Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշակերտները կը վիճաբանին՝ մինչ Յիսուսի մահը կը մօտենայ

Աշակերտները կը վիճաբանին՝ մինչ Յիսուսի մահը կը մօտենայ

Գլուխ 98

Աշակերտները կը վիճաբանին՝ մինչ Յիսուսի մահը կը մօտենայ

ՅԻՍՈՒՍ եւ իր աշակերտները Յորդանան Գետի մօտակայքը կը գտնուին, ուրկէ Բերիայի շրջանը կտրելով, Հրէաստան կ’անցնին։ Շատեր իրենց հետ կը ճամբորդեն Հ.Դ. 33–ի Պասեքին երթալու համար, որ գրեթէ շաբաթ մը ետք է։

Յիսուս իր աշակերտներուն առջեւէն կը քալէ եւ անոնք կը զարմանան անոր խիզախ վճռակամութեան վրայ։ Յիշեցէք թէ քանի մը շաբաթ առաջ երբ Ղազարոս մեռաւ, եւ Յիսուս Բերիայէն Հրէաստան երթալու վրայ էր, Թովմաս միւսները քաջալերեց, ըսելով. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք»։ Նաեւ յիշեցէք որ Յիսուս Ղազարոսը յարուցանելէն ետք, Սենետրիոնը կը ծրագրէր Յիսուսը սպաննել։ Զարմանալի չէ որ աշակերտները վախով կը լեցուին, մինչ դարձեալ Հրէաստան կը մտնեն։

Զանոնք յառաջիկայ դէպքերուն համար պատրաստելու միտումով, Յիսուս 12 առաքեալները մէկ կողմ կը քաշէ ու կ’ըսէ անոնց. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։

Վերջին ամիսներուն, ասիկա երրորդ անգամն է որ Յիսուս իր աշակերտներուն խօսած է իր մահուան ու յարութեան մասին։ Թէեւ անոնք իրեն մտիկ կ’ընեն, սակայն չեն կրնար հասկնալ։ Թերեւս անոր համար որ անոնք Իսրայէլի թագաւորութեան երկրի վրայ հաստատուելուն կը հաւատան եւ կ’ակնկալեն փառք ու պատիւ վայելել Քրիստոսի հետ երկրային թագաւորութեան մը մէջ։

Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն մայրը, Սողովմէ ալ Պասեքի գացող ճամբորդներուն մէջ կը գտնուի։ Յիսուս այս մարդիկը ‘որոտման որդիներ’ կոչած էր, վստահաբար իրենց կրակոտ տրամադրութիւններուն համար։ Ժամանակէ մը ի վեր ասոնք Քրիստոսի Թագաւորութեան մէջ նշանաւոր ըլլալու փառասիրութիւնը սնուցանած էին, եւ իրենց փափաքը յայտնած էին իրենց մօրը։ Այժմ ան Յիսուսի կը մօտենայ անոնց կողմէ, երկրպագութիւն կ’ընէ եւ բան մը կը խնդրէ։

«Ի՞նչ կ’ուզես», կը հարցնէ Յիսուս։

«Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ», կը պատասխանէ ան։

Յիսուս այս խնդրանքին աղբիւրը գիտնալով, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի կ’ըսէ. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ»։

«Կրնանք», կը պատասխանեն անոնք։ Թէպէտ Յիսուս տակաւին նոր ըսած էր թէ սոսկալի հալածանք եւ ի վերջոյ մահ պիտի դիմագրաւէր, բայց ակներեւաբար անոնք չեն հասկնար որ «գաւաթ» ըսելով, Յիսուս անոնց կ’ակնարկէր։

Սակայն եւ այնպէս, Յիսուս կ’ըսէ անոնց. «Իմ գաւաթս պիտի խմէք . . . բայց իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս»։

Ժամանակի ընթացքին, միւս տասը առաքեալները Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի խնդրանքէն տեղեակ կ’ըլլան ու կը բարկանան։ Թերեւս Յակոբոս եւ Յովհաննէս էին նախապէս առաքեալներուն մէջ ծայր տուած վիճաբանութեան հեղինակները, թէ իրենցմէ ո՛վ է մեծը։ Իրենց ներկայ խնդրանքը կը յայտնէ թէ այս խնդրին շուրջ Յիսուսի տուած խրատը չէին գործադրած։ Դժբախտաբար, նշանաւոր ըլլալու իրենց փափաքը տակաւին զօրաւոր է։

Ուստի, այս վերջին հակաճառութիւնը, ինչպէս նաեւ, անկէ առթած գէշ տրամադրութիւնը ձեռք առնելու համար, Յիսուս տասներկու առաքեալները կը հաւաքէ։ Սիրազեղ կերպով խրատելով անոնց կ’ըսէ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ»։

Յիսուս ինք օրինակ հանդիսացած էր, որու պէտք էր հետեւէին։ Ան կը բացատրէ. «Ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ Յիսուս ոչ միայն ուրիշներու ծառայած է, այլ պիտի շարունակէ ծառայել մարդկութեան համար իր կեանքը տալու աստիճան։ Աշակերտներն ալ քրիստոսանման նոյն տրամադրութեան տէր պէտք է ըլլան, փափաքելով ծառայել եւ ոչ թէ ծառայուիլ եւ ամենէն պզտիկը ըլլալ եւ ոչ թէ նշանաւոր դիրք մը ունենալ։ Մատթէոս 20։17-28. Մարկոս 3։17. 9։33-37. 10։32-45. Ղուկաս 18։31-34. Յովհաննու 11։16

Այժմ աշակերտները ինչո՞ւ վախով կը լեցուին։

Յիսուս իր աշակերտները ի՞նչպէս կը պատրաստէ յառաջիկայ դէպքերուն համար։

Ի՞նչ խնդրանք կը ներկայացուի Յիսուսի, եւ միւս առաքեալները ի՞նչպէս կ’ազդուին անկէ։

Յիսուս իր առաքեալներուն մէջ ծագած խնդրին հետ ի՞նչպէս կը վարուի։