Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բեթանիա՝ Սիմոնի տան մէջ

Բեթանիա՝ Սիմոնի տան մէջ

Գլուխ 101

Բեթանիա՝ Սիմոնի տան մէջ

ՅԻՍՈՒՍ Երիքովէ մեկնելով, դէպի Բեթանիա կ’ուղղուի։ Գրեթէ ամբողջ օրը կը ճամբորդէ, քանի որ շուրջ 19 քմ. զառիվեր ու դժուար հողամաս մըն է։ Երիքով ծովու մակերեսէն շուրջ 250 մեթր ցած է, իսկ Բեթանիան՝ 760 մեթր բարձր։ Թերեւս կը յիշէք որ Ղազարոս եւ իր քոյրերը Բեթանիա կը բնակին։ Այս գիւղակը Երուսաղէմէն գրեթէ քմ. հեռու է, Ձիթենեաց Լերան արեւելեան լանջին կը գտնուի։

Շատեր արդէն Երուսաղէմ հասած են Պասեքի համար։ Անոնք կանուխ եկած են, ծիսականօրէն մաքրուելու համար։ Թերեւս դիակի մը դպչած, կամ այլ կերպերով անմաքուր եղած են։ Ուստի մաքրութեան համար պէտք եղած քայլերը կ’առնեն, որպէսզի Պասեքը ընդունելի կերպով տօնեն։ Մինչ այս կանուխ եկողները տաճարի մէջ կը հաւաքուին, շատեր կը սկսին Պասեքի տօնակատարութեան Յիսուսի գալուն առնչութեամբ ենթադրութիւններ ընել։

Երուսաղէմը՝ Յիսուսի շուրջ տարակարծութիւններու տաք կեդրոն մը դարձած է։ Ամէն մարդ գիտէ թէ կրօնական առաջնորդները կ’ուզեն զինք ձերբակալել ու սպաննել։ Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ հրաման արձակած են որ երբ մարդիկ գիտնան իր ուր գտնուելուն մասին, անմիջապէս զիրենք տեղեակ պահեն։ Վերջին ամիսներուն, երեք անգամ՝ Տաղաւարահարաց Տօնին, Նաւակատիքի Տօնին եւ Ղազարոսը յարուցանելէն ետք, այս առաջնորդները փորձած էին զինք սպաննել։ Ուստի, մարդիկ հարց կու տան թէ Յիսուս անգամ մը եւս հրապարակաւ պիտի տեսնուի՞։ «Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ», կ’ըսեն իրարու։

Այս միջոցին, Յիսուս Բեթանիա կը հասնի Պասեքէն վեց օր առաջ, որ ըստ հրէական տոմարին, կը զուգադիպի Նիսան 14–ին։ Յիսուս Ուրբաթ իրիկուան ատենները Բեթանիա կը հասնի, որ կը զուգադիպի Նիսան 8–ի սկիզբին։ Ան Շաբաթ օրը դէպի Բեթանիա իր ճամբորդութիւնը չէր կրնար ընել, քանի որ Շաբաթ օրը՝ Ուրբաթ օրուան արեւնամուտէն մինչեւ Շաբաթ օրուան արեւնամուտը՝ հրէական օրէնքով ճամբորդելը արգիլուած է։ Հաւանաբար Յիսուս Ղազարոսի տունը կ’երթայ, ինչպէս նախապէս ըրած է, եւ Ուրբաթ գիշերը հոն կ’անցընէ։

Սակայն, ուրիշ Բեթանիացի մը Յիսուսը եւ իր ընկերակիցները ընթրիքի կը հրաւիրէ Շաբաթ իրիկուն։ Անոր անունը Սիմոն է, երբեմնի բորոտ մը, որ հաւանաբար նախապէս Յիսուսի կողմէ բժշկուած էր։ Ըստ իր աշխատասէր նկարագրին, Մարթա հիւրերուն սպասաւորութիւն կ’ընէ։ Իսկ Մարիամ, ըստ իր սովորութեան, Յիսուսի ուշադրութիւն կ’ընէ, սակայն, այս անգամ այնպիսի ձեւով մը՝ որ վիճաբանութեան դուռ կը բանայ։

Մարիամ ալապաստրի տուփ մը կամ սրուակ մը կը բանայ, որ մէկ լիտր «նարդոսի պատուական մեծագին» անուշահոտ իւղ կը պարունակէ։ Արդարեւ, անոր արժէքը մէկ տարուան աշխատավարձքի հաւասար է։ Երբ Մարիամ իւղը կը թափէ Յիսուսի գլխուն եւ ոտքերուն վրայ եւ իր մազերովը կը սրբէ, անուշահոտ իւղին բուրմունքովը կը լեցուի տունը։

Աշակերտները կը բարկանան եւ կ’ըսեն. «Ինչո՞ւ այս կորուստը»։ Ապա Իսկարիովտացի Յուդա կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր»։ Սակայն, իրականութեան մէջ, Յուդայի հոգը աղքատները չէին, այլ՝ աշակերտներուն գանձանակը իր քովն էր եւ անկէ կը գողնար։

Յիսուս կը պաշտպանէ Մարիամը։ «Թող տուէք ատոր», կը հրամայէ ան։ «Ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք, ատիկա բարի գործ մը գործեց ինծի։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք ու երբ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք ընել, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ։ Առաջուընէ իմ մարմինս օծեց իմ թաղումիս համար։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։

Այժմ Յիսուս աւելի քան 24 ժամ է որ Բեթանիայի մէջ է, եւ անոր հոն ըլլալուն լուրը արդէն տարածուած է։ Ուստի, շատե՜ր կու գան Սիմոնի տունը Յիսուսը տեսնելու, սակայն Ղազարոսն ալ տեսնելու կու գան, որ հոն է։ Հետեւաբար, քահանայապետները խորհուրդ կ’ընեն ո՛չ միայն Յիսուսը սպաննել, այլ նաեւ՝ Ղազարոսը, քանի որ շատ ժողովուրդներ Յիսուսի կը հաւատան, տեսնելով զայն որ մեռելներէն յարուցած էր։ Իսկապէս, այս կրօնական առաջնորդները որքա՜ն չարագործ են։ Յովհաննու 11։55–12։11. Մատթէոս 26։6-13. Մարկոս 14։3-9. Գործք 1։12

Ի՞նչ խօսակցութիւն կը դառնայ Երուսաղէմի տաճարին մէջ եւ ինչո՛ւ։

Յիսուս ինչո՞ւ Բեթանիա կը հասնի Ուրբաթ օրը, փոխանակ Շաբաթ օրուան։

Երբ Յիսուս Բեթանիա կը հասնի, հաւանաբար Շաբաթ օրը ո՞ւր կ’անցընէ։

Մարիամի ըրած ո՞ր գործը վիճաբանութեան դուռ կը բանայ, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը պաշտպանէ զինք։

Քահանայապետներուն մեծ չարութիւնը ի՞նչ կերպով ցոյց կը տրուի։