Առաքեալները կը պատրաստէ իր մեկնումին համար
Գլուխ 116
Առաքեալները կը պատրաստէ իր մեկնումին համար
ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻ ընթրիքը աւարտած է, սակայն Յիսուս եւ իր առաքեալները տակաւին վերնատան մէջ են։ Թէեւ Յիսուս շուտով պիտի մեկնի, սակայն տակաւին շա՜տ բաներ ունի ըսելիք։ «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք», կ’ըսէ Յիսուս, եւ կ’աւելցնէ. «Ինծի ալ հաւատացէք»։
«Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան . . . Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ . . . որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։ Ո՛ւր որ ես կ’երթամ՝ գիտէք ու ճամբան ալ գիտէք», կը շարունակէ Յիսուս։ Առաքեալները չեն ըմբռներ թէ Յիսուս երկինք երթալու մասին կը խօսի։ Ուստի Թովմաս կը հարցնէ, ըսելով. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ»։
«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», կը պատասխանէ Յիսուս։ Այո, միայն զինք ընդունելով եւ իր կեանքի ընթացքը ընդօրինակելով է որ ոեւէ մէկը կրնայ մտնել Հօրը երկնաւոր տունը, քանի որ Յիսուս կ’ըսէ. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»։
«Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի», կը խնդրէ Փիլիպպոս։ Ակներեւաբար, Փիլիպպոս կ’ուզէ որ Յիսուս տեսանելի յայտնութիւն մը հայթայթէ Աստուծոյ մասին, ինչպէս որ անցեալին Մովսէսի, Եղիայի եւ Եսայիի շնորհուած էր։ Սակայն, իրականութեան մէջ, առաքեալները այդ յայտնութիւններէն շատ աւելի լաւ բան մը ունին, ինչպէս Յիսուս դիտել կու տայ. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։
Յիսուս ա՛յնքան կատարելապէս կը ցոլացնէ իր Հօր անձնաւորութիւնը, որ իր հետ ապրիլը եւ իր գործերը տեսնելը, իրականութեան մէջ Հայրը տեսնելու նման է։ Սակայն, Հայրը գերադաս է Որդիէն, ինչպէս Յիսուս կ’ընդունի. «Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ»։ Պատշաճօրէն, Յիսուս իր ուսուցման ամբողջ վարկը իր երկնաւոր Հօրը կու տայ։
Որքա՜ն քաջալերական պէտք է ըլլայ առաքեալներուն համար, երբ այժմ Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ»։ Յիսուս ըսել չ’ուզեր թէ իր հետեւորդները իր ըրածէն աւելի մեծ հրաշքներ պիտի ընեն։ Հապա ըսել կ’ուզէ թէ անոնք ծառայութիւնը պիտի շարունակեն աւելի երկար ժամանակ, աւելի ընդարձակ վայրեր ու շատ աւելի մարդոց հասնելով։
Իր մեկնումէն ետք, Յիսուս իր աշակերտները պիտի չլքէ։ Ան կը խոստանայ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա», եւ կ’աւելցնէ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. ճշմարտութեան Հոգին»։ Հետագային, երկինք համբառնալէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին՝ մխիթարիչը, կը թափէ։
Յիսուսի մեկնումը մօտ է, ինչպէս ինք կ’ըսէ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ»։ Յիսուս հոգեղէն արարած մը պիտի ըլլայ, զոր մարդիկ չեն կրնար տեսնել։ Սակայն դարձեալ Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն կը խոստանայ. «Բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, վասն զի կենդանի եմ եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք»։ Այո, իր յարութենէն ետք, Յիսուս ոչ միայն մարդկային կերպարանքով պիտի երեւնայ իրենց, այլ նաեւ որոշուած ժամանակին զանոնք երկնային կեանքի պիտի յարուցանէ, որպէս հոգեղէն արարածներ։
Արդ, Յիսուս պարզ օրէնք մը կու տայ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։
Ասոր վրայ, Յուդա առաքեալը, որ նաեւ կը կոչուի Թադէոս, կը միջամտէ ըսելով. «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ . . . Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր»։ Իր հնազանդ հետեւորդներուն ճիշդ հակառակը, աշխարհ կ’անտեսէ Քրիստոսի ուսուցումները։ Ուստի ան ինքզինք չի յայտներ անոնց։
Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս իր հետեւորդներուն շա՜տ բաներ սորվեցուցած է։ Այդ բոլորը ի՞նչպէս պիտի կարենային վերյիշել, մանաւանդ որ մինչեւ այդ վայրկեանը, տակաւին չէին կրնար ամէն բան ըմբռնել։ Բարեբախտաբար, Յիսուս կը խոստանայ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։
Դարձեալ զիրենք մխիթարելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, . . . սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ»։ Ճիշդ է որ Յիսուս կը մեկնի, սակայն կը բացատրէ. «Եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինծմէ մեծ է»։
Իրենց հետ Յիսուսի անցընելիք ժամանակը կարճ է։ «Ա՛լ ձեզի հետ շատ պիտի չխօսիմ, վասն զի այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի», կ’ըսէ Յիսուս։ Բանսարկու Սատանան, որ կրցաւ Իսկարիովտացի Յուդային մէջ մտնելով գրաւել զայն, աշխարհի իշխանն է։ Սակայն Յիսուսի մէջ մեղաւոր տկարութիւններ չկան զորս Սատանան կրնայ օգտագործել, զինք Աստուծոյ ծառայութենէն հեռացնելու համար։
Մտերիմ Յարաբերութիւն մը
Յիշատակատօնի ընթրիքէն ետք, Յիսուս իր առաքեալները կը քաջալերէ անպաշտօն կերպով իրենց հետ սրտակից խօսակցութիւն մը ունենալով։ Այժմ կէս գիշերը անց պէտք է ըլլայ։ Ուստի Յիսուս կը յորդորէ, ըսելով. «Ելէ՛ք, ասկէ երթանք»։ Սակայն մեկնելէ առաջ, Յիսուս իրենց հանդէպ սէրէ մղուած, կը շարունակէ խօսիլ, խթանող օրինակ մը տալով։
«Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է», կ’ըսէ ան։ Մեծ Մշակը՝ Եհովա Աստուած, այս այլաբանական որթը տնկեց, երբ Հ.Դ. 29–ի աշնան, մկրտութեան ժամանակ, Յիսուսը Իր սուրբ հոգիովը օծեց։ Սակայն Յիսուս կը շարունակէ ցոյց տալ թէ որթը միայն զինք չի խորհրդանշեր, հապա իրմէ շատ աւելին։ Ան կ’ըսէ. «Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ . . . Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։ Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք»։
51 օր ետք, Պէնտէկոստէին, առաքեալները եւ ուրիշներ որթին ճիւղերը եղան, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ իրենց վրայ։ Վերջապէս, 144,000 անհատներ այս այլաբանական որթատունկին ճիւղերը եղան։ Որթատունկի ցօղունին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ մէկտեղ, ասոնք այլաբանական որթ մը կը կազմեն, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան պտուղները կ’արտադրէ։
Յիսուս կը բացատրէ թէ ի՛նչ է պտուղ բերելու բանալին. «Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել»։ Սակայն, եթէ անհատ մը պտուղ չբերէ, Յիսուս կ’ըսէ. «Անիկա ճիւղի մը պէս դուրս ձգուած ու չորցած է եւ կը ժողվեն զանոնք ու կրակը կը նետեն ու կ’այրեն»։ Միւս կողմէ, Յիսուս կը խոստանայ ըսելով. «Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի»։
Աւելին ըլլալով՝ Յիսուս իր առաքեալներուն կ’ըսէ. «Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։ Այն պտուղը զոր Աստուած կը փափաքի որ ճիւղերը ունենան, քրիստոսանման յատկութիւններու յայտնաբերումն է, մասնաւորաբար՝ սէրը։ Ասկէ զատ, քանի որ Քրիստոս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանող մըն էր, սպասուած պտուղին մէջ կ’իյնայ նաեւ աշակերտելու իրենց գործունէութիւնը, ինչպէս ինք ըրաւ։
Այժմ Յիսուս կը յորդորէ. «Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք»։ Սակայն իր առաքեալները ի՞նչպէս կրնան ասիկա ընել։ «Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք», կ’ըսէ ան. ապա կը շարունակէ. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։
