«Արդարեւ ասիկա որդի Աստուծոյ էր»
Գլուխ 126
«Արդարեւ ասիկա որդի Աստուծոյ էր»
ՅԻՍՈՒՍ ցիցին վրայ բարձրանալէն քիչ ետք, կէսօրուան մօտ, երեք ժամ տեւող ահաւոր խաւար մը տեղի կ’ունենայ։ Անիկա արեգակի խաւարում մը չի կրնար ըլլալ, քանի որ այդպիսի բան մը միայն կը պատահի նոր լուսնի ժամանակ, իսկ Պասեքի ժամանակ՝ լիալուսին է։ Ասկէ զատ, արեգակի խաւարումները ընդհանրապէս քանի մը վայրկեան կը տեւեն։ Ուստի, խաւարը Աստուծոյ կողմէ է։ Թերեւս անիկա պատճառ կ’ըլլայ որ Յիսուսը ծաղրողները պահ մը կանգ առնելով մտածեն, եւ նոյնիսկ վերջ դնեն իրենց արհամարհական խօսքերուն։
Եթէ այս արտասովոր դէպքը պատահած ըլլար չարագործներէն մէկը իր ընկերակիցը յանդիմանելէն, եւ զինք յիշելու համար Յիսուսէ խնդրելէն առաջ, անիկա կրնար ազդակ մը եղած ըլլալ իր դարձի գալուն։ Թերեւս այս խաւարի ընթացքին է որ չորս կիները՝ Յիսուսի մայրը Մարիամ, Մարիամի քոյրը՝ Սողովմէն, Մարիամ Մագդաղենացին, եւ Պզտիկ Յակոբոս առաքեալին մայրը՝ Մարիամ, կամաց կամաց կը մօտենան տանջանքի ցիցին։ Յովհաննէս, Յիսուսի սիրելի առաքեալն ալ հոն՝ իրենց հետ է։
Յիսուսի մօր ‘սրտէն թուր մը կ’անցնի’ մինչ կը դիտէ այն որդին, որուն կաթ տուած ու սնուցանած է, այժմ հոն՝ մահամերձ կախուած է։ Սակայն, Յիսուս ո՛չ թէ իր ցաւին, այլ՝ իր մօրը բարօրութեան մասին կը մտածէ։ Մեծ ջանքով, դէպի Յովհաննէսը իր գլխովը նշան մը ընելով, կ’ըսէ իր մօրը. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ»։ Ապա, նոյն կերպով դէպի Մարիամ գլխով նշան ընելով, կ’ըսէ Յովհաննէսին. «Ահա՛ քու մայրդ»։
Այս կերպով, Յիսուս իր որբեւայրի մօր հոգատարութիւնը իր շատ սիրելի առաքեալին՝ Յովհաննէսի կը յանձնէ։ Ան ասիկա կ’ընէ, քանի որ Մարիամի միւս որդիները տակաւին իր վրայ հաւատք չունէին։ Այս կերպով ան լաւ օրինակ կը հանդիսանայ, իր մօրը ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ հոգեւոր պէտքերը հայթայթելու մէջ։
Յետմիջօրէին, ժամը երեքի ատենները, Յիսուս կ’ըսէ. «Ծարաւ եմ»։ Ան կը զգայ թէ Հայրը ժամանակաւորապէս իր պաշտպանութիւնը քաշած է իրմէ, որպէսզի իր հաւատարմութիւնը մինչեւ վերջին ծայր փորձուի։ Ուստի, մեծ ձայնով կ’աղաղակէ. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։ Հոն կայնողներէն ոմանք երբ կը լսեն՝ կ’ըսեն «Ատիկա Եղիան կը կանչէ»։ Շուտով անոնցմէ մէկը կը վազէ սպունգ մը կ’առնէ, քացախով կը լեցնէ ու եղէգի մը անցընելով անոր կու տայ որպէսզի խմէ։ Միւսները կ’ըսեն. «Թո՛ղ տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա ազատելու»։
Երբ Յիսուս քացախը կ’առնէ, կը բացագանչէ. «Ամէն բան կատարուեցաւ»։ Այո, ան կատարեց ամէն բան, որու համար իր Հայրը զինք երկիր ղրկած էր։ Վերջապէս կ’ըսէ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Անկէ ետք Յիսուս իր կեանքի ոյժը Աստուծոյ կը յանձնէ, վստահ ըլլալով որ Աստուած պիտի վերահաստատէ զայն։ Ապա գլուխը ծռելով, կը մեռնի։
Յիսուս իր վերջին շունչը փչած վայրկեանին, սաստիկ երկրաշարժ մը կը պատահի. ապառաժները կը ճեղքուին ու Երուսաղէմէն դուրս գտնուող յիշատակի դամբանները կը բացուին եւ դիակները դուրս կը թափուին։ Անցորդները, որոնք ննջեցեալներուն դիակները դուրս նետուած կը տեսնեն, քաղաք մտնելով կը պատմեն իրենց տեսածը։
Ասկէ զատ, Յիսուսի ճիշդ մեռած վայրկեանին, մեծ վարագոյրը, որ Սրբութիւնը Սրբութիւն Սրբութեանցէն կը բաժնէր, վերէն վար երկուքի կը բաժնուի։ Ըստ երեւոյթին, այս պճնագեղ վարագոյրը 18 մեթր բարձրութիւն ունէր, եւ բաւական ծանր էր։ Այս ապշեցուցիչ հրաշքը ո՛չ միայն Աստուծոյ բարկութիւնը կը ցուցադրէ իր Որդին սպաննողներուն դէմ, այլ նաեւ՝ ցոյց կու տայ թէ Սրբութիւն Սրբութեանցի՝ բուն երկնքի՝ ճամբան այժմ բացուած է Յիսուսի մահով։
Երբ մարդիկ երկրաշարժը եւ եղած դէպքերը կը տեսնեն, շատ կը վախնան։ Յիսուսի մահապատիժի գործադրութեան պատասխանատու եղող հարիւրապետը Աստուած կը փառաբանէ, աղաղակելով. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։ Հաւանաբար անիկա ներկայ էր, երբ Պիղատոսի առջեւ, դատավարութեան ժամանակ, Յիսուսի Աստուծոյ Որդի ըլլալու նիւթին մասին կը խօսուէր։ Այժմ ան համոզուած է որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է. այո, արդարեւ՝ ան ցարդ ապրած մեծագոյն մարդն է։
Ուրիշներ ալ այս հրաշալի դէպքերով ընկճուած են, եւ կը սկսին իրենց տուները վերադառնալ իրենց կուրծքերը ծեծելով, խոր վշտի եւ ամօթի որպէս արտայայտութիւն։ Յիսուսի աշակերտներ եղող բազմաթիւ կիներ հեռուէն կը դիտեն, խորապէս յուզուած այս ծանրակշիռ դէպքերէն։ Յովհաննէս առաքեալ ալ հոն է։ Մատթէոս 27։45-56. Մարկոս 15։33-41. Ղուկաս 23։44-49. 2։34, 35. Յովհաննու 19։25-30
▪ Արեգակի խաւարում մը ինչո՞ւ պատասխանատու չի կրնար ըլլալ երեք ժամուան խաւարին։
▪ Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս ի՞նչ ընտիր օրինակ մը կը հայթայթէ տարեց ծնողներ ունեցողներուն։
▪ Իր մահուընէ առաջ, Յիսուսի վերջին չորս արտայայտութիւնները ի՞նչ կ’ըլլան։
▪ Երկրաշարժը ի՞նչ կը կատարէ, եւ տաճարի վարագոյրին երկուքի բաժնուիլը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։
▪ Յիսուսի մահապատիժի գործադրութեան ժամանակ պաշտօնի վրայ եղող հարիւրապետը ի՞նչպէս կ’ազդուի հրաշքներէն։