Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ աջ կողմը

Աստուծոյ աջ կողմը

Գլուխ 132

Աստուծոյ աջ կողմը

ՊԷՆՏԷԿՈՍՏԷԻՆ սուրբ հոգիին թափուիլը ապացոյց մըն է, թէ Յիսուս երկինք վերադարձած է։ Անկէ քիչ ետք Ստեփանոս աշակերտին տրուած տեսիլքն ալ կը փաստէ, թէ Ան հասած է հոն։ Իր հաւատարիմ վկայութեան համար քարկոծուելէ առաջ, Ստեփանոս կը բացագանչէ. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած»։

Մինչ Աստուծոյ աջ կողմն է, Յիսուս իր Հօր հրամանը կը սպասէ. «Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ»։ Սակայն այդ միջոցին, մինչեւ իր թշնամիներուն դէմ գործի լծուի, Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ։ Իր օծեալ աշակերտներուն վրայ կ’իշխէ կամ կը թագաւորէ, անոնց քարոզչութեան գործը առաջնորդելով եւ զիրենք պատրաստելով, որ իրենց յարութենէն ետք, իր Հօր Թագաւորութեան մէջ ընկերակից թագաւորներ ըլլան։

Օրինակ, Յիսուս կ’ընտրէ Սօղոսը (հետագային իր հռովմէական Պօղոս անունովը աւելի հանրածանօթ), որպէսզի աշակերտելու գործին գլուխը անցնի ուրիշ երկիրներու մէջ։ Սօղոս նախանձախնդիր է Աստուծոյ Օրէնքին նկատմամբ, սակայն Հրեայ կրօնական առաջնորդները մոլորեցուցած են զինք։ Որպէս արդիւնք, Սօղոս ո՛չ միայն հաւանութիւն կու տայ Ստեփանոսի սպանութեան, այլ Կայիափա քահանայապետէն հրամանագիր առած Դամասկոս կ’երթայ, Յիսուսի հետեւող այրեր եւ կիներ կապուած Երուսաղէմ բերելու համար։ Այսուհանդերձ՝ ճամբուն վրայ, յանկարծ իր բոլորտիքը լոյս մը կը փայլատակէ երկնքէն, եւ ինք գետին կ’իյնայ։

‘Սօղո՛ս, Սօղո՛ս, ինչո՞ւ զիս կը հալածես’, կը հարցնէ անտեսանելի աղբիւրէ մը եկող ձայն մը։ «Ո՞վ ես դուն, Տէր», կը հարցնէ Սօղոս։

«Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես», կու գայ պատասխանը։

Սօղոս որ կուրացած էր հրաշալի լոյսին պատճառաւ, Յիսուսի կողմէ ուղղութիւն կը ստանայ Դամասկոս մտնելու եւ հոն ցուցմունքներու սպասելու։ Ապա տեսիլքի մէջ, Յիսուս իր աշակերտներէն մէկուն՝ Անանիայի կ’երեւնայ։ Սօղոսի նկատմամբ Յիսուս կ’ըսէ Անանիայի. «Անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ»։

Արդարեւ, Յիսուսի օգնութեամբ, Սօղոս (այժմ ճանչցուած որպէս Պօղոս) եւ այլ աւետարանիչներ ահագին յաջողութիւն կ’ունենան իրենց քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին մէջ։ Իրականութեան մէջ, Դամասկոսի ճամբուն վրայ Յիսուսը իրեն երեւնալէն 25 տարի ետք, Պօղոս կը գրէ թէ «աւետարան»ը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։

Տարինե՜ր ետք, Յիսուս իր սիրելի առաքեալին՝ Յովհաննէսի, շարք մը տեսիլքներ կու տայ։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գրքին մէջ նկարագրուած տեսիլքներու այս շարքին միջոցաւ, Յովհաննէս կ’ապրի տեսնելու Յիսուսը, իր թագաւորական զօրութեամբ վերադարձած։ Յովհաննէս կ’ըսէ թէ ներշնչմամբ «տէրունական օրը» փոխադրուած էր։ Ի՞նչ է այս «օր»ը։

Վերջին օրերու մասին Յիսուսի մարգարէութիւնը ներառեալ, Աստուածաշունչի մարգարէութեանց մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, թէ «տէրունական օրը» սկսաւ պատմական տարին՝ 1914–ին։ Ուստի, 1914–ին էր որ Յիսուս անտեսանելիօրէն վերադարձաւ, առանց շեփորներ հնչեցուելու, իր վերադարձին մասին միայն իր հաւատարիմ ծառաները տեղեակ ըլլալով։ Այդ տարին էր որ Եհովա Յիսուսի հրաման տուաւ, որ իր թշնամիներուն մէջտեղը տիրէ։

Իր Հօր հրամանին հնազանդելով, Յիսուս երկինքը մաքրագործեց Սատանայէն եւ իր դեւերէն, զանոնք երկիր նետելով։ Տեսիլքի մէջ այս պատահարը տեսնելէ ետք, Յովհաննէս կը լսէ երկնային ձայն մը, որ կը յայտարարէ. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը»։ Այո, 1914–ին էր որ Քրիստոս սկսաւ իշխել որպէս Թագաւոր։

Երկնքի մէջ Եհովան պաշտողներուն համար ասիկա ի՜նչ բարի լուր է։ Իրենց յորդոր կը տրուի. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ»։ Սակայն երկրի վրայ բնակողներուն վիճակը ի՞նչ է։ Երկնքէն ձայնը կը շարունակէ ըսել. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։

Այժմ, ճիշդ այդ կարճ ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք։ Ներկայիս մարդիկ իրենց ընթացքով ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ նոր աշխարհը մտնելու՝ թէ բնաջնջուելու արժանի են։ Իրականութեան մէջ, բովանդակ աշխարհի մէջ Քրիստոսի առաջնորդութեամբ քարոզուող Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին ձեր ընդառաջումին հիման վրայ կ’որոշուի ձեր ճակատագիրը։

Յիսուս Քրիստոս, անկէ ետք, որպէս Աստուծոյ Գործակալը պիտի ծառայէ, երկիրը մաքրելու Սատանայի ամբողջ դրութենէն, եւ անոր բոլոր նեցուկ կանգնողներէն։ Յիսուս ամբարշտութիւնը վերցնելու այս արարքը պիտի կատարէ Աստուածաշունչին մէջ Արմագեդոն կոչուած պատերազմին միջոցաւ։ Անկէ ետք, Եհովա Աստուծմէ վերջ, ամբողջ տիեզերքի մեծագոյն անձնաւորութիւնը՝ Յիսուս՝ Սատանան եւ իր դեւերը պիտի բռնէ եւ զանոնք հազար տարի պիտի կապէ «անդունդ»ին մէջ, այսինքն՝ մեռելանման անգործունեայ վիճակի մէջ։ Գործք 7։55-60. 8։1-3. 9։1-19. 16։6-10. Սաղմոս 110։1, 2. Եբրայեցիս 10։12, 13. Ա. Պետրոս 3։22. Ղուկաս 22։28-30. Կողոսացիս 1։13, 23. Յայտնութիւն 1։1, 10. 12։7-12. 16։14-16. 20։1-3. Մատթէոս 24։14

Յիսուս երկինք համբառնալէ ետք, ո՞ւր կը գտնուի եւ ի՞նչ բան կը սպասէ։

Երկինք համբառնալէն ետք Յիսուս որո՞նց վրայ կ’իշխէ, եւ իր իշխանութիւնը ի՞նչպէս բացայայտ կ’ըլլայ։

«Տէրունական օր»ը ե՞րբ սկսաւ, եւ ի՞նչ բան տեղի ունեցաւ անոր սկզբնաւորութեան։

Ներկայիս կատարուած քարոզչութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի իւրաքանչիւրիս վրայ։

Երբ այս քարոզչութիւնը իր աւարտին հասնի, ի՞նչ դէպքեր պիտի յաջորդեն։