Քանի մը ժամ վերջ, Յիսուս այս գերազանց սէրը պիտի ցուցադրէ, իր կեանքը իր առաքեալներուն, ինչպէս նաեւ, բոլոր անոնց համար տալով, որոնք իր վրայ հաւատք ի գործ կը դնեն։ Իր օրինակը պէտք է մղէ իր հետեւորդները որ նոյն անձնազոհ սէրը ունենան իրարու հանդէպ։ Այս սէրը իրենց ինքնութիւնը պիտի ճանչցնէ, ինչպէս Յիսուս նախապէս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։
Իր բարեկամներուն ինքնութիւնը ճանչցնելով Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ։ Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասն զի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի»։
Ի՜նչ թանկագին յարաբերութիւն մըն է Յիսուսի հետ մտերիմ բարեկամութիւնը։ Սակայն այս յարաբերութիւնը շարունակաբար վայելելու համար, իր հետեւորդները պէտք է ‘շարունակեն պտուղ բերել’։ Եթէ այդպէս ընեն, Յիսուս կ’ըսէ. «Իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի [պիտի] տայ»։ Վստահօրէն, Թագաւորութեան պտուղ բերելու համար ստացուած վարձատրութիւնը հոյակապ է։ Դարձեալ յորդորելէ ետք որ առաքեալները ‘զիրար սիրեն’, Յիսուս կը բացատրէ թէ աշխարհ զիրենք պիտի ատէ։ Սակայն, կը մխիթարէ զանոնք, ըսելով. «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց»։ Ապա Յիսուս կը յայտնէ թէ աշխարհ ինչո՛ւ կ’ատէ իր հետեւորդները, ըսելով. «Որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ»։
Աշխարհի ատելութեան պատճառը աւելի եւս բացատրելով, Յիսուս կը շարունակէ. «Այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա [Եհովա Աստուած] որ զիս ղրկեց»։ Յիսուսի հրաշքները զինք ատողները կը դատապարտեն, քանի որ դիտել կու տայ ըսելով. «Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ»։ Այսպէս, կը կատարուի այն խօսքը որ գրուած է. «Զուր տեղը զիս ատեցին»։
Ինչպէս նախապէս ըրած էր, Յիսուս դարձեալ կը մխիթարէ զանոնք խոստանալով մխիթարիչը՝ սուրբ հոգին, ղրկել որ Աստուծոյ զօրաւոր գործօն ոյժն է։ «Անիկա ինծի համար պիտի վկայէ։ Եւ դուք ալ կը վկայէք»։
Յաւելեալ Խրատ՝ Մեկնումէն Առաջ
Յիսուս եւ առաքեալները կը պատրաստուին վերնատունը ձգել։ «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի չգայթակղիք», կը շարունակէ ան։ Ապա հետեւեալ լուրջ ազդարարութիւնը կու տայ. «Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ»։
Ակներեւաբար, այս ազդարարութեան վրայ առաքեալները խորապէս կը խռովին։ Թէեւ Յիսուս նախապէս ըսած էր որ աշխարհ զիրենք պիտի ատէր, սակայն այսքան շեշտակի կերպով չէր յայտնած թէ պիտի սպաննուէին։ «Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի», կ’ըսէ ան։ Սակայն, ի՜նչ լաւ է որ Յիսուս այս տեղեկութեամբ կը նախազինէ զիրենք իր մեկնումէն առաջ։
«Հիմա ես կ’երթամ զիս ղրկողին քով եւ ձեզմէ մէ՛կն ալ չի հարցներ ինծի թէ ‘Ո՞ւր կ’երթաս’», կը շարունակէ Յիսուս։ Անկէ առաջ, իրիկունը, անոնք հարց տուած էին թէ ո՞ւր կ’երթար, սակայն այժմ այնքա՜ն զգացուած են անոր ըսածէն որ յաւելեալ հարցումներ չեն հարցներ այդ ուղղութեամբ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Որովհետեւ այս բաները ձեզի խօսեցայ, ձեր սրտերը տրտմութիւնով լեցուեցան»։ Առաքեալները տրտմած են ոչ միայն որովհետեւ գիտցան որ սոսկալի հալածանք պիտի կրեն եւ պիտի մեռնին, այլ նաեւ՝ քանի որ իրենց Տէրը կը բաժնուի իրենցմէ։
Ուստի Յիսուս կը բացատրէ. «Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ»։ Երբ որպէս մարդ կ’ապրէր երկրի վրայ, Յիսուս միեւնոյն ժամանակ մէկէ աւելի տեղ չէր կրնար ըլլալ, բայց երկինք երթալէ ետք, ան մխիթարիչը՝ Աստուծոյ սուրբ հոգին՝ կրնայ ղրկել իր հետեւորդներուն, երկրի վրայ ուր որ ալ գտնուին անոնք։ Ուստի՝ Յիսուսի մեկնումը օգտաշատ պիտի ըլլայ։
