Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աննայի՝ ապա Կայիափայի կը տարուի

Աննայի՝ ապա Կայիափայի կը տարուի

Գլուխ 119

Աննայի՝ ապա Կայիափայի կը տարուի

ՅԻՍՈՒՍ, որպէս հասարակ ոճրագործ մը կապուած, Աննայի կը տարուի, որ հեղինակութիւն ունեցող նախկին քահանայապետ մըն է։ Աննա քահանայապետ էր երբ Յիսուս որպէս 12 տարեկան տղեկ մը՝ տաճարին մէջ րաբունական ուսուցիչները զարմացուցած էր։ Աննայի որդիներէն քանի մը հատը հետագային որպէս քահանայապետ ծառայեցին, եւ այժմ իր փեսան՝ Կայիափան՝ այդ դիրքը ունի։

Հաւանաբար Յիսուս նախ Աննայի տունը կը տարուի, նկատի ունենալով այդ քահանայապետին երկարատեւ աչքառու դերը Հրեայ կրօնական կեանքին մէջ։ Աննայի քով կանգ առնելը Կայիափայի ժամանակ կու տայ Սենետրիոնը՝ 71 անդամներէ բաղկացած հրէական բարձրագոյն ատեանը՝ ժողվելու, ինչպէս նաեւ սուտ վկաներ հաւաքելու։

Աննա քահանայապետը այժմ կը հարցաքննէ Յիսուսը իր աշակերտներուն ու վարդապետութեանը վրայով։ Յիսուս պատասխան կու տայ անոր, ըսելով. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։ Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց. ահա ինչ որ խօսեցայ՝ գիտեն իրենք»։

Ասոր վրայ, սպասաւորներէն մէկը որ հոն կայներ էր, ապտակ մը կը զարնէ ըսելով. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։

«Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի», կ’ըսէ Յիսուս։ Այս փոխանակութենէն ետք, Աննա զանիկա կապած՝ Կայիափա քահանայապետին կը ղրկէ։

Մինչ այդ, բոլոր քահանայապետները եւ ծերերը դպիրներուն հետ մէկտեղ, այո, ամբողջ Սենետրիոնը կը սկսի ժողվուիլ։ Իրենց ժողովատեղին ակներեւաբար Կայիափայի տունն է։ Պասեքի գիշերով այսպիսի ատեան մը վարելը յստակօրէն հրէական օրէնքին դէմ է։ Սակայն ասիկա չ’արգիլեր կրօնական առաջնորդները իրենց չար նպատակը հետապնդելէ։

Քանի մը շաբաթ առաջ, երբ Յիսուս Ղազարոսը յարուցանեց, Սենետրիոնի անդամները արդէն իրարու մէջ որոշած էին որ Յիսուս պէտք է մեռնի։ Ճիշդ երկու օր առաջ, Չորեքշաբթի օրը, կրօնական հեղինակութիւնները խորհրդակցած էին, որ Յիսուսը ձերբակալելու հնարք մը գտնեն, որպէսզի սպաննեն։ Երեւակայեցէք, ան արդէն դատապարտուած էր իր դատավարութենէն առաջ։

Այժմ կը ջանան Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն ընող վկաներ գտնել, որպէսզի իր դէմ դատ մը բացուի։ Սակայն եւ այնպէս, տրուած վկայութիւնները իրար կը հակասեն։ Վերջապէս, երկու հոգի կու գան եւ կը հաստատեն, ըսելով. «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’»։

Կայիափա կը հարցնէ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։ Բայց Յիսուս լուռ կը մնայ։ Նոյնիսկ այս սուտ ամբաստանութեան մէջ վկաներուն պատմութիւնները իրար չեն բռներ, պախարակելով Սենետրիոնը։ Հետեւաբար, քահանայապետը իր ռազմավարութիւնը կը փոխէ։

Կայիափա գիտէ թէ Հրեաները որքա՜ն կը բարկանան, երբ ոեւէ մէկը դաւանի թէ ինք Աստուծոյ Որդին է։ Նախապէս երկու առիթներով, Յիսուսը յանդգնօրէն մահուան արժանի հայհոյիչ մը պիտակած էին, անգամ մը նոյնիսկ սխալ կերպով երեւակայած էին որ ան ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէ։ Այժմ Կայիափա խորամանկութեամբ կը հարցնէ. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ»։

Հոգ չէ թէ Հրեաները ի՛նչ կը մտածեն, Յիսուս իրապէս Աստուծոյ Որդին է։ Լռութիւն պահելը՝ իր Քրիստոս ըլլալը ժխտել կրնար նշանակել։ Ուստի Յիսուս քաջաբար կը պատասխանէ. «Դուն ըսիր. բայց կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։

Այն ատեն, Կայիափա, թատերական ցուցադրութեամբ մը իր հանդերձները կը պատռէ ու կը բացագանչէ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։

«Մահապարտ է», կը բացագանչէ Սենետրիոնը։ Այն ատեն կը սկսին ծաղրել զայն եւ հայհոյութիւն ընել անոր դէմ։ Ոմանք ապտակ կը զարնեն, ուրիշներ երեսը կը թքեն։ Ուրիշներ երեսը կը ծածկեն ու բռունցքով կը զարնեն եւ ծաղրանքով կը հարցնեն. «Մարգարէացիր մեզի, դո՛ւն, Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան որ քեզի զարկաւ»։ Այս նախատական, ապօրինի վերաբերմունքը կը պատահի գիշերուան դատավարութեան ընթացքին։ Մատթէոս 26։57-68. 26։3, 4. Մարկոս 14։53-65. Ղուկաս 22։54, 63-65. Յովհաննու 18։13-24. 11։45-53. 10։31-39. 5։16-18

Յիսուս նախ ո՞ւր կը տարուի եւ հոն ի՛նչ կը պատահի իրեն։

Յետոյ Յիսուս ո՞ւր կը տարուի եւ ի՛նչ նպատակաւ։

Կայիափա ի՞նչ միջոցի կը դիմէ, որպէսզի Սենետրիոնը Յիսուսը մահապարտ հռչակէ։

Ի՞նչ նախատական, ապօրինի վերաբերմունք կը պատահի դատավարութեան ընթացքին։