Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գաղտուկ շրջապտոյտ մը դէպի Երուսաղէմ

Գաղտուկ շրջապտոյտ մը դէպի Երուսաղէմ

Գլուխ 65

Գաղտուկ շրջապտոյտ մը դէպի Երուսաղէմ

ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջան 32–ի աշունն է եւ Տաղաւարահարաց Տօնը մօտ է։ Հ.Դ. 31–ի Պասեքէն ի վեր, երբ Հրեաները փորձեցին զինք սպաննել, Յիսուս իր ծառայութիւնը սահմանափակած է գլխաւորաբար Գալիլիոյ մէջ։ Հաւանաբար անկէ ի վեր՝ Յիսուս Երուսաղէմ այցելած է միայն Հրեաներուն տարեկան երեք տօներուն ներկայ գտնուելու համար։

Արդ՝ Յիսուսի եղբայրները կը ստիպեն զինք, ըսելով. «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա»։ Երուսաղէմը Հրէաստանի գլխաւոր քաղաքը եւ ամբողջ երկրի կրօնական կեդրոնն է։ Իր եղբայրները կը պատճառաբանեն. «Մէկը չկայ որ ծածկաբար բան մը ընէ եւ ինք յայտնի ըլլալ ուզէ»։

Թէեւ Յակոբոս, Սիմոն, Յովսէս եւ Յուդա չեն հաւատար որ իրենց երէց եղբայրը՝ Յիսուս՝ իրապէս Մեսիան է, բայց կ’ուզեն որ ան իր հրաշքները ցոյց տայ տօնին համար հաւաքուած ամբոխին։ Սակայն Յիսուս գիտէ վտանգը, ու կ’ըսէ. «Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են»։ Ուստի, ան կ’ըսէ իր եղբայրներուն. «Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես [դեռ] չեմ ելլեր այս տօնին»։

Տաղաւարահարաց Տօնը եօթնօրեայ տօնակատարութիւն մըն է։ Ութերորդ օրը անիկա իր աւարտին կը հասնի հանդիսաւոր արարողութիւններով։ Այս տօնակատարութիւնը երկրագործական տարուան վախճանը կը նշէ, եւ ցնծութեան ու գոհութիւն մատուցանելու ժամանակ մըն է։ Յիսուսի եղբայրները ճամբորդողներու ամբոխին հետ այս տօնին երթալէն քանի մը օր ետք, ինք եւ իր աշակերտները գաղտուկ կ’երթան, առանց հանրութեան տեսնուելու։ Անոնք Սամարիայի վրայով կը ճամբորդեն, փոխանակ այն ճամբան առնելու, որ սովորաբար շատեր կ’առնեն՝ Յորդանան Գետի մօտէն։

Քանի որ Յիսուս եւ իր ընկերակիցները Սամարացիներու գիւղի մը մէջ պիտի օթեւանին, ան իր առջեւէն պատգամաւորներ կը ղրկէ, որպէսզի պատրաստութիւններ տեսնեն։ Սակայն, ժողովուրդը լսելով որ Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթայ, չ’ուզեր անոր համար բան մը ընել։ Յակոբոս եւ Յովհաննէս բարկութեամբ կ’ըսեն. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս որ ըսենք ու երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք»։ Յիսուս այսպիսի թելադրութեան մը համար կը յանդիմանէ զանոնք, եւ շարունակելով ուրիշ գիւղ մը կ’երթան։

Երբ անոնք ճամբան կը քալեն, դպիր մը կ’ըսէ Յիսուսի. «Վա՛րդապետ, ես քու ետեւէդ պիտի գամ ուր որ երթաս»։

«Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ», կը պատասխանէ Յիսուս։ Ան ցոյց կու տայ որ դպիրը դժուարութիւն պիտի ունենայ, եթէ իր հետեւորդը ըլլայ։ Իսկ այնպէս կը հասկցուի որ այս դպիրը շատ հպարտ է այդպիսի ապրելակերպ մը ընդունելու։

Ուրիշ մարդու մը Յիսուս կ’ըսէ. «Եկուր իմ ետեւէս»։

«Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր որ առաջ երթամ իմ հայրս թաղեմ», կը պատասխանէ մարդը։

«Թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները, բայց դուն գնա Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ», կ’ըսէ Յիսուս։ Բացայայտօրէն այս մարդուն հայրը տակաւին մեռած չէր, ապա թէ ոչ անհաւանական պիտի ըլլար որ անոր որդին հոն նստած Յիսուսի մտիկ ընէր։ Այս որդին երեւութապէս կը խնդրէ որ մինչեւ իր հօրը մեռնիլը իրեն ժամանակ տրուի։ Ան պատրաստ չէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելու։

Դէպի Երուսաղէմ ճամբու ընթացքին, ուրիշ մարդ մը կ’ըսէ Յիսուսի. «Տէ՛ր, ես քու ետեւէդ պիտի գամ, բայց ինծի հրաման տուր որ առաջ իմ տանս մէջ եղողներուն հրաժարական ողջոյնս տամ»։

Առ ի պատասխան Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։ Անոնք որոնք Յիսուսի աշակերտները պիտի ըլլան, իրենց աչքերը սեւեռած պէտք է պահեն Թագաւորութեան ծառայութեան վրայ։ Ինչպէս որ ակօսները ծուռ կ’ըլլան եթէ հերկողը ուղիղ իր դիմաց չնայի, նմանապէս ան որ իր ետին՝ իրերու այս հին դրութեան նայի, կեանքի առաջնորդող ճամբէն կրնայ շեղիլ։ Յովհաննու 7։2-10. Ղուկաս 9։51-62. Մատթէոս 8։19-22

Յիսուսի եղբայրները որո՞նք են, եւ անոնք ի՞նչ կը խորհին իր մասին։

Սամարացիները ինչո՞ւ այդքան կոշտ են, եւ Յակոբոս ու Յովհաննէս ի՞նչ կ’ուզեն ընել։

Ճամբուն վրայ Յիսուս ի՞նչ երեք խօսակցութիւններ կ’ունենայ, եւ ան ի՞նչպէս անձնազոհ ծառայութեան վրայ շեշտ կը դնէ։