Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշակերտելու պատասխանատուութիւնը

Աշակերտելու պատասխանատուութիւնը

Գլուխ 84

Աշակերտելու պատասխանատուութիւնը

ԵՐԵՒԵԼԻ Փարիսեցիին տունէն մեկնելէ ետք՝ որ հաւանաբար Սենետրիոնի անդամ մըն է, Յիսուս իր ճամբան կը շարունակէ դէպի Երուսաղէմ։ Շատ ժողովուրդ կը հետեւի իրեն։ Սակայն անոնց շարժառիթները ի՞նչ են։ Իր ճշմարիտ հետեւորդը ըլլալը իրապէս ի՞նչ կը պարփակէ։

Մինչ միասին կը ճամբորդեն, Յիսուս իր հետ քալող ամբոխին կը դառնայ եւ թերեւս կը ցնցէ զանոնք, երբ կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։

Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ այս խօսքերով։ Ան ըսել չ’ուզեր որ իր հետեւորդները բառացիօրէն պէտք է ատեն իրենց ազգականները։ Այլ՝ պէտք էր ատէին այն առումով՝ որ իրմէ աւելի նուազ սիրէին զանոնք։ Ըսուած է որ Յիսուսի նախահայրը՝ Յակոբ, Լիան «ատեց», իսկ Ռաքէլը սիրեց, ինչ որ կը նշանակէր թէ Լիան, իր քրոջմէն՝ Ռաքէլէն, քիչ սիրուած էր։

Նկատեցէք նաեւ, որ ըստ Յիսուսի, աշակերտ մը «իր կեանքն ալ» պէտք է ատէ։ Դարձեալ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ ճշմարիտ աշակերտ մը Զինք իր կեանքէն աւելի պէտք է սիրէ։ Այս կերպով, Յիսուս կը շեշտէ թէ իրեն աշակերտ ըլլալը լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է եւ ո՛չ թէ թեթեւօրէն նկատի առնուելիք բան մը։

Յիսուսի աշակերտ ըլլալը դժուարութիւն եւ հալածանք կը պարփակէ, ինչպէս ան կը շարունակէ ըսել. «Ով որ իր խաչը չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։ Այսպէս, ճշմարիտ աշակերտ մը յօժար պէտք է ըլլայ Յիսուսի կրած վարկաբեկումի բեռը դիմագրաւելու, նոյնիսկ Աստուծոյ թշնամիներուն ձեռքով մահ ճաշակելու, ինչ որ շուտով պիտի պատահէր Յիսուսի։

Ուստի, Քրիստոսի աշակերտ մը ըլլալը հարց մըն էր, զոր իրեն ընկերակցող ժողովուրդը ուշադրութեամբ պէտք էր վերլուծէր։ Յիսուս այս իրողութիւնը կը շեշտէ օրինակով մը։ «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել եւ ըսել թէ ‘Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել’»։

Ուստի, Յիսուս իրեն հետեւող մարդոց կը բացատրէ, թէ իր աշակերտները ըլլալէ առաջ, անոնք հաստատօրէն պէտք է որոշեն թէ իրենցմէ պահանջուածը ընելու կարո՞ղ են. ճիշդ աշտարակ մը շինել ուզող մարդուն պէս, որ սկսելէն առաջ վստահ կ’ըլլայ որ միջոցները ունի զայն ամբողջացնելու համար։ Տակաւին ուրիշ առակ մըն ալ տալով, Յիսուս կը շարունակէ ըսել.

«Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։ Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ»։

Ապա Յիսուս շեշտելով առակներուն միտք բանին, կ’ըսէ. «Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։ Յիսուսի հետեւող ժողովուրդը, այո, բոլոր անոնք որոնք Քրիստոսի մասին կը սորվին, ա՛յս է որ պէտք է ընեն։ Անոնք պատրաստ պէտք է ըլլան բոլոր իրենց ունեցածը՝ իրենց բոլոր ստացուածքը զոհելու, մէջը ըլլալով իրենց կեանքը՝ եթէ իր աշակերտները կ’ուզեն ըլլալ։ Ասիկա ընելու յօժա՞ր էք։

Յիսուս կը շարունակէ ըսելով. «Աղը աղէկ բան է»։ Իր Լերան Քարոզին մէջ, ան ըսաւ թէ իր աշակերտները «աշխարհին աղ»ն են, այն իմաստով որ անոնք պահպանող ազդեցութիւն մը ունին մարդոց վրայ, ճիշդ ինչպէս որ բառացի աղը պահպանիչ յատկութիւն ունի։ «Բայց եթէ [աղը] իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ։ Ո՛չ հողի ու ո՛չ թրիքի տեղ օգտակար կ’ըլլայ»։ Ապա կ’եզրափակէ ըսելով. «Զանիկա դուրս կը նետեն։ Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։

Ուստի, Յիսուս ցոյց կու տայ թէ նոյնիսկ անոնք, որոնք որոշ ժամանակ իր աշակերտները եղած են, պէտք է վճռեն յարատեւել։ Ապա թէ ոչ, անպիտան պիտի ըլլան. այս աշխարհին մէջ ծաղրանքի առարկայ եւ Աստուծոյ աչքին՝ անյարմար. իրականութեան մէջ, այսպիսիները նոյնիսկ Աստուծոյ նախատինք պիտի բերեն։ Հետեւաբար, իր ոյժը կորսնցուցած, վարակուած աղի նման, դուրս պիտի նետուին. այո, պիտի կործանին։ Ղուկաս 14։25-35. Ծննդոց 29։30-33. Մատթէոս 5։13

Ազգականները, նոյնիսկ ինքզինքը ‘ատել’ ի՞նչ կը նշանակէ։

Յիսուս ի՞նչ երկու առակ կու տայ, եւ անոնք ի՞նչ կը նշանակեն։

Աղի մասին Յիսուսի եզրափակման խօսքերուն միտք բանին ի՞նչ է։