Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ ձայնը երրորդ անգամ կը լսուի

Աստուծոյ ձայնը երրորդ անգամ կը լսուի

Գլուխ 104

Աստուծոյ ձայնը երրորդ անգամ կը լսուի

ՏԱՃԱՐԻՆ մէջ եղած ժամանակ, շուտով դիմագրաւելիք մահուան համար Յիսուս կը խռովի։ Անոր գլխաւոր մտահոգութիւնն է, թէ իր Հօրը վարկը ի՞նչ կերպով պիտի ազդուի, ուստի՝ կ’աղօթէ. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։

Այն ատեն հզօր ձայն մը կու գայ երկնքէն. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։

Հոն կայնող ժողովուրդը կը զարմանայ։ Ոմանք կ’ըսեն. «Հրեշտակ խօսեցաւ իրեն հետ»։ Ուրիշներ կ’ըսեն թէ որոտում էր։ Բայց իրականութեան մէջ, Եհովա Աստուած խօսեցաւ։ Ասիկա առաջին անգամը չէ որ Աստուծոյ ձայնը կը լսուէր Յիսուսի կապակցաբար։

Երեքուկէս տարի առաջ Յիսուսի մկրտութեան, Յովհաննէս Մկրտիչ լսեց որ Աստուած Յիսուսի համար կ’ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Ապա, նախկին Պասեքէն քիչ ետք, երբ Յիսուս իրենց առջեւ այլակերպեցաւ, Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Պետրոս լսեցին Աստուծոյ ձայնը որ կ’ըսէր. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ Ահաւասիկ երրորդ անգամ ըլլալով, Նիսան 10–ին, Յիսուսի մահուընէ չորս օր առաջ, մարդիկ դարձեալ կը լսեն Աստուծոյ ձայնը։ Սակայն այս անգամ Եհովա կը խօսի որպէսզի ժողովուրդը լսէ։

Յիսուս կը բացատրէ ըսելով. «Այս ձայնը ինծի համար չեկաւ, հապա ձեզի համար»։ Ասիկա կը փաստէ թէ Յիսուս արդարեւ Աստուծոյ Որդին՝ խոստացեալ Մեսիան է։ «Հիմա է այս աշխարհին դատաստանը, հիմա այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի»։ Յիսուսի հաւատարիմ կեանքի ընթացքը, իրականութեան մէջ, կը հաստատէ թէ Բանսարկու Սատանան, այս աշխարհի իշխանը, արժանի է ‘դուրս ձգուելու’, մահապատիժի ենթարկուելու։

Իր մօտալուտ մահուան հետեւանքներուն մատնանշելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Ես ալ երբ երկրէն բարձրանամ, ամէնքդ ալ ինծի պիտի քաշեմ»։ Իր մահը որեւէ կերպով պարտութիւն մը չէ, քանի որ անոր միջոցաւ, ուրիշներ իրեն պիտի քաշէ, որպէսզի յաւիտենական կեանք վայելեն։

Սակայն ժողովուրդը կը բողոքէ. «Մենք օրէնքէն լսեցինք թէ Քրիստոս յաւիտեան կը մնայ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ պէտք է Որդին մարդոյ բարձրանայ. ո՞վ է այդ Որդին մարդոյ»։

Հակառակ բոլոր ապացոյցներուն, Աստուծոյ ձայնը լսելով հանդերձ, շատեր չեն հաւատար որ Յիսուս ճշմարիտ Որդին մարդոյ՝ խոստացեալ Մեսիան է։ Սակայն, ինչպէս որ վեց ամիս առաջ՝ Տաղաւարահարաց Տօնին ըրած էր, Յիսուս դարձեալ ինքնիրեն մասին կը խօսի որպէս «լոյս» եւ իր ունկնդիրները կը քաջալերէ, ըսելով. «Քանի որ լոյսը ունիք, հաւատացէ՛ք այն լոյսին, որպէս զի լուսոյ որդիներ ըլլաք»։ Այս բաները ըսելէ ետք, Յիսուս իրենց տեսողութենէն կը հեռանայ, բացայայտօրէն քանի որ իր կեանքը վտանգի մէջ է։

Հրեաներուն անհաւատութեամբ, Եսայիի խօսքերը կը կատարուին որ ըսաւ թէ ‘անոնց աչքերը կուրցած եւ անոնց սրտերը թմրած էին որ չըլլայ թէ դարձի գան ու բժշկուին’։ Եսայի տեսիլքի մէջ Եհովայի երկնային ատեանը տեսաւ, ուր Եհովայի կողքին Յիսուս կար, իր նախամարդկային փառքով։ Սակայն Հրեաները, Եսայիի գրութեան որպէս կատարում, յամառօրէն կը մերժեն այն ապացոյցը թէ Ա՛յս է իրենց խոստացեալ Ազատարարը։

Միւս կողմէ, շատեր, նոյնիսկ կարգ մը իշխաններ (ակներեւաբար հրէական բարձրագոյն ատեանի՝ Սենետրիոնի՝ անդամներ) իրապէս կը հաւատան Յիսուսի։ Նիկոդէմոս եւ Արիմաթացի Յովսէփ այդ իշխաններէն են։ Սակայն, իշխանները առնուազն այդ ժամանակ, իրենց հաւատքը չեն արտայայտեր, վախնալով իրենց դիրքը կորսնցնել ժողովարանին մէջ։ Այսպիսիները որքա՜ն կը տուժեն։

Յիսուս կը նշէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին. եւ ան որ զիս կը տեսնէ զիս ղրկողը կը տեսնէ . . . Եթէ մէկը իմ խօսքերս կը լսէ ու չհաւատայ, ես զանիկա պիտի չդատեմ, քանզի ես չեկայ որպէս զի աշխարհը դատեմ, հապա որպէս զի աշխարհը փրկեմ։ . . . Այն խօսքը որ ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ զանիկա վերջին օրը»։

Մարդկային աշխարհին հանդէպ Եհովայի ունեցած սէրը մղեց զինք որ Յիսուսը ղրկէ, որպէսզի անոնք որոնք իրեն հաւատք ընծայեն՝ փրկուին։ Մարդիկ պիտի փրկուին եթէ հնազանդին Յիսուսի միջոցաւ Աստուծոյ տուած պատուէրներուն։ Դատաստանը տեղի պիտի ունենայ «վերջին օրը», Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։

Յիսուս կ’եզրափակէ ըսելով. «Ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ։ Եւ գիտեմ թէ անոր պատուիրածը յաւիտենական կեանք է. ուստի ինչ որ ես կը խօսիմ, ինչպէս Հայրը ինծի ըսաւ, այնպէս կը խօսիմ»։ Յովհաննու 12։28-50. 19։38, 39. Մատթէոս 3։17. 17։5. Եսայեայ 6։1, 8-10

Յիսուսի կապակցաբար, ո՞ր երեք առիթներով Աստուծոյ ձայնը լսուեցաւ։

Եսայի մարգարէն Յիսուսի փառքը ի՞նչպէս տեսաւ։

Որո՞նք են այն իշխանները որոնք Յիսուսի հաւատացին, սակայն բացէ ի բաց չարտայայտեցին զայն։

Ի՞նչ է «վերջին օրը», եւ ի՞նչ հիման վրայ մարդիկ պիտի դատուին այն ատեն։