Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գալիլիոյ մէջ քարոզչական ուրիշ շրջապտոյտ մը

Գալիլիոյ մէջ քարոզչական ուրիշ շրջապտոյտ մը

Գլուխ 49

Գալիլիոյ մէջ քարոզչական ուրիշ շրջապտոյտ մը

ՇՈՒՐՋ երկու տարի անխոնջ քարոզչութենէ մը ետք, արդեօք Յիսուս պիտի սկսի՞ թուլնալ ու քիչ մը դանդաղիլ։ Ճիշդ հակառակը, ան կ’ընդլայնէ իր գործունէութիւնը, Գալիլիոյ մէջ տակաւին երրորդ շրջապտոյտ մը կատարելով։ Ան այդ շրջակայքի բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը կ’այցելէ, ժողովարաններուն մէջ սորվեցնելով եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ Այս շրջապտոյտի ընթացքին իր տեսած բաները կը համոզեն զինք թէ որեւէ ժամանակէ աւելի քարոզչութեան գործին նոր թափ մը տալու կարիքը կայ։

Ուր որ երթայ, Յիսուս կը տեսնէ որ ժողովուրդը հոգեւոր բուժումի եւ մխիթարութեան կարիքը ունի։ Անոնք հովիւ չունեցող յոգնած եւ ցիրուցան եղած ոչխարներու պէս են, ու կը խղճայ անոնց վրայ։ Ան իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։

Յիսուս գործունէութեան ծրագիր մը ունի։ Իր 12 առաքեալները կը կանչէ, զորս մօտ տարի մը առաջ ընտրած էր, զանոնք զոյգ–զոյգ կը բաժնէ եւ քարոզիչներու վեց խումբեր կը կազմէ եւ անոնց հետեւեալ պատուիրանները կու տայ. «Հեթանոսներու ճամբայ մի երթաք ու Սամարացիներու քաղաք մի մտնէք, հապա աւելի Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն գացէք։ Ու երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’»։

Այս Թագաւորութիւնը, որուն մասին պէտք է քարոզեն, նոյն Թագաւորութիւնն է, որու համար Յիսուս իր աշակերտներուն աղօթել սորվեցուց իր տիպար աղօթքին մէջ։ Թագաւորութիւնը մօտեցած է այն իմաստով որ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ ներկայ է։ Այդ գերմարդկային կառավարութեան որպէս ներկայացուցիչներ, իր աշակերտներուն յանձնարարագրերը վաւերացնելու համար, Յիսուս զանոնք կ’օժտէ հիւանդներ բուժելու եւ նոյնիսկ մեռելներ յարուցանելու զօրութեամբ։ Ան կը պատուիրէ անոնց որ այս ծառայութիւնները ձրի կատարեն։

Ապա իր աշակերտներուն կ’ըսէ, որ իրենց քարոզչական շրջապտոյտին համար նիւթական պատրաստութիւններ չտեսնեն։ «Մի՛ ստանաք ոսկի եւ ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ պղինձ ձեր գօտիներուն մէջ։ Ո՛չ ճամբու համար պարկ եւ ո՛չ կրկին հանդերձ, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. վասն զի մշակը իր կերակուրին արժանի է»։ Պատգամը գնահատողները պիտի ընդառաջեն եւ ուտելիք ու պատսպարան պիտի հայթայթեն անոնց։ Ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ. «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը ու անոր քով կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք»։

Յետոյ Յիսուս պատուէրներ կու տայ թէ ի՛նչպէս տանտիրոջ պիտի մօտենան Թագաւորութեան պատգամով։ «Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր։ Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ, իսկ եթէ արժանաւոր չէ, ձեր բարեւը ձեզի դառնայ։ Եթէ մէկը ձեզ չընդունի ու ձեր խօսքերը մտիկ չընէ, երբ այն տունէն կամ քաղաքէն կ’ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք»։

Յիսուս ցոյց կու տայ որ անոնց պատգամը մերժող քաղաքին դատաստանը խիստ պիտի ըլլայ, ըսելով. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին»։ Մատթէոս 9։35–10։15. Մարկոս 6։6-12. Ղուկաս 9։1-5

Յիսուս Գալիլիոյ մէջ իր երրորդ շրջապտոյտը ե՞րբ կը սկսի, եւ ի՞նչ բանի կը համոզուի։

Իր 12 առաքեալները քարոզելու ղրկելէ առաջ, Յիսուս ի՞նչ պատուէրներ կու տայ անոնց։

Ինչո՞ւ պատշաճ է որ աշակերտները սորվեցնեն թէ Թագաւորութիւնը մօտեցած է։