Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գալիլիոյ ծովուն մօտ

Գալիլիոյ ծովուն մօտ

Գլուխ 130

Գալիլիոյ ծովուն մօտ

ԱՅԺՄ առաքեալները Գալիլիա կը վերադառնան, ինչպէս Յիսուս նախապէս ըսած էր իրենց։ Սակայն, չեն գիտեր թէ ինչ պիտի ընեն հոն։ Պահ մը ետք, Պետրոս կ’ըսէ Թովմասի, Նաթանայէլի, Յակոբոսի եւ իր եղբօր Յովհաննէսի, ինչպէս նաեւ՝ երկու ուրիշ առաքեալներու. «Ես ձուկ որսալու կ’երթամ»։

«Մենք ալ կու գանք քեզի հետ», կ’ըսեն վեցը։

Ամբողջ գիշերը բան մը չեն բռներ։ Սակայն, արշալոյսին Յիսուս ծովափին վրայ կ’երեւնայ, բայց առաքեալները չեն գիտնար թէ ան Յիսուսն է։ Ան կը պոռայ ըսելով. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։

«Ո՛չ», կը պատասխանեն անոնք ջուրէն։

«Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք», կ’ըսէ ան, եւ երբ այդպէս կ’ընեն, ձուկերուն շատութենէն չեն կրնար ուռկանը քաշել։

«Անիկա Տէրն է», կը բացագանչէ Յովհաննէս։

Զայս լսելով, Պետրոս հանդերձը վրան կը քաշէ՝ քանի որ հանած էր զայն՝ եւ ջուրին մէջ կը նետուի։ Ապա 90 մեթրի չափ լողալով ծովափ կը հասնի։ Միւս առաքեալները փոքր նաւով կու գան, ձուկերով լեցուն ուռկանը միասին քաշելով։

Երբ անոնք ցամաք կը հասնին, վառուած կրակ կը տեսնեն, վրան ձուկ դրուած, ինչպէս նաեւ՝ հաց։ «Բերէք այդ ձուկերէն, որոնք դուք հիմա բռնեցիք», կ’ըսէ Յիսուս։ Պետրոս նաւը կը մտնէ եւ ուռկանը ցամաք կը քաշէ, 153 խոշոր ձուկերով լեցուն։

«Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք», կ’ըսէ Յիսուս։

Անոնցմէ մէ՛կն ալ չի համարձակիր անոր հարցնելու. «Դուն ո՞վ ես», քանի որ կը գիտնան որ Յիսուսն է։ Այս եօթներորդ անգամն է որ, մեռելներէն յարութիւն առնելէ ետք, Յիսուս կ’երեւնայ, իսկ առաքեալներուն, խմբովին՝ երրորդ անգամն է։ Այժմ ան նախաճաշը կը հրամցնէ, իւրաքանչիւրին տալով քիչ մը հաց եւ ձուկ։

Ճաշէն ետք, հաւանաբար Յիսուս նայելով մեծ քանակութեամբ բռնուած ձուկերուն կողմը, կը հարցնէ Պետրոսի. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Անկասկած ան ըսել կ’ուզէ. ձկնորսութեան գործէն աւելի կը սիրե՞ս այն գործը որուն համար քեզ պատրաստեցի։

«Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ», կը պատասխանէ Պետրոս։

«Արածէ՛ իմ գառնուկներս», կը պատասխանէ Յիսուս։

Նորէն, երկրորդ անգամ կը հարցնէ ան. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։

«Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ», կը պատասխանէ Պետրոս խանդաղատանքով։

«Արածէ՛ իմ ոչխարներս», կը հրահանգէ Յիսուս երկրորդ անգամ։

Ապա, երրորդ անգամ ըլլալով կը հարցնէ ան. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։

Այժմ Պետրոս կը տրտմի։ Թերեւս ինքն իրեն հարց կու տայ թէ արդեօք Յիսուս իր հաւատարմութեան վրայ կը կասկածի՞։ Արդարեւ, երբ Յիսուս վերջերս իր կեանքին համար կը դատուէր, Պետրոս երեք անգամ ուրացած էր զինք։ Ուստի Պետրոս կ’ըսէ. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։

«Արածէ՛ իմ ոչխարներս», կը հրահանգէ Յիսուս երրորդ անգամ ըլլալով։

Յիսուս այս կերպով Պետրոսը որպէս միջոց կը գործածէ միւսներուն մտքին մէջ արձագանգելու համար այն գործը, որ ինք կ’ուզէ որ ընեն։ Ան շուտով պիտի ձգէ երկիրը, եւ կ’ուզէ որ անոնք առաջնորդութիւնը ստանձնեն ծառայելու համար բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ փարախին մէջ պիտի բերուին։

Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս կապուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, քանի որ Աստուծոյ իրեն յանձնարարած գործը կատարեց, այժմ կը յայտնէ թէ Պետրոս ալ նոյնանման փորձառութիւն մը պիտի ունենայ։ «Երբ դուն պատանի էիր, ինքնիրմէդ գօտի կը կապէիր ու կ’երթայիր ուր որ ուզէիր. բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վե՛ր պիտի բռնես եւ ուրիշը գօտիդ պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր չես ուզեր»։ Հակառակ անոր որ մարտիրոսական մահ մը կը սպասէ Պետրոսին, Յիսուս կը յորդորէ զինք, ըսելով. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։

Դառնալով ետին Պետրոս կը տեսնէ Յովհաննէսը ու կը հարցնէ. «Տէ՛ր, հապա ասիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ»։

«Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն իմ ետեւէս եկուր», կը պատասխանէ Յիսուս։ Յիսուսի այս խօսքերը աշակերտներէն շատերուն կողմէ այնպէս կը հասկցուի, թէ Յովհաննէս առաքեալ երբե՛ք պիտի չմեռնի։ Սակայն, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ հետագային բացատրեց, Յիսուս չըսաւ թէ ան պիտի չմեռնէր, այլ՝ պարզապէս ըսաւ. «Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է»։

Յովհաննէս, աւելի ուշ, իր նշանակալից դիտարկութիւնը ըրաւ, ըսելով. «Ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը»։ Յովհաննու 21։1-25. Մատթէոս 26։32. 28։7, 10

Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ առաքեալները չէին գիտեր թէ Գալիլիոյ մէջ ինչ պիտի ընեն։

Գալիլիոյ Ծովուն մօտ առաքեալները ի՞նչպէս կը ճանչնան Յիսուսը։

Այժմ Յիսուսի քանի՞երորդ երեւնալն է իր յարութենէն ետք։

Յիսուս ի՞նչպէս կը շեշտէ առաքեալներուն ընելիքը։

Յիսուս ի՞նչպէս կը նշէ Պետրոսի մահուան կերպը։

Յովհաննէսի մասին Յիսուսի տուած ո՞ր մեկնաբանութիւնը աշակերտներէն շատերուն կողմէ սխալ կը հասկցուի։