Առակներով կը սորվեցնէ
Գլուխ 43
Առակներով կը սորվեցնէ
ԱԿՆԵՐԵՒԱԲԱՐ Յիսուս Կափառնայում կը գտնուի երբ կը յանդիմանէ Փարիսեցիները։ Աւելի ուշ, նոյն օրը, ան տունէն կ’ելլէ եւ Գալիլիոյ Ծովուն եզերքը կը քալէ ուր ամբոխ մը կը հաւաքուի։ Ան նաւ մը կը մտնէ, քիչ մը անդին կը տանի զայն եւ կը սկսի ծովափը կայնող ժողովուրդին սորվեցնել երկնքի Թագաւորութեան մասին։ Ասիկա կ’ընէ շարք մը առակներով կամ օրինակներով, ժողովուրդին ծանօթ պարագաներ ներկայացնելով։
Նախ, Յիսուս կը խօսի սերմնացանի մը մասին որ սերմեր կը ցանէ։ Սերմերէն մէկ քանիները կ’իյնան ճամբուն եզերքը եւ թռչունները կ’ուտեն զանոնք։ Ուրիշ սերմեր կ’իյնան ապառաժուտ հողի մէջ։ Քանի որ արմատը խորունկ չէ, ծիլ տուող բոյսերը կը չորնան արեւուն կիզիչ տաքութենէն։ Տակաւին ուրիշ սերմեր կ’իյնան փուշերու մէջ, որոնք կը խեղդեն բոյսերը, երբ անոնք դուրս կու գան։ Վերջապէս կարգ մը սերմեր կ’իյնան լաւ հողի մէջ եւ ոմանք հարիւրապատիկ, ոմանք վաթսունապատիկ, եւ ուրիշներ երեսնապատիկ՝ արդիւնք կու տան։
Այլ առակի մը մէջ, Յիսուս կ’ըսէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդու մը նման է, որ սերմեր կը ցանէ։ Օրերը կը սահին եւ մարդը կը քնանայ ու կ’արթննայ եւ սերմը կ’աճի։ Մարդը չի գիտեր թէ ի՛նչպէս կ’աճի ան։ Սերմը ինքն իրեն կ’աճի եւ ցորեն կու տայ։ Երբ ցորենը կը հասուննայ, մարդը կը հնձէ զանիկա։
Յիսուս երրորդ առակ մը կու տայ մարդու մը մասին, որ բարի սերմ կը ցանէ, բայց ‘երբ մարդիկ կը քնանան’, թշնամի մը կու գայ եւ ցորենին մէջ որոմ կը ցանէ։ Մարդուն ծառաները կը հարցնեն թէ որոմները մէկդի ընե՞ն։ Բայց ան կը պատասխանէ. ‘Ո՛չ, եթէ զանոնք քաղէք, կարգ մը ցորեններ պիտի փրցնէք։ Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկ տեղ աճին մինչեւ հունձքին ատենը։ Այն ատեն հնձողներուն պիտի ըսեմ որ որոմները քաղեն եւ այրեն, իսկ ցորենը շտեմարանը մթերեն’։
Ծովափը եղող ժողովուրդին ուղղած իր խօսակցութիւնը շարունակելով, Յիսուս երկու յաւելեալ առակներ ալ կու տայ։ Ան կը բացատրէ թէ «երկնքի թագաւորութիւնը» մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը կը ցանէ։ Թէեւ ան բոլոր սերմերուն ամենէն պզտիկն է, բայց կ’աճի եւ բոլոր բոյսերէն աւելի մեծ կ’ըլլայ, կ’ըսէ ան։ Ան ծառ մը կ’ըլլայ, որու ճիւղերուն վրայ թռչունները կու գան եւ ապաստան կը գտնեն։
Այսօր ոմանք կ’առարկեն թէ մանանեխի հունտերէն աւելի պզտիկ սերմեր գոյութիւն ունին։ Բայց հոս Յիսուս բուսաբանութեան դաս չի տար։ Իր օրերուն Գալիլիացիներուն ծանօթ եղող սերմերուն մէջ, մանանեխի հունտը իրապէս ամենէն պզտիկն էր։ Ուստի, անոնք կը գնահատեն Յիսուսի առակին միտք բանին, որ է՝ արտակարգ աճումը։
