Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք չեն կրնար Յիսուսը ծուղակը ձգել

Անոնք չեն կրնար Յիսուսը ծուղակը ձգել

Գլուխ 108

Անոնք չեն կրնար Յիսուսը ծուղակը ձգել

ՔԱՆԻ որ Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ իր կրօնական թշնամիներուն տակաւին նոր երեք առակներ տուած էր իրենց չարութիւնը քօղազերծելու համար, Փարիսեցիները կը բարկանան եւ խորհուրդ կ’ընեն ծուղակը ձգել զայն, փորձելով իրեն ըսել տալ բան մը, որու պատճառաւ կրնան ձերբակալել զինք։ Ուստի, անոնք դաւադրութիւն մը սարքելով, իրենց աշակերտները Հերովդէսեաններու հետ մէկտեղ կը ղրկեն, Յիսուսը խօսքով սայթաքեցնելու համար։

«Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես ու մարդո՛ւ համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, ուստի մեզի ըսէ. քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, պէ՞տք է Կայսրին տուրք տալ թէ ոչ», կ’ըսեն անոնք։

Յիսուս այս շողոքորթութեամբ չի խաբուիր։ Ան կը նկատէ որ եթէ ըսէ. ‘Ոչ, օրինաւոր կամ շիտակ չէ տուրք տալ’, Հռովմի դէմ խռովութիւն հանելով յանցաւոր պիտի գտնուի։ Իսկ եթէ ըսէ. ‘Այո, այս տուրքը պէտք է տաք’, այն Հրեաները որոնք կ’արհամարհեն Հռովմի հպատակութիւնը, պիտի ատեն զինք։ Ուստի կը պատասխանէ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ, ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։

Երբ անոնք դահեկան մը կը բերեն, կը հարցնէ. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։

«Կայսրին», կը պատասխանեն անոնք։

«Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք», կ’ըսէ Յիսուս։ Ուստի, երբ այս մարդիկը կը լսեն Յիսուսի ճարտար պատասխանը, կը սքանչանան եւ հեռանալով՝ հանգիստ կը թողուն զինք։

Երբ Սադուկեցիները, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ, կը նկատեն որ Փարիսեցիները Յիսուսի վրայ բան մը չկրցան գտնել, անոր մօտենալով կը հարցնեն. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։ Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։ Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան»։

Յիսուս պատասխան տալով անոնց կ’ըսէ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։ Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք»։

Ասիկա լսելով, ժողովուրդը դարձեալ կ’ապշի անոր պատասխանին վրայ։ Նոյնիսկ դպիրներէն մէկ քանիները կ’ընդունին, ըսելով. «Վա՛րդապետ, աղէկ ըսիր»։

Երբ Փարիսեցիները կը տեսնեն թէ Յիսուս Սադուկեցիները պապանձեցուց, մէկտեղ ժողվուելով Յիսուսի կու գան։ Օրինական մը զանիկա աւելի եւս փորձելով կը հարցնէ. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։

Յիսուս կը պատասխանէ ըսելով. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ով Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է. եւ քու Տէր Աստուածը սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։ Արդարեւ, Յիսուս կ’աւելցնէ. «Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։

«Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար», կը համաձայնի դպիրը, «թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։

Նկատելով որ դպիրը խելացութիւնով պատասխան տուաւ, Յիսուս կ’ըսէ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։

Այժմ երեք օրէ ի վեր՝ Կիրակի, Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէ։ Ժողովուրդը հաճոյքով ունկնդրած է իրեն, բայց կրօնական առաջնորդները տակաւին կ’ուզեն սպաննել զինք. սակայն ցարդ՝ իրենց ջանքերը ի դերեւ կ’ելլեն։ Մատթէոս 22։15-40. Մարկոս 12։13-34. Ղուկաս 20։20-40

Յիսուսը ծուղակը ձգելու համար Փարիսեցիները ի՞նչ դաւադրութիւն կը սարքեն, եւ ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ ան դրական կամ ժխտական պատասխան մը տար։

Յիսուս ի՞նչպէս ի դերեւ կը հանէ զինք ծուղակը ձգելու Սադուկեցիներուն ջանքերը։

Փարիսեցիները ի՞նչ կ’ընեն Յիսուսը աւելի եւս փորձելու համար, եւ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

Երուսաղէմի մէջ իր վերջին ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս քանի՞ օր կը սորվեցնէ տաճարին մէջ, եւ ի՞նչ հետեւանքով։