Դասեր՝ ամուսնալուծման եւ մանուկներու հանդէպ սիրոյ մասին
Գլուխ 95
Դասեր՝ ամուսնալուծման եւ մանուկներու հանդէպ սիրոյ մասին
ՅԻՍՈՒՍ եւ իր աշակերտները դէպի Երուսաղէմ կ’ուղղուին, Հ.Դ. 33–ի Պասեքը տօնելու։ Յորդանան Գետը կտրելով, Բերիայի շրջանը տանող ճամբան կը բռնեն։ Քանի մը շաբաթ առաջ, Յիսուս Բերիայի մէջ էր, սակայն Հրէաստան կանչուեցաւ, քանի որ իր բարեկամը՝ Ղազարոս, հիւանդ էր։ Բերիա գտնուած ժամանակ, Յիսուս Փարիսեցիներուն ամուսնալուծման մասին խօսած էր, եւ այժմ անոնք այս նիւթը դարձեալ կ’արծարծեն։
Փարիսեցիներուն մէջ ամուսնալուծման շուրջ մտածելակերպի տարբեր խումբեր գոյութիւն ունին։ Մովսէս ըսաւ որ կին մը կրնար արձակուիլ ‘անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնուելուն համար’։ Ոմանք կը կարծեն թէ ասիկա միայն անպատուութեան կ’ակնարկէ։ Մինչ ուրիշներ կը նկատեն որ «անարգութեան բան»ին մէջ շատ այլ մանր յանցանքներ ալ պարփակուած են։ Ուստի, Յիսուսը փորձելու համար, Փարիսեցիները կը հարցնեն. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար»։ Անոնք վստահ են որ ինչ որ Յիսուս ըսէ, Փարիսեցիներուն հետ տարակարծիք պիտի ըլլայ, քանի որ Փարիսեցիները տարբեր տեսակէտ մը ունին։
Յիսուս հարցը հմտօրէն ձեռք կ’առնէ, առանց մարդկային որեւէ գաղափարի դիմելու, այլ՝ ամուսնութեան առաջին օրինակին ակնարկելով, կը հարցնէ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու աւելցուց. ‘Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան’։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։
Յիսուս ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ սկզբնական նպատակն է, որ ամոլները իրարու յարին եւ չամուսնալուծուին։ Եթէ այդ է պարագան, Փարիսեցիները կը պատասխանեն. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց արձակման թուղթ տալ եւ արձակել»։
«Մովսէս ձեր սրտերուն կարծրութեանը համար ձեզի հրաման տուաւ կիներնիդ արձակել, բայց սկիզբէն այնպէս չէր», կը պատասխանէ Յիսուս։ Արդարեւ, երբ Աստուած ամուսնութեան շիտակ չափանիշը հաստատեց Եդեմի դրախտին մէջ, ամուսնալուծման համար ո՛չ մէկ կարգադրութիւն ըրաւ։
Յիսուս կը շարունակէ ըսել Փարիսեցիներուն. «Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան [Յունարէն, բոռ·նիա] պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’»։ Այս կերպով ան ցոյց կու տայ թէ արձակման միակ պատճառը որ ընդունելի է Աստուծոյ կողմէ, բոռ·նիա–ն, կամ սեռային անբարոյութիւնն է։
Անդրադառնալով որ ամուսնութիւնը տեւական միացում մը պէտք է ըլլայ, ամուսնալուծման միակ պատճառը ըլլալով պոռնկութիւնը, աշակերտները կը մղուին ըսելու. «Եթէ այդպիսի բան կայ էրկան ու կնոջ մէջտեղ, չամուսնանալը աւելի աղէկ է»։ Կասկած չկայ թէ ան որ ամուսնութեան մասին կը մտածէ, լրջօրէն նկատի պէտք է առնէ ամուսնական կապին տեւական ըլլալը։
Յիսուս կը շարունակէ ամուրիութեան մասին խօսիլ։ Ան կը բացատրէ թէ կարգ մը տղամարդիկ ներքինի կը ծնին, ուստի ամուսնութեան կարողութիւնը չեն ունենար, քանի որ սեռային կերպով չեն աճիր։ Ուրիշներ՝ ներքինի կ’ըլլան մարդոց կողմէ, որոնք անխղճօրէն սեռային գետնի վրայ անկարող կը դարձնեն զանոնք։ Վերջապէս, ուրիշներ ամուսնանալու եւ սեռային հաճոյք վայելելու ցանկութիւնը կը սանձեն, որպէսզի իրենք զիրենք լման կերպով երկնքի Թագաւորութեան հետ կապ ունեցող հարցերուն նուիրեն։ «Ով որ կրնայ տանիլ՝ [ամուրիութիւնը] թող տանի», կ’եզրակացնէ Յիսուս։
Այժմ մարդիկ իրենց փոքր տղաքը կը բերեն Յիսուսի։ Սակայն, աշակերտները կը սկսին յանդիմանել մանուկները եւ կը փորձեն ետ ղրկել զանոնք, անկասկած ուզելով խնայել Յիսուսը անհրաժեշտ չեղող ճնշումէ։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։
Յիսուսի տուած դասերը որքա՜ն գեղեցիկ են։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ընդունելու համար, մանուկներուն խոնարհութիւնը եւ հլութիւնը պէտք է ընդօրինակենք։ Սակայն Յիսուսի օրինակը նաեւ կը լուսաբանէ թէ որքա՜ն կարեւոր է, մասնաւորաբար ծնողներուն համար, որ իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցընեն։ Այժմ Յիսուս իր սէրը կը յայտնէ փոքր տղոց, զանոնք իր գիրկը առնելով եւ օրհնելով։ Մատթէոս 19։1-15. Բ. Օրինաց 24։1. Ղուկաս 16։18. Մարկոս 10։1-16. Ղուկաս 18։15-17
▪ Փարիսեցիները ի՞նչ տարբեր տեսակէտներ ունին ամուսնալուծման մասին, եւ Յիսուսը ի՞նչպէս կը փորձեն։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս կը վարուի երբ Փարիսեցիները կը ջանան փորձել զինք, եւ ամուսնալուծման միակ պատճառը ի՞նչ է։
▪ Յիսուսի աշակերտները ինչո՞ւ կ’ըսեն որ աւելի աղէկ է չամուսնանալ, եւ Յիսուս ի՞նչ կը յանձնարարէ։
▪ Յիսուս ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի մանուկներուն հետ իր վարուելակերպով։