Վերջապէս, Յիսուս «երկնքի թագաւորութիւնը» կը բաղդատէ թթխմորի մը, զոր կին մը կ’առնէ եւ երեք գրիւ ալիւրի մէջ կը խառնէ։ Ժամանակի ընթացքին, կ’ըսէ ան, անիկա ամբողջ զանգուածը կը խմորէ։
Այս հինգ առակները տալէ ետք, Յիսուս կ’արձակէ ամբոխը եւ կը վերադառնայ այն տունը ուր կը մնայ։ Իր 12 առաքեալները եւ ուրիշներ հոն կու գան։
Յիսուսի Առակներէն Օգտուիլ
Ծովափը ամբոխին խօսելէ ետք, երբ Յիսուսի աշակերտները իր քով կու գան, անոնք հետաքրքրուած են անոր ուսուցանելու նոր կերպով։ Այո, անոնք նախապէս լսած են Յիսուսի առակներ գործածելը, բայց ո՛չ այս տարողութեամբ։ Ուստի անոնք կ’ուզեն գիտնալ, թէ ‘ինչո՛ւ համար առակներով կը խօսի անոնց’։
Այսպէս խօսելուն պատճառներէն մին՝ մարգարէին խօսքը կատարելու համար է, որ կ’ըսէ. «Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ»։ Սակայն միայն ասիկա չէ պատճառը։ Առակներու գործածութիւնը մարդոց սրտի վիճակը երեւան բերելու կը ծառայէ։
Իրապէս, շատեր Յիսուսով հետաքրքրուած են պարզապէս որպէս հոյակապ պատմութիւն պատմող եւ հրաշք գործող մը, եւ ո՛չ թէ մէկը, որուն պէտք է ծառայեն որպէս Տէր եւ անձնուրացաբար հետեւին։ Անոնք չեն ուզեր որ իրենց տեսակէտը կամ ապրելակերպը խանգարուի։ Անոնք չեն ուզեր որ պատգամը այդ աստիճան խորը թափանցէ իրենց մէջ։
Ուստի Յիսուս կ’ըսէ. «Անոր համար առակներով կը խօսիմ անոնց, որ կը տեսնեն՝ ու չեն տեսներ եւ կը լսեն՝ ու չեն լսեր եւ միտք չեն առներ։ Անոնց վրայ պիտի կատարուի Եսայեայ մարգարէութիւնը որ կ’ըսէ ‘ . . . Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ’»։
«Բայց», Յիսուս կը շարունակէ ըսելով. «Երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն, քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ փափաքեցան ձեր տեսածները տեսնել ու չտեսան եւ ձեր լսածները լսել՝ ու չլսեցին»։
Այո, 12 առաքեալները եւ անոնց հետ եղողները ընդունակ սրտեր ունին։ Հետեւաբար, Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ»։ Քանի որ անոնք կը փափաքին հասկնալ, Յիսուս իր աշակերտներուն բացատրութիւն կու տայ սերմնացանի առակին մասին։
«Սերմը Աստուծոյ խօսքն է», կ’ըսէ Յիսուս, «իսկ հողը՝ սիրտն է»։ Ճամբուն եզերքը ցանուածներուն մասին, ան կ’ըսէ. «Սատանան կու գայ, անոնց սրտէն կը հանէ խօսքը, որպէս զի չըլլայ թէ հաւատան ու փրկուին»։
Իսկ ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածները կ’ակնարկեն այն մարդոց սրտերուն, որոնք խօսքը ուրախութեամբ կ’ընդունին։ Սակայն, քանի որ խօսքը չի կրնար արմատ կապել այսպիսի սրտերու մէջ, փորձութեան կամ հալածանքի ժամանակ անոնք կը գայթակղին։
Իսկ ինչ կը վերաբերի փուշերուն մէջ ինկող սերմերուն, Յիսուս կը շարունակէ ըսել թէ անոնք կ’ակնարկեն այն մարդոց, որոնք կը լսեն խօսքը։ Սակայն, մտահոգութիւններով եւ հարստութիւնով, ինչպէս նաեւ այս կեանքի հաճոյքներով տարուած ըլլալով, ամբողջովին կը խեղդուին եւ բան մը չեն կրնար կատարելութեան հասցնել։
