Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ապագայի համար պատրաստուեցէք գործնական իմաստութեամբ

Ապագայի համար պատրաստուեցէք գործնական իմաստութեամբ

Գլուխ 87

Ապագայի համար պատրաստուեցէք գործնական իմաստութեամբ

ՅԻՍՈՒՍ տակաւին նոր վերջացուցած է անառակ որդիին պատմութիւնը պատմել, իր աշակերտներէն, անպարկեշտ մաքսահաւաքներէ եւ այլ հանրածանօթ մեղաւորներէ, ինչպէս նաեւ, դպիրներէ ու Փարիսեցիներէ բաղկացած ամբոխի մը։ Այժմ խօսքը իր աշակերտներուն ուղղելով, Յիսուս առակ մը կը պատմէ հարուստ մարդու մը մասին, որ իր տան վերակացուին կամ տնտեսին մասին աննպաստ տեղեկագրութիւն մը կը ստանայ։

Յիսուս կը պատմէ թէ հարուստ մարդը իր տնտեսը կը կանչէ եւ իրեն կ’իմացնէ որ պիտի պաշտօնազրկէ զինք։ Տնտեսը կը սկսի մտածել. «Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ իմ տէրս տնտեսութիւնը ինծմէ կ’առնէ. հողագործութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ’ամչնամ։ Գիտեմ ի՛նչ պիտի ընեմ, որպէս զի երբ իմ տնտեսութենէս հանուիմ, զիս իրենց տունը ընդունին»։

Տնտեսին ծրագիրը ի՞նչ է։ Իր տիրոջը պարտականներուն մէկիկ մէկիկ կ’այցելէ։ «Դուն իմ տիրոջս ո՞րչափ պարտք ունիս», կը հարցնէ ան։

Առաջինը կը պատասխանէ. «Հարիւր մար [580 կալոն] ձէթ»։

«Գիրդ առ ու շուտով նստէ յիսուն [290 կալոն] գրէ», կ’ըսէ անոր։

Միւսին կ’ըսէ. «Դո՞ւն որչափ պարտք ունիս»։

Անիկա կ’ըսէ. «Հարիւր քոռ ցորեն»։

«Գիրդ առ եւ ութսուն գրէ»։

Տնտեսը իրաւասութիւնը ունէր իր տիրոջ գանձելիք մուրհակները նուազեցնելու, քանի որ անիկա տակաւին իր տիրոջը դրամական հարցերուն պատասխանատու էր։ Գիները նուազեցնելով, ինքզինքին բարեկամներ կը շինէր, որոնք իր ըրած երախտիքը փոխադարձելու պատրաստակամութիւնը պիտի ունենային, երբ իր գործը կորսնցնէր։

Երբ տէրը կը լսէ պատահածը, կը տպաւորուի։ Իրականութեան մէջ, անիկա «անիրաւ տնտեսը գովեց, որ խելացութիւնով ըրաւ [«գործնական իմաստութեամբ վարուեցաւ», ՆԱ]»։ Արդարեւ, Յիսուս կ’աւելցնէ ըսելով. «Այս աշխարհին որդիները իրենց ցեղին մէջ՝ լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են»։

Այժմ, այս դասը տալով իր աշակերտներուն, Յիսուս զանոնք կը քաջալերէ, ըսելով. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։

Յիսուս տնտեսը չի գովեր իր անիրաւութեան համար, այլ՝ իր հեռատես, գործնական իմաստութեան համար։ Յաճախ «այս աշխարհին որդիները» ճարպիկ կերպով իրենց դրամը կամ դիրքը կ’օգտագործեն, այնպիսի մարդոցմէ բարեկամներ ընելու, որոնք իրենց ըրած երախտիքը կրնան փոխադարձել։ Ուստի, Աստուծոյ ծառաները՝ «լուսոյ որդիներ»ը, իրե՛նք ալ իրենց նիւթական ստացուածքները՝ «մամոնան», իմաստութեամբ պէտք է գործածեն, որպէսզի օգտուին։

Սակայն, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, անոնք իրենց հարստութեամբ բարեկամութիւն պէտք է զարգացնեն անոնց հետ, որոնք կրնան զիրենք «յաւիտենական բնակարաններու մէջ» ընդունիլ։ «Պզտիկ հօտ»ի անդամներուն համար, այս բնակարանները երկնքի մէջ են. իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ուն համար՝ Դրախտ երկրի վրայ։ Քանի որ միայն Եհովա Աստուած եւ իր Որդին մարդիկը կրնան ընդունիլ այսպիսի բնակարաններու մէջ, պէտք է ջանանք անոնց հետ բարեկամութիւն մշակել, մեր ունեցած «անիրաւ մամոնան», Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ գործածելով։ Ապա, երբ նիւթական հարստութիւնը պակսի կամ անարժէք դառնայ, ինչ որ անկասկած պիտի ըլլայ, մեր յաւիտենական ապագան ապահովուած պիտի ըլլայ։

Յիսուս կը շարունակէ ըսել որ այն անձերը որոնք այս նիւթական, կամ քիչ, բանի մէջ հաւատարիմ ըլլան, աւելի կարեւոր հարցերու մէջ ալ հաւատարիմ պիտի ըլլան։ Ան կը շարունակէ ըսել. «Ուստի եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը [այսինքն՝ հոգեւոր կամ Թագաւորութեան շահերը] ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի։ Եթէ օտարին բանին մէջ [Թագաւորութեան շահերը որ Աստուած իր ծառաներուն կը յանձնէ] հաւատարիմ չըլլաք, ձերը [կեանքի վարձատրութիւնը յաւիտենական բնակարաններուն մէջ] ո՞վ պիտի տայ ձեզի»։

Պարզ է ուրեմն, որ չենք կրնար Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաները ըլլալ եւ միեւնոյն ատեն մամոնային՝ նիւթական հարստութեան, ծառայել, ինչպէս Յիսուս կ’եզրափակէ ըսելով. «Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝ եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ Ղուկաս 15։1, 2. 16։1-13. Յովհաննու 10։16

Յիսուսի առակին մէջի տնտեսը ի՞նչպէս բարեկամութիւն կը հաստատէ անոնց հետ, որոնք հետագային կրնան իրեն օգնել։

Ի՞նչ է «անիրաւ մամոնան», եւ անով ի՞նչպէս կրնանք բարեկամներ շինել։

Որո՞նք կրնան մեզ «յաւիտենական բնակարաններու մէջ» ընդունիլ, եւ անոնք ի՞նչ բնակարաններ են։