մնացած է, ուշադրութիւն կը գրաւէ։
Երկար ատենէ ի վեր, այս խղճալի մարդը մերկ կ’ապրի գերեզմաններուն մէջ։ Շարունակաբար, ցերեկ ու գիշեր, ան կը կանչուըռտէ եւ ինքզինք քարերով կը ճեղքռտէ։ Ան այդքան վայրագ է, որ ոչ ոք քաջութիւն ունի ճամբուն այդ կողմէն անցնելու։ Զինք կապելու փորձեր կատարուած են, սակայն ան շղթաներն ու ոտնակապերը կոտրտած է։ Ոեւէ մէկը զինք սանձելու կարողութիւնը չունի։
Մինչ մարդը կը մօտենայ Յիսուսի եւ անոր ոտքերուն կ’իյնայ, իր մէջ եղող դեւերը իրեն ճչալ կու տան. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալ Աստուծոյ, քեզ Աստուծմով կ’երդմնցնեմ, զիս մի՛ տանջեր»։
«Պի՛ղծ ոգի, ելիր այդ մարդէն», կը շարունակէ ըսել Յիսուս։ Ապա Յիսուս կը հարցնէ. «Անունդ ի՞նչ է»։
«Իմ անունս Լէգէոն է, վասն զի շատուոր ենք», կ’ըլլայ պատասխանը։ Դեւերը կը զուարճանան տեսնելով այն անհատներուն տառապանքը, որոնց մէջ մտած են. երեւութապէս անոնք հաճոյք կ’առնեն վախկոտներու նման խմբային յարձակումներ կատարելով անոնց վրայ։ Սակայն Յիսուսի հետ դէմ յանդիման գալով, անոր կ’աղաչեն որ զիրենք անդունդ չղրկէ։ Դարձեալ կը տեսնենք Յիսուսի ունեցած մեծ զօրութիւնը. ան նոյնիսկ կատաղի դեւերը կրնայ նուաճել։ Ասիկա նաեւ կը յայտնէ թէ դեւերը տեղեակ են որ իրենց համար Աստուծոյ վերջնական դատաստանն է, իրենց առաջնորդին՝ Բանսարկու Սատանային՝ հետ անդունդ երթալ։
Մօտակայ լերան վրայ շուրջ 2,000 խոզերու երամակ մը կ’արածի։ Ուստի դեւերը կ’ըսեն. «Մեզ խոզերուն ղրկէ, որպէս զի անոնց մէջ մտնենք»։ Այնպէս կը թուի թէ դեւերը տեսակ մը անբնական, սատիստական հաճոյք կ’առնեն ֆիզիքական արարածներու մարմիններուն մէջ մտնելով։ Երբ Յիսուս անոնց կը թոյլատրէ որ խոզերուն մէջ մտնեն, 2,000 խոզերը կը գահավիժին եւ ծովուն մէջ կը խեղդուին։
Երբ խոզարածները ասիկա կը տեսնեն, անմիջապէս քաղաք կը վազեն եւ եղելութիւնը կը պատմեն քաղաքացիներուն եւ ագարակապաններուն։ Ասոր վրայ, ժողովուրդը կու գայ տեսնելու համար թէ ի՛նչ պատահած է։ Երբ կը հասնին, կը տեսնեն այն մարդը որմէ դեւերը դուրս եկած են։ Ան հագուած եւ խելքը գլուխը եկած, Յիսուսի ոտքերուն քով նստած է։
Ականատեսները մարդոց կը պատմեն թէ ան ի՛նչպէս ապաքինած էր։ Անոնք նաեւ կը պատմեն խոզերուն արտառոց մահը։ Ասիկա լսելով, մեծ վախ մը կը պատէ ժողովուրդը եւ անոնք կը պաղատին Յիսուսի որ իրենց հողամասէն մեկնի։ Ուստի ան համաձայնելով՝ նաւ կը մտնէ։ Նախկին դիւահարը Յիսուսէն արտօնութիւն կը խնդրէ որ իրեն հետ երթայ։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ անոր. «Գնա քու տունդ, քու ընտանիքիդ ու պատմէ թէ Տէրը ինչպէս ողորմեցաւ քեզի»։
Յիսուս սովորաբար իր բուժած անհատներուն կը խրատէ որ մէկուն բան չըսեն, քանի որ չ’ուզեր որ մարդիկ իր մասին եզրակացութեան յանգին իրենց լսած զգայացունց տեղեկագրութիւններով։ Սակայն այս բացառութիւնը յարգելի է, քանի որ նախկին դիւահարը պիտի վկայէ այնպիսի մարդոց, որոնց հետ Յիսուս հաւանաբար առիթը պիտի չունենայ շփման մէջ գալու։ Ասկէ զատ, մարդուն ներկայութիւնը վկայութիւն մը պիտի հայթայթէ Յիսուսի բարի գործեր ընելու զօրութեան, խոզերու կորուստին պատճառաւ շրջաբերուող աննպաստ տարաձայնութիւնը մարեցնելով։
Յիսուսի խրատին հետեւելով, նախկին դիւահարը կ’երթայ։ Ան ամբողջ Դեկապոլիսի մէջ կը սկսի ծանուցանել իրեն համար Յիսուսի ըրած բոլոր բաները եւ մարդիկ պարզապէս կ’ապշին։ Մատթէոս 8։28-34. Մարկոս 5։1-20. Ղուկաս 8։26-39. Յայտնութիւն 20։1-3
▪ Թէեւ երկու դիւահարներ կան, ինչո՞ւ հաւանաբար ուշադրութիւնը կը կեդրոնացուի մէկ դիւահարի վրայ։
▪ Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ դեւերը տեղեակ են թէ ապագային անդունդը պիտի երթան։
▪ Երեւութապէս, ինչո՞ւ դեւերը հաճոյք կ’առնեն մարդոց եւ անասուններու մէջ մտնելէ։
▪ Ինչո՞ւ Յիսուս բացառութիւն մը կ’ընէ նախկին դիւահարին, անոր հրահանգելով որ ուրիշներուն պատմէ ինչ որ ըրաւ իրեն համար։