Վերջապէս, լաւ հողի մէջ ցանուածը, կ’ըսէ Յիսուս, անոնք են՝ որ բարի եւ լաւ սրտով մը խօսքը լսելէ ետք, կ’ընդունին զայն եւ համբերութիւնով պտուղ կու տան։
Որքա՜ն կ’օրհնուին այն աշակերտները, որոնք Յիսուսի ետեւէն կ’երթան, իր ուսուցումներուն մասին բացատրութիւն ստանալու համար։ Յիսուսի նպատակն էր որ իր առակները հասկցուէին, ուրիշներուն ճշմարտութիւնը հաղորդելու համար։ «Միթէ ճրագը գրուանին կամ մահիճին տա՞կ դրուելու համար կու գայ», կը հարցնէ ան։ Ո՛չ. «աշտանակին վրայ դրուելու համար»։ Ուստի Յիսուս կ’աւելցնէ. «Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք»։
Յաւելեալ Տեղեկութիւններով Օրհնուած
Աշակերտները նոր ստացած են սերմնացանի առակին բացատրութիւնը։ Բայց այժմ անոնք կ’ուզեն աւելին սորվիլ։ «Արտին որոմներուն առակը մեկնէ մեզի», կը խնդրեն անոնք։
Աշակերտները որքա՜ն տարբեր կեցուածք մը ունին ծովափը գտնուող մնացեալ ամբոխէն։ Այդ մարդիկը առակներուն իմաստը սորվելու անկեղծ փափաք մը չունին, այլ՝ կը գոհանան միայն անոնց մէջ ցոյց տրուած տեղեկութեամբ։ Ծովափը գտնուող իր ունկնդիրները հակադրելով իր քով եկած իր հետաքրքիր աշակերտներուն հետ, Յիսուս կ’ըսէ.
«Ի՛նչ չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափովը պիտի չափուի ձեզի եւ ձեզի որ կը լսէք, պիտի աւելնայ»։ Աշակերտները Յիսուսի հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն եւ ուշադրութիւն ցոյց կու տան եւ այդպէս ընելով, կ’օրհնուին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալով։ Ուստի, իր աշակերտներուն հարցումին պատասխանելով, Յիսուս կը բացատրէ.
«Բարի սերմը ցանողը Որդին մարդոյ է. արտը աշխարհս է։ Բարի սերմը թագաւորութեանը որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են։ Թշնամին որ զանիկա ցանեց, Սատանան է եւ հունձքը աշխարհիս վերջն է ու հնձողները հրեշտակներն են»։
Իր առակին իւրաքանչիւր երեսակը բնորոշելէ ետք, Յիսուս կը նկարագրէ վերջնական արդիւնքը։ Իրերու դրութեան վախճանին, կ’ըսէ ան, հնձողները՝ կամ հրեշտակները՝ որոմանման Քրիստոնեաները պիտի զատեն ‘թագաւորութեան ճշմարիտ որդիներէն’։ Յետոյ «չարին որդիներ»ը պիտի նշանակուին կործանումի համար, սակայն Աստուծոյ Թագաւորութեան որդիները՝ «արդարները»՝ իրենց Հօրը Թագաւորութեան մէջ պիտի փայլին։
Ապա Յիսուս կ’օրհնէ հետաքրքրութիւն յայտնող իր աշակերտները յաւելեալ երեք առակներ տալով անոնց։ Նախ, ան կ’ըսէ. «Երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ՝ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։
«Դարձեալ», կը շարունակէ ան, «երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ. եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։
Յիսուս ի՛նք կը նմանի պահուած գանձ մը գտնող մարդուն, ինչպէս նաեւ պատուական մարգարիտ մը գտնող վաճառականին։ Ան ամէն բան ծախեց, երկնքի մէջ իր պատուական դիրքը ձգելով եւ հեզ մարդ մը ըլլալով։ Ապա, որպէս մարդ երկրի վրայ, ան նախատինքի եւ ատելավառ հալածանքի կ’ենթարկուի, ապացուցանելով թէ ինք արժանի է Աստուծոյ Թագաւորութեան Իշխանը ըլլալու։
Յիսուսի հետ իշխանակից մը եւ կամ Թագաւորութեան երկրային հպատակ մը ըլլալու վարձատրութիւնը ստանալու համար, Յիսուսի հետեւորդներուն դիմացն ալ դրուած է ամէն բան ծախելու մարտահրաւէրը։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ մասնակցութիւն ունենալը, ուրիշ որեւէ բանէ աւելի արժէքաւոր պիտի նկատե՞նք, անգին գանձի մը կամ թանկագին մարգարիտի մը նման։
Վերջապէս, Յիսուս «երկնքի թագաւորութիւնը» կը նմանցնէ ուռկանի մը, որ ամէն տեսակ ձուկ կը հաւաքէ։ Երբ ձուկերը կը զատուին, անշահները կը նետուին, բայց աղէկները կը պահուին։ Ուստի, կ’ըսէ Յիսուս, այդպէս պիտի ըլլայ իրերու դրութեան վախճանին. հրեշտակները պիտի զատեն չարերը արդարներէն, զանոնք բնաջնջումի համար պահելով։
Յիսուս անձամբ կը ձեռնարկէ այս ձկնորսութեան ծրագրին, իր առաջին աշակերտները կանչելով, որ «մարդոց որսորդ»ներ ըլլան։ Հրեշտակային հսկողութեան ներքեւ, ձկնորսութեան գործը դարերէ ի վեր կը շարունակուի։ Վերջապէս ժամանակը կու գայ քաշելու «ուռկան»ը որ կը ներկայացնէ երկրի վրայ գտնուող բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք Քրիստոնեայ ըլլալ կը դաւանին, մէջը ըլլալով օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը։
Թէեւ անշահ ձուկերը կործանուելու համար կը նետուին, սակայն բարեբախտաբար ‘աղէկ ձուկեր’ը կը պահուին։ Յիսուսի աշակերտներուն նման, եթէ յաւելեալ գիտութիւն եւ հասկացողութիւն ունենալու համար մարմաջ ցուցաբերենք, Աստուած մեզ ոչ միայն յաւելեալ տեղեկութիւն տալով պիտի վարձատրէ, այլ նաեւ՝ յաւիտենական կեանքով պիտի օրհնէ։ Մատթէոս 13։1-52. Մարկոս 4։1-34. Ղուկաս 8։4-18. Սաղմոս 78։2. Եսայեայ 6։9, 10
▪ Յիսուս ե՞րբ եւ ո՞ւր ժողովուրդին առակներով կը խօսի։
▪ Յիսուս ամբոխին ի՞նչ հինգ առակներ կու տայ։
▪ Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ մանանեխի հունտը սերմերուն ամենէն պզտիկն է։
▪ Յիսուս ինչո՞ւ առակներով կը խօսի։
▪ Յիսուսի աշակերտները ի՞նչպէս ցոյց կու տան որ իրենք տարբեր են ամբոխէն։
▪ Յիսուս ի՞նչ բացատրութիւն կու տայ սերմնացանին առակին մասին։
▪ Աշակերտները ի՞նչպէս տարբեր են ծովափը գտնուող ամբոխէն։
▪ Ո՞վ կամ ի՞նչ կը ներկայացնեն սերմնացանը, արտը, բարի սերմը, թշնամին, հունձքը եւ հնձողները։
▪ Յիսուս յաւելեալ ի՞նչ երեք առակներ կու տայ, եւ անոնցմէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։