Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բորոտի մը հանդէպ կարեկցութիւն

Բորոտի մը հանդէպ կարեկցութիւն

Գլուխ 25

Բորոտի մը հանդէպ կարեկցութիւն

ՄԻՆՉ Յիսուս եւ իր չորս աշակերտները Գալիլիոյ քաղաքները կ’այցելեն, իր կատարած սքանչելի գործերուն լուրը կը տարածուի ամբողջ նահանգին մէջ։ Այս լուրը կը հասնի քաղաք մը, ուր բորոտ մը կար։ Բժիշկ Ղուկաս զինք կը նկարագրէ որպէս «բորոտութիւնով լեցուն»։ Այս սոսկալի հիւանդութիւնը երբ յառաջացած վիճակի հասնի, կամաց–կամաց մարմնին զանազան մասերը կ’այլանդակէ։ Ուստի, այս բորոտը խղճալի վիճակի մէջ է։

Երբ Յիսուս կը հասնի քաղաք, բորոտը կը մօտենայ իրեն։ Ըստ Աստուծոյ Օրէնքին, բորոտ մը պէտք էր բարձրաձայն պոռար՝ «անմաքուր եմ, անմաքուր եմ», որպէսզի ուրիշներ զգուշանային իրեն մօտենալէ եւ վարակուելէ։ Այժմ, բորոտը Յիսուսի ոտքերուն կ’իյնայ եւ կ’աղաչէ. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել»։

Այս մարդը ի՜նչ հաւատք ունի Յիսուսի վրայ։ Սակայն, իր հիւանդութիւնը որքա՜ն խղճալի դարձուցած է զինք։ Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ։ Եթէ դո՛ւք ըլլայիք, ի՞նչ պիտի ընէիք։ Յիսուս կարեկցելով, իր ձեռքը կ’երկնցնէ եւ կը դպչի մարդուն, ըսելով. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛», եւ անմիջապէս բորոտութիւնը կ’անյայտանայ։

Կ’ուզէի՞ք այսպիսի կարեկից թագաւոր մը ունենալ։ Այս բորոտին հետ Յիսուսի ունեցած վարմունքը մեզի կը վստահեցնէ թէ իր Թագաւորութեան ընթացքին, Աստուածաշունչի հետեւեալ մարգարէութիւնը պիտի կատարուի. «Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ»։ Այո, այն ատեն Յիսուս պիտի իրագործէ իր սրտին փափաքը, օգնելով բոլոր վշտահարներուն։

Բորոտը բուժելէն առաջ իսկ, Յիսուսի քարոզչութիւնը ժողովուրդին մէջ մեծ խանդավառութիւն մը ստեղծած է։ Եսայիի մարգարէութեան առ ի կատարում, Յիսուս կը հրամայէ բուժուած մարդուն. «Զգո՛յշ կեցիր, մարդո՛ւ բան մը չըսես»։ Ապա հետեւեալ խրատը կու տայ անոր. «Գնա քեզ քահանային ցուցուր եւ տուր քու մաքրուելուդ ընծան որ Մովսէս պատուիրեց՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։

Բայց մարդը այնքան ուրախ է, որ չի կրնար այս հրաշքը միայն ինքն իրեն պահել։ Ան կ’երթայ եւ կը սկսի այս լուրը ամէն տեղ տարածել, ժողովուրդին մէջ այն աստիճան հետաքրքրութիւն արթնցնելով, որ Յիսուս չի կրնար համարձակ քաղաք իջնել։ Ուստի ան ամայի տեղեր կը մնայ ուր մարդ չկայ, եւ ամէն տեղէն մարդիկ իր քով կու գան իրեն մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու համար։ Ղուկաս 5։12-16. Մարկոս 1։40-45. Մատթէոս 8։2-4. Ղեւտացւոց 13։45. 14։10-13. Սաղմոս 72։13. Եսայեայ 42։1, 2

Բորոտութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել, եւ բորոտ մը ի՞նչ ազդարարութիւն պէտք էր տար։

Բորոտ մը ի՞նչպէս կը պաղատի Յիսուսի, եւ Յիսուսի պատասխանէն ի՞նչ կը սորվինք։

Բուժուած մարդը ի՞նչպէս Յիսուսի հնազանդելու մէջ կը թերանայ, եւ անոր հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։