Յիսուս կ’ըսէ թէ սուրբ հոգին «աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար»։ Աշխարհի մեղքը, Աստուծոյ Որդւոյն վրայ հաւատք ի գործ դնելու մէջ իր թերացումը, պիտի քօղազերծուի։ Իր Հօրը քով համբառնալով, համոզիչ կերպով պիտի ապացուցուի Յիսուսի արդարութիւնը։ Իսկ, Յիսուսի հաւատարմութիւնը բեկանելու մէջ Սատանայի եւ իր չար աշխարհին ձախողութիւնը՝ համոզիչ ապացոյց մըն է թէ, այս աշխարհի իշխանը դատապարտուած է։
«Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ», կը շարունակէ Յիսուս։ Ուստի Յիսուս կը խոստանայ թէ երբ սուրբ հոգին՝ Աստուծոյ գործօն ոյժը՝ թափէ անոնց վրայ, անիկա պիտի առաջնորդէ զիրենք, որ այս բաները հասկնան իրենց կարողութեան համեմատ։
Առաքեալները մասնաւորաբար չեն հասկնար այն իրողութիւնը, թէ Յիսուս պիտի մեռնի, ապա իրենց պիտի երեւնայ իր յարութենէն ետք։ Ուստի կը հարցնեն իրարու. «Ի՞նչ է այս որ մեզի կ’ըսէ թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ’»։
Յիսուս կ’անդրադառնայ թէ իրեն հարցումներ կ’ուզեն հարցնել, ուստի կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի»։ Նոյն օրը, յետմիջօրէին, երբ Յիսուս կը սպաննուի, աշխարհային կրօնական առաջնորդները կ’ուրախանան, սակայն աշակերտները կը տրտմին։ Բայց երբ Յիսուս կը յարուցուի, իրենց տրտմութիւնը ուրախութեան կը փոխուի, եւ այդ ուրախութիւնը կը շարունակուի, երբ Պէնտէկոստէին իրենց զօրութիւն կու տայ իր վկաները ըլլալու, Աստուծոյ սուրբ հոգին թափելով անոնց վրայ։
Առաքեալներուն վիճակը բաղդատելով ծնանելու ցաւ քաշող կնոջ մը վիճակին հետ, Յիսուս կ’ըսէ. «Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է»։ Սակայն Յիսուս դիտել կու տայ թէ երբ իր զաւակը ծնի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր, եւ կը քաջալերէ իր առաքեալները ըսելով. «Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ [երբ յարուցուիմ] եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան, ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չխլէ»։
Մինչեւ այս ժամանակ, առաքեալները Յիսուսի անունով երբեք խնդրանք մը ներկայացուցած չեն։ Սակայն այժմ կ’ըսէ ան. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։ . . . Քանզի ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ։ Հօրմէն ելայ ու աշխարհ եկայ. նորէն կը թողում աշխարհը եւ Հօրը կ’երթամ»։
Յիսուսի խօսքերը շատ քաջալերական են առաքեալներուն համար։ «Ասով կը հաւատանք թէ Աստուծմէ եկար», կ’ըսեն անոնք։ «Հիմա կը հաւատա՞ք», կը հարցնէ Յիսուս։ «Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք»։ Թէեւ անհաւատալի կը թուի՝ սակայն գիշերը իր վախճանին չհասած՝ ասիկա կը պատահի։
«Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք», կ’ըսէ Յիսուս։ Ապա Յիսուս կ’եզրափակէ ըսելով. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։ Յիսուս աշխարհին յաղթեց հաւատարմօրէն Աստուծոյ կամքը կատարելով, հակառակ Յիսուսի հաւատարմութիւնը բեկանել տալու Սատանայի եւ իր աշխարհին բոլոր ջանքերուն։
Վերջին Աղօթք՝ Վերնատան Մէջ
Իր առաքեալներուն հանդէպ խոր սիրով մղուած՝ Յիսուս կը պատրաստէ զանոնք իր մօտալուտ մեկնումին համար։ Այժմ զանոնք երկար ժամանակ խրատելէ եւ մխիթարելէ ետք, իր աչքերը դէպի երկինք վերցնելով կ’աղաչէ Հօրը. «Փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ. ինչպէս իրեն իշխանութիւն տուիր ամէն մարմնի վրայ, որ յաւիտենական կեանք տայ այն ամենուն զոր իրեն տուիր»։
Ի՜նչ զգայացունց նիւթ մը Յիսուս մէջտեղ կը բերէ. յաւիտենական կեանք։ ‘Ամէն մարմնի վրայ իշխանութիւն’ տրուելով իրեն, Յիսուս կրնայ իր փրկանքին օգուտները շնորհել ամբողջ մեռնող մարդկութեան։ Սակայն, ան «յաւիտենական կեանք» կը շնորհէ միայն անոնց, որոնց Հայրը կը հաճի։ Այս յաւիտենական կեանքի նիւթը զարգացնելով, Յիսուս իր աղօթքը կը շարունակէ.
«Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ Այո, փրկութիւնը Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն մասին մեր գիտութիւն ստանալէն կախեալ է։ Սակայն մտքի գիտութենէն աւելին պահանջուած է։
Անհատ մը զանոնք սերտօրէն պէտք է ճանչնայ եւ անոնց հետ գիտակից բարեկամութիւն մը հաստատէ։ Ան պէտք է զգայ, ինչպէս անոնք կը զգան հարցերու շուրջ եւ իրերը տեսնէ, ինչպէս անոնք կը տեսնեն։ Մանաւանդ պէտք է ջանայ իրենց աննման յատկութիւնները ընդօրինակել ուրիշներու հետ իր գործառնութեան մէջ։
Յիսուս կը շարունակէ աղօթել. «Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի»։ Այսպէս իր նշանակումը մինչեւ այս կէտը կատարած ըլլալով եւ իր ապագայ յաջողութեան վրայ վստահ՝ Աստուծոյ կ’աղաչէ ըսելով. «Ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի»։ Այո, այժմ կ’ուզէ վերագտնել նախապէս իր վայելած երկնային փառքը՝ յարութեան միջոցաւ։
Երկրի վրայ իր գլխաւոր գործը ամփոփելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր։ Քուկդ էին ու ինծի տուիր զանոնք եւ անոնք քու խօսքդ պահեցին»։ Յիսուս Աստուծոյ՝ Եհովա անունը գործածեց իր ծառայութեան մէջ, անոր ճշգրիտ արտասանութիւնը յայտնաբերեց, սակայն անկէ աւելին ալ ըրաւ Աստուծոյ անունը առաքեալներուն յայտնի ընելու համար։ Ան նաեւ անոնց գիտութիւնն ու գնահատութիւնը ընդլայնեց Եհովայի, անոր անձնաւորութեան, ինչպէս նաեւ անոր նպատակներուն մասին։
Վարկը Եհովայի տալով, որպէս իր Մեծաւորը, որու գերիշխանութեան տակ կը ծառայէ, Յիսուս խոնարհաբար կ’ընդունի, ըսելով. «Այն խօսքերը որոնք ինծի տուիր, ես անոնց տուի, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմարտութեամբ իմացան թէ ես քեզմէ ելայ ու հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս»։
Իր հետեւորդները զատորոշելով մնացեալ մարդոցմէ, Յիսուս կ’աղօթէ. «Ես անոնց համար կ’աղաչեմ. ոչ թէ՝ աշխարհին համար, այլ անոնց համար՝ որ դուն ինծի տուիր, . . . երբ ես աշխարհի մէջ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք. . . . ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին», այսինքն՝ Իսկարիովտացի Յուդան։ Ճիշդ այս վայրկեանին, Յուդա իր անարգ առաքելութեան գլուխը անցած՝ կու գայ Յիսուսը մատնելու։ Այսպէս, Յուդա անգիտակցաբար կը կատարէ Սուրբ Գրութիւնները։
Յիսուս կը շարունակէ. «Աշխարհ զանոնք ատեց . . . չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ Յիսուսի հետեւորդները աշխարհի՝ Սատանայի կողմէ ղեկավարուած այս կազմակերպուած մարդկային ընկերութեան՝ մէջ կը գտնուին, սակայն զատուած են անկէ եւ անոր ամբարշտութենէն, եւ միշտ այդպէս պէտք է մնան։
«Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է», կը շարունակէ Յիսուս։ Հոս Յիսուս ներշնչուած Եբրայերէն Գրութիւնները «ճշմարտութիւն» կը կոչէ, ուրկէ ինք շարունակաբար կը մէջբերէր։ Սակայն, ինչ որ ինք սորվեցուց իր աշակերտներուն եւ ինչ որ հետագային անոնք ներշնչման ներքեւ գրեցին, որպէս Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ, նմանապէս «ճշմարտութիւն» են։ Այս ճշմարտութիւնը կրնայ անհատը սրբել, ամբողջովին իր կեանքը փոխել եւ զինք աշխարհէն զատուած անհատ մը ընել։
Այժմ Յիսուս կ’աղօթէ ո՛չ միայն անոնց համար, «այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով [իրեն] պիտի հաւատան»։ Ուստի Յիսուս կ’աղօթէ իր օծեալ հետեւորդները եղողներուն, ինչպէս նաեւ ապագացու ուրիշ աշակերտներուն համար, որոնք պիտի հաւաքուէին «մէկ հօտ»ի մէջ։ Այս բոլորին համար ի՞նչ կը խնդրէ ան։
«Որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, . . . որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք»։ Յիսուս եւ իր Հայրը բառացիօրէն մէկ անձ չեն, սակայն համաձայն են ամէն բանի մէջ։ Յիսուս կ’աղօթէ որ իր հետեւորդներն ալ վայելեն նոյն միութիւնը, որպէսզի «աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր»։
Արդ, Յիսուս իր երկնաւոր Հօր խնդրանք մը կը ներկայացնէ անոնց համար, որոնք իր օծեալ հետեւորդները պիտի ըլլային։ Ի՞նչ կը խնդրէ ան. «Կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ», այսինքն՝ Ադամն ու Եւան սերունդ ունենալէ առաջ։ Անկէ շա՜տ առաջ, Աստուած սիրեց իր մէկ հատիկ որդին, որ Յիսուս Քրիստոսը եղաւ։
Իր աղօթքը եզրափակելով, Յիսուս դարձեալ կը շեշտէ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ»։ Առաքեալներուն համար, Աստուծոյ անունը ճանչնալը անձնապէս Աստուծոյ սէրը ճանչնալ պարփակեց։ Յովհաննու 14։1–17։26. 13։27, 35, 36. 10։16. Ղուկաս 22։3, 4. Ելից 24։10. Գ. Թագաւորաց 19։9-13. Եսայեայ 6։1-5. Գաղատացիս 6։16. Սաղմոս 35։19. 69։4. Առակաց 8։22, 30
▪ Յիսուս ո՞ւր կ’երթայ, եւ Թովմաս ի՞նչ պատասխան կը ստանայ հոն տանող ճամբուն մասին։
▪ Իր խնդրանքով, հաւանաբար Փիլիպպոս ի՞նչ կ’ուզէ որ Յիսուս հայթայթէ։
▪ Ինչո՞ւ ան որ Յիսուսը տեսած է Հայրը տեսած է։
▪ Յիսուսի հետեւորդները ի՞նչպէս իր գործերէն աւելի մեծ գործեր պիտի գործեն։
▪ Ի՞նչ առումով Սատանան Յիսուսի վրայ բան մը չունի։
▪ Եհովա ե՞րբ տնկեց իր այլաբանական որթը, եւ ուրիշներ ե՞րբ եւ ի՛նչպէս այս որթին մէկ մասը կ’ըլլան։
▪ Այլաբանական որթը վերջապէս քանի՞ ճիւղեր պիտի ունենայ։
▪ Աստուած ճիւղերէն ի՞նչ պտուղ կ’ակնկալէ։
▪ Ի՞նչպէս Յիսուսի բարեկամները կրնանք ըլլալ։
▪ Աշխարհ ինչո՞ւ կ’ատէ Յիսուսի հետեւորդները։
▪ Յիսուսի ո՞ր ազդարարութիւնը կը խռովեցնէ առաքեալները։
▪ Առաքեալները ինչո՞ւ չեն կրնար հարցնել Յիսուսի թէ ո՛ւր կ’երթար։
▪ Առաքեալները մասնաւորաբար ի՞նչ չեն կրնար հասկնալ։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս կը լուսաբանէ թէ առաքեալներուն վիճակը տրտմութենէն ուրախութեան պիտի փոխուի։
▪ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ որ առաքեալները շուտով պիտի ընեն։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս կը յաղթէ աշխարհի։
▪ Ի՞նչ իմաստով Յիսուսի ‘իշխանութիւն տրուած է ամէն մարմնի վրայ’։
▪ Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն մասին գիտութիւն ստանալ։
▪ Յիսուս ի՞նչ կերպով Աստուծոյ անունը յայտնի կ’ընէ։
▪ Ի՞նչ է «ճշմարտութիւն»ը, եւ ան ի՞նչ կերպով կրնայ ‘սրբել’ Քրիստոնեայ մը։
▪ Ի՞նչ իմաստով Աստուած, իր Որդին եւ բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները մէկ են։
▪ Ե՞րբ էր «աշխարհի սկիզբ»ը։