Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արցունքները գերցնծութեան կը փոխուին

Արցունքները գերցնծութեան կը փոխուին

Գլուխ 47

Արցունքները գերցնծութեան կը փոխուին

ԵՐԲ Յայրոս արիւնի տեռատեսութիւն ունեցող կնոջ բուժումը կը տեսնէ, Յիսուսի հրաշարար զօրութեան վրայ իր վստահութիւնը անկասկած կ’աւելնայ։ Այդ օրը նախապէս, Յայրոս խնդրած էր Յիսուսէ որ գայ եւ մահացու վիճակի մէջ եղող իր 12 տարեկան սիրելի աղջնակին օգնէ։ Նոյն ժամանակամիջոցին սակայն, Յայրոսին վախցածը գլուխը կու գայ։ Մինչ Յիսուս տակաւին կնոջ հետ կը խօսի, կարգ մը մարդիկ կու գան եւ Յայրոսի կամաց մը կ’ըսեն. «Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ վարդապետը կը յոգնեցնես»։

Ի՜նչ զգետնող լուր մը։ Վայրկեան մը մտածեցէք. իր համայնքին մէջ մեծապէս յարգուած այս մարդը, հիմա ամբողջովին անօգնական կը զգայ, լսելով իր աղջկան մահը։ Սակայն Յիսուսի ականջին կը հասնի խօսակցութիւնը։ Ուստի, Յայրոսի դառնալով կը խրախուսէ զինք, ըսելով. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»։

Յիսուս այս վշտահար մարդուն կ’ընկերակցի դէպի իր տունը։ Երբ կը հասնին, անոնք ամբողջ տունը լաց ու կոծի մէջ կը գտնեն։ Խումբ մը մարդիկ հաւաքուած են եւ վշտահար՝ իրենք զիրենք կը ծեծեն։ Երբ Յիսուս ներս կը մտնէ, կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ խռովեր էք ու կու լաք. մանուկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։

Ասիկա լսելով, ժողովուրդը կը հեգնէ Յիսուսը, քանի որ գիտեն թէ աղջիկը իրապէս մեռած է։ Սակայն, Յիսուս կ’ըսէ որ ան պարզապէս կը քնանայ։ Իր աստուածատուր զօրութիւնը գործածելով, ցոյց պիտի տայ թէ մարդիկ կրնան մահուընէ ետ բերուիլ այնքան դիւրութեամբ, որքան խոր քունի մէջ եղող մը կ’արթննայ։

Արդ, Յիսուս ամէնքն ալ դուրս կը ղրկէ, ի բացառեալ Պետրոսէն, Յակոբոսէն, Յովհաննէսէն եւ մահացած աղջկան մօրմէն ու հօրմէն։ Ապա այս հինգը իրեն հետ կը տանի հոն՝ ուր աղջիկը կը պառկի։ Անոր ձեռքէն բռնելով Յիսուս կ’ըսէ. «Տալի՛թա, կո՛ւմի», որ թարգմանուելով կը նշանակէ՝ «Աղջի՛կ, քեզի կ’ըսեմ, ելիր»։ Աղջիկը իսկոյն կ’ելլէ եւ կը սկսի քալել։ Ասիկա տեսնելով, ծնողքը գրեթէ խելագար կ’ըլլայ գերցնծութեամբ։

Երախային ուտելու բան մը տալ յանձնարարելէ ետք, Յիսուս կը պատուիրէ Յայրոսի եւ իր կնոջ որ պատահածը մէկու մը չպատմեն։ Բայց հակառակ Յիսուսի պատուէրին, այս լուրը կը տարածուի ամբողջ այդ շրջանին մէջ։ Ասիկա երկրորդ յարութիւնն է, որ Յիսուս կը կատարէ։ Մատթէոս 9։18-26. Մարկոս 5։35-43. Ղուկաս 8։41-56

Յայրոս ի՞նչ լուր կը ստանայ, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը խրախուսէ զինք։

Երբ Յայրոսի տունը կը հասնին, անոնք ի՞նչ վիճակ կը դիմագրաւեն։

Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ մեռած աղջնակը պարզապէս կը քնանայ։

Յիսուսի հետ յարութեան ականատես եղող հինգ անհատները որո՞